Հ. Պրն. Վայէճեան, այս երիտասարդ հասակին ստանձնեցիք Լիբանանի «14 Մարտ» քաղաքական ուժերու եւ անոր մաս կազմող հայ կուսակցութիւններու ձայն «Ռատիօ Սեւան»-ի տնօրէնութիւնը: Ե՞րբ նշանակուեցաք այդ պաշտօնին:
Պատ. 2007 թ. Հոկտեմբեր 28-ին, «Ռատիօ Սեւան»-ը առաջին անգամ եթեր դուրս եկաւ: Տնօրէնութիւնը ստանձնեցի Դեկտեմբերի 1-ին: Այդ օրերուն Հայաստան կը գտնուէի, ուր աւարտելես ետք ուսումս՝ կ’աշխատէի: «Ռատիօ Սեւան»-ի հիմնադիր նախագահ Արա Սիսեռեանի հրաւէրով անցայ գործի, Պէյրութի «Քարաքօլ Տրուզ» շրջանին մէջ՝ 4 պաշտօնեաներու օժանդակութեամբ: Այսօր, մեր ռատիօկայանի աշխատողներու թիւը կը հասնի 31-ի, որպէս մէկ «ընտանիք»-ի անդամներ եւ ոչ պաշտօնեաներ:
Պատ. 2007 թ. Հոկտեմբեր 28-ին, «Ռատիօ Սեւան»-ը առաջին անգամ եթեր դուրս եկաւ: Տնօրէնութիւնը ստանձնեցի Դեկտեմբերի 1-ին: Այդ օրերուն Հայաստան կը գտնուէի, ուր աւարտելես ետք ուսումս՝ կ’աշխատէի: «Ռատիօ Սեւան»-ի հիմնադիր նախագահ Արա Սիսեռեանի հրաւէրով անցայ գործի, Պէյրութի «Քարաքօլ Տրուզ» շրջանին մէջ՝ 4 պաշտօնեաներու օժանդակութեամբ: Այսօր, մեր ռատիօկայանի աշխատողներու թիւը կը հասնի 31-ի, որպէս մէկ «ընտանիք»-ի անդամներ եւ ոչ պաշտօնեաներ:


Կը կազմակերպենք նաեւ մշակութային ելոյթներ: Առաջին անգամ համերգով հանդէս եկան՝ Այտա Սարգիսեան եւ «Արմէնոյդս»-ը, ապա՝ Զարուհի Բաբայեանն ու Սոֆի Դեւոյեանը: Վերջերս կազմակերպեցինք նաեւ համերգ Արամէի ու նուագախումբին մասնակցութեամբ: Ամիս մը ետք պիտի հրաւիրենք Վիգէն Դարբինեանը: 18-ը Յուլիս 2010-ին Պէյրութի նշանաւոր «Պիել» համալիրին մէջ՝ Արման Յովհաննէսեանի ու նուագախումբին համերգն է որ տեղի պիտի ունենայ: Այս բոլորին նպատակը՝ հայ մշակոյթի ճանաչումն ու տարածումն է նաեւ լիբանանեան եւ լիբանանահայ շրջանակներու մէջ:
Հ. Ի՞նչ կապեր ունիք հայրենիքի հետ:
Պատ. Մայր Հայրենիքի մէջ ալ ունինք ներկայացուցիչներ, որոնք հայկական երաժշտութեան վերջին նորութիւնները կ’ուղարկեն մեզի եւ կրնամ ըսել որ Սփիւռքի մէջ ամենէն մեծ երաժշտական արխիւն ունինք այսօր: Սերտ յարաբերութեանց մէջ ենք Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան հետ, գլխաւորութեամբ Հրանուշ Յակոբեանի: Սկսած ենք նաեւ «production»-ի: Արդէն իսկ «Արմէնոիդսի»-ի հետ «Հայ նինար» երգը, որ արդէն «Video clip»ներով 3-րդ շաբաթն է որ առաջին տեղը կը գրաւէ Հայաստանի «Top 10»-ի յայտագիրներէն: Կայքէջքի առումով ալ պիտի նշեմ որ 2009 թուականին Press.am-ի վիճակագրական տուալներով, «Ռատիօ Սեւան»-ը ամենէն բարձր դասաւորումն (rating) ունի:
Ռատիօկայանը չի կրնար մնալ իր նոյն տեղը այլ նոր ծրագիրներ կը մշակենք: Այժմ աշխատանքներ կը տարուին Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն 2 ուրիշ ռատիօկայաններու հետ միացեալ ծրագիրներով կարծիքներու փոխանակում կատարելու եւ կապերը ամրապնդելու համար Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներուն միջեւ:
Հ. Ի՞նչ է Ձեր խօսքը, պատգամը Լիբանանի, Սփիւռքի եւ Մայր Հայրենիքի բազմահազար ունկնդիրներուն:
Պատ. Մեր յայտագիրներուն նպատակն է քննադատական մտածողութիւնը զարգացնել մեր ունկնդիրներուն ու ժողովուրդին մօտ՝ որպէսզի կարողանան ճիշտը՝ սխալէն զանազանել եւ ոչ թէ ինչը որ իրենց ըսուած է զայն կատարեն: Այս ձեւով ու ճանապարհով է որ մշակոյթներ կրնան յառաջ երթալ երբ իրենք գիտակից ըլլան եւ մանաւանդ մեր լուրերն ու յայտագիրներ առարկայական ըլլան: Գալով Լիբանանի պարագային, հայ երիտասարդութեան կը հրամցուէր «հին» երգեր, այդ պատճառով ալ մեծ մասը հայ երգ ու երաժշտութիւն չէին ունկնդրէր: Մենք ըստ արժանւոյն գնահատելով մեր հին երաժշտութիւնը, նոր երգերու հեռասփռումով, հայ երգիչներու եւ արուեստագէտներու հետ ծանոթացմամբ, շփմամբ՝ երիտասարդ սերունդը դարձեալ կապեցինք հայ երաժշտութեան, արուեստին:
Ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր, հայ ժողովուրդը գոյատեւած է իր երգ ու երաժշտութեամբ, մշակոյթով: Ինչպէս նշէցինք, այդ առնչութեամբ ունինք բազմաթիւ նոր ծրագիրներ՝ մեր, Սփիւռքի եւ Մայր Հայրենիքի գործընկերներուն հետ՝ մասնակից դարձնելով ամէն օր հեռախօսով կամ համացանցով մեզի հետ կապուող բազմահազար ունկնդիրները, որոնց շնորհակալութիւն կը յայտնենք եւ կը խոստանանք ըլլալ միշտ իրենց հետ:
1 comment
Radio Sevan-ին միշտ յաջողութիւն
"Radio Sevan"-ի մասին:
Իմ ուրախութիւնն էլ գումարեք ձեր ուրախութեան՛
Comments are closed.