Պատմութեան Դասապահերուն Արժանահաւատութիւնը

Հեղինակ՝ Հրայր Ճէպէճեան, Ազդակ, Պէյրութ, 2 Յուլիս 2010

1973, Պէյրութ: Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտներ էինք: Կը պատրաստուէինք պրէօվէի պետական քննութիւններուն: Մէկ կողմէ կային գիտական, թուաբանական եւ տակաւին լեզուական նիւթերը, իսկ միւս կողմէ՝ անոնց վրայ կու գային աւելնալու պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասապահերը՝ արաբերէն լեզուով: Ծրագիրը պիտի կեդրոնանար պատմական եւ աշխարհագրական տուեալներու վրայ, ինչ որ նիւթը կը դարձնէր մէկ կողմէ հաճելի, բայց նաեւ խնդրայարոյց՝ իր տուեալներով ու ճիւղաւորումներով:

Հեղինակ՝ Հրայր Ճէպէճեան, Ազդակ, Պէյրութ, 2 Յուլիս 2010

1973, Պէյրութ: Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտներ էինք: Կը պատրաստուէինք պրէօվէի պետական քննութիւններուն: Մէկ կողմէ կային գիտական, թուաբանական եւ տակաւին լեզուական նիւթերը, իսկ միւս կողմէ՝ անոնց վրայ կու գային աւելնալու պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասապահերը՝ արաբերէն լեզուով: Ծրագիրը պիտի կեդրոնանար պատմական եւ աշխարհագրական տուեալներու վրայ, ինչ որ նիւթը կը դարձնէր մէկ կողմէ հաճելի, բայց նաեւ խնդրայարոյց՝ իր տուեալներով ու ճիւղաւորումներով:

Մեր օրերուն դպրոցական ժամերը կ՝երկարէին մինչեւ կէսօրէ ետք, ու այդ ժամերուն կը տարուբերէր մեր տրամադրութիւնը, ուժականութիւնը, կեդրոնացումն ու լրջութիւնը: Պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասապահերը ընդհանրապէս կը գրաւէին օրուան վերջին ժամերը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մեր հետաքրքրութեան եւ կեդրոնացումի ՙսլաքը՚ արդէն ամէնէն վարի աստիճանները ցոյց պիտի տար…

Բայց, հակառակ այդ իրողութեան, պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասապահերը մեզի համար դարձած էին ՙհետաքրքրական՚ ու ՙսիրելի՚… Եւ մեր այս տրամադրութիւնները անպայմանօրէն պիտի կամրջուէին մեր ուսուցիչին՝ պրն. Ժան Խրլոբեանին հետ: Սուրիոյ գեղատեսիլ Հոմս քաղաքի ծնունդ, հասակ առած էր առաւելաբար արաբական ու տեղական շրջանակի մէջ, լաւ տիրապետած էր արաբերէն լեզուին: Հաստատուած էր Լիբանան եւ վկայուած ու մասնագիտացած էր փաստաբանական ճիւղին մէջ: Հայերէնի տիրապետութիւնը ՙկոտրտուած՚ ձեւով էր, բայց միայն՝ լեզուական իմաստով, եւ ոչ՝ ինքնութեամբ: Վերջապէս, սերած էր Խրլոբեան գերդաստանէն, որուն ազգային, պատմաբանական եւ եկեղեցական ներդրումը մեծ է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Կարճահասակ էր եւ գիրուկ: Կլոր դէմքով եւ հաստ ակնոցներով, ձեռքին՝ սեւ պայուսակը, իրեն յատուկ հանդարտաբարոյ քալուածքով՝ քիչ մը աջ, քիչ մը ձախ ճօճուելով կէսօրէ ետքերը կը մտնէր դպրոց: Առաւօտները ան կը զբաղէր դատական գործերով՝ վերանայելով բոլոր դատական վճռական հարցերը, իսկ օրուան վերջաւորութեան կը միանար մեզի՝ ներկայացնելու պատմութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը՝ տարբեր վճիռներով…

Մեր հետաքրքրութիւնը կը կեդրոնացնենք իր պայուսակին վրայ: Զայն կը դնէր իր սեղանին վրայ, կը բանար՝ փորձելով համադրել ու դասաւորել մէկ կողմէ պետական ու դատական բոլոր իրաւական թուղթերը, իսկ միւս կողմէ՝ մեր դասապահերուն ու քննութիւններուն վերաբերող թուղթերը: Շատ յաճախ թուղթերը կը խառնուէին իրարու եւ պէտք է օգնէինք իրեն՝ դասաւորելու եւ անջատելու տարբեր տրցակները…: Դասարանի աղջիկներուն կողքին, մենք՝ տղաքս, իրեն համար դարձած էինք իր ՙերիտասարդները՚, այսպէս ըսած՝ ՙշեպեպները՚: Անպայմանօրէն կար կատակն ու խնդուքը, բայց նաեւ՝ խոժոռ դէմքը ու ակնոցին տակէն սուր նայուածքը: Այս կը նշանակէր, որ պէտք էր հանդարտէինք:

Իւրաքանչիւր երկուշաբթի պրն. Խրլոբեան մեզի պիտի պատմէր շաբաթավերջին դիտած ու սիրած իր մէկ ժապաւէնին մասին: Կը քաջալերէր մեզ՝ դիտելու յատկապէս պատմական ժապաւէններ, ինչ որ առիթ կու տար նիւթը եւ պատմութիւնը քննարկելու նաեւ դասարանը:

Դանիէլը արաբերէնի մէջ շատ լաւ աշակերտ չէր: Ասոր վրայ կու գար աւելնալու պատմութեան եւ աշխարհագրութեան նիւթերուն նկատմամբ իր հետաքրքրութեան եւ սիրոյ մեծ բացակայութիւնը: Այդ օր, աշխարհագրութեան նիւթի քննութեան ընթացքին, հարցումը կը վերաբերէր Լիբանանի երկրագործութեան եւ անոր առնչուած վերլուծաբանական նիւթերու: Դանիէլին համար այս նիւթը ամբողջութեամբ նորութիւն էր… Դանիէլ ո՛չ մօտէն եւ ո՛չ ալ հեռուէն առնչուած էր այդ հարցումին, եւ երբեք՝ պատասխանին ու բովանդակութեան: Բայց Դանիէլ պատասխանեց: Իր կէս հայերէն, կէս արաբերէն լեզուով խօսեցաւ Լիբանանի արտադրած պտուղներուն մասին՝ կեդրոնանալով իր սիրած նարինջին եւ պանանին վրայ: Եւ իր գրական ու գեղարուեստական ոճը աւելցնելով պատասխաններուն մէջ՝ նկարագրեց, թէ որքա՛ն համեղ էին այդ պտուղները, եւ թէ ինք որքա՛ն կը սիրէր ճաշակել զանոնք: Չուշացաւ պրն. Խրլոբեանին զայրոյթը, երբ շաբաթ մը ետք քննութեան սրբագրուած թուղթերը վերադարձուց մեզի: ՙՄեր բարեկամը շատ պանան ու նարինջ կը սիրէ՚ ըսելով՝ Դանիէլին տուաւ քննութեան թուղթը, որ ձախող նիշ մը կը կրէր:

Ստիւը դասարանին ՙհերոսն՚ էր…: Սեւ մազերով, թուխ երեսով, սրամտութիւնը եւ ծիծաղը միշտ անբաժան էին իրմէ: Չարութիւնները բարի էին եւ ոչ՝ չարամտօրէն ու կանխամտածուած: Ուսուցիչները թէեւ կը դժգոհէին իրմէ, բայց նաեւ կը սիրէին իր կատակները: Դասարանը կողք-կողքի նստելով՝ դարձանք կեանքի լաւ բարեկամներ եւ ենք մինչեւ օրս, հակառակ աշխարհագրական հեռաւոր կեցութեան: Պրն. Խրլոբեանի պատմութեան դաս ներկայացնելու ոճը հետաքրքրական էր ու նաեւ՝ զուարճալի: Պատմութիւնները համեմուած էին իրեն յատուկ զուարթ ներդրումներով, իսկ հերոսներուն նկարագրականները պատկերաւոր էին: Բնականաբար պիտի չուշանար Ստիւի հակազդեցութիւնը, մինչեւ իսկ քաշքշուքը: … Ու այդ օրը յանդգնեցաւ ըսելու. ՙՀայտէ, թըֆնիս՚, ու դուրս դրուեցաւ դասարանէն:

Շարունակեցինք երթը: Ինք կը սիրէր մեզ, նոյնիսկ երբ ՙկը յոգնեցնէինք՚ զինք: Մենք կը յարգէինք զինք, բայց նաեւ կը սիրէինք: Եւ կամրջեցինք մեր յարաբերութիւնը՝ ուսուցիչ-աշակերտի, պատմութեան դասապահը ընկալելով, բայց նաեւ՝ սիրելով:

ՙՏաուտ փաշան Լեռնալիբանանի առաջին կառավարիչն էր եւ հայ էր, տղա՛ք՚, պիտի պատմէր պրն. Խրլոբեան: ՙՅովհաննէս Գույումճեանն ալ վերջին կառավարիչն էր ու ան ալ հայ էր՚: Հաւատացած էր հայ եւ արաբ ժողովուրդներու պատմական յարաբերութեան ու բարեկամութեան, նաեւ ջատագովն էր արաբական դատին: Խօսեցաւ մեզի Լիբանանի նահատակներուն մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս մայիս 6-ին կախաղան բարձրացան՝ պաշտպանելով երկրին անկախութիւնը օսմանցիներուն օրով:

ՙՊուրճի հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացան՚, պիտի շարունակէր պրն. Խրլոբեան, այդպիսով մեր սրտերուն ու մտքերուն մէջ դրոշմելով նահատակութեան իրականութիւնը, նահատակներուն հայրենասիրութիւնն ու անկախութեան համար անոնց զոհաբերութիւնը:

Արդարեւ, պրն. Խրլոբեանին սորվեցուցածը դարձաւ պատմական ճշմարտութիւն, որ դրոշմուեցաւ մեր լիբանանեան ինքնութեան մէջ՝ իբրեւ անբաժան մասնիկ, զոր մենք միացուցինք մեր հայկական տարբերակին: Եւ ամէն անգամ որ Պուրճի հրապարակ՝ Նահատակաց յուշարձանին մօտ գտնուիմ, կը դիտեմ յուշարձանը, ուր կան պրն. Խրլոբեանին պատմութեան դասապահերը, անոնց ընդմէջէն մեզի փոխանցուած կախաղաններու պատկերն ու նահատակութեան իմաստը: Պատմական ճշմարտութիւններ են անոնք, որոնց վրայ կեդրոնացաւ լիբանանեան իրականութիւնը, զոր կարելի չէ քաղաքականացնել:

Պրն. Ժան Խրլոբեան մեզի սորվեցուց լիբանանեան պատմութեան ճշմարտացիութիւնը, եւ մայիս 6-ը ու այդ օրուան նահատակները նոյնինքն այդ պատմութեան կարեւոր մասնիկներն են: Այս պատմութիւնը մենք պահեցինք ու կիրարկեցինք մեր լիբանանեան նկարագիրին մէջ՝ տարիներուն ընթացքին, իբրեւ աւանդ:

Քաղաքական կեանքի տարբեր հոլովոյթներու եւ զարգացումներու ընդմէջէն ու ներկայ ժամանակներու պայմաններուն մէջ, պարտադրանքներուն տակ կայ ու կը մնայ մէկ իրականութիւն՝ աւանդին ճշմարտութիւնը:

Այս աւանդը մեզի փոխանցուեցաւ, որովհետեւ կային պատմութեան դասապահերը, բայց նաեւ՝ մեր ուսուցիչին արժանահաւատութիւնը, բաներ, որոնք սակարկելի չեն:

 

1 comment
  1. Chepechyani hushn

    Chepechyani hushn hianali grvats usaneli e amen mekin i husheri mardkanc u patmutyunneri chisht gnahatmamb i shah ekogin: Misht urax u hajog or ev grogin, ev hratarakogin ev kardacogin !
                   
    Lragir "MTORUM" – Aslamazyan A.K.

Comments are closed.

You May Also Like