Դոկտ. Հրայր ճէպէճեան, Նիկոսիա, 24 Յունուար 2016
«Ցեղասպանութեան պատմութիւնը սկսած է ժողովուրդով մը, որ դարձած է անոր առաջին զոհը…»:
Տոնալտ Պլոքսհամ (Donald Bloxham) կու գայ Սկովտիայէն։ Ան Եւրոպական Պատմութեան դասախօս է էտինպուրկի համալսարանին մէջ։ Առաւելաբար մասնագիտացած է Ցեղասպանութեան պատմութեան մէջ ու տակաւին անոր իրաւական ու ճանաչման իրողականութեան գծով համաշխարհային համակարգերէ ներս։ Իր ուսումնասիրութիւններուն եւ աշխատասիրութիւններուն մէջ նաեւ ներառած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Տոնալտին հանդիպեցայ Երեւան, Հայաստան, Ապրիլ 2015-ին։ Ան դասախօսներէն մէկն էր «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Հանցագործութեան» համաշխարհային գիտաժողովին։ Եւ եթէ իր նիւթը «Մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւններու կանխարգիլման միջոցներու զարգացումը միջազգային իրաւունքներու մէջ» էր՝ բայց եւ այնպէս նոյնքան նաեւ քննական ու պատմագրական տուեալներով վեր կ՚առնէր Ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւններու կրկնուող երեւոյթները եւ անոնց կապուածութիւնը պատմութեան հոլովոյթներուն մէջէն։
Դոկտ. Հրայր ճէպէճեան, Նիկոսիա, 24 Յունուար 2016
«Ցեղասպանութեան պատմութիւնը սկսած է ժողովուրդով մը, որ դարձած է անոր առաջին զոհը…»:
Տոնալտ Պլոքսհամ (Donald Bloxham) կու գայ Սկովտիայէն։ Ան Եւրոպական Պատմութեան դասախօս է էտինպուրկի համալսարանին մէջ։ Առաւելաբար մասնագիտացած է Ցեղասպանութեան պատմութեան մէջ ու տակաւին անոր իրաւական ու ճանաչման իրողականութեան գծով համաշխարհային համակարգերէ ներս։ Իր ուսումնասիրութիւններուն եւ աշխատասիրութիւններուն մէջ նաեւ ներառած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Տոնալտին հանդիպեցայ Երեւան, Հայաստան, Ապրիլ 2015-ին։ Ան դասախօսներէն մէկն էր «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Հանցագործութեան» համաշխարհային գիտաժողովին։ Եւ եթէ իր նիւթը «Մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւններու կանխարգիլման միջոցներու զարգացումը միջազգային իրաւունքներու մէջ» էր՝ բայց եւ այնպէս նոյնքան նաեւ քննական ու պատմագրական տուեալներով վեր կ՚առնէր Ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւններու կրկնուող երեւոյթները եւ անոնց կապուածութիւնը պատմութեան հոլովոյթներուն մէջէն։
Տոնալտ կրցաւ վեր առնել Հայկական Ցեղասպանութիւնը որպէս «մարդկութեան հանդէպ ոճիրի»՝ այլեւ աւելին…։ Ան պատմական տուեալներէ մեկնելով կամրջեց այսօրուայ տեղի ունեցած շատ մը ոճրագործութիւնները եւ ցեղասպանութիւնները տարածաշրջանէն ներս՝ եւ ուր հայկականը նկատեց անոնց ենթահողը…։ «Ցեղասպանութիւնները իրար հետ կապուած եւ առընչուած են», ըսաւ Տոնալտ, «եւ որ միչեւ այսօր կրկնուող եւ շարունակուող իրականութիւններ են։ Եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, որ քսաներորդ դարու առաջինն էր, եւ որ մինչեւ այսօր կը մնայ անպատիժ՝ տուն տուած է կրկնուող եւ շարունակուող այլ ցեղասպանութիւններու»։
Գէորգ Ճալոյեանը Սուրիահայ է։ Ան քսանչորս երկար տարիներ ապրած է Հասաքէ, որմէ ետք Հալէպ եւ այժմ Պէյրութ։ Եթէ Գէորգը համեստ հայն է՝ բայց նաեւ ունի պարզ ու յստակ օրագրութիւններ իր ապրած պատանեկան եւ երիտասարդական օրերէն։ Եւ այդ օրագրութիւններուն մէջ կայ մէկ յատկանշական տեղեկագրութիւն մը Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքի հարաւ-արեւելեան կողմը՝ Իրաքեան սահմանին մօտիկ, նաւթահորերու պեղումներու կեդրոն՝ Խաֆսա շրջանը (արաբերէն կը նշանակէ փոս)։
Գէորգը կը գրէ.- «Երբ կը յիշուին տխրահռչակ անունները Արեւմտահայաստանէն դէպի հարաւ Ռաս-իւլ-Այնէն մինչեւ անիծեալ Տէր Զօրը, ուշադրութիւնս գրաւած է որ Մարքատա, Շետտատէ, Սուվարի շարքին պէտք է յիշուի նաեւ Խաֆսա շրջանը»։ Եւ Գէորգին համար Խաֆսան զբօսաշրջիկութեան վայր չէ՝ այլ…նահատակութեան ։
«Այս վայրը, խիստ ամայի եւ մեկուսացած, ստորերկրեայ ընդարձակ քարայր-փոս մըն է։ Քարայրին բերանը պզտիկ սենեակի մը տարածութեամբ եւ իջուածքը ուղղաձիգ, բերանէն դէպի վար, երեք մեթրէն աւելի, ներքեւը՝ լաբիւրինթոսի պէս բազում ճիւղաւորումներ կը տարածուին ծուռ ու մուռ ուղղութիւններով։ Միակ մուտքի ճամբան, գիտցողին համար, նեղլիկ ձոր-արահետ մըն է», կըսէ Գէւորգ։ «Եթէ անզգուշութեամբ, քիչ մը խորերը ընթանաս՝ մութ, խոնաւ եւ ժայռերու ճեղքուածքներուն մէջէն, կրնաս կորսուիլ եւ չես կրնար դուրս ելլել…»։
Բայց Գէորգ փորձած էր իր ընկերներուն հետ մտնել այս «լաբիւրինթոսին» մէջ…։ «Երկար սանդուխ մը գործածելով, մի քանի ընկերներով իջանք այս քարայր-փոսին մէջ. ձեռքերնիս լապտերներ եւ վառած մոմեր»։ Եւ Գէորգ կրցած էր կռահել թէ շատ շուտով պիտի կորսուէին այս քարայրին մէջ…։ «Յառաջացանք երեսուն-երեսունհինգ մեթրի չափ եւ վախցանք…եւ ետ դուրս ելանք…»։
Գէորգին այս արկածախնդրութիւնը եթէ զգալ էր թէ ինչպէս հայը տարուեցաւ այս քարայրին մէջ, բայց նաեւ փորձ մըն էր գտնելու հետքեր…։ «Թերեւս հանդիպէինք մարդկային ոսկորներու եւ հետերնիս բերէինք…»։ Եւ «ոսկորները» ուրիշինը չէին եթէ ոչ հայունը՝ Գէորգին ինքնութիւնը…։
Գէորգ կը շարունակէ իր օրագրութիւնը՝ եւ գրի առած է ականատեսներու «օրին» ապրած անապատաբնակ վկաներուն տեղեկութիւնները…։ «Հազարաւոր հայ տարագեալներ բռնի քշուած ու բերուած եւ հաւաքուած են այս վայրին մէջ, նետելով զիրենք եւ լեցնելով ու իրար վրայ թխմելով այս փոս-քարայրին մէջ»։
Բայց երեւի չէին բաւեր այդ բոլոր զրկանքները…։ «Չորցած մացառներ, յարդի շիւղեր, տրցակ-տրցակ այրելով, քարայրի բերանէն նետած են վար…»։ Եւ ըրած են այս՝ որպէսզի իրար վրայ թխմուած տարագրեալները «հեռանային դէպի լաբիւրինթոսին խորերը,
Գէորգ Ճալոյեանին համար Խաֆսան դարձած է իր պատանեկութեան-երիտասարդական օրերէն մնացած «իւրայատուկ» շրջան…։ Որովհետեւ հոն՝ Խաֆսայի այդ փոսին մէջ՝ «հազարաւորներ տանջահար մահացան»։
Եթէ Գէորգ մինչեւ այսօր տակաւին կը յիշէ Խաֆսան, բայց նաեւ 1983-ի Ապրիլի 24-ին, երբ Գամիշլիէն, Ռաս-իւլ-Այնէն, Հասաքէէն մի քանի հարիւր հոգի, հոգեւոր հովիւներու առաջնորդութեամբ, Սուրբ Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ բոլոր հայ զոհուածնեուն այդ փոս-քարայրին մէջ։ «Կեանքիս մէջ անմոռանալի եւ եզակի էր այդ օրը…»։ Որովհետեւ հոն՝ «անյուշ» Խաֆսային մէջ՝ Գէորգը եւ «մենք հայերս շատ աւելի լաւ կ՚ըմբռնենք եւ կը զգանք ողջակիզումի զոհերուն ցաւն ու տանջանքը, քանի որ նախադէպը ապրած ենք ազգովին…»։ Իսկ «նախադէպը» պատմութիւնն է որ կը կրկնուի։
Իսկ այսօ՞րը…։ Գէորգն է դարձեալ. «Այժմ, այս օրերուն, այս շրջանը ինկած է հաւատադրժողական զինեալ խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ, ցնոր տնօրինութիւն…»։ Եւ այս «տիրապետութեան» տակ՝ ականատես ենք թէ պատմութիւնը ինչպէս՞ ինքզինք կը կրկնէ…։ Եւ թէ պատմութեան հոլովոյթները ինչպէս կապուած են մէկը միւսին…։ Ե՛ւ ցեղասպանութիւնը ե՛ւ ոճրագործութիւնը կը շարունակուի…։ Եւ նոյն այս «շրջանին(ներուն) մէջ…։ Եւ նոյնինքն այսօրուայ Սուրիական եւ Իրաքեան թոհուբոհին մէջ…։
Եւ դարձեալ Տոնալտ Պլոքսհամն է…։ «Ոճիրը նոյնն է, գործադրողները միայն տարբեր…»։
Եւ Տոնալտի հայեցակէտով՝ ցեղասպանութիւնը՝ որ մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւն է՝ կարելի չէ զայն սերտել առանց քննական հետադարձ ակնարկ-կապ մը ստեղծելու անցեալի պատահածին՝ եւ բերել զայն ներկային ու տակաւին վաղուայ օրուան…։ Եւ այս, ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւն է, ուր պատմութեան մէջ կը կրկնուի, բայց նաեւ կը կապուի ու կը կամրջուի մէկը միւսին հետ…։ Եւ որովհետեւ առկայ է նաեւ կապը եւ կապուածութիւնը…։ Թէ անցեալի «նահատակը» ապրեցաւ «վերապրողին» հետ՝ ու տակաւին ներկայ եւ գալիք օրերու «ապրողը» կը շալկէ այդ բոլորին «ցաւը»։
Եթէ պատմութիւնն է որ ինքզինք կը կրկնէ՝ եւ մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւնը, կապուած թէ անկապ իր հոլովոյթներով կը շարունակուի՝ բայց առկայ է նաեւ քաղաքակրթութիւնը եւ անոր ստեղծած մշակոյթը, որ կը յիշէ եւ կը յիշեցնէ…։
Թէ մարդկային կեանքը «սրբութիւն» է՝ եւ որ պարտին յարգել զայն…։
Բայց մինչ այդ կայ տակաւին «խաֆսայի» ցաւը…։ Ու շատ մը «այլ» ցաւեր՝ հոս թէ հոն…, որոնք կը կրկնուին ու կը շարունակեն «ցաւցնել»…։
Եւ մինչեւ ե՞րբ է որ պատմութիւնը պիտի շարունակէ կրկնել ինքզինք…։