
Նախորդ ամսուան սկիզբը Ֆրեզնոյէն հիւրընկալեցի լիբանանահայ դասընկերոջս բարեկամը՝ պարոն Ա. Ճ. զբօսաշրջիկ: Զիս պատուեց նուիրելով գիրք մը հետեւեալ խորագիրով «Cultures Of War», հեղինակը «Փուլիցըր» մրցանակակիր Ճոն Տոուըր (John W. Dower, Ճ. Տ.), 900 էջ:



Նախորդ ամսուան սկիզբը Ֆրեզնոյէն հիւրընկալեցի լիբանանահայ դասընկերոջս բարեկամը՝ պարոն Ա. Ճ. զբօսաշրջիկ: Զիս պատուեց նուիրելով գիրք մը հետեւեալ խորագիրով «Cultures Of War», հեղինակը «Փուլիցըր» մրցանակակիր Ճոն Տոուըր (John W. Dower, Ճ. Տ.), 900 էջ:
Միացեալ Նահանգներու պարագային, իրենց “ներփակելու քաղաքականութեամբ”, եղած են միշտ նախայարձակ՝ Փըրլ Հարպըրի ողբերգութենէն ետք՝ աւելի ճիշդը 1947-էն ետք, ու այսօր կը նշմարենք Ծայրագոյն Արեւելքի խիստ վտանգաւոր շրջանին մէջ զինուորական լայնածաւալ ռազմափորձերու նոր եղանակ մը՝ կիրարկելու համար նոյն “ներփակելու քաղաքականութիւնը”:
Երբ Ճորճ Քեննան ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ներփակելու քաղաքականութեան սկզբունքները 1947-ին, ան կը կեդրոնանար համայնավարութիւնը չէզոքացնելու ու ձախողեցնելու վրայ: Բայց չէ՞ որ 1945-ին Խորհրդային Միութիւն դաշնակից էր Արեւմուտքին, Գերմանիոյ պարտութենէն ետք: Ի՞նչ բան փոխուեցաւ: Իսկ այսօր չմնաց համայնավար Խորհրդային Միութիւնը:
Ուրե՞մն:
Կ՝ակնկալուի՞ արդեօք համայնավարութեան վերադարձը կամ վերածնունդը: Հաւանաբար: Պատմութիւնը միշտ կը կրկնուի:
Քսան տարիներ են անցած Խորհրդային Միութեան տապալումէն, որպէսզի հիմնուի արդիւնաբեր տնտեսութիւն՝ շուկայական համակարգի ծիրէն: Սակայն այս վերջինս չէ կարողացած ու չի կրնար իրականացնել այս կարճ ժամանակամիջոցին ընկերային ու տնտեսական բարեկարգում ու արդիականացում, որքան որ Ռուսիոյ ղեկավարները խոստանան: Ինչո՞ւ:
Գոյութիւն չունի շուկայական համակարգի տնտեսական մշակոյթ, որպէսզի ռուսական եւ այլ 15 հանրապետութիւններու ընկերութիւնը բարեփոխուի ու արդիականանայ:
Գոյութիւն ունին, սակայն, ռազմաշունչ արտայայտութիւններ ու դիրքորոշումներ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Ատլանտեան ուխտի անդամ երկիրներուն ուղղուած: Այս կը նշանակէ՝ վերստին սպառազինում: Կասկածամտութիւնը կը տանի անվստահելիութեան:
Եթէ թուենք Միացեալ Նահանգներու պատերազմական ներխուժումները Բ. Համաշխարհային պատերազմէն անդին, ցանկը երկար է ու կը շարունակուի տակաւին: Աֆղանիստան երկրորդ ֆիասքօ մը կրնայ ըլլալ: Այդպէս չեղա՞ւ Խորհրդային Միութեան Աֆղանիստան ներխուժումին:
Անշուշտ այս կը նշանակէ տոլար դրամանիշին աստիճանական արժէքին անկումը, որուն պատճառով այսօր կը նշմարենք ոսկի մետաղի սակին բարձրացումը: (Կան նաեւ այլ պատճառներ, որոնք յառաջ բերած են պահանջարկի հսկայական ծաւալ):
Անդին, Միջազգային դրամական ֆոնտը կը զգուշացնէ պետութիւններ՝ չորդեգրելու հովանաւորական մաքսի դրութիւն, մինչ Թուրքիան կը համոզէ դրացի արաբական երկիրներու հետ ստեղծել “տնտեսական ազատ առեւտուրի գօտի”: Ի՜նչ ճակատագիր: Արաբ պետութիւններ կարող չեն եղած 1958-էն ասդին կազմելու “Արաբական ազատ առեւտուրի գօտի”, Եւրոպական համայնքին նման: Սպասենք ու տեսնենք:
Միացեալ Նահանգներ, շարունակելով իրենց ներփակելու քաղաքականութիւնը, եւրոպական կարգ մը պետութիւններ իրենց կողքին կը մխրճեն պատերազմներու մէջ: Շա՛տ աղէկ:
Սակայն Եւրոպան Միացեալ Նահանգներ չէ: Եթէ ան նոյն չափով ու համոզումով պայքարի իր դաշնակիցին հետ, ի՞նչ կը պատահի եւրօ դրամանիշին: Յունաստանի կացութիւնը քանի մը ամիս առաջ արժեզրկեց եւրոն տոլարի եւ այլ դրամանիշներու դիմաց ու հասաւ 1,20-ի սահմանները: Արդէն կարգ մը եւրոպական պետութիւններ, որոնք եւրոյի մաս կը կազմեն, իրենց սխալ ու արտականոն պետական ծախսերով (գանձային քաղաքականութեամբ) ու դրամատուներու սնանկութիւններով տկարացուցին եւրոն եւ պիտի տկարացնեն տակաւին: Ի՞նչ կ՝ըլլայ այս դրամանիշին վիճակը, եթէ գործակցին Միացեալ Նահանգներու հետ, ապագային:
Իսկ Wikileaks ներփակելու քաղաքականութիւն մըն ալ պէ՞տք է Միացեալ Նահանգներուն համար: Անհամբեր կը սպասենք հակադարձութեան: