Պատմութեան Քաղաքականացումը

Հեղինակ՝ Հրայր Ճէպէճեան, Ազդակ, Պէյրութ, 24 Ապրիլ 2010

"Նոյնիսկ ոսկեզօծ օդանաւով ալ մարդը իր հողէն հանեն, միեւնոյնն է, այդ ցեղասպանութիւն է:" 
Շուէտի խորհրդարանի որոշումը՝ ճանչնալու 20-րդ դարու հայկական ոճիրները Օսմանեան կայսրութեան ձեռքով՝ իբրեւ Ցեղասպանութիւն, զայրացուց ներկայ ժամանակներու թրքական հանրապետութիւնը: Մտահոգուեցաւ նաեւ նոյնինքն Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթ, որ կանխարգիլելու համար թուրք-շուէտական քաղաքական-տնտեսական յարաբերութիւններու վատթարացումը՝ չուշացաւ ներկայացնելու իր երկրին խորհրդարանին առած որոշումին նկատմամբ իր դժգոհութիւնը երբ ըսաւ. “Պատմութեան քաղաքականացումը ոչ մէկուն օգտակար է: Մենք հետաքրքրուած ենք հաշտութեան գործընթացով, եւ նմանօրինակ որոշումներ աւելի կը վատթարացնեն յարաբերութիւնները ու կ՝աւելցընեն ճնշուածութիւնները, քան կը նուազեցնեն…”:
 

Հեղինակ՝ Հրայր Ճէպէճեան, Ազդակ, Պէյրութ, 24 Ապրիլ 2010

"Նոյնիսկ ոսկեզօծ օդանաւով ալ մարդը իր հողէն հանեն, միեւնոյնն է, այդ ցեղասպանութիւն է:" 
Շուէտի խորհրդարանի որոշումը՝ ճանչնալու 20-րդ դարու հայկական ոճիրները Օսմանեան կայսրութեան ձեռքով՝ իբրեւ Ցեղասպանութիւն, զայրացուց ներկայ ժամանակներու թրքական հանրապետութիւնը: Մտահոգուեցաւ նաեւ նոյնինքն Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթ, որ կանխարգիլելու համար թուրք-շուէտական քաղաքական-տնտեսական յարաբերութիւններու վատթարացումը՝ չուշացաւ ներկայացնելու իր երկրին խորհրդարանին առած որոշումին նկատմամբ իր դժգոհութիւնը երբ ըսաւ. “Պատմութեան քաղաքականացումը ոչ մէկուն օգտակար է: Մենք հետաքրքրուած ենք հաշտութեան գործընթացով, եւ նմանօրինակ որոշումներ աւելի կը վատթարացնեն յարաբերութիւնները ու կ՝աւելցընեն ճնշուածութիւնները, քան կը նուազեցնեն…”:
 

Չուշացան նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնները, որոնք հարց կու տային՝ “… ի՞նչ է նպատակը այս բոլորին: Եթէ ճնշում է՝ այդ մէկը անհնարին է”, իսկ եթէ “ներքին հարցերը վեր առնել, ապա թրքական պատմական հոլովոյթները պէտք չէ այլ ձեւերով մեկնաբանել եւ գործածել զանոնք ոչինչ նպատակներու…”:

Այս երկու յայտարարութիւններուն մէջ ալ պատմութիւնն է դարձեալ, որ իր գլուխը կը ցցէ իբրեւ տիրող գերակայ իրականութիւն…: Պատմութիւնը հայուն, որ 1915 թուականէն ի վեր եւ մինչեւ օրս կը “քաշքշուի” այս կամ այն պարունակով ու պատրուակով՝ տալով մէկ կողմէ իրաւական կարգավիճակ, միւս կողմէ՝ խաղաքարտ ու տակաւին մեկնաբանութիւն եւ քաղաքականացում…

Բայց հայուն պատմութիւնը ունի իր ենթահողը, որուն մէջ թաթխուած են իւրաքանչիւր հարազատին արիւնը, տանջանքը, ողբը, կարօտը ու տակաւին արտաքսումը… Իւրաքանչիւր հայ իր սրտին մէջ սեղմած այս բոլորը, իրական կեանք, թէ ի°նչ պարունակի մէջ դնես, անպայմանօրէն կու գայ զետեղուելու իբրեւ ճշմարիտ եւ արդար պահանջատիրութիւն եւ հատուցում…

Այս հայու պատմութիւնը իմ պատմութիւնս է, որ կը վերապրիմ քիչ մը աւելի զգալի ու զօրաւոր ձեւով, երբ կ՝այցելեմ Պոլիս…: Վերջին շրջանին աշխատանքներուս բերումով յաճախակի կրկնուող այցելութիւն մըն է՝ առիթը տալով ինծի վերապրելու իմ պատմութիւնս՝ ինքնութեամբ եւ հարազատութեամբ:

Հայկական Պոլիսն է, որ զիս կը տանի պատմութեան հոլովոյթներուն եւ այդ հոլովոյթներուն մէջէն ապրած իւրաքանչիւր հանգրուանը: Հայոց պատրիարքարանը եւ հայկական բոլոր եկեղեցիները, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն հանդիսանալ հաւատքի ամուր ամրոցներ՝ այդ հաւատքին ընդմէջէն տալով հայուն ինքնութիւնը: "Ժամանակը"՝ հայկական մամուլը, աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր հայ գիրի ու գրականութեան պատւանդանը եղած է: Գոչունեան մայր ու որդի ի գին ամէն զոհողութեան կը շարունակեն առաքելութիւնը….: "Նոր Մարմարա"ն Ռոպէր Հատէճեանի ու իր գործընկերներուն առաջնորդութեամբ կը հանդիսանայ պոլսահայ ու նաեւ սփիւռքահայ մամուլի կարեւոր կռուանը…: Բայց այս բոլորը պատմութիւնն են, չէ՞…

Ճշմարտութեան իրողութեամբ, այն ճշմարտութեամբ, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի:
 

Բայց նաեւ   "Ակօս"-ը, որ  "լռութեան" պատը փշրեց՝ պատմութիւնը իր իսկութեամբ դնելով թրքական հրապարակ: "Մեզ արտաքսեցին այն քաղաքակրթութենէն, զոր մենք ստեղծած էինք…: Մեր մանկական վաստակը հարստահարեցին" եւ ուզեցին լռեցնել Հրանդ Տինքը, որ բարձրացուց ձայնը…: 19 յունուար 2007-ին Հրանդ Տինք իր գրասենեակին իսկ առջեւ սպաննուեցաւ թուրք ազգայնական երիտասարդի մը կողմէ: Բայց արդեօք լռութեան մատնուեցա՞ն Հրանդը ու իր "Ակօ՞ս"-ը…: Ան հաւատացած էր թէ "նոյնիսկ ոսկեզօծ օդանաւով ալ մարդը իր հողէն հանեն, միեւնոյնն է, այդ ցեղասպանութիւն է:"  Եւ "Ակօս"-ը այսօր կը շարունակէ լռութեան պատերը աւելիով քանդել…: Հայուն պատմութիւնը կը շարունակուի, որովհետեւ կայ Հրանդին երազը. "Ունիմ երազ մը՝ 2015 թուին, որ Մեծ եղեռնի 100-ամեակը յիշատակենք առանց ունենալու այն անհանգստութիւնը, թէ տակաւին մեր այս պատմական իրականութիւնը ուրացողներ կան…":

"Ակօս"-ը վերաշխուժացած խմբագրական կազմով կը շարունակէ երթը: Ու տակաւին անոր կողքին՝ նոյն յարկին տակ, կը գործէ այսօր Հրանդ Տինք հիմնարկը, որ կը շարունակէ նոյն երազը եւ որուն պատասխանատու առաջնորդներէն է նոյնինքն Հրանդին դուստրը… Պատմութիւնը կը շարունակուի…

"Արազ" հրատարակչատունը Արտաշէս Մարկոսեանի առաջնորդութեամբ կը տանի Ազգային-գրական ու հասարակական, գործունէութիւն մը: Այս օրերուն, երբ ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը ընդհանրապէս կը նուազի, Արտաշէսը տքնաջան կ՝աշխատի զարկ տալու հայ գիրին ու գրականութեան: "Ազգային զոհողութիւն եւ պարտականութիւն է, որ պէտք է շարունակել", – կ՝ըսէ ան:

Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի զայրոյթը՝ վտարելու հարիւր հազար Հայաստանի քաղաքացի հայեր, որոնք անօրինական կեցութիւն հաստատած են Թուրքիա, իր դիմաց գտաւ քննադատութեան մեծ ալիք:

Եուսթ Լակնտիք թրքական  "Հիւրրիյէթ- Տէյլի Նիւզ" անգլիատառ թերթին մարտ 22-ի թիւին մէջ ունէր հարցադրումներ, թէ ինչո°ւ վարչապետը ըրաւ այս յայտարարութիւնը: Ան կը շարունակէ՝ ըսելով, թէ՝ "… կը վախնամ, որ կառավարութիւնը [թրքական] եկած է այն եզրակացութեան, թէ որեւէ փորձ՝ նոր սկիզբ մը ընելու Հայաստանի հետ մեծ եւ դժուար հնարք է, եւ այս կը բացատրէ, թէ համաձայնագիրները ստորագրուելէ ետք վարչապետը եւ իշխող կուսակցութեան ղեկավարութիւնը իր կարգին ըրաւ յուսալքելու ամէն մերձերցում Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ… կամրջելով համաձայնագիրին վաւերացումը մէկ կողմէ ղարաբաղեան հարցին ու միւս կողմէ՝ մեղադրելով Հայաստանի սահմանադրական դատարանը… ու տակաւին սպառնալով կասեցնել ամբողջ գործընթացը, Հայկական ցեղասպանութեան օրինագիծի վաւերացումէն ետք Շուէտի խորհրդարանին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու Քոնկրեսին կողմէ… հայկական կողմին հետ որեւէ յարաբերութեան զարգացում կը դառնայ Թուրքիոյ համար յաւելեալ պարտաւորութիւն՚", կ՝եզրակացնէ ան:

Բացայայտ է, որ իւրաքանչիւր "պարտաւորութեան" ետին կու գայ յայտնուելու պատմութիւնը եւ անոր բովանդակութիւնը…: Եւ այս նոյն պատմութիւնն է, որ կը դառնայ նախապայման այլ զարգացումներու յաջողութեան, ինչպէս դոկտ. Ֆարուք Լոկօղլու թերթին յօդուածին մէջ ակնարկութիւն կ՝ընէր վարչապետին պատասխանին եւ պատմութեան միջեւ. "Մենք պէտք է ըլլանք հանդարտ եւ հաւասարակշռուած մեր պատասխաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ պատրաստ եւ պատրաստակամ դէմ յանդիման գալու մեր պատմութեան իրականութիւններուն հետ":

Փրոֆեսէօր Լէյլա Նէյզի՝ Սապանճի համալսարանի դասախօսական կաճառէն, որ անդամ է նաեւ հայ-թրքական հետազօտողներու խմբակին (վերջինիս առաքելութիւնն է վեր առնել հայ եւ թրքական հայեցակէտերը 1915-ի զարգացումներուն նկատմամբ), կու գայ հաստատելու, որ "խաղաղութեան նախապայմանը Աղէտին իրականութեան հետ դէմ յանդիման գալն է" ("Հիւրրիյէթ-Տէյլի Նիւզ"- մարտ 22):

Աղէտը հայուն պատմութիւնն է, որ 1915 թուականէն ի վեր կու գայ ցցելու իրականութիւններ:

Պատմութիւնը քաղաքականացնել, թէ ոչ, զետեղել զայն այս կամ այն պարունակին մէջ եւ կամ գործածել զայն հոս կամ հոն, իբրեւ "խաղաքարտ" կայ ու կը մնայ մէկ հաստատ իրականութիւնը: Եւ ասիկա, պատմութեան ճշմարտութիւնն է: Այս ճշմարտութիւնն է, որ ապրուած կեանքն է, որ տակաւին կը շարունակուի: Եւ նոյնինքն այս ճշմարտութեան "ճամբու քարտէսը" կ՝երթայ մինչեւ Տէր Զօր՝ հոն, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը՝ Սերժ Սարգսեան, խոնարհեցաւ մեր բոլոր զոհուածներու յիշատակին առջեւ ու յայտարարեց. "Իսկ ե՞րբ է որտե՞ղ է հայերի Նիւրենպերկը":

Հաշտութեան գործընթացը կարելի է, երբ առկայ է պատմութեան ճշմարտութիւնը, ուր կը … յիշեն այս անապատը (իմա՝ Տէր Զօր), կը յիշեն մարդկային միլիոնաւոր մարդոց խեղուած ճակատագիրները…՚: Եւ արդարութիւնը, ուր հատուցում կը տրուի "… հայրենազուրկ եղած, ցաւը սրտում հինաւուրց ժողովուրդին":

Եւ այս հայուն պատմութիւնն է, որ իւրաքանչիւր հանգրուանին եւ ամէն տեսակի քաղաքական զարգացումներուն իր գլուխը կը ցցէ հաստատ ու անդրդուելի: Կարելի չէ շրջանցել զայն, որովհետեւ ճշմարտութեան եւ արդարութեան վրայ հիմնուած պատմութիւն է ան, քաղաքականացնեն զայն կամ ոչ:

 

You May Also Like
Read More

ՄԻԱԿՈՒՌ

«․․․Օ՜, խաղատուն դարձած հայրենական մեր տուն, Ցեխերի մէջ ընկած մագաղաթեայ մատեան, Կախաղանի սիւնից կախուած անկախութիւն, Մեր յոյս երազների…
Read More