Ռամկավար Մամուլը Ո՞ւր Կը Գտնուի…

Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը Շարքէն

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 5 Ապրիլ 2013

Վստահաբար, այս հարցադրումը պէտք է մտահոգէ այն բոլորը, որոնք գիտցած են Ռամկավար մամուլին արժէքը, գնահատած՝ դերը, վայելած՝ ընթերցումը,  արժեւորած՝  բովանդակութիւնը,  հաւատացած՝ առաքելութեան, հետեւած՝ ուղղութեան, ամբողջ ԴՊՐՈՑ մը նկատելով զայն։ Մանաւանդ  Մեծ  Եղեռնէն  ետք,  Ռամկավար  Ազատական Կուսակցութիւնը համոզուած ըլլալով հայ մամուլի անփոխարինելի ըլլալու դերակատարութեան եւ առաջնորդութեան, զարկ տուաւ ամբողջ ցանցի մը հրատարակութեան գործին, հոն՝ ուր կարիքը կը տեսնուէր կամ՝ կը տեսնէր։

Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը Շարքէն

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 5 Ապրիլ 2013

Վստահաբար, այս հարցադրումը պէտք է մտահոգէ այն բոլորը, որոնք գիտցած են Ռամկավար մամուլին արժէքը, գնահատած՝ դերը, վայելած՝ ընթերցումը,  արժեւորած՝  բովանդակութիւնը,  հաւատացած՝ առաքելութեան, հետեւած՝ ուղղութեան, ամբողջ ԴՊՐՈՑ մը նկատելով զայն։ Մանաւանդ  Մեծ  Եղեռնէն  ետք,  Ռամկավար  Ազատական Կուսակցութիւնը համոզուած ըլլալով հայ մամուլի անփոխարինելի ըլլալու դերակատարութեան եւ առաջնորդութեան, զարկ տուաւ ամբողջ ցանցի մը հրատարակութեան գործին, հոն՝ ուր կարիքը կը տեսնուէր կամ՝ կը տեսնէր։

Իսկ  ո՞ւր  չկար  այդ  հրամայականութիւնը,  երբ  մնացորդացը հայ ժողովուրդին, անյագ պահանջքը ունէր հոգեկան սնունդի, բարոյական լիցքի, ֆիզիքական գոյութեան, ստեղծագործական շունչի, վերապրելու ու վերապրեցնելու համար տարտղնուած ու բեկորացուած իր զաւակները։

Արեւմտահայութիւնը,  նախաեղեռնեան  շրջանին,  հայ մտաւորականութեան, հայ գրականութեան, հայ գրահրատարակութեան ու հրապարակագրութեան «մեղուափեթակ»ն էր, Պոլիսը դարձնելով հայ մտքի ու  հոգիի  լուսաւորութեան  փարոս,  նաեւ  հայ  մամուլի  ճոխութեան, բազմասեռութեան  ու  հմայչութեան  սքանչելի  բեմ,  հայ  ժողովուրդը դաստիարակելու, զարգացնելու, ուղղելու ու հունաւորելու առումներով։ Ինչպիսի՜  բարձունքներ  նուաճեց  հայ  մամուլը,  դառնալով  հայ գրողներու եւ հրապարակագիրներու անսպառ շտեմարանը, ուր ծնունդ առին խոստմնալի ու շնորհալի գրիչներ, յետագային իրենց խոր դրոշմը ձգելով յաջորդող սերունդներուն վրայ։

Ռամկավար  Ազատական  Կուսակցութիւնը կը  հաւատար  խօսքի ուժգնութեան, մտքի զգաստութեան, գրիչի ներգործութեան, միշտ մեկնելով ռամկավարական սկզբունքներէն ու ժողովրդավարական հիմունքներէն, ուստի, շատ բնական էր, որ առաջնահերթութիւն տար ռամկավար մամուլի ստեղծումի  գործունէութեան,  ռամկավար  մամուլի  հրատարակութեան առաջադրութեան եւ ռամկավար մամուլի ձեւաւորման անհրաժեշտութեան։ Պէտք չէ մոռնալ, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, իր շուկայական, տնտեսական, դրամագլխային ընտրանքներէն աւելի, դարձաւ մտաւորականութեան, մշակութապահպանութեան, արուեստասիրութեան եւ կրթադաստիարակչութեան գաղափարական դարբնոցը, գրող-խմբագիր մտաւորականներու ամբողջ հոյլով մը, յիշել՝ Վահան Թէքէեանը, Արշակ Չոպանեանը, Արփիար Արփիարեանը…։

Այս բոլորը արդէն բաւարար էին, որ ՌԱԿի յատենի թէ յաջորդող ղեկավարութիւններ  յատուկ  ուշադրութիւն  դարձնէին  մամուլին  վրայ, քաջալերէին  անոր  երեւումը,  պաշտօնակոչէին  հեղինակութիւններ, ներգրաւէին  մեծութիւններ,  խմբագիրի,  աշխատակիցի,  սիւնակագիրի, յօդուածագիրի կամ հրապարակագիրի մասնակցութիւններով։ Ուշագրաւը  այն  էր,  որ  ռամկավար  մամուլը՝  իր  տարածումով  ու ժողովրդականութեամբ,  իր  հմայքով  ու  կշիռքով,  երբեք  չմնաց  միա՛յն կուսակցական մամուլ, չդարձաւ նեղ կուսակցականութեան ամպիոն, ո՛չ ալ վերածուեցաւ ծայրայեղականութեան երեւոյթի, այլ դարձաւ բազմաթիւ ողջմիտ ու լրջախոհ մտաւորականներու ու գրիչներու օճախ մը, այն նախանձախնդրութեամբ,  որ  թէ՛  թերթին,  թէ՛  աշխատակիցին  մօտ գերիշխող մնան առողջ ու շինարար գրառութիւններու հրատարակումը, առարկայական  վերլուծումներն  ու  իրապաշտ  մեկնաբանութիւնները, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի ազգային մեր հիմնահարցերուն, հայրենական իրականութեան,  գաղութային  պահանջքներուն,  համայնքային տուեալներուն  եւ  ընդհանրապէս՝  ցցուած,  ցցուող  ու  ցցուելի մարտահրաւէրներուն:

***

Ինչո՞ւ այս արագ մատնանշումները կ'ընենք եւ յատկապէս՝ հիմա՛։

Միթէ պարզ չէ՞։ Խորագիրը  արդէն  կը  յուշէ, պէտք  է  յուշէ,  թէ՝  հայ  մամուլի փառաւորութեամբ  ու  հարստութեամբ  ռամկավար  մամուլը  այսօր  կը գտնուի՞  իր  արժանի  պատուանդանին  վրայ,  ունի՞  իր  արժանաւոր խմբագիրները, կը վայելէ՞ ժողովրդականութիւն, կը փնտռուի՞ ընթերցող շրջանակներէ, չըսելու համար նոյնիսկ իւրայիններէ, իսկ ամենէն կարեւորը՝ ունի՞ հեղինակաւոր աշխատակիցներ։

Այս  հարցադրումներուն  պատասխանները  խիստ  թափանցիկօրէն զգալի են, այնքան ատեն որ՝ «խօսելի» տուեալները, «լսելի» կարծիքները եւ «երեւելի» պատկերները ցոյց կու տան չոր ու կոշտ իրականութիւններ, տխո՛ւր ու ցաւալի՛ իրականութիւններ։

Կար ժամանակ, ոչ հեռու, երբ ՌԱԿ-ը ունէր ՏԱՍՆԵՐԵՔ թերթ, իր զանազան հրատարակումներով, ուր ան կը գրաւէր առաջնորդող դեր, իր ազգային-հրապարակագրական առաքելութեամբ,  իր  հայրենական հրապարակագրական ուղղութեամբ, իր սփիւռքեան-հրապարակագրական առաջադրութեամբ,  իր  եկեղեցական-հրապարակագրական նպատակասլացութեամբ, իր հայապահպանական-հրապարակագրական անմիջականութեամբ։ Ռամկավար մամուլը, Լիբանան թէ այլուր, կը գործէր նախանձելի արդիւնաւէտութեամբ,  օրինակելի  համագործակցութեամբ,  նշելի ձեռնհասութեամբ եւ կշռելի օրինաչափութեամբ, որոնք իրենց դրական ազդեցութիւնը ձգած են ոչ միայն ՌԱԿեան շրջանակներէն ներս, այլեւ՝ անկուսակցական, ընդհուպ՝ հակագաղափարախօսական։

70-80-90ական թուականները ռամկավար մամուլին համար դարձան «վերածնունդ»ի  նոր  շրջան  մը,  երբ  վաստակաւոր  ու  հեղինակաւոր խմբագիրներու կողքին, միջին թէ կրտսեր սերունդի արժանաւորներ եւս յայտնուեցան, որոնք անցած էին ՌԱԿի գաղափարախօսական ու մամլոյ փորձառական բովերէն, նոր յոյս ու լոյս տալու ռամկավար մամուլին, արդարացնելով իրենց վստահուած պարտականութիւնները եւ յաջողելով իրենց մամլոյ առաքելութեան մէջ։

Բազմավաստակ եւ երախտաւոր ղեկավարներու մեծամասնութեան անցումով, տեսիլքներն ալ հետզհետէ նուազեցան ու նուաղեցան, ինչպէս ուղեկից կառոյցներու պարագային, բայց մանաւանդ ռամկավար մամուլը մղելով  նահանջի,  անհանդուրժելի  միջամտութիւններով,  անիմաստ պատրուակներով եւ անհեթեթ պատճառաբանութիւններով։

Արդի՞ւնք։ Այսօրուան  ռամկավար  մամուլի  աններելի  մակընթացութիւնը, անխմբագիր  կամ  կիսախմբագիր  վիճակով,  անաշխատակից  կամ կիսաշխատակից ընթացքով, անբովանդակալի կամ կիսաբովանդակալի ներկայութեամբ, անընթերցող կամ կիսաընթերցող պատկերով։

Զարմանալի՞ն։

Ռամկավար  մտաւորականներու,  խմբագիրներու, հրապարակագիրներու  ու  գրիչներու  «նախանձելի»  փաղանգ  մը  կայ տակաւին,  սակայն,  հեռու  ռամկավար  մամուլին  մէջ  գործօն  դեր  մը ունենալէ,  որովհետեւ  անոնցմէ  շատեր՝  ի  տես,  մեղմ  ըսած,  գոյութիւն ունեցող  անհարթութիւններուն  ու  գործող  միջակութիւններուն,  իրենք զիրենք «մեկուսացուցած» են կամ «անջատած» շրջապատէն եւ կամ «զոհ» դարձած աժան ու գծուծ մեքենայութիւններու։

Իւրաքանչիւր գիտակից եւ յանձնառու ռամկավար, իր եսին եւ ուխտին հետ  անկեղծ  զրոյցի  թող  նստի  եւ  «հաշուետուութիւն»ը  կատարէ  գէթ ռամկավար մամուլի անբաղձալի ճակատագիրին, առաւել՝ հարց տայ, թէ ինչո՞ւ շուրջ ՔՍԱՆՀԻՆԳ ռամկավար մտաւորականներ, արդարեւ՝ «բանակ» մը  հեռու են կամ հեռու կը պահուին, ինչո՞ւ նորեր չեն պատրաստուիր, չպատրաստուեցա՛ն։

Դժբախտաբար, անցնող շուրջ քսան տարիներուն, ո՛չ մէկ անգամ լուրջ ու  խոր քննարկում-գնահատումի  ենթարկուեցաւ  ռամկավար  մամուլի ներկան-ապագան,  ընդհակառակը,  աւելիով  թողլքուեցաւ  իր  տխուր ճակատագիրին,  աւելիով  պատահական  կարգադրութիւններու ենթարկուեցաւ,  աւելիով  միջակութիւններու  եւ  անգրագէտներու  տեղ տրուեցաւ,  որովհետեւ,  եկող-գացող,  այսպէս  ըսուած  «տնօրինողներ», իւրաքանչիւրը իր սեփական չափով-կշիռով վերաբերուեցաւ անոր հետ։

Այլեւս  կարիքը  կա՞յ  մատին  ետեւ  պահուըտիլ,  ջայլամի քաղաքականութիւն  խաղալ  ու  չտեսնել  ռամկավար  մամուլի խոցոտելիութիւնը, չխօսիլ անոր «հիւանդութիւն»ներուն մասին եւ, ամենէն կարեւորը, չհաւատալ անոր հոսանքն ի վրայ գլորելու…ճշմարտութեան։

Վերջին հաշուով, արդեօք այս մօտեցումներն ու պահուածքները չէի՞ն որ  ռամկավար  մամուլը  հասցուցին  այս  մակարդակին,  մինչ  ոմանք, զարմանալի յամառութեամբ, տակաւին կը յաւակնին ամէն ինչ վարդագոյն ներկայացնելու,  իսկ  ուրիշներ,  տարօրինակ  ինքնախաբէութեամբ, ինքզինքնին հաւկոյր կը ձեւացնեն։

Ուշացած է, բայց ուշ չէ «բան մը» ընելու, անշուշտ, եթէ տակաւին հասկացողութեան ու գիտակցութեան տրամադրութիւններ կան ռամկավար մամուլը  վերակենդանացնելու,  արմատական  փոփոխութիւններով  ու հիմնական բարեկարգումներով, նախ՝ չզղջալու, ապա՝ օր մըն ալ չըսելու, թէ ռամկավար մամուլ կայ, բայց, խմբագիր, աշխատակից, ընթերցող…չկայ։

 

You May Also Like
Read More

«ՍԱՍՆԱՅ ԾՌԵՐ»

ՀՀ Նախագահի «ճառը»      Մինաս Գոճայեան,  Լոս Անճելըս, 2 Օգոստոս 2016   Եթէ Սփիւռքի «ղեկավարութիւնը» ողնահար ունի, քամակը պէտք է…
Read More
Read More

Ի՞նչպիսի Ազգ Ենք

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 15 Սեպտեմբեր 2012   Ազգերու պատմութեան մէջ կը պատահին դէպքեր, որոնք անկիւնադարձային նշանակութիւն…
Read More