Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 19 Ապրիլ 2015
Հայ եւ խորհրդային թատրոնի շարժապատկերի անմահ դերասան Մհեր Մկրտչեանի անունը հպարտօրէն կրող, վաստակաւոր բեմադրիչ Յարութ Գնդունիի թատերախումբը վերջերս հիացուց Լիբանանի թատերասէր ընտրանին իր «Անկոչ Հիւրը» թատերախաղի բեմադրութեամբ, Բրիտանացի նշանաւոր վիպագիր Ակաթա Քրիսթիի հեղինակութեամբ։ Պէյրութի Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած իրարայաջորդ ելոյթներուն որպէս գնահատելի արձագանգ, կը հանդիպինք «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբի անդամներուն հետ, ունենալով հետեւեալ հարցազրոյց-հարցախոյզը թատերախաղի աննախընթաց յաջողութեան եւ յետագայ ծրագիրներուն մասին։
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 19 Ապրիլ 2015
Հայ եւ խորհրդային թատրոնի շարժապատկերի անմահ դերասան Մհեր Մկրտչեանի անունը հպարտօրէն կրող, վաստակաւոր բեմադրիչ Յարութ
ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ.
Թատերախումբի բեմադրիչ, դերասան, մարմնաւորած ու բեմադրած է 40է աւելի թատերախաղեր, հեղինակ է տասնեակ մը թատերախաղերու եւ 30է աւելի թարգմանութիւններու
Այս թատերախումբը երկու տարիէ ի վեր է որ կազմուած է։ Մհեր (Ֆրունզիկ) Մկրտչեանը իմ ընկերս էր, Հայաստանի ուսանողութեան օրերէն։ Այս երկրորդ թատերախաղը նոր ուժերով եւ կազմով է որ բեմ բարձրացաւ եւ թատերասէր ընտրանին, մտաւորականութիւնը շատ գնահատեց։ Կը յուսանք որ յաջորդ տարի աւելի հզօրանանք։ Մեր թատերախումբը կուսակցական գաղափարաբանութենէ հեռու է, անդամները բոլոր “գոյնի” են եւ մեր գործը արուեստն է։ Ծրագրին մէջ ունինք զանազան թատերախաղեր եւ զանոնք հերթականօրէն պիտի ներկայացնենք։ Որպէս դերասան ու բեմադրիչ 40է աւելի թատերգութիւններու մասնակցած եմ, լուրջ հեղինակներու, ինչպէս Իպսըն, Շանթ, Փրիսլի եւ ուրիշներ, որպէս դասական ստեղծագործութիւններ։
Այս տարի, Ակաթա Քրիսթիի այս գործը ընտրեցինք՝ «Անկոչ Հիւրը» (Unexpected Guest)։ Բաւական դժուար էր, սակայն մեր հետ աշխատող արուեստագէտ-արուեստագիտուհիները բաւական փորձառու էին եւ օգնեցին որ թատերախաղը յաջողութեամբ պսակուի։ Մենք պիտի ձգտինք աւելի լաւը տալ։
ՅՈՎԱԿԻՄ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.
Բազմավաստակ դերասան, վերցուցած է մահացած Ռիշարի դերը թատերախաղին մէջ
Ինծի համար առաջին անգամն է որ ելոյթ կ’ունենամ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին հետ։ Բոլոր դերասանները բարեկամներ են եւ այսպիսի սիրելի անձերու հետ բեմ բարձրանալը հաճոյք է։ Կարեւորը բեմին հետ կապուած ըլլամ եւ շարունակեմ ծառայել հայ թատրոնին։
ԼԱՐԱ ԽԱՉԻԿԵԱՆ.
Բեմադրիչի օգնական, երաժշտութիւն, նկարչութիւն
Նկատի առնելով որ թատերախումբը կազմաւորման գործընթացի մէջ է, ապա եւ բեմադրիչի օգնականի, երաժշտութեան ընտրութեան, նկարչական ձեւաւորման աշխատանքները ինկաւ մեր ուսերուն եւ դերասաններէն ոմանց վրայ…։ Կը սիրեմ թատրոնի աշխարհի եւ մանաւանդ այսպիսի թատերախումբի մը հետ, որ խմբային, բարձր մակարդակի, կատարելիութեան հասնելու ձգտումով յառաջ կ’երթայ։
ՍԻՄՈՆ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ.
Դերասան, մարմնաւորած է Միշելի եւ ՄըքԿրեկըրի կերպարը «Անկոչ Հիւրը» թատերախաղին մէջ
Նոյն անձի մը երկու դերերը ստանձնած էի, որ ծպտուած կը վերադառնայ վրէժ լուծելու որպէս Միշել, որպէսզի ոճիրը մէջտեղ չելլէ, ծածկելով զայն եւ ուրիշ անձին վրայ կը նետէ, բայց ի վերջոյ դիմակազերծ կ’ըլլայ…։
Բազմաթիւ թատերախումբերու մէջ դերեր վերցուցած եմ Համազգայինի, Հայկազեանի, Մուշեղ Մուղալեանի, արաբերով եւ անգլերէնով թատրոններ խաղալով։ Մի քանի տարի ալ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի հետ ելոյթներ ունենալէ ետք միացայ Յարութ Գնդունիի բեմադրած «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին։
ՔՐԻՍԹԻՆ ՍՐԱՊՈՆԵԱՆ.
Դերասանուհի, հանդէս կու գայ Սիմոնէ ոստիկանապետի դերով
Պէտք է խոստովանիմ որ ոստիկանի դերին մէջ դիւրութեամբ մտայ։ Ոստիկանապետուհիի դերը փոխեցին որպէսզի յարմարի ինծի եւ ամէն ինչ յաջող ընթացք ստացաւ։
2004 թուականին, առաջին անգամ բեմ բարձրացայ Սուրիկ Խտըշեանին հետ, Գրիգոր Զօհրապի կնոջ դերով։ 2 թատերախաղ ալ «Վահրամ Փափազեան»ի եւ վերջերս երկու անգամ ալ Յարութ Գնդունիի բեմադրութեամբ, «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին հետ։
ՎԻԳԷՆ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.
Դերասան
Մեր սիրելի բեմադրիչ Յարութ Գնդունիին քաջալերանքով երկրորդ տարին է որ բեմ կ’ելլեմ “խենթ”ի դերով, որ շատ սիրեցի…։ Անցեալ տարի ալ
ՍԱՐԻՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆ.
Դերասանուհի, Ռիշարի կին Լարայի դերը մարմնաւորած էր թատերախաղին մէջ
Առաջին անգամն է որ բեմ կը բարձրանամ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին հետ, մինչ այդ՝ 1994էն ի վեր Հայկազեան համալսարանի, ապա «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբերէն դերեր վերցուցած եմ։ 7 տարուան դադարէ մը ետք, թատերախումբին նեղ-կուսակցական հասկացողութիւններէ հեռու ըլլալը, համերաշխ եւ միասնական ջանքերով յաջողութեան հասնելու ջանքերը քաջալերեց զիս վերադառնալու թատրոն եւ նուիրուիլ այս դժուարին արուեստին։
ԱՅՏԱ ՍՐԱՊՈՆԵԱՆ.
Դերասանուհի, մարմնաւորած է մեծ մօր Մարկոյի դերը
Քիչ մը խիստ ու լուրջ մեծ մօր, Մարկոյի անձնաւորութիւնը, որ զուսպ է եւ զգացումները չարտայայտեր, խաղցած եմ Վարուժան Խտըշեանի, 2-3 անգամ Զօհրապ Եագուպեանի, Սուրէն Խտըշեանի հետ։ Վահրամ Փափազեանի (Երուանդ Ղազանճեան) քանի որ դուստրերս «Մհեր Մըրտչեան»էն ելոյթ ունեցան անցեալ տարի, ցանկութիւն առաջացաւ դեր ստանձնել «Անկոչ Հիւր» թատերախաղին մէջ։ Յոյսով եմ որ հանդիսատեսները գոհ մնացին…։
*****
Ակամայ բաժնուելով այս նուիրեալ արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներէն, կը խոստանանք միշտ ըլլալ իրենց հետ՝ հայ թատրոնի ծառայութեան դժուարին գործին մէջ։