«Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը» շարքէն
Պրն. Նախագահ, Կը խնայէ՞ք .Մովսէս Խորենացի»ն,
Տիկ. Նախարարուհի, Կը խնայէ՞ք «Մխիթար Գօշ»ը
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 5 Հոկտեմբեր 2013
Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, որոնցմով հպարտանալու կամ ուրախանալու շատ բան կար, այսօր ո՞րքանով լիարժէք իրականութիւն մը կամ պատկեր մը կը ներկայացնեն, երբ արժեչափերը հիմնովին խախտած են, գնահատանքի արժանիքները խեղաթիւրուած, յարգանքի վերաբերմունքները կեղծուած, իսկ փոխադարձ շահագործումնե՞րը, Աստուած իմ… առայժմ չխօսինք այդ մասին։
«Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը» շարքէն
Պրն. Նախագահ, Կը խնայէ՞ք .Մովսէս Խորենացի»ն,
Տիկ. Նախարարուհի, Կը խնայէ՞ք «Մխիթար Գօշ»ը
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 5 Հոկտեմբեր 2013
Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, որոնցմով
Իւրաքանչիւր շրջահայեաց եւ ողջմիտ հայ, ո՛ւր որ ալ գտնուի, պէտք է հարց տայ, թէ ինչո՞ւ կը փորձուի սփիւռքահայութեան նկատմամբ տածել խնդրարկութեան վարքագիծ եւ կամ՝ ինչո՞ւ սփիւռքահայութիւնը, ուղղակիօրէն թէ ուղղակիօրէն, ինքզինք կը դնէ խնկարկու վիճակի մը մէջ։
Անշուշտ, այս ընդգծումները իրենց մասնաւորութեան ծիրին մէջ պէտք չէ դիտել, սակայն, անոնք հասած են մտահոգիչ սահմաններու, երբ Հայաստանը չափի ու կշիռի անհաւասարակշռութեամբ կը վերաբերի Սփիւռքի այս կամ այն երեւոյթներուն ու հատուածներուն նկատմամբ, մինչ Սփիւռքը կը խանդավառուի՜, յաճախ ալ… կը խենդանա՜յ ատոնցմէ։
Հայաստանը պետութիւն է այլեւս, հետեւաբար, պէտք է պետական մտածողութեամբ ու հասկացողութեամբ գործէ, հարցերը դիտէ եւ, ըստ այնմ, կողմնորոշուի, նոյնիսկ երբ իր դիմաց գտնէ հայրենակիցներ (իմա՝ սփիւռքահայեր)։
Պետականութեան լրջամտութիւնը ասիկա՛ կը պահանջէ, պետական կարգուսարքը ատիկա՛ կը հարկադրէ, պետական գործիչներուն ձեռնհասութիւնը այլ ընտրանք չի ձգեր, ոչ միայն միջ-պետական յարաբերութիւններու ընթացքին, այլեւ՝ միջ-հայագաղութային, սակայն, միշտ առանց զգացականութեան ու զեղունութեան։
Իսկ Սփիւռքը, պէտք է հասկնայ այլեւս, որ հայրենի պետականութեան կարգավիճակի հետ կարելի չէ յարաբերիլ «ուզելու-պահանջելու կամ ակնկալելու-խնդրելու» տրամաբանութեամբ, նոյնիսկ այն պարագաներուն, երբ այդպիսի «մոմենտ»ներ ստեղծուելու առիթներ կան կամ կը ստեղծուին։
Դժբախտաբար, Սփիւռքի որոշակի անկիւններուն մէջ (ոմանց համար աներեւելի, ոմանց համար ալ՝ խիստ երեւելի), այն հիւանդագին հոգեբանութիւնը կայ, թէ՝ հայրենասիրական մարզանքներով ու շարժուձեւերով, կրնան հասնիլ… անհասանելիութիւններու, Հայաստանի իշխանութիւններէն կորզելով… շքանշան, տիտղոս, պատուագիր, գնահատագիր, եւայլն (տեսակները բազմաբղէտ ու բազմաբզզիւն են)։
Վստա՛հ պէտք է ըլլալ, որ հայրենի պատկան իշխանութիւնները ծանօթ են այսօրինակ, մեղմ ըսած, անհանդուրժողութիւններու, սակայն, զարմանալ թէ ոչ, ոչ միայն կը լռեն, այլեւ կը քաջալերեն, իրենց գրպաններէն եւ ծոցերէն… գնահատելով անգնահատելի անգնահատները, նոյն այդ «պարգեւ»ներով։
Պատահեցաւ որ, օր մը, հայրենի կարեւոր պատասխանատուի մը հարց տուի.
– Ինչո՞ւ Սփիւռքի հետ այսպէս կը վերաբերիք եւ ինչո՞ւ հայրենի պետութեան անգին նուիրականութիւնը այս ձեւերով կը ստուերէք։
Պատասխանը հետեւեալն էր.
– Գիտէ՞ք ինչ, մենք ամէն ինչ լաւ ենք իմանում, սակայն, ի՞նչ անենք որ «ձերոնք» են ուզում, խնդրում ու պահանջում։
Հասկնալի են «մերոնց» ուզածները (եւ չուզածներ), բայց, անհասկնալին այն է, որ պետութի՞ւնը պիտի համակերպէր այս եւ այլ ձախլիկութիւններուն, թէ՞՝ պիտի դառնար կարճ ու կտրուկ, պետականավայել լրջութեամբ ու հեղինակահզօրութեամբ պատասխանելու.
– Դա մեր անելիքն է ու կը գործենք ոնց որ առիթն է կամ արժանաւորն է…։
***
Ինչո՞ւ այս (կրկնուող ու չլուծուո՞ղ) հպումները։
Միթէ պարզ չէ՞։
Ո՛չ հայրենի պատկան կողմերը կը հասկնան (կամ կ'ուզեն հասկնալ) եւ ո՛չ ալ Սփիւռքը, թէ այս ձեւով կամ ընթացքով, կարելի չէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ամրացնել եւ հունաւորել, յատկապէս մտաւորական մակարդակի վրայ։
Ոեւէ մէկը կրնա՞յ հակադրուիլ այս վարկածին կամ հակաճառել, թէ հայ մտքի ու ստեղծագործ ոգիի նուիրեալները ինչո՞ւ այս դժխեմ ճակատագիրին «զոհ» կը դառնան։
Չենք գիտեր կամ կ'անգիտանանք, եթէ Հայաստանի մէջ կան մտաւորականներ եւ իրատեսներ, որոնք կը բաժնեն այս մտահոգութիւնները ու կը տեսնեն ատոր անպատեհութիւնները ու վտանգաւոր սահանքները։
Ոեւէ մէկը դէմ չէ որ Հայաստանը գնահատէ Սփիւռքի արժանաւոր զաւակները, որոնք՝ զանազան մակարդակներու վրայ, հասած են բարձրագոյն դիրքերու, ի մասնաւորի հայագաղութային, բայց, երբ հարցը, պարագան կամ առիթը կը հասնի ճամարտակութեան, ճապաղութեան ու ճապուռութեան աստիճանին, այլեւս պէտք է երեւակայել՝ ո՞ւր հասած ենք եւ ո՞ւր հասցուցած մեր արժեչափերը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, գրեթէ ամենօրեայ դրութեամբ եւ յաճախականութեամբ, կը մեծարէ ու կը մեծարէ՜.
Ինչո՞վ՝ «Մովսէս Խորենացի»ով։
Հոս ինքզինք պարտադրող հարցումը, ուղղուած նաեւ հայրենի զգաստ մտաւորականութեան.
– Մովսէս Խորենացին մեր ազգային պատմութեան անգերազանցելի պատմահայրն է, որուն արժեւորումը ոչ միայն հայ պատմաբաններու կողմէ կը կատարուի, այլեւ՝ օտար հայագէտներու, որպէս խորենացիագիտութիւն։
Ինչպէ՞ս կարելի է այդքան դաժան գտնուիլ Մովսէս Խորենացիի նկատմամբ ու զայն աջ ու ձախ «բաշխել» կամ «շնորհել», որոնցմէ շատեր նոյնիսկ չեն գիտեր անոր պատմա-ազգային արժէքը։
Պէտք է յիշել. Ռոպերթ Քոչարեան Մովսէս Խորենացի նուիրած էր… զինուորականի մը, նախ վարկաբեկելով Պատմահայրը, ապա՝ ցոյց տալով կատարեալ տգիտութիւն մը, մինչ աշխարհահռչակ մարզիկի մը շնորհուած էր… Պօղոս Նուպար Փաշա։
Այս ո՜ւր լսուած է, որ նախագահական կամ այլ մակարդակով պարգեւատրումներ ըլլան, անձնական նախաձեռնութիւններով կամ միջնորդական խողովակներով, մինչդեռ ատոնք պէտք է անցնին յատուկ յանձնախումբի մը բովէն, պահելու համար նախագահական վարկը, պարգեւին արժէքին ծանրակշռութիւնը եւ, ամենէն կարեւորը, պարգեւատրուողի բացարձակ արժանապատուութիւնը, իր լայնահունչ իմաստով։
Եթէ չկան այս գործօնները, ո՛չ շնորհողը եւ ո՛չ շնորհուողը կ'արդարացնեն տուչութեան նման բոլոր բեմադրութիւնները, իսկ եթէ նախագահութիւնը կը կարծէ, թէ այդ բոլորը իրեն համար անիմաստ են, ինքն է որ կ'որոշէ եւ ինքն է որ կ'ընտրէ, այն ատեն կրնայ նախագահական յատուկ մրցանակներ շնորհել, առանց մեր ազգային, պատմական, մշակութային, ստեղծագործական նուիրականութիւնները բռնադատելու ու շահագործելու, յատկապէս երբ անոնք կը յանձնուին անարժաններու, կիսարժաններու կամ «հէչ»արժաններու։
Ուրիշ պատկեր մը եւս։
Սփիւռքի նախարարութեան մրցանակներու ու շքանշաններու առատութիւնը գլխապտոյտ առաջացնող է, յաճախ «կաղանդ պապան» յիշեցնելով, երբեմն ալ մտածելով թէ այս որքա՜ն պարգեւներու պահեստներ կան, ապա, կամաց-կամաց հաւատալով որ մօտիկ ապագային իւրաքանչիւր հայորդի… մրցանակակիր մը պիտի ըլլայ (թերեւս, բացի զանոնք… տուողներէն)։
Սակայն, արդեօք այս պարգեւատրուողը գիտէ՞ Մխիթար Գօշին ո՛վ ըլլալը եւ անոր բերած նպաստը հայ բանասիրութեան ու համաշխարհային դատաստանագրութեան։
Ինչպէ՞ս կ'ըլլայ որ այսպիսի շուտիկութեամբ ու կարճատեսութեամբ, Մխիթար Գօշը… կը հասարակցուի, որովհետեւ շուկայիկի մը խոստացուած է ատիկա եւ կամ… պահանջուած։
Ի՞նչ տրամաբանութիւն է ասիկա եւ ինչպէ՞ս կը տնօրինուին այսպիսի ապաշնորհ արարքներ։
Այս սահմանանցումները պէ՛տք է զսպուին, հուսկ՝ ի սպառ վերանան, պարգեւատրումներու գործընթացը ձգելով ակադեմական-մասնագիտական շրջանակներու, հոգ չէ թէ անոնք հովանաւորուին նախագահական կամ նախարարական լծակներով։
Աւելին՝ դուք կրնաք շարունակել ձեր մրցանակաբաշխութիւններն ու պարգեւատրումները, բայց, ոչ ԱՆՃԻՇԴ, ԱՆՏԵՂԻ եւ ԱՆԻՄԱՍՏ գործարքներով, որոնց ականատեսն ու ականջալուրը եղանք ու կ'ըլլանք։
Ուրեմն, մինչ այդ.
«Պրն. նախագահ, խնայեցէք Մովսէս Խորենացի»ն։
«Տիկ. նախարարուհի, խնայեցէք «Մխիթար Գօշ»ը։
***
Վերջացնելու համար.
Խորհրդային կարգի օրերուն, հայ մտաւորականները, արուեստագէտները, խմբագիրները, կրթական մշակները, հասարակական գործիչները անհատուցօրէն եւ անփոխադարձօրէն կը վարձատրուէին հայրենիքէն՝ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին միջոցով, սակայն, առանց… շքանշաններու, մրցանակներու, պարգեւներու, տիտղոսներու։
Հայրենիք այցելութիւնները, տարբեր պիտակներու տակ – հաւաքներ, խորհրդաժողովներ, համագումարներ, ամեակներ եւ այլ բարեբաստիկ ձեռնարկներ, առիթներ կ'ըլլային հրաւիրեալները մեծարելու, մասնայատուկ հոգատարութեամբ, գուրգուրանքով, հանգստաւէտ ու կազդուրողական պայմաններով, լաւագոյն եւ յարմարագոյն տնօրինումներով, իսկ այդ վերաբերմունքները հրաւիրեալներու հոգեկանը կը վերանորոգէին, ստեղծագործական լիցքը կ'ամրապնդէին, հաւատքը կը զօրացնէին, աւելի կառչելու իրենց առաքելութեան երթուղիին։
Ասոնցմէ աւելի «շքանշաններ» ո՞ւր կարելի է գտնել կամ որմէ՞ կարելի է ստանալ։
Յ. Գ. Այս յօդուածը պատրաստուած էր, առնուազն, երկու ամիս առաջ, սակայն, որոշ նկատառումներով, շրջանառութեան մէջ չէ դրուած, այն բարեմտութեամբ, թէ տեղ մը «զգաստ»ութեան նշդրակը իր հատու դերը կը կատարէ։
Սակայն, սխալած էինք, որովհետեւ շարունակուեցաւ, օրինակի համար, Խորենացիին «նետահարում»ը… նախագահական մակարդակով եւ յաճախ՝ սխալ ընտրութեամբ, մեզ մղելով դարձեալ այս հրատապ հարցը լոյսին բերելու, խաւարին մէջ չմնալու մտահոգութեամբ։
Պ. Ա.
*****
Յարութիւն Իսկահատեանի “Վկայարան”ները
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 26 Սեպտեմբեր 2013
Ճարտարագէտ Յարութիւն Իսկահատեան հետաքրքրքկան, այլապէս ալ` նոյնքան կարեւոր հաւաքագրական աշխատանքի մը լծուած է, լոյսին բերելով, յաջորդաբար,
Խորագիրը ինքնին կը յուշէ այս հրատարակութիւններու բովանդակութիւնը, անոնց տալով ինքնատիպութիւն մը եւ իւրայատկութիւն մը, միայնգամա՛յն, պարզապէս անոր համար, որ տքնաջան, պրպտողական ու հետեւողական աշխատասիրութեան մը պտուղն են անոնք:
Իսկահատեան գիտութեան ու ուսողագիտութեան մասնագիտութիւն մը ընտրած է, բայց ուսանողական տարիներուն իսկ, ան յատուկ սէր ու կապուածութիւն ցուցաբերած է հայոց լեզուի, գրականութեան ու մշակոյթին նկատմամբ, հետագային հետեւելով Հ. Բ. Ը. Միութեան Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի դասընթացքներուն:
Տարիներու թաւալքը ու կեանքի պայմանները, սակայն, երբեք պատճառ չդարձան, որ Յարութիւն Իսկահատեանը մոռնայ կամ հեռանայ իր ինքնութենէն եւ արմատներէն, ընդհակառակը, ան աւելի կառչած մնաց անոնց, աւելի փարած` անոնց նուիրականութեան:
Լուսարձակներէ հեռու, Իսկահատեան շարունակեց իր հետազօտութիւնները, յարատեւօրէն, իր «լուման» բերելով Հայկական Ցեղասպանութեան հաստափոր թղթածրարին, առանց յաւակնութիւնը ունենալու, թէ ամբողջական են անոնք, որովհետեւ համոզուած էր այս նիւթին անսպառութեան եւ լայնածիրութեան:
Առաջին հայեացքով ոմանց մօտ կրնայ ստեղծուիլ այն տպաւորութիւնը, թէ` «Վկայարան»ները այդքան ալ ջանք ու ներդրում պահանջող գործեր չեն, ինչ որ հիմնովին սխալ մտածում մըն է, այնքան ատեն որ հեղինակը հսկայական աշխատանք տարած է (գրադարան, մամուլ, անհատ, եւայլն) յայտնաբերելու ու հաւաքագրելու Ցեղասպանութեան նուիրուած հրատարակութիւնները:
Ճիշդ է, այս հատորները ուսումնասիրական, վերլուծական կամ մեկնաբանական չեն, այլ` չոր արձանագրութիւններ, սակայն, առանց կորսնցմելու իրենց այժմէականութիւնն ու շահեկանութիւնը, ներկայ եւ ապագայ պատմագիրներուն ու ցեղասպանագէտներուն տրամադրութեան տակ դնելով զանոնք, առ ի համապատասխան օգտագործում եւ արժեւորում:
Գիրքերուն ընթերցումը իւրաքնչիւրին հեղինակային հատորով ու մատենաշարային կարգով, Հայկական Ցեղասպանութեան վաւերականութեան ու վաւերագրութեան արտացոլումն է, սեղմ ու տեղին պարունակութեամբ:
Յարութիւն Իսկահատեան բանասէր չէ, ոչ ալ պատմաբան, սակայն, իր այս հրատարակութիւնները կը միտին պատկան մասնագէտներուն օգտակար դառնալ, առաւել` ան փորձած է անոնց տալ գիտականութեան ու ճշգրտութեան գնահատելի շղարշ մը, այս պարագային` անձնանուններու, տեղանուններու, տպարաններու, պարբերականներու եւ յարակից ցանկերով:
Հայկական Ցեղասպանութեան գրականութեան մէջ, «Վակայարան»ները եւս ունին որոշակի արժէքը, թէ՛ գրահրատարակչական, թէ՛ յուշագրական, թէ՛ նկարագրական, թէ՛ մատենաշարական առումներով, որուն համար շնորհակալ դեր կատարած է Իսկահատեանը:
Վստահաբար, Յարութիւն Իսկահատեան «վճռած» է շարունակել «Վկայարան»ներու երթուղին, նոր իրագործումներով ու հրատարակութիւններով, որուն համար իրեն կը մաղթենք ամենայն յաջողութիւն: