Պուրճ Համուտէն Սկսած Կեանք. «Վարդանին Անցեալը…»
Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, Կիպրոս, 5 Դեկտեմբեր 2013
«Ես տակաւին կ՛ապրիմ իմ անցեալիս հետ: Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ այսօր տխուր եմ»:
Հետաքրքրական է մարդ անհատին կեանքը: Ունի սկիզբ, բայց նաեւ` վերջ: Բայց այս երկու միաւորները զիրար կամրջողը ապրուած իրականութիւնն է, որ եթէ մէկ կողմէ կը լեցնէ, բայց նաեւ կ՛արժեւորէ եւ իմաստ կու տայ իւրաքանչիւրին` ինքն իր պարունակին մէջ: Իւրաքանչիւրը կը լեցնէ իր պարունակը` իր տեսադաշտէն, բայց նաեւ փորձառութենէն ու տիրող տրամադրուածութենէն…: Այս ընթացքին անպայմանօրէն կը փորձուիս դառնալ ետեւ եւ անցեալին նայիլ…: Մերթ անձկութեամբ, թերեւս նաեւ ցաւով եւ վիշտով, բայց կը բերես այդ բոլորը դարձեալ այսօրուան` փորձելով զայն տանիլ վաղուան, ապագային:
Պուրճ Համուտէն Սկսած Կեանք. «Վարդանին Անցեալը…»
Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, Կիպրոս, 5 Դեկտեմբեր 2013
Հետաքրքրական է մարդ անհատին կեանքը: Ունի սկիզբ, բայց նաեւ` վերջ: Բայց այս երկու միաւորները զիրար կամրջողը ապրուած իրականութիւնն է, որ եթէ մէկ կողմէ կը լեցնէ, բայց նաեւ կ՛արժեւորէ եւ իմաստ կու տայ իւրաքանչիւրին` ինքն իր պարունակին մէջ: Իւրաքանչիւրը կը լեցնէ իր պարունակը` իր տեսադաշտէն, բայց նաեւ փորձառութենէն ու տիրող տրամադրուածութենէն…: Այս ընթացքին անպայմանօրէն կը փորձուիս դառնալ ետեւ եւ անցեալին նայիլ…: Մերթ անձկութեամբ, թերեւս նաեւ ցաւով եւ վիշտով, բայց կը բերես այդ բոլորը դարձեալ այսօրուան` փորձելով զայն տանիլ վաղուան, ապագային:
Վարդան Թաշճեանին համար այս անցեալի պարունակը «լեցուն» է…:
Այսօր Վարդան խօսիլ կու տայ իր մասին` որպէս կիպրահայ վաստակ շահած գեղանկարիչի, եւ որուն գեղարուեստական աշխատանքները անցած էին աշխարհագրական սահմաններն ու ցամաքամասեր եւ տարածուած քիչ մը ամէն տեղ…: Բայց եւ այնպէս Վարդան նաեւ եղած է մանկավարժ եւ դաստիարակ, երկար տարիներով նուիրուած ուսուցչական ու տնօրէնութեան պաշտօնին եւ առաքելութեան` Լիբանանէն սկսած, բայց մասնաւորապէս Կիպրոսի Մելգոնեան եւ Նարեկ Ազգային Վարժարաններուն մէջ:
Վարդան Թաշճեան կը սիրէ բանալ անցեալի պարունակը, քանի որ կը հաւատայ, թէ կ՛ապրի «իր անցեալին հետ», բայց երբեք ներկան տխրեցնելով…»:
Իսկ Վարդանին անցեալը կը սկսի Պուրճ Համուտէն…:
Ծնած է Նոր Մարաշի հայաբնակ թաղամասը: Ընտանեկան պայմանները` համեստ, բարեկեցիկ եւ երեւի նիւթական «քաշքշուող» իրավիճակներով…: Բայց ինչպէ՞ս պատկերացնել աւելի տարբերը, երբ հայրը` Դաւիթ, պատկանած է «Մանկութիւն չունեցող» երեխաներու փաղանգին եւ Անդրանիկ Ծառուկեանին հետ ապրած է Հալէպի որբանոցային կեանքը` ինքն ալ ըմպելով հայ պատանիին «ուրախ-տխուր» օրերու բաժակէն…: Բայց կայ նաեւ աւելին…: Դաւիթ անցած է մէկ որբանոցէն միւսը` Հալէպ, Պէյրութ եւ Երուսաղէմ, մինչեւ որ գտած է իր հարազատ ծնողքը եւ միացած անոնց` վերակազմելու հայկական տոհմիկ երդիքը Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասին մէջ…:
Վարդան ծնած ու ապրած է այդ երդիքին տակ…: Հայր, մայր, մեծ ծնողք եւ տակաւին երեք եղբայր եւ քոյր…: Ութ հոգի` բոլորը մէկ յարկի տակ…: Թէեւ անցուկ եղած են նիւթական պայմանները, բայց տունը եղած է ջերմ` սիրոյ եւ ուրախութեան մթնոլորտով ողողուն: Ասիկա հայկական «իրական» կեանքն է, զոր ապրած է հայը Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք, հայը սորված է երջանկութեան եւ սիրոյ կեանքը կերտել «մահուան շուքի ձորի» փորձառութենէն ետք…
Վարդան նախակրթութիւնը ստացած է Քառասուն Մանուկ վարժարանին մէջ: Այստեղէն սկսած է մէկ-մէկ կազմուիլ «անցեալէն»
«Պէյրութ գետը` Նահրի երկայնքին, մեր չարաճճիութեան տեղն էր», կ՛ըսէ Վարդան: «Գորտ կը բռնէինք գետին մէջէն», կը շարունակէ եւ կը յիշէ նաեւ, թէ ինչքան համեղ կ՛ըլլայ այդ գորտին միսը:
Վարդան կ՛ապրէր նաեւ Պուրճ Համուտի այդ օրերու «հերոսներուն հետ», որոնք իրենց մասին խօսեցնել կու տային: «Պոքսէր Արամ»ը եւ «Էսքեր Միսաք»ը, տակաւին ուրիշներ, որոնցմէ` «եթէ քիչ մը կը վախնայինք», կ՛ըսէ Վարդան, «բայց նաեւ կը խօսէինք անոնց սխրագործութիւններուն մասին: Մեր պատանեկան երեւակայութեան մէջ անոնք անհասանելի մարդիկ էին»:
Վարդան այսօր` նստած պաստառին դիմաց, կը գծագրէ…: Կը գծէ ընդհանրապէս բնութիւնը եւ այդ բնութեան ընդմէջէն կը փորձէ դուրս հանել սէրը եւ երջանկութիւնը: «Ես կը գծեմ այն, որ կը զգամ, եւ ոչ թէ կը տեսնեմ»: Վարդան այսօր կը զգայ սէրը եւ երջանկութիւնը, քանի որ իր մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերուն լեցուց այս արժէքները իր կեանքի պարունակին մէջ եւ շալկեց տարիներ շարունակ` հասնելով ներկայ օրերուն: Բայց իր շալկած սէրը եւ երջանկութիւնը չպահեց իր անձին ու եսին համար, այլ կեանքի իր ճանապարհորդութեան ընթացքին բաժնեկցեցաւ այդ բոլորը իր ընտանիքին, ազգին ու շրջապատին հետ: Եթէ մէկ կողմէ բաժնեկցեցաւ իր գեղանկարչական ու ստեղծագործական աշխատանքներուն մէջէն, բայց նաեւ` իր կրթական ասպարէզին միջոցով ու ընկերային լայն շրջանակի ճամբով:
Վարդան իր արուեստին միջոցով նաեւ բաժնեկցեցաւ իր հոգին` «բարեկամութեան» եւ «հաղորդականութեան» մարդկային արժանիքներով: Այս արժէքները ան նկատեց որպէս գլխաւոր գրաւական մարդկային կեանքի յառաջխաղացքին: Վարդան բնութեան մէջէն ուզեց դուրս բերել ստեղծագործական եւ արդիւնաւէտութեան հաւատալու եւ հասնելու մարդուն իտէալը: Ահա թէ ինչո՛ւ Վարդան յաճախ գծեց ծառը եւ ծառաստանը, քանի որ անոր մէջ տեսաւ պտուղը, տերեւը, շուքը, փայտը եւ այն բոլորը, որ արդիւնք կու տայ եւ կը նպաստէ հաւաքական կեանքին…: Կ՛արժէ, որ մարդը հաւատայ` ինչպէս ինք կ՛ըսէ. «Դրական կեցուածքին եւ հոգիին»: Որովհետեւ դրական հոգին է, որ արդիւք կու տայ…:
Վարդան Թաշճեան այսօր հպարտ կիպրահայ եւ կիպրացի քաղաքացի է, որ կը սիրէ ու կառչած է այս երկրին: Իր կեանքը եւ աշխատանքը կ՛ուզէ ի սպաս դնել մէկ կողմէ հայ ժողովուրդին, բայց նաեւ Կիպրոսին: Բայց Վարդան կը նայի նաեւ ետեւ` անցեալի իր կեանքին, Պուրճ Համուտին եւ անոր թաղամասերուն, ուր լեցուց իր կեանքի պարունակը սիրով ու երջանկութեամբ, եւ որուն համար երախտապարտ է եւ ուրախ:
Իւրաքանչիւր Պէյրութէն վերադարձիս` Վարդան կ՛ուզէ լսել ինձմէ Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի մասին: «Խապրիկ» մը ստանալու ցանկութեամբ` կ՛ուզէ գիտնալ, թէ ի՞նչ կը պատահի իր «մանկութեան օրերու Պուրճ Համուտին մէջ»:
«Վարդանի անցեալը» իւրաքանչիւր հայուն անցեալը չէ՞ արդեօք…: Հիւղաւաններէն եւ որբանոցներէն կերտուած կեանքեր, որոնց ընթացքին համեստ պայմաններու եւ երդիքներու տակ կոփուեցան սիրոյ եւ երջանկութեան հոգիներ…: Բայց չէ՞ որ այս հոգիները ապրեցուցին եւ վերապրեցուցին հայը…: Եւ Վարդան Թաշճեան որոշեց իր կեանքի պարունակը լեցնել նոյն այդ սիրոյ եւ երջանկութեան հոգիով, որուն միջոցով իր կեանքը դարձաւ արդիւնաւէտ:
«Վարդանի անցեալը» թէեւ սկսաւ Պուրճ Համուտէն, բայց հոն չմնաց: Անցաւ սահմաններէ, ստեղծագործեց եւ արտադրեց…: Իսկ այսօր ետեւ նայելով` միշտ երախտապարտ եւ ուրախ կը շարունակէ իր կեանքը եւ ինչպէս որ ինք կը հաւատայ` «Կեանքը պարապ պաստառ մըն է, լեցնելով զայն` կը լեցնես կեանքդ»:
Վստահաբար արժէ կեանքը լեցնել սիրով եւ հաղորդականութեամբ, քանի որ այս արժանիքներն են, որ արդիւնք կու տան…: Հայը պէտք է շարունակէ հաւատալ արդիւնաւէտ կեանքին հասնելու տեսլականին:
«Վարդանին անցեալը» անպայմանօէն իւրաքանչիւր հայունն է: Այս «անցեալ»ի ուժով` հայը կ՛ապրի այսօրը եւ կը նայի վաղուան:
Վարդան Թաշճեանի գեղանրչական համապարփակ շարքը կարելի է դիտել իր կայքէջին միջոցով:
2 comments
Even the Largest
Even with the largest on-board font magnification, the type set was still far too small for a comfortable read. I have noticed this with a few Armenian articles lately. Might Keghart do something about it?
Font size
We made the font larger, hopefully it is better readable now.
Alternatively, you can always press Ctrl & [+] (Ctrl key and the '+' key together) to Zoom and make the fonts appear larger. Ctrl & [-] will make it smaller.
For Apple computers Command-Option-Plus [+] key combination will do the same.
The Unicode (foreign) characters currently don't work with the font magnification option at the top of the article (A+/A- buttons).
Comments are closed.