Անոր նեղլիկ թաղերուն մէջ ես: Կը քալես հպելով անծանօթ մարդոց: Կը նայիս վեր եւ երկինքէն հազիւ կտոր մը կրնաս տեսնել: Հոտառութեան եւ լսողութեան զգայարաններդ ահազանգ կը հնչեցնեն, սակայն ընդհանուրին մէջ ապահով կը զգաս: Չորս կողմերէն հայերէն հնչիւններ ներկադ եւ անցեալդ խառնելով կը ստեղծեն մտքիդ մէջ գունաւոր պատկերը Պուրճ Համուտի:
Կը յիշե՞ս երբ « ճէննէթ» կը ծախէինք դուն եւ ես ուրիշ հարիւրաւոր փոքրերու հետ, Պուրճ Համուտի փողոցները ման գալով, բոպիկ, անտեսուած, մի քանի «ղուրուշ» վաստկելու համար: Գիշերէն կը պատրաստէինք յաջորդ օրուան ծախուելիք «ապրանքը», բրգաձեւ թուղթերու մէջ լեցուած աղի մանր կուտերը, Պուրճ Համուտի 58-ի համբաւաւոր «ճէննէթ»ը:
Անոր նեղլիկ թաղերուն մէջ ես: Կը քալես հպելով անծանօթ մարդոց: Կը նայիս վեր եւ
Կը յիշե՞ս երբ « ճէննէթ» կը ծախէինք դուն եւ ես ուրիշ հարիւրաւոր փոքրերու հետ, Պուրճ Համուտի փողոցները ման գալով, բոպիկ, անտեսուած, մի քանի «ղուրուշ» վաստկելու համար: Գիշերէն կը պատրաստէինք յաջորդ օրուան ծախուելիք «ապրանքը», բրգաձեւ թուղթերու մէջ լեցուած աղի մանր կուտերը, Պուրճ Համուտի 58-ի համբաւաւոր «ճէննէթ»ը:
– Բարի լոյս, վարպետ, հայրիկս բարեւ ունի. աշկերտի պէտք ունի՞ս:
Անցան տարիներ եւ Լիբանանի կրկնուող տագնապներէն ամենէն լուրջը եկաւ խանգարելու մեր անդորրը: Նախ փորձեցինք «ոչ ոքի հետ, ոչ ոքի դէմ» խաղալ, երբեմն նոյնիսկ անջիղ հայու կերպարով մը, « էրմէն» ով մը, անարգել անցնիլ սահմանագծերը: Աւելի ուշ գտանք բանալի արտայայտութիւնը մեր անկողմնակալ կեցուածքին՝ որդեգրելով « դրական չէզոքութիւն»ը: Չհաւատացին մեզի, թէ հայերը այս անգամ որոշած էին միակամ ըլլալ ( վերջապէ’ս): Ուզեցին զէնքի ուժով պարտադրել իրենց կամքը : Իսկ մենք վերյիշեցինք մեր հին լոզունքը, «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» ու պաշտպանեցինք մեր թաղերը, « հայկական թաղերը»:
Մոռցանք «հնչակ-դաշնակ» ը եւ պաշտպանեցինք մենք մեզ, հայութիւնը: Երկիրը տակն ու վրայ էր, սակայն մեզի համար յստակ էր ճամբան. հայկական միասնականութիւն եւ դրական չէզոքութիւն: Քաղաքը, Էշրէֆիէն, Մար Մըխաէլը, Հաճընը, Պուրճ Համուտէն՝ Նոր Մարաշը, Սիսը, Արագածը բոլորը մէկ էին մեզի համար: Խմոր թխեցինք եւ հաց եփեցինք ժողովուրդին համար: Ջուրի, հեռաձայնի, ելեկտրականութեան գիծերը նորոգեցինք: Կրակներուն մէջէն վիրաւորներ փոխադրեցինք հիւանդանոց: Իսկ ծանր ռմբակոծումէն ետք, փլատակները մաքրեցինք եւ նորոգեցինք Պուրճ Համուտը, դուն եւ ես:
Պէտք կա՞յ կրկնելու հինէն եկած յստակ պատգամը. « Երբ հայը միակամ եղած է, յաղթած է»:
Տարիներ ետք վերադարցած ես Պուրճ Համուտ: Հակառակ սուրացող
Նահրի կամուրջը անցնելով արդէն Պուրճ Համուտ ես, Արմենիա պողոտային վրայ: Ոսկերչատուներու ցուցափեղկերը կը շլացնեն քեզ: Կը թեքիս դէպի միջազգային համբաւ վայելող Արաքս պողոտան: Աչքերդ կը նկարահանեն վաճառատուներու ծանօթ անուններ՝ «Ֆէլէֆիլ Արաքս», « Սարօ », « Դեղարան Գեղարդ» … Սակայն հոն, քիչ մը առջեւ խճողում կայ : Հայ ոստիկանապետը՝ Տօնականը, բացատրութիւն կու տայ թէ Զատկուայ տօնին առթիւ Արաքս պողոտայի վրայ աւանդական հաւկթախաղ տեղի կ’ունենայ:
Մտքով կը վերադարնաս մօտ կէս դար ետեւ, երբ կեանքիդ տարիները կը համրուէին մատներուդ վրայ: Յարութեան տօնին առթիւ մաքուր հագած, մատիդ շուրջը օղակ կազմած երկար թելէ մը կախուած բուրդէ հիւսուած հաւկթամանը, մէջը սոխի կեղեւով ներկուած հաւկիթ մը բռնած ես: Կը շրջէիր թաղէ-թաղ, շահելով շատ մը հաւկիթներ, վերջաւորութեան վրայ տալու «հերոս» հաւկիթդ: Իսկ «գաթա-քահքէ»ի անուշ հոտը, որը կուգար մօտակայ փուռերէն, քեզ դիւթած կ՝առաջնորդէր տուն, մի քանի «քահքէ»ով, աւելի զօրաւոր հաւկիթով պարէնաւորուելու եւ դարձեալ նետուելու փողոց:
Կը բացուին մտքիդ դարակները մէկ առ մէկ եւ կը յիշէս հայերէնի ուսուցիչ՝ Նազարէթ Սէֆէրեանին խօսքերը:
– Տղաք, Զատկին այսպէս կ՝ըսեն. « Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»:
– Իսկ դուք կը պատասխանէք. « Օրհնեալ է յարութիւնն ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ»: