Պապին Ուխտը եւ Ցեղասպանութեան Ճշմարտացիութիւնը

 Յարութիւն Իսկահատեան, Պէյրութ, 26 Յունիս 2016

Միածնին իջած սուրբ վայրէն քիչ մը անդին, Կիւմրիի Հայ Կաթողիկէ Տաճարին մէջ խունկ եւ աղօթք բարձրացաւ առ Աստուած, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն հոգիներուն համար: Նաեւ պատարագ եւ աղօթք Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ, Ս. Էջմիածնի եւ Խոր Վիրապի մէջ: Հռոմի Պապին պատարագով ներշնչուած բազմահազար հաւատացեալներ իրենց ձեռքերը վեր բարձրացուցին, Աշխարհի խաղաղութեան եւ արդարութեան հաստատման համար: Աշխարհի կաթոլիկները եւ հաւատացեալները այս օրերուս ոչ միայն հաստատեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, այլ աղօթեցին հայ նահատակ սուրբերուն համար: 

Անդին Թուրքիա իր ակռաները կրճտելով կը մրթմրթար: Համայն աշխարհ դիտեց ու տեսաւ կատարուածը: Եթէ երբեք միայն հոգիի աչքերով կարելի է տեսնել տաճարին խորանին ետեւը, այլ ի՞նչ տեսակի միջոցներով պիտի տեսնել գալիք մշուշոտ ուղին, ուրկէ Հայաստանն ու աշխարհը պիտի ընթանան…Եթէ փորձենք անցեալը կարդալ, հեշտ է ըսել թէ երէկ Գերմանիան ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ ա՛լ ժամանակը հասած է: Ժամանակը միայն 101 տարի ետք հասաւ: Անցեալ տարի Վատիկանի մէջ պատարագ մատուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներուն համար: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մէկ օրուան մէջ մէկ պատարագէ աւելի չ՚արտօներ, իսկ Կաթոլիկ Եկեղեցին մէկ օրուան մէջ քանի մը պատարագ կը մատուցանէ: Ուրեմն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն համար 1915-2015 մէկ դարու մէջ միայն մէկ պատարագ մատուցուեցաւ Վատիկանի մէջ: Ա՛յսքան ժլատութիւն Հայոց հանդէպ… Ժամանակը 100 տարի ետք հասաւ:

Երբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը Հայաստան այցելեց 2001-ին, Ծիծեռնակաբերդի մէջ թէեւ խոնարհեցաւ եւ աղօթեց հայ նահատակներուն յիշատակին առջեւ, անգիտացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը, որովհետեւ ժամանակը չէր հասած: Գերմանիան, որ հրեաներուն Հոլոքոսթը շատոնց ճանչցած ու հատուցում ըրած էր անոնց, հայոց պարագային ուշացաւ այ՜նքան, որովհետեւ ժամանակը չէ'ր հասած…Պարաք Օպաման խոստացաւ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն ինքզինք հակասելու գնով մինչեւ հիմա զլացաւ արտասանել Ցեղասպանութիւն բառը, որովհետեւ ա'յդ մէկուն ժամանակը չէ հասած: Եւ դեռ ուրիշներ…

Պարզապէս երբ ժամանակը հասաւ, աշխարհի իմաստունները թելադրեցին որ Գերմանիան ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ապա` Հռոմի Պապը Հայաստան Աշխարհ ուխտագնացութեան երթայ: Մինչեւ այս դէպքերուն կատարուիլը հայը տքնեցաւ իր Դատը Աշխարհին ճանչցնելու համար: Ու տակաւին ինչե՜ր կրնան թելադրել աշխարհի իմաստունները…

Հայ քաղաքական մարդիկ, եկեղեցականներ, հայկական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, հայ մտաւորականներ ու արուեստագէտներ  ամէն մէկը իր հասկացողութեան եւ կարողութեան համեմատ, իրենց ներդրումը կատարեցին այս Սուրբ Դատին համար: Անոնք որքան որ աշխատեցան մինչեւ հիմա, ներկայիս կարիքը ունին իրենց եռանդին կրկնապատիկը որպէսզի ապահով նաւահանգիստ հասնին: Ցարդ իրագործումները պէտք չէ յաղթանակ նկատել, այլ Սուրբ գործին ճամբուն վրայ մէկական օղակներ, որոնցմէ ուշադիր պէտք է անցնինք հասնելու համար մեր ցանկացած ապագային: Կանգ առնելը արգիլուած է: Այս` հայուն պարագային: Օտարներուն կատարած գործերուն համար, բացի փրոթոքոլային անհրաժեշտութենէ ոչ մէկ շնորհակալութեան արտայայտութեան կարիք կայ, որովհետեւ ամէն մէկը իրեն տրուած պաշտօնն է որ կը կատարէ, այդ ալ որոշ նպատակի եւ շահերու ծառայելով:

Նոյն այդ "իմաստուն"ներուն համար կարեւոր է քաղաքառազմական հաւասարակշռութիւն պահելը: Այս տեսակի հաւասարակշռութեան խախտումը Երրորդ Համաշխարհային Պատերազմ կը նշանակէ: Պատմութեան մէջ Արեւմուտքը միշտ ջանացած է Ռուսիան Միջերկրականի տաք ջուրերէն հեռու պահել: Եթէ սերտենք Ռուս-Թրքական Պատերազմները, պիտի տեսնենք թէ Արեւմուտքը Ռուսիոյ հետ քայլ առ քայլ կ'ընթանայ մինչեւ հոն ուր իր շահերը կ'արտօնեն միայն: 1915-ին Տարտանելի մէջ անգլիական եւ ֆրանսական ռազմանաւերը թուրքերուն հետ կատակ կ'ընէին, որպէսզի Ռուսիա առիթը չգտնէր տաք ջուրերուն հասնելու: Անկէ յետոյ ամէն առիթով Արեւմուտքը արագ շարժեցաւ արգիլելու համար ռուսին դէպի հարաւ յառաջխաղացքը: Բ. Համաշխարհային Պատերազմին Ռուսիա իր սահմանները պաշտպանելով այնքան զբաղած ձգեցին որ ան ժամանակ չունեցաւ դէպի հարաւ քայլ մը նետել:

Արդեօք ներկայիս այս կացութիւնը փոխո՞ւած է: Չ՞է որ որեւէ փոփոխութիւն խախտում կը նշանակէ: Ռուսիա իր աչքերը սեւեռած է այժմ ու կը մօտենայ տաք ջուրերուն: Ի՞նչ կը նշանակէ այս: Գալիք օրերը եւ տարիները միայն ցոյց պիտի տան:

Այս բոլորին մէջ մարդ կը մտածէ ու բարոյական արժէքներ կը փնտռէ կատարուածներուն մէջ: Ընդվզումով կը նկատէ երկու չափ երկու կշիռ երեւոյթը: Մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը եւ արդարութեան խախտումը միայն պժգալով կը դիտէ մարդ: Լայնածաւալ քանդումները եւ մեծ թիւով մարդոց սպանութիւնները ամենէն վայրագ ձեւերով տեղի կ՚ունենան բազմաթիւ վայրերու մէջ: Դէպքերը մարդուս վրայ այն տպաւորութիւնը կը ձգեն թէ Գ. Համաշխարհային Պատերազմը արդէն սկսած է: Մեծ ոյժերը ամէն տեղ գործունեայ կերպով ներկայ են: Այս բոլորին մէջ ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ հայուն դերը: Չափազանց զգոյշ պէտք է ըլլայ հայը, անգամ մը եւս չտուժելու համար:

Այս կացութեան հետ դէմ յանդիման, այլեւս հասարակ իմաստակ երգիչներ "Ո՞ւր էիր Աստուած" պոռալու փոխարէն, այն ալ անյետաձգելի գեղարուեստական եւ գրական գիւտ մը ըրած ըլլալու սին պարծանքով, թող համարձակութիւնը ունենան գոչելու "Ո՞ւր էիր Աշխարհ" եւ "Ի՞նչ Ըրիք Իմաստուն"ներ, թքելով այս աշխարհի արդարութեան ճակատին…

Այս բոլորին մէջ, երբ հաւատացեալներ իրենց ձեռքերը վեր կը բարձրացնեն ու կ՚աղօթեն, կը գանգատին կամ կը բողոքեն եւ կամ շնորհակալութիւն կը յայտնեն, քանի՞ հոգի ճշմարտապէս Ս. Հոգիով կը հաղորդուի: Նկատի առնելով աշխարհի ներկայ վիճակը, մեզի ինչպիսի՛ մարդ եւ ինչպիսի՛ հայ ըլլալ պատշաճ է… Վերջ ի վերջոյ սրտերը Աստուած կը քննէ, ինչպէս գրուած է Աստուածաշունչին մէջ. "Աստուծոյ խօսքը կը քննէ սրտին խորհուրդները եւ մտածումները" (Թուղթ Առ Եփրայեցիս 4:12):

Թող բոլոր ուխտերը եւ աղօթքները ընդունելի ըլլան որպէսզի Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհի եւ հայուն` իրաւունք:

Իսկ Թուրքիա տակաւին իր ակռաները պիտի կրճտէ ու մրթմրթայ…

You May Also Like