Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 30 Օգոստոս 2015
Ներկայցուած հարցազրոյցը յղուած էր խմբագրութեան Յուլիսի վերջաւորութեան: Ելեկտրոնային տեղի սղութեան պատճառով եւ խուսափելու համար նոյն հեղինակէն միեւնոյն համարին մէջ երկու գրութիւն հրապարակելէ, հրատարակութիւնը յետաձգուեցաւ:- Խմբ.
«Համա-Հայկական Գաղափարախօսութիւն» գրքոյկի գլխաւոր հեղինակ Յակոբ Նազարեան շինարար ճարտարագէտ է մասնագիտութեամբ, անդամ՝ Ամերիկահայ Ճարտարագէտներու Ընկերակցութեան։ Անդամ է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, իսկ վերջին ութը տարիներուն ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետը։ Կ՚ապրի Լոս Անճելըսի մէջ։
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 30 Օգոստոս 2015
Ներկայցուած հարցազրոյցը յղուած էր խմբագրութեան Յուլիսի վերջաւորութեան: Ելեկտրոնային տեղի սղութեան պատճառով եւ խուսափելու համար նոյն հեղինակէն միեւնոյն համարին մէջ երկու գրութիւն հրապարակելէ, հրատարակութիւնը յետաձգուեցաւ:- Խմբ.
«Համա-Հայկական Գաղափարախօսութիւն» գրքոյկի գլխաւոր հեղինակ Յակոբ Նազարեան շինարար ճարտարագէտ է մասնագիտութեամբ, անդամ՝ Ամերիկահայ Ճարտարագէտներու Ընկերակցութեան։ Անդամ է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, իսկ վերջին ութը տարիներուն ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետը։ Կ՚ապրի Լոս Անճելըսի մէջ։
Հարցում.- Վերջերս ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Իրաւանց Խորհուրդի (ADL Western District, Armenian Rights Counil of America – ARCA) նախաձեռնութեամբ լոյսին եկաւ «Համա-Հայկական Գաղափարախօսութիւն» վերնագրեալ գրքոյկ մը, որուն պատրաստութեան մէջ մեծ բաժին մը ձեզի կը պատկանի։ Ի՞նչը մղեց որ նման նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գաք։
Յակոբ Նազարեան.- Նախաձեռնութեան սկսանք 2014-ին, որպէսզի մեր գործը պատրաստ ըլլար Ցեղասպանութեան 100-ամեակին։ Ամենէն կարեւոր դրդապատճառը, որ մեզ մղեց լծուելու այս գործին, հայրենիքի եւ սփիւռքահայութեան ապագայի խնդիրն էր։ Լուրջ մտահոգութիւններ ունէինք եւ ունինք ներկայի ու ապագայի մեր կացութեան ի տես։ Մեծ թիւով արտագաղթը հայրենիքէն եւ սփիւռքահայութեան մէջ, հետզհետէ սաստկացող ճերմակ ջարդը, կը հարուածեն հայութեան գոյութեան արմատներուն։
«Համա-Հայկական Գաղափարախօսութիւն»ը (այսուհետե՝ ՀՀԳ) կը նպատակադրէ կասեցնել այս արտահոսքը, ստեղծել կայուն ու վստահութիւն ներշնչող հայրենիք մը՝ դրուած ժողովրդավարական հիմերու վրայ, որպէսզի հայեր ո՛չ թէ մտածեն լքելու, այլ ներգաղթելու մասին։ Ի վերջոյ կայուն ու ապահովութիւն ներշնչող հայրենիք մը կրնայ երկարել սփիւռքի հայութեան կեանքը:
Հ.- Ընթերցելէ ետք գրքոյկը եւ լսելէ ետք ձեր առաջին պատասխանը, ինքնաբերաբար կը ծագի Հայաստանի եւ արտերկրի հայութեան ազգային ապահովութեան խնդիրը։ Գրքոյկը որքանո՞վ կ՚առնչուի այս խնդրին հետ։
Յ.Ն.- Սկսիմ սուրիահայութենէն։ Գրեթէ քայքայուած վիճակի մը հասած է երբեմնի յարաբերաբար բարգաւաճ Սուրիան եւ հոն ապաստան գտած սուրիահայութիւնը։ Մարդիկ չեն ուզեր ռումբերու եւ սպանութիւններու մթնոլորտի մը մէջ շարունակել իրենց կեանքը։ Սուրիացիներուն կողքին հայութիւնը նոյնպէս կը փորձէ աւելի ապահով վայրեր փոխադրուիլ։ Մեր հայրենակիցներէն ոմանք կ՚ուզեն արեւմտեան երկիրներ փոխադրուիլ, իսկ ուրիշներ Հայաստան կ՚երթան ապահովութիւն ու նոր կեանք սկսելու համար։ Հայրենի պետութիւնը դժուարութիւններ ունի մեծ թիւով սուրիահայերու ապաստան տալու։ Ասիկա լուրջ մտահոգութիւն մըն է մեր ազգային անվտանգութեան համար, որովհետեւ փոխանակ արտերկրի հայութիւնը իր ունակութիւններն ու կարողութիւնները հայրենիքի մէջ ներդնելով հայրենիքը զօրացնէ, տնտեսական նպաստաւոր պայմաններու չգոյութեան պատճառով մեր հայրենակիցները չեն մէկտեղուիր պապենական հողերու վրայ։
Հ.- Վստահաբար այս գրքոյկի նախաձեռնութիւնը եւ պատրաստութիւնը մէկ հոգիի գործը չէ, ինչպէս կ՚երեւայ կողքին վրայ գրուած գործակիցներէն։ Ի՞նչ մասնակցութիւն բերին անոնք։
Յ.Ն. Ուրախ եմ որ այս հարցումը տուիք, որովհետեւ մէկ հոգիով ըլլալիք գործ մը չէր ասիկա։ Անշուշտ նախ պէտք է յայտնեմ թէ ամբողջական աջակցութիւնը ստացած եմ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի մեր կազմին։ Կարեւոր ներդրում ունեցաւ երիտասարդ քաղաքագէտ Գէորգ Նազարեանը, Հ.Ի.Խ.-ի (Հայ Իրաւանց Խորհուրդ) ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանը, ճարտարագէտ Ընկ. Գէորգ Գրիգորեանը, Միհրան Թումաճանը եւ անշուշտ նաեւ դուք։
Հ.- Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը Թուրքիոյ Հանրապետութեան 90-ամեայ քաղաքականութեան մաս կը կազմէ. Թուրքիան միլիոնաւոր տոլարներ կը տրամադրէ այդ նպատակաւ։ Արդէն երկու տասնամեակէ աւելի Ազրպէյճանն ալ իր քարիւղատոլարներէն մեծ գումարներ կը տրամադրէ։ Շուկայ նետուած նիւթական խայծը արեւմտեան եւ կարգ մը հրեայ «պատմաբաններու» համար կ՚ապահովէ կլորիկ եկամուտ։ Ի՞նչ միջոցառումներ կատարուած են այս ուղղութեամբ ձեր կողմէ։
Յ.Ն.- Նախ որոշեցինք նամակ-բացատրութիւն մը ղրկել Թուրքիոյ, Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի պատմաբաններուն կամ գիտահետազօտական ուսումնասիրութեանց կարգ մը կեդրոններուն։ Մեր նամակին մէջ մենք բերինք այն բոլոր կարեւոր ու անժխտելի ապացոյցները, որոնք կը փաստեն Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութեան իրականութիւնը։
Մեր նամակին մէջ յիշեցինք նաեւ թէ մենք ազատ խօսքի դէմ չենք, բայց դատապարտելի կը գտնենք, երբ ինչ ինչ հաշիւներով «կը ծախեն» իրենց գաղափարները Թուրքիոյ կամ Ազրպէյճանին։ Նշեցինք նաեւ թէ, երբ կամովին կ՚ընեն այս ծառայութիւնը, ինքնաբերաբար կը դառնան մեղսակիցը ցեղասպանութիւնը գործադրողներուն։
Հ.- Եւ ի՞նչ պատասխաններ ստացաք…
Յ.Ն.– Մենք մեր նամակները ղրկեցինք մեզի յայտնի ակադեմականներուն, որոնք լծուած են Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման գործընթացին։ Մէկ ակադեմականէ պատասխան ստացանք միայն, ան ալ կը շարունակէր պնդել իր տեսակէտին վրայ…
Հ.- Այս գրքոյկին մէջ կարեւոր տեղ յատկացուցած էք Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան։ Ներկայացուած ուսումնասիրութեան մէջ, էջ 6, յստակօրէն ըսուած է «Հիմնական խոչընդոտը վերոնշեալ նախաձեռնութիւններու (արտասահմանի հայերու կողմէ ներդրումներու մասին է խօսքը – Մ.Գ.) իրականացման՝ համատարած կաշառակերութիւնն ու փտախտն են կառավարութեան բոլոր մակարդակներու վրայ»։ Ի՞նչ կ՚ուզէիք աւելցնել, մանաւանդ որ մենք ուժգնօրէն կը հաւատանք թէ ժողովրդավարութիւնը առողջ ազգի մը եւ պետութեան մը հիմերէն մէկն է։
Յ.Ն.- Նախ շատ հետաքրքրական պարագայ մըն էր վերջերս մեր հայրենի երիտասարդութեան խիզախ, սկզբունքային, անզիջում եւ միաժամանակ առանց բռնութեանց ցուցաբերած ընդվզումը Երեւանի կեդրոնին մէջ։
Ելեկտրականութեան սակի բարձրացումը խթան մը եղաւ, որպէսզի համբերութեան բաժակը այլեւս յորդի եւ մեր ժողովուրդը տիրող իշխանութեան առած քայլերուն դէմ կենայ։ Ասիկա շատ առողջ երեւոյթ մըն է եւ կը յուսամ որ կը շարունակուի այսպիսի խաղաղ հակադարձութիւնը։ Երիտասարդութիւնը, առանց սադրանքներու մէջ իյնալու, տեսակ մը զգուշացում մը ղրկեց առ որ անկ է, որ այլեւս այս ընթացքը չի կրնար շարունակուիլ։ Պատգամը յստակ էր՝ իշխանութիւնները եւ զանոնք բաղկացնող անձերը, պետական այրերը, միայն չմտածեն իրենց անձնական շահերուն մասին, այլեւ ժողովրդավարական-ռամկավարական օրէնքները յարգեն եւ հայրենի հասարակութեան մէջ տիրեն կարգ ու կանոնի, օրէնքի ու սահմանադրութեան տրամադրութիւնները եւ օրէնքները հաւասարապէս գործադրուին բոլոր քաղաքացիներու համար՝ առանց հովանաւորչութեան։
Այսօրուան իշխանութիւններն ու կառավարութիւնը իրենց մօտեցումները պէտք է փոխեն, իշխանութիւնը պէտք է ընդգրկէ աւելի դեմոկրատ երիտասարդ ուժեր, որպէսզի պետութիւնն ու իշխանութիւնը ծառայեն ժողովուրդին։ Տիրող կացութեան վերացումը օգտակար պիտի ըլլայ նաեւ սփիւռքի հայութեան, մանաւանդ այն գաղութներուն, որոնք այս օրերուն կը գտնուին քաղաքական աննպաստ պայմաններու մէջ՝ ի մասնաւորի Իրաքի ու Սուրիոյ տարածքին։
Հ.- Իմացանք թէ ՀՀԳ-էն օրինակներ տարուեցան նաեւ Հայաստան եւ փոխանցուեցան առ որ անկ է։ ՌԱԿ Իրաւանց Խորհուրդի այս հիմնարար գրքոյկը ինչպիսի՞ արձագանգ գտաւ հայրենի ղեկավարութեան մօտ։
Յ.Ն.- Մեր գրքոյկին գաղափարները համառօտ կերպով ներկայացուեցան 2014 թ. Սեպտեմբերին կայացած Համահայկական 5-րդ Համագումարին։ Իմ տպաւորութիւնս այն էր որ ժողովուրդը մեծ հետաքրքրութեամբ եւ լրջօրէն կը հետեւէր իմ եւ Պրն. Յարութ Սասունեանի զեկուցումներուն (անջատ զեկուցումներ էին մերինները)։ Համագումարի աւարտին Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչը անպայման ուզեց ունենալ զեկուցումիս պատճէնը։ Միեւնոյն ներկայացուցիչը յաջորդ օրերուն շատ դրական արտայայտութիւններ ուղղեց ինծի։
Ինձմէ պահանջուեցաւ որ անգլերէն ամբողջական բնագիրը հայերէն թարգմանուած տրամադրելի ըլլայ Սփիւռքի նախարարութեան։ Մենք կատարեցինք մեր պարտականութիւնը եւ քանի մը ամիս ետքը մեզմէ խնդրուած ՀՀԳ-էն օրինակ մը Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի ձեռամբ յանձնուեցաւ Սփիւռքի նախարարին։ Անկէ ասդին մենք պաշտօնական որեւէ արձագանգ տակաւին չենք ստացած։
Հ. – Գրքոյկին մէջ յաճախ կը կրկնուին «ութը հիմնարար սկզբունքներ»ը։ Այս մասին ի՞նչ ունիք ըսելու։ Որո՞նք են այդ ութը հիմնարար կէտերը, որոնք կը շօշափուին ՀՀԳ-ի մէջ։
Յ.Ն.- Աւելի գործնական ըլլալու համար մենք նկատի առած ենք Հայաստանի եւ սփիւռքի ներկայ պայմանները։ Այսպէս՝ կայուն պետութիւն, հայրենիքի պաշտպանութիւն, դրացի երկիրներու հետ յարաբերութեանց ամրապնդում, հայրենադարձութիւն, կրթութիւն, ազգային արժէքներու խթանում եւ պահպանում, ազգային ինքնութեան սահմանում, հայրենիք-սփիւռք միասնութիւն։ Կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն բաժնին մէջ մեր հիմնական խնդիրը եղած է շեշտել կրթական եւ դաստիարակչական այնպիսի համակարգի մը եւ ցանցի մը ստեղծումը, որուն շնորհիւ մեր երախաները մեծնան առողջ հայրենասիրական ոգիով, ուզեն ծառայել հայրենիքին կամ մասնակցութեան բերել այդ գործընթացին, ընտանիք կազմեն եւ իրենք ալ իրենց կարգին ստեղծեն առողջ, մրցակցային ու հայրենանուէր հայ հասարակութիւն մը։
Ազգային արժէքներու դաստիարակութեան մէջ մեր մտահոգութիւնը եղած է նոր սերունդները հեռու պահել օտար, վնասակար ու քաղաքական եւ տնտեսական այլ հաշիւներ հետապնդող օտարամուտ, մեր ազգին համար խորթ գաղափարախօսութիւններէ, որոնց ժխտական արդիւնքները մենք տեսանք տեսակ տեսակ «գունաւոր» յեղափոխութիւններու անուան տակ։
Կարկինը լայն բացած ենք «ո՞վ է հայը» սահմանումին պարագային։ Զանազան ճնշումներու կամ դժբախտ պարագաներու բերումով իսլամացած հայը, երբ վերադարձ մը կը սկսի, մեր համոզումն է որ ան լիիրաւ հայ պէտք է նկատուի։ Յիշեցնեմ թէ այս հայերը, որոնք տարածուած են Պատմական Հայաստանի կեդրոնական, հարաւային կամ հիւսիս-արեւմտեան գաւառներու մէջ, ինքզինքնին կը նկատեն տէրը այդ տարածքներուն, իրենք կ՚ապրին իրենց հայրենիքին մէջ, օտարամուտ տարրեր չեն։
Հ.- Հայ ժողովուրդը իր ինքնութեան անբաժան մասնիկը նկատած է իր քրիստոնէական հաւատքը։ Հիմա որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները աւելի բաց դաշտ մը ունին աշխատելու հայրենիքի մէջ եւ աւելի սերտ են յարաբերութիւնները իրարու հետ, ի՞նչ կ՚ակնկալէք մեր եկեղեցիներէն։
Յ.Ն.- Յայտնի փաստ է թէ պետութեան կորուստ ունենալէ ետք Հայ Եկեղեցին ստանձնեց նաեւ քաղաքական կարգ մը դերակատարութիւններ։ Հայ լեզուն ու դպրոցները, մեր հաւատքը, մեր երազներն ու յոյսերը գոյատեւեցին եկեղեցւոյ շնորհիւ։ Այսօր նոյնպէս մեր եկեղեցիները չեն դադրած այդ դերը կատարելու առաքելութենէն, մանաւանդ սփիւռքի մէջ։ Հետեւաբար, ազգային արժէքներու խթանման եւ մեր զանազան իղձերու իրականացման մէջ մենք կարեւոր կը նկատենք այս հաստատութիւնները։ Այս իսկ պատճառով մեր եկեղեցին պէտք է պրպտէ եւ գտնէ նոր ու արդիական միջոցներ աւելի շատ հաղորդակցելու նոր սերունդներուն հետ, որոնք գրեթէ օտարախօս դարձած են հասկնալի պատճառներով։
Հ.- Բաւարար կը գտնէ՞ք մեր նուիրապետական աթոռներու աշխատանքը եւ, ՀՀԳ-ի տեսանկիւնէն, ի՞նչ բարեկարգութիւններ պէտք է կատարուին։
Յ.Ն.– Միշտ բարձր գնահատելով հայ եկեղեցւոյ կատարած դերը, մենք կը հաւատանք թէ միայն մեր գեղեցիկ ու հոգեպարար շարականներով կամ պատարագով պէտք չէ բաւարարուինք, այլ պէտք է շարունակենք փնտռել երիտասարդութեան հետ հաղորդակցելու նոր միջոցներ, անոնց փոխանցենք մեր արժէքները, մեր գաղափարախօսութիւնը, դարաւոր մշակոյթը։
Հ.- Կ՚ապրինք համացանցի եւ հասարակական լրատուութեան (mass media, social media) դարաշրջանի մը մէջ, ուր լուրերը եւ գաղափարախօսութիւնները կայծակնային արագութեամբ կը հասնին մարդոց։ Ո՞ւր ենք այսօր մենք այս կացութեան մէջ եւ ի՞նչ կը թելադրէք։
Յ.Գ.- Լաւ հարցում էր։ Նախ ըսեմ որ մենք պէտք է շեշտենք դրականը եւ օգտակար կողմերը որեւէ խնդիր, առաջարկութիւն կամ գաղափարախօսութիւն քննարկելու ատեն, ապա ընենք մեր թելադրութիւնները։ Պէտք է հրաժարինք «կարծր» բնորոշումներ եւ սահմանումներ տալէ բերուած մօտեցումներուն, նոյն բաները ըսել տարբեր ձեւով, որպէսզի երիտասարդները մղուին գործ կատարելու, այլապէս կրնանք խրտչեցնել եւ վերջաւորութեան ալ պատճառ ըլլալ որ հեռանան մեր հաստատութիւններէն։
Համացանցը եւ զանգուածային լրատուութիւնը մեր նոր սերունդներուն ամէնօրեայ կեանքին անբաժանելի մասը կը կազմեն։ Անոնք ունին իրենց միջոցները հաղորդակցելու, ուրեմն պէտք է քաջալերենք զանոնք, հրաժարինք ժխտական ու զօրաւոր բառեր գործածելէ, օգնենք իրենց զանազան միջոցներով որ իրենց ունակութիւնները ի գործ դնեն յանուն ընդհանուրի շահերուն։