Հայ Երուսաղէմը Երէկ, Այսօր եւ Վաղը.
Մեր Մարտահրաւէրները
«Զարթօնք»ի 80 ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, երէկ, 26 Մայիս 2017ի երեկոյեան ժամը 8:00ին Թէքէեան Կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ «Զարթօնք»եան հանդիպումներու հինգերորդ մտերիմ հաւաքը, որուն հիւր դասախօսն էր Ընկ. Դոկտ. Մինաս Գոճայեան։
Ընկ. Դոկտ. Մինաս Գոճայեան իր բազմավաստակ աշխատանքներուն շարքին, երկու եւ կէս տարիէ ի վեր Երուսաղէմ հրաւիրուած էր պաշտօնավարելու որպէս արեւմտահայերէնի դասախօս, «Սիոն» կրօնա-բանասիրական պարբերաթերթի խմբագիր եւ Պատրիարքի խորհրդական։
Հայ Երուսաղէմը Երէկ, Այսօր եւ Վաղը.
Մեր Մարտահրաւէրները
«Զարթօնք»ի 80 ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, երէկ, 26 Մայիս 2017ի երեկոյեան ժամը 8:00ին Թէքէեան Կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ
Ընկ. Դոկտ. Մինաս Գոճայեան իր բազմավաստակ աշխատանքներուն շարքին, երկու եւ կէս տարիէ ի վեր Երուսաղէմ հրաւիրուած էր պաշտօնավարելու որպէս արեւմտահայերէնի դասախօս, «Սիոն» կրօնա-բանասիրական պարբերաթերթի խմբագիր եւ Պատրիարքի խորհրդական։
Այս ընթացքին հնարաւորութեան ներած չափով ան շնորհակալ աշխատանք մը տարած է ուսումնասիրելով Սուրբ Վայրերն ու յատկապէս Սաղիմահայ կեանքն ու Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան մեր հարստութիւնները։
Ան «Հայ Երուսաղէմը երէկ, այսօր եւ վաղը» խորագրին տակ զինք սիրող ու յարգող իր հին ընկերներուն եւ ներկաներուն հրամցուց եւ անոնց հետ բաժնեց իր աշխատանքներուն արդիւնքն ու տպաւորութիւնները Երուսաղէմ իր կեցութեան մասին։ Իր բանաւոր հաճելի ներկայացումով, ինչպէս նաեւ նկարներու ցուցադրութեամբ հանդիպումը առիթ մըն էր բաց քննարկումներու, որուն ընթացքին ներկաներուն հարցումները մեծ սիրով գոհացուց մեր յարգելի հիւրը։
Աւարտին «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Ընկ. Սեւակ Յակոբեան բեմ հրաւիրեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանը, որպէսզի ան իր ձեռամբ «Զարթօնք»ի անունով յարգելի հիւրին խորհրդանշական նուէր մը յանձնէ։
Աւարտին կ՚արժէ նշել հեզահամբոյր մեր հիւրին հետեւեալ խօսքը. «Փառքի ետեւէ կամ աչքի զարնուելու նպատակ չունիմ, այլ կը փափաքիմ որ ծննդավայրիս հասարակութիւնը մօտիկէն ծանօթանայ Հայ Երուսաղէմին եւ մեր խնդիրներուն»։
Զարթօնք, Պէյրութ, 27 Մայիս, 2017
Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան – Մտերմիկ Հանդիպում ` Շրջանաւարտ
Բժ. Տիգրան Աբրահամեանի Հետ
Վարժարանս, իր ատենամարզանքի այլազան միջոցառումներու կողքին, յատուկ տեղ կը յատկացնէ նաեւ իր նախկին շրջանաւարտներուն ու սաներուն հետ կազմակերպելով հանդիպումներ, անոնք ըլլան Լիբանանէն թէ արտասահմանեան երկիրներէն:
Այս անգամ, հիւր-շրջանաւարտն էր` բժիշկ Տիգրան Աբրահամեան, նախկին լիբանանահայ, այժմ` Թորոնթոյի արուարձաններէն մէկուն բնակիչը:
Հայ գրականութեան ու հայոց պատմութեան վերի կարգերու ուսուցիչ` Դոկտ. Պարոյր Աղպաշեան, որ վաղեմի բարեկամն ու մերձաւորն է բժ. Աբրահամեանին, հանգամանօրէն ներկայացուց անոր ճոխ ու բազմաբնոյթ կենսագրութիւնը- 1962ի շրջանաւարտ, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն քաղաքագիտութեան ճիւղէն շրջանաւարտ, հայկական, արաբական, եթովպահայ վարժարաններէն ներս դասատու, հայ մամուլին մէջ յօդուածագիր, Երեւանի բժշկական համալսարանէն վկայուած բժիշկ. «Գեղարդ» տարածուն համացանցի հիմնադիր-հրատարակիչ, հայկական
Բժ. Աբրահամեան իր գոհունակութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի իր երբեմնի վարժարանի աշակերտութեան առջեւ, իր յետագայ ուսումնական եւ ասպարէզային յաջողութիւնները վերագրելով այս կրթօճախին, զայն նմանցնելով տիեզերքի եւ անոր շուրջ գտնուող աստղերուն, ապա, դիտել տալով որ իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք է դառնայ լուսաւոր աստղ մը, ի ծառայութիւն իր ժողովուրդին:
Այնուհետեւ, ան վերյիշեց կարգ մը պատկերաւոր եւ յիշարժան յուշեր, ի մասնաւորի վաստակաւոր իր ուսուցիչներէն, որոնք ոչ միայն կրթութիւն ու գիտութիւն ջամբած են, այլեւ` հայրենասիրական ոգի եւ ազգային դաստիարակութիւն, երախտագիտութիւն յայտնելով անոնց եւ դպրոցին շինիչ դերակատարութեան նկատմամբ:
Մանրամասնօրէն անդրադարձաւ իր հիմնած համացանցային դրութեան` «Գեղարդ»ի, ստեղծման պարագաներուն, անհրաժեշտութեան ու հրամայականութեան, օտարներուն Հայ Դատը ծանօթացնելու, իր բազմաբնոյթ տարբերակներով ու հետապնդումներով, համապատասխան մասնագէտներով ու փորձագէտներով:
Բժիշկը կոչ ըրաւ հարազատ մնալու Մեսրոպ Մաշտոցի լեզուին, Վարդան Մամիկոնեանի հաւատամքին, Մովսէս Խորենացիի պատգամին, Զօր. Անդրանիկի մարտունակութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման գործօններուն:
Մինչ Աբրահամեանին կը նուիրուէր գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը,
Ընդհանուր Տնօրէն` Պրն. Արա Վասիլեան, իր անխառն շնորհակալութիւնը յայտնեց այս գօտեպնդիչ ու բովանդակալից զեկուցումին համար, նաեւ` իր եւ դպրոցին հպարտութիւնը, նման արժանաւոր շրջանաւարտ մը ունենալնուն, թուելով բժշկին մասնագիտական-ասպարէզային յաջողութիւնները, սկսելով դպրոցէն, համալսարաններէն, ազգային-կրթական բնագաւառներէն մինչեւ համացանցային դաշտը:
Posted on June 6, 2017 by agbuschools
ԳՐԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
Նուիրուած ԳԱՌՆԻԿ ԱԴԴԱՐԵԱՆԻ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ
Մինաս Գոճայեան, Պէյրութ-Լոս Անճելըս
Մայիս-Յունիսին Պէյրութ գտնուած երկշաբաթեայ այցելութեանս ուշագրաւ օրերէն մէկը պիտի մնայ Յունիս 2-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Ահրամճեան սրահին մէջ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակին կողմէ կազմակերպուած Գրական Երեկոն՝ նուիրուած սփիւռքահայ իրաւ մտաւորական, բանաստեղծ, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ ու անշեղ հայրենասէր Գառնիկ Ադդարեանին նուիրուած հանդիսութիւնը։
Սոյն նամականիի Ա. Մասին մէջ ըսած էի «Պէյրութը նոյնն է միշտ»՝ փոխ առնելով բանաստեղծի մտերիմ գործընկեր, գրական գործիչ Գեղամ Սեւանի յայտնի վէպին վերնագիրը («Սեւ ծովը նոյնն է միշտ»)։ Պէյրութը տակաւին կը շարունակէ առնուազն իր եօթանասուն տարիներու ընթացքին ստեղծած աւանդութիւնը՝ գրական երեկոներու որակ, դասախօս-բանախօսներու բարձր մակարդակ եւ տակաւին հայ գրականութեամբ ապրող գրասէր հասարակութիւն մը, որ թէեւ տարիքը առած, բայց ամէն ջանք կը թափէ ներկայ գտնուիլ գրական երեկոներու, յոբելեաններու եւ զանազան ամեակներու։
Յուզումով եւ անցեալի կարօտախտով լեցուած էի այդ երեկոյ, որովհետեւ աչքէս չվրիպեցաւ երիտասարդ եւ միջին տարիքի լիբանանահայ մտաւորականութեան զգալի բացակայութիւնը։ Պահ մը կը մտածէի թէ արդեօ՞ք ճիշդ գնահատական մը տուած կ՚ըլլայի «Պէյրութը նոյնն է միշտ» ըսելով… Յուզումով կը նկատէի նաեւ մեզմէ յաւերժ հեռացած ընկերներու ճնշող փաստը։ Քաղաքացիական պատերազմն ու կեանքի բնական ընթացքը իրենց մանգաղի գործը տեսած էին…
Եւ քանի որ տեղը եկաւ, պէտք է ցաւով արձանագրեմ նաեւ ինծի համար անհասկնալի երեւոյթ մը։ Առանց բառերը ծամծմելու պէտք է յայտնեմ որ այս անգամ քիչ մը վշտացած վերադարձայ իմ ծնդավայրէս, որովհետեւ բաժան-բաժան, խմբակ-խմբակ եղած նօսրացած լիբանանահայութեան մը ականատեսը եղայ։
– Կը ներէք.- կ՚ըսէին ոմանք մեզի (ինծի եւ keghart.com-ի հրատարակիչ Տոքթ. Տիգրան Աբրահամեանին,- մենք ձեզի շատ կը սիրենք, շատ կը յարգենք, մենք հի՜ն ընկերներ ենք, բայց ներկայ պիտի չըլլանք, որովհետեւ կազմակերպողներէն չենք ախորժիր եւ կամ մենք այդ միութեան ձեռնարկներուն չենք երթար…
Եւ ի՞նչ՝ «զոհը Կար ամուն» չէր (Յակոբ Օշական), այլ օրուան հիւր բանախօսը կամ յոբելեարը։ Եօթը-ութը օր առաջ ես էի «զոհը», երբ ելոյթ կ՚ունենայի Պէյրութի Ճըմմէյզի շրջանի ԹՄՄ Կեդրոնի սրահին մէջ, որ թէեւ լեցուն էր այդ օրը, երբ կը բանախօսէի «Երուսաղէմը երէկ, այսօր, վաղը եւ մեր մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ։ Այո՛, շատեր չէին եկած վերոյիշեալ պատճառաբանութիւնը ներկայացնելով։ Հապա ի՞նչ ըսել Գառնիկ Ադդարեանի յոբելեանին նուիրուած հանդիսութեան մասին, ուր նոյն պատկերը կը նկատէի։ Ըսենք՝ ես բանաստեղծ մը չէի եւ իմ յոբելենական հանդիսութիւնս ալ չէր, թէեւ իմ կարծիքով կարեւոր նիւթի մը մասին պիտի զեկուցէի, Գառնիկ Ադդարեանի «մեղքը» ի՞նչ էր, երբ իրեն նուիրուած հանդիսութեան երկոյին կը բացակայէին իր հետ աշխատած մարդիկ, մտաւորականներ, գրիչի ու մամուլի ներկայացուցիչներ։ Գառնիկ Ադդարեան, Լիբանանահայ յայտնի բանաստեղծը եթէ ողջ ըլլար ու տեսնէր պարզուած պատկերը, ի՜նչ վշտով պիտի լեցուէր այդ երեկոյ, ինքը՝ որուն սիրտը կը բաբախէր հայրենիքով ու ընկերային արդարութեան հաստատման երազով։
Գառնիկ Ադդարեան եւ եղբայրը Ալֆոնս Ադդարեան (գրական անունով Արմէն Դարեան) լիբանանահայ գրականութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցան աշխատաւոր եւ ընչազուրկ դասակարգի կեանքն ու ապրումները գրականութեան նիւթ դարձնելու ասպարէզին մէջ։ Այդ կարգի գրողներէն այսօր տակաւին կայ ու կը ստեղծագործէ հաւանաբար միայն Սարգիս Վահագնը։ Սիրային թեման չէ անտեսուած Գառնիկի յատկապէս քնարերգութեան մէջ, բայց սփիւռքահայը հարենիքով խանդավառելու եւ ընկերային-տնտեսական արդար հասարակութիւն մը ստեղծելը եղած են իր մտասեւեռումներն ու նախապատուութիւնները։
Ծնած 1925-ին Հալէպի մէջ, ճաշակած հայրենազրկութեան դառն պտուղները՝ Գառնիկ Ադդարեանը պիտի առաջնորդէին դէպի ընկերային հաւասարութեան համար պայքարող գափարախօսութեան եւ դէպի Լիբանանահայ Գրական Շրջանակ, որ իւրայատուկ դպրոց մը եղաւ շատերուս համար եւ ուր մենք ստացանք այնպիսի դաստիարակութիւն մը, որ մեր հայկական վարժարաններէն ոմանք զլացան մեզի տալու 50-60-ական թուականներուն։ Մենք, այսօրուան «վեթերաններս» շատ բան կը պարտինք իր գրականութեան։ Յիշենք «Էջեր գրականութեան եւ արուեստի» պարբերականը, «Մեր նշանաբանն է յառաջ» գրական-հասարակական շաբաթաթերթը (որպէս խմբագիր), «Ազգային Մշակոյթ» հանդէսը, ստեղծագործութիւններէն` «Պատնէշին վրայ» (Պէյրութ 1954, Երեւան 1957), հրատարակուած նաեւ ռուսերէն (Մոսկուա, 1963), «Մատեան ցաւի եւ հատուցման» (1965), «Ապրիմ Մեռնիմ» (Երեւան, 1968), «Սեւ եւ կարմիր» (1979)։
Յոբելեարի մասին բացման խօսքով հանդէս կու գար Լիբանանահայ աննկուն մտաւորական, իրաւաբան եւ Գրական շրջանակի նուիրեալ ատենապետ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, որ տալէ ետք օրուան խորհուրդը, Գառնիկ Ադդարեանի դերը Գրական շրջանակէն ներս եւ ընդգծելէ ետք անոր սկզբունքայնութիւնը Խորհրդային Հայաստան եւ Սփիւռք յարաբերութեան ամրապնդման մէջ, կը ներկայացնէր օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ գրականագէտ Համբիկ Մարտիրոսեանն ու այդ օրերուն Պէյրութ գտնուող եւ իրենց վկայութիւններով հանդէս եկող Տոքթ. Տիգրան Աբրահամեանն ու տողերուս հեղինակը։
Օրուան գլխաւոր բանախօս Համբիկ Մարտիրոսեան, նոյնպէս գրական ու հասարակական գործիչ ու գրող, կէս ժամուայ մէջ տուաւ յոբելեարին կեանքն ու գրական արժանիքները։ Այստեղ պէտք է ընդգծեմ ոչ միայն Պրն. Հ. Մարտիրոսեանի խորաթափանց գրականագէտ մը ըլլալու անառակելի յատկութիւնը, այլեւ սեղմ տողերով եւ կարճ ժամանակի մը մէջ շատ բան ըսելու եւ փոխանցելու իր արժանիքը։ Ոչ մէկ թեմա մոռցուեցաւ եւ այս բոլորը ներկայացուած բեմական տպաւորիչ յատկանիշներով եւ տիպար արեւմտահայերէնով մը։
Օրուան հիւր բանախօսները իրենց կարճ ելոյթներով ներկայացուցին իրենց ճանչցած յոբելեարը, անոր ունեցած ազդեցութիւնը իրենց մտահորիզոնի կերտման, սփիւռքահայ գրականութեան ու նոր սերունդներու դաստիարակութեան վրայ։
1 comment
Առակս ի՞նչ կը ցուցանէ։
Առակս ի՞նչ կը ցուցանէ։
Comments are closed.