Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 90 ամեակին առթիւ
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, ՄԿՀ-ի ուսուցիչ, (1978-91), 22 Մայիս 2016
Ահաւասիկ կրթական փայլուն անցեալ ունեցած հաստատութիւն մը եւս, որուն մասին անցեալ ժամանակով սկսած ենք խօսիլ, թէեւ տակաւին չենք ուզեր հաշտուիլ մեզի պարտադրուած իրականութեան հետ եւ ընդունիլ տխուր փաստը Հաստատութեան
Տխուր փաստը այն է որ 90 տարի հայ դպրութեան սպասարկած այս կրթական վառարանը ինչ ինչ պատճառներով կը փակուէր եւ հանրութիւնը, սրտցաւ մտաւորականութիւնը, հարիւրաւոր շրջանաւարտներն ու իրենց յետնորդները կը մատնէր շուարումի ու զայրոյթի։ Տրուած պատճառներն ու պատճառաբանութիւնները բազմահարիւր հայերու համար մինչեւ օրս շատ հեռու են համոզիչ ըլլալէ:
Այսօր, հայ որբերու, 1500 շրջանաւարտներու եւ թերաւարտներու ուրուականները կը շրջին մաշտոցապարգեւ այս հաստատութեան շէնքերուն, կացարաններուն, դասարաններուն, որբերու կողմէ տնկուած պուրակներուն եւ Մելգոնեան բարերար եղբայրներու դամբանին շուրջ։
Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 90 ամեակին առթիւ
Ահաւասիկ կրթական փայլուն անցեալ ունեցած հաստատութիւն մը եւս, որուն մասին անցեալ ժամանակով սկսած ենք խօսիլ, թէեւ տակաւին չենք ուզեր հաշտուիլ մեզի պարտադրուած իրականութեան հետ եւ ընդունիլ տխուր փաստը Հաստատութեան
Տխուր փաստը այն է որ 90 տարի հայ դպրութեան սպասարկած այս կրթական վառարանը ինչ ինչ պատճառներով կը փակուէր եւ հանրութիւնը, սրտցաւ մտաւորականութիւնը, հարիւրաւոր շրջանաւարտներն ու իրենց յետնորդները կը մատնէր շուարումի ու զայրոյթի։ Տրուած պատճառներն ու պատճառաբանութիւնները բազմահարիւր հայերու համար մինչեւ օրս շատ հեռու են համոզիչ ըլլալէ:
Այսօր, հայ որբերու, 1500 շրջանաւարտներու եւ թերաւարտներու ուրուականները կը շրջին մաշտոցապարգեւ այս հաստատութեան շէնքերուն, կացարաններուն, դասարաններուն, որբերու կողմէ տնկուած պուրակներուն եւ Մելգոնեան բարերար եղբայրներու դամբանին շուրջ։
«Ինչո՜ւ», կը շշնչան եղրեւանիներու պուրակներուն սաղարթախիտ տերեւները, «ո՜ւր են մեր շուքերուն կարօտ սան-սանուհիները», կը հծծեն անոնք։
*****
Կեսարիայի ծնունդ, նախակրթարան մը չաւարտած Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրները հազիւ կրնային հայերէն խօսիլ եւ իրենց անուն-մականունը հայերէնով ստորագրել եւ կամ թէ հասկնալ Կեսարիայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կամ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու մէջ մատուցուած գրաբար պատարագները, բայց անոնք կը հաւատային Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ ու Հայ դպրոցի առաքելութեան։ Եւ այսպէս, ծխախոտի մանրավաճառութեամբ օրուան ապրուստը հանող եղբայրները կը նետուին գործի ասպարէզ՝ իրենց երազը վառ պահելով իրենց սիրտերուն մէջ։ Բախտը կը ժպտի, կը սորվին առեւտուրի կանոնները եւ երէկուան Կեսարիոյ փողոցներուն մէջ «թիւթիւն» (ծխախոտ) ծախող երիտասարդները կը մեկնին Գահիրէ, ուր նախ կը հիմնեն ծխախոտի ներածման փոքրիկ առեւտրական կեդրոն մը։ Առաջին համաշխարհային Պատերազմի պատճառով իրենց ներածած ապրանքին գինը կը հարիւրապատկուի։
Մելգոնեան եղբայրները բազմամիլիոնատէր են յաջորդ օրը։
Գրիգոր աղան (այսպէս կը կոչէին մեծ եղբայրը) շուտ կը հեռանայ այս աշխարհէն։ Առեւտրական գործը կը շարունակէ եւ օր ըստ օրէ աւելի կը զարգացնէ կրտսեր եղբայրը՝ Կարապետ աղան։ Երկուքն ալ չէին ամուսնացած։ Վրայ կը հասնի Ցեղասպանութիւնը։ Ցնցուած է Կարապետ Մելգոնեանը եւ սակայն զէնքերը վար չի դներ եւ կ՚որոշէ ասպարէզէն քաշուելէ առաջ իր կուտակած ամբողջ նիւթական հարստութիւնը նուիրել ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ՝ Պոլսոյ Պատրիարքութեան, Երուսաղէմի Պատրիարքութեան, Երեւանի Պետական Համալսարանին, Գահիրէի մէջ հիմնուելիք Մելգոնեան նախակրթարանին, իսկ առիւծի բաժինը՝ Ցեղասպանութեան որբերու համար կառուցուելիք որբանոց-կրթական հաստատութեան։ Գլխաւոր կտակարար կը նշանակուի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Ատենապետ՝ Պօղոս Նուպար Փաշա)։
Եւ այսպէս 1923-ին Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիա քաղաքէն քանի մը քլմ. արեւելք գտնուող Ծաղկաբլուր կոչուած եւ քարայրներով «հարուստ» տարածքին մէջ հսկայական կալուած մը կը գնուի ու կը կատարուի հիմնարկէքը։ 1926-ին (90 տարի առաջ) իր դռները կը բանայ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ։
Մելգոնեան վարժարանը լոկ որբանոց կամ դպրոց մը ըլլալէ շատ աւելի բարձր ու վեհ հաստատութիւն մը դարձաւ, որուն շնորհիւ իր պանծալի անունը ոսկեայ տառերով արձանագրուած պիտի մնայ հայ մշակոյթի մատեանին մէջ։
Առաջին տասնամեակին որբանոց-կրթարան մըն էր, ուր կը սորվեցնէին նաեւ արհեստներ։ Այս շրջանի աշակերտներէն (սաներէն) շատեր տակաւին նախքան Բ. Պատերազմը ներգաղթեցին հայրենիք եւ իրենց ունակութիւնները ի սպաս դրին վերականգնուող հայրենիքի զարգացման գործին։ 1930-ական թուականներուն, յայտնի մանկավարժ Պօղոս Գէորգեանի ջանքերով հիմնուեցաւ նաեւ մանկավարժանոցը, որմէ շրջանաւարտ ելած երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները լծուեցան ուսուցչական ասպարէզին Միջին Արեւելքէն մինչեւ Հայաստան, Յունաստան եւ Արեւելեան Եւրոպա։ Նուիրեալ ուսուցիչներու մէջ կը գտնուէին այնպիսի տիտաններ ինչպէս Յակոբ Օշական, բանաստեղծ Վահէ-Վահեան, երաժշտագէտ ու խմբավար Բարսեղ Կանաչեան, Վահան Պէտելեան, Վահան Թէքէեան։
Մանկավարժներու այս հունձքը տուաւ երազուած պտուղները թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի ամբողջ տարածքին։ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն յաճախելը դարձեր էր առանձնաշնորհում մը։
Արժէ յիշել քանի մը մանրամասնութիւններ ՄԿՀ-ի առաջին երեսուն տարիներու մասին։
ա.- Առաջին որբերը տնկեցին երկու պուրակներ՝ մին աղջկանց շէնքին, միւսը տղոց շէնքին դիմաց։ (Մինչեւ օրս կը գոյատեւեն)
բ.- Սան-սանուհիները ձրիավարժ էին, իսկ աւարտելէ ետք անոնք նախքան իրենց նշանակուած տեղերը կամ ծննդավայրները մեկնիլը, կը ստանային գրպանի ծախս, հագուստ եւ ճանապարհածախս։
գ.- ՄԿՀ-ը ունէր Կիպրոսի ամենէն կազմակերպուած ու գնահատուած փողերախումբը, իսկ Հաստատութեան մարզիկները ոչ միայն հայութեան, այլեւ Կիպրոսի հիւրընկալ ժողովուրդի հպարտութիւնն էին։
դ.- Այս Հաստատութեան բազմանդամ արի-արենուշական շարժումը լաւագոյններէն մէկն էր Կիպրոսի տարածքին եւ արժանացած էր Անգլիական Հոգատարութեան ու Կիպրոսի ժողովուրդին բարձր գնահատանքներուն։
ե.- ՄԿՀ-ն ունէր իր սեփական տպարանը, մեքենաներն ու տառերը, որոնց շնորհիւ սաները կը հրատարակէին թերթ եւ գիրք՝ Սեդրակ Կէպէնլեանի հսկողութեամբ եւ առաջնորդութեամբ։
զ.- Հաստատութեան Մատենադարանը շուրջ 20.000 գիրքերով ու արժէքաւոր այլ հրատարակութիւններով պարծանքն էր հայութեան։
է.- Հռչակուած էր Հաստատութեան քառաձայն երգչախումբը, որուն ակունքները կը հասնին մինչեւ Կոմիտաս Վարդապետ։ Այսպէս՝ երգչախումբի առաջին ղեկավարն ու հիմնադիրն էր Բարսեղ Կանաչեան՝ Կոմիտասի սաներէն մին, այնուհետեւ երգչախումբը ղեկավարած է անոր սաներէն երաժշտութեան հռչակուած ուսուցիչ Վահան Պետելեան, հուսկ ապա վերջինիս սաներէն՝ Սեպուհ Աբգարեան։
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք մեծ թիւով երիտասարդ Մելգոնեանցիներ ներգաղթեցին հայրենիք եւ իրենց աւանդը բերին մեր հայրենիքին մշակութային ու գիտական վերելքին՝ որպէս գրողներ, թարգմանիչներ, գիտական աշխատողներ, երաժիշտներ, արուեստագէտներ ու երաշժտագէտներ։ ՄԿՀ-ի սաներէն եղած է յայտնի նկարիչ Յակոբ Յակոբեանը, հայկական հոգեւոր երաժշտութեան մեծ մասնագէտ Նիկողայոս Թահմիզեանը, գրող, թարգմանիչ ու արուեստաբան Կարպիս Սուրէնեանը (Սարկաւագեան), գրող Գրիգոր Քէշիշեանը, Շաքէ Վարսեանը («Հայրենիք Ձայն» թերթի խմբ. կազմի անդամ, լրագրող), բանաստեղծ Կայծակ Լէփէճեանը եւ ուրիշներ։
1950-ական թուականներու սերունդներուն կրթական եւ ուսման պահանջներուն փոփոխութեան պատճառով ՄԿՀ-ն պէտք է քայլ պահէր նոր ժամանակներու պահանջներուն հետ։ Հետեւաբար ՄԿՀ-ն զարկ տուաւ հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան զուգահեռ անգլիական G.C.E. (General Certificate of Education) քննութիւններու պատրաստութեան։ ՄԿՀ-ն շուտով փայլեցաւ նաեւ այս ծրագրին մէջ՝ արձանագրելով նախանձելի յաջողութիւններ, որոնց շնորհիւ 1950-էն ետքի շրջանաւարտները յաջողութեամբ կ՚ընդունուէին Անգլիոյ, ԱՄՆ-ի, Պէյրութի Ամերիկեան եւ Հայկազեան համալասրանները։
Յետ-ցեղասպանութեան շրջանին ՄԿՀ-ն տուաւ փաղանգ մը մտաւորականներու եւ ազգային-հրապարակային դէմքերու։ Պարզապէս դոյզն գաղափար տուած ըլլալու համար տանք քանի մը երախտաւորներու անունները՝
-Սմբատ Տէրունեան (Տէվլէթեան), ազգային-հասարական գործիչ եւ բանաստեղծ
-Երաժիշտ-խմբավար Սեպուհ Աբգարեան, Կիպրոսի Հայկական ժամի հիմնադիրն եւ առաջին խօսնակ, հռչակաւոր «Գոհար» երգչախումբի խմբավար
-Պատմաբան Ագապի Նասիպեան
-Երկարամեայ ուսուցչուհի եւ տնօրէնուհի Սօսի Պետիկեան եւ բանաստեղծ ուսուցիչ Վարուժան Պետիկեան
-Բարս Թուղլաճեան, Պոլիս, արուեստի պատմաբան
-Երուանդ Ակիշեան, երկարամեայ ուսուցիչ եւ տնօրէն
-Անդրանիկ Փոլատեան, գրող եւ խմբագիր
-Պենոն Սեւան, ՄԱԿ-ի փոխ-քարտուղար
-Նուպար Ակիշեան, գիտնական, գրող
-Վարդան Թաշճեան, երկարամեայ ուսուցիչ, տնօրէն եւ նկարիչ…
Ու տակաւին կարելի է երկարել այս շարքը, իսկ եթէ անոնց վրայ աւելցնենք Մելգոնեանցի յաջողած այլ արուեստագէտներու, գործարարներու, ճարտարագէտներու, ուսուցիչներու եւ բժիշկներու անունները՝ մեր սիւնակները քիչ կու գան։
Ահաւասիկ այսպիսի ՓԱՌԱՒՈՐ կրթական հաստատութիւն մըն էր, զոր կը փակէր իր հովանաւոր կազմակերպութիւնը՝ մինչեւ օրս չտալով համոզիչ բացատրութիւն։ Կը մնայ ենթադրել թէ ամերիկեան ափերուն հաստատուած ղեկավարները ամէն ինչ կը չափեն ու կը գնահատեն Wall Street-եան հոգեբանութեամբ։
Ափսո՜ս։
*****
Այս տարի 90-ամեակն է այս փառաւոր լոյսի տաճար Հաստատութեան։ Վարժարանի երախտագէտ շրջանաւարտները կը պատրաստուին մեծ շուքով նշել իրենց երկրորդ տան՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան տարեդարձը, որուն համար կազմակերպած են ուխտագնացութիւն մը դէպի Կիպրոս։ Մեզի կը մնայ որպէս հայ մտաւորական, որպէս Մաշտոցին զինուորագրուած հայոց լեզուի, հայ գրականութեան, պատմութեան, ու մշակոյթի ուսուցիչ, յաջողութիւն մաղթել եւ ակնդէտ սպասել որ «սրբանուէր ու թանկագին» վարժարանը կրկին իր դուռերը բանայ իրեն այնքան պէտք ունեցող Միջին Արեւելքի հայ ուսումնատենչ պարման-պարմանուհիներուն առջեւ։
8 comments
Շփոթ վիճակ մը կը ներկայացնէ որոշումը
Շփոթ վիճակ մը կը ներկայացնէ Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութիւնը գոցելու ՀԲԸՄ-ի որոշումը հանրութեան համար։
Եթէ Կիպրոսի Մելգոնեան պատմական հաստատութիւնը գոցել տալով եւ անոր կալուածքը վաճառքի հանելով գոյացած գումարով Հայաստանի մէջ նոյն անուանակոչութեամբ եւ նոյն նպատակին ծառայող հաստատութիւն մը պիտի հիմնուի այն ատեն ես ՀԲԸՄ-ի կայացած որոշումը շատ արդարացի կը գտնեմ: Փոխադրական միջոցները հիմնովին փոխուած են ինչպէս նաեւ փոխուած է հիմնական մէկ այլ իրողութիւնը՝ ունինք Հայաստանի Երրորոդ Հանրապետութիւնը որ կը ներկայացնէ ամենէն տրամաբանան վայրը Մելգոնեան եղբայներուն նպատակին շարունակել ծառայելու համար:
Իսկ եթէ ՀԲԸՄ-ի որոշումին մէջ նման ծրագիր չկայ այլ դպրոցին կալուածքներուն վաճառքէն գոյացած գումարը ոչ կրթական-դաստիարակչական նպատակներու պիտի ծառայէ, անտեսելով հիմնադիր եղբայրներուն տեսիլքը, այն ատեն իսկապէս օրինականօրէն եւ բարոյապէս ոչ մէկ արդարացում կրնայ ըլլալ ՀԲԸՄ-ի որոշումին գոցել այս պատմական հաստատութիւնը եւ վերջ տալ անոր հիմնադիր երկու եղբայներուն նպատակադրուած առաքելութեանը:
Երկու կողմներն ալ չեն կրցած յստակացնել եւ հիմնաւորել հետաքրքիր հանրութեան իրենց դիրքորոշումը:
Broken Record
Sireliner,
I know I sound like a broken record, but it is this sound that I believe we need to hear, and re-hear.
The Melkonian question is another example. Should it have been closed or not? Who decides? The whole purpose of the Melkonian Institution is/was to benefit the Armenian Nation. The next question is: who knows best what is to the benefit of the Nation? It used to be we used to think the Patriarch or the King or the current head of the AGBU or equivalent knows best. I think we have come to appreciate that IT IS ONLY AND ONLY THE DEMOCRATIC EXPRESSION OF THE NATION ITSELF that knows what's best for the Nation.
Democracy in the Diaspora is not possible. It will always be the big shots in the various Diasporan institutions, in this case the economic elite controlling the AGBU, who will decide… And since the people have had no say, questions and acrimony will remain.
Democracy in the Homeland IS possible. If we had the Armenian Nation, at least that portion based on our land, the only real future of the Nation, speak through its democratic institutions as to what it wishes to happen with Melkonian, then AGBU or not, the pressure would be too high to do the wrong thing, and eventually the right thing, i.e. the will of the Nation, WILL happen. As we have it now, it will be whatever some rich buddies in their private club, in cahoots with their rich counterparts in the governing mafia, who will decide the fate of Melkonian, and our Kojayans of our world can write all the eloquent articles they wish (and this one certainly was really beautifully written), nothing will change.
So, again, and yet again, you want a proper determination of the future of Melkonian? Then you have no choice O Melkonyani Saner, other than bringing yourselves together and supporting movement for change of governance of Armenia from extractive to inclusive. Otherwise, despite your best efforts, you will be simply all talk. You simply do not have the tools to change anything. Only the Nation does, in all things related to the Nation.
«Տաճար Լուսոյ»
==========
(*) Ի՞նչ կամ զո՞վ նկատի ունի հեղինակը «Մելգոնեան Հաստատութեան կալուածներուն օրինական տէրերը» ըսելով։ ՄԿՀ-ի տէրը ՀԲԸՄ-ն է։ Շրջանաւարտներն ու հայ հասարակութեան կարեւոր մէկ մասն է որ կը պնդէ թէ ՄԿՀ-ն Կիպրոս պէտք է մնայ – Մ.Գ.)։
5th Broken Record – Melkonian
Sireli Vahe,
You presented the Melkonian dilemma – Owners versus AGBU.
Similar dilemmas that have essentially frozen the diaspora abound, e.g. the Genocide Museum in Washington which we were unable to build because of a similar disagreement.
These are generally large examples of how societies do not advance, including so many non-democratic countries. Because there are always two or more sides to every story, and if you leave it to human 'leaders' to break the impasse and allow for steps forward, they can't and won't, because humans are humans, too full of the great vice of pride, the mother of all the other vices… and it freezes. You need a powerful figure such as Solomon to break such impasses, and like in the famous Biblical story to allow the child to live and grow. But of course, Plato's Wise King, Solomon-like figures, are rare, and it has become obvious that the only way societies can actually move forward is through the democratic will of the majority in society.
As I have said many times, we have not been able to produce a Diasporan democracy for 101 years, for very similar reasons to the above, and in my estimation will not any time soon. Take for example the Diasporan institution of the luminary Mekhitarians. Even these hallowed Diasporans remained split for hundreds of years, and were only able to re-merge at the point where they practically no longer exist, because of … human pride.
But in Armenia, we CAN have democracy. It HAS been done in other countries. Imagine a truly democratic Armenia really representing the voice of our nation and our future, honestly and potently entering the fray of the Melkonian disagreement (honestly and seriously, not a-la-perpetual-corrupt-minister-of-the-diapsora-Hagopian). Then, the Melkonian debacle WILL be resolved, the Genocide Museum Will be built, and so on…
We gotta wake up to this and decide that it IS worth getting off our computer desks and getting together to find a way to correct the BASIC problem.
Thanks,
Broken Record
Հարց Տամ Գոճայեանին
Մելգոնեան Հաստատութիւնը որպէս Կիպրական Կալուածք
Անբնական կը տեսնեմ որ Մելգոնեան Հաստատութեան օրինական տէրը ՀԲԸՄը եղած ըլլար եւ չկարենար ծախել կալուածը իր որոշումէն անմիջապէս ետք եւ այսպէս տարիներ երեսի վրայ ձգէ պարզապէս քանի որ կիպրահայութիւնը եւ Մելգոնեանի շրջանաւարտները դէմ են կալուածը ծախելուն։ Հետեւաբար այն տպաւորութեամբ մնացած եմ որ ՀԲԸՄը անշարժ կալուածին տէրը չէ եղած։
Ներկայիս որքան որ գիտեմ Կիպրոսի Կառավարութիւնը Մելգոնեան Հաստատութիւնը Կիպրական տարածք յայտարարած է։ Հետեւաբար այն տպաւորութիւնը ունեցած եմ որ Մելգոնեանի կալուածին օրինական տէրերը ՀԲԸՄ չէ եղած այլ կիպրահայութիւնը, որ կրցած է Կիպրոսի Կառավարութեւան մօտ Մելգոնեանը Հաստատութիւնը որպէս Կիպրական կալուածք օրինականացնէ, այլ խօսքով ազգայնացնէ։ Այժմ Կիպրոսի կառավարութիւնն է որ օրինական արգելք է առուծախին եւ ունի կիպրահայութեան եւ շրջանաւարտներուն աջակցութիւնը։
Զարմանալի է որ այսքան տարիներ ետք ըստ երեւոյթին Մելգոնեանի շրջանաւարտները չեն գիտեր թէ ՀԲԸՄը ինչո՞ւ համար դադրեցուց Մելգոնեանի [տրուած] իր նիւթական աջակցութիւնը։ Իմ տպաւորութիւնս այն է որ Հայաստան նմանօրինակ հաստատութիւն մը ստեղծելու համար առած է իր որոշումը։
=========================
Պիտի խնդրէի որ ՄԿՀ-ի ներկայով ու ապագայով իրաւացիօրէն մտահոգուած մեր ընթերցողներէն քիչ մը եւս համբերէին, որովհետեւ Յուլիսի կէսերուն Հաստատութեան 90ամեակի տօնակատարութիւն-ուխտագնացութեան առիթով վստահաբար հանրութեան պիտի տրուին հարկ եղած լուսաբանութիւնները։ Մինչ այդ, անոնք որոնք կը փափաքին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ «առ ու ծախ»ի հետ առնչուող խաղքութեան մասին, թող բարեհաճին այցելել melkonianforever կամ Մելգոնեան սանուցի կայքէջները։ Լիայոյս եմ որ ՄԿՀ-ի «գիրքը» տակաւին չէ գոցուած։
Մինաս Գոճայեան
Մ. Կ. Հ.ի փակման մասին
Սիրելիներս,
Դուք միտքեր կը փոխանակէք առանց գիտնալու, որ Մ. Կ. Հ.ի փակման որոշումը մաս կը կազմէ քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքէն արմատախիլ ընելու սիոնական ծրագիրին, որուն իրականացման լծուած է Ա. Մ. Ն. կոչուած պետութիւնը, որուն Սթէյթ Տիփարթմընթին գործակատարներն են Հ. Բ. Ը. Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովին անդամները: Մէյ մը հետաքրքրուեցէք, թէ այդ Ժողովին անդամները ո՞ր հաստատութեանց մէջ կը պաշտօնավարեն… Կէսէն աւելի պաշտօնեաներ են Ուոլ Սթրիթի հետ անմիջականօրէն կապուած հրէա-սիոնական ելեւմտային հաստատութիւններու մէջ:
Բոլորդ ալ կը գրէք Մ. Կ. Հ.ին ջամբած հայեցի դասիարակութեան մասին: Այս մասին տարակոյս չկայ: Սակայն, կը խնդրեմ, մասնաւորաբար դիմելով Դոկտ. Մինաս Գոճայեանին, մեկնաբանել այն փաստը, որ Լիբանանի մէջ պատրաստուած ՙՏաճար Լուսոյ՚ շարժանկարին ազդագիրին գրութիւնները – բացի Աղքատ Ղազարոսի կարգավիճակով յայտնուած հայերէն երկու բառերէ – անգլերէն են: Ինծի համար, ասիկա նոյնքան դաւադրական քայլ է, որքան նոյնինքն Մ. Կ. Հ.ին փակումը:
Berge is Right on
After so many years of ambiguity, I thought that now on the pages of Keghart.com I can get some clarity as to why the AGBU decided to close down the Melkonian Foundation in Cyprus and sell its holdings and as to why the Melkonian Alumni and the Armenian Cypriots oppose AGBU's decision and successfully stopped it in its tracks. The issues at hand cannot possibly be as complicated as trying to explain to ordinary folks Einstein's theory or relativity.
I have come to conclude the following about the leadership of the parties involved. The AGBU, Melkonian Alumni, and Cypriot-Armenians have their agendas and care less to spell them to the public and cannot resolve the matter among themselves. They also appeal to the public to side with one and oppose the other by taking a party's word because that party supposedly knows what's best for the Diaspora.
Berge is right on. Clarity over such a simple matter is not possible in the Diaspora, let alone democracy.
Oh, I forgot, after so many years some clarity might be on its way as Melkonian Celebrates the 90th anniversary of its foundation, including the last 10 or so idle years!
Comments are closed.