“ԱՅՍ ԵՐԿՐԻՆ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ ԵՆ ՌՈՒՄԷՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ, ՈՒՍ-ՈՒՍԻ՝ ԴԱՐԵՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿ…”
Համօ Մոսկոֆեան, Պուքրէշ – Ռումանիա
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մեծայարգ դեսպան. Վերջին 20 տարիներուն Ձեզի հանդիպած ենք աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, որպէս տաղանդաշատ լրագրող, ապա դիւանագէտ Ֆրանսայի մէջ՝ այժմ Հ.Հ. դեսպան Ռումանիոյ մօտ։ Ինչպէ՞ս կը տեսնէք հայ-ռումանական յարաբերութիւնները այսօր։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Հայաստանի եւ Ռումանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատած են 1991 թուականի Դեկտեմբերի 11ին, նախքան Խորհրդային Միութեան պաշտօնական փլուզումը։ Այսինքն՝ նախկին Խ. Միութեան տարածքներէն դուրս գտնուող երկիրներէն՝ Ռումանիան առաջինն էր որ ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Թերեւս նաեւ այն պատճառաւ որ Հայոց հազարամեայ ներկայութիւն կար այստեղ եւ հայ ու ռումեն ժողովուրդներու միջեւ դարաւոր համերաշխութիւն եւ համակրանք կար արդէն։
“ԱՅՍ ԵՐԿՐԻՆ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ ԵՆ ՌՈՒՄԷՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ, ՈՒՍ-ՈՒՍԻ՝ ԴԱՐԵՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿ…”
Համօ Մոսկոֆեան, Պուքրէշ – Ռումանիա
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մեծայարգ դեսպան. Վերջին 20 տարիներուն Ձեզի հանդիպած ենք աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, որպէս
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Հայաստանի եւ Ռումանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատած են 1991 թուականի Դեկտեմբերի 11ին, նախքան Խորհրդային Միութեան պաշտօնական փլուզումը։ Այսինքն՝ նախկին Խ. Միութեան տարածքներէն դուրս գտնուող երկիրներէն՝ Ռումանիան առաջինն էր որ ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Թերեւս նաեւ այն պատճառաւ որ Հայոց հազարամեայ ներկայութիւն կար այստեղ եւ հայ ու ռումեն ժողովուրդներու միջեւ դարաւոր համերաշխութիւն եւ համակրանք կար արդէն։
Հայաստան 1994 թուականի Ապրիլ 24ին դեսպանութիւն բացաւ Ռումանիոյ մէջ։ Հետաքրքիր փաստ պէտք է բերել այստեղ, որ 1920 թուականին, Ռումանիան Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանչցած էր, որովհետեւ Սեւրի պայմանագրին տակ ստորագրութիւնը դնողներէն մէկն էր եւ “տէ ֆաքթօ” ճանչցած էր Հայաստանի անկախութիւնը։ Այն ժամանակ, Հայաստանի վարչապետ Համօ Օհանջանեան, նամակով մը դիմած էր Ռումանիոյ կառավարութեան՝ նշանակելու Հայաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Խատիսեանը, որ 1920 թուականի Սեպտեմբեր 21ին իր հաւատարմագրերը ներկայացուց եւ Ռումանիոյ մէջ բացուեցաւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւն մը։ Սակայն քաղաքական իրադրութիւնը փոխուեցաւ, Հայաստանը դարձաւ խորհրդային, ինչ չթողեց որ դիւանագիտական յարաբերութիւնները բնականոն ձեւով զարգանան երկու երկիրներուն միջեւ։ Սակայն մինչեւ 1930 թուականը, Պուքրէշի մէջ գործեց Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսութիւնը եւ հիւպատոս Յարութիւն Խնդիրեանը փախստական հայերուն թուղթերը կը կարգաւորէր։ Եկեղեցւոյ, Հայոց Միութեան արխիւներուն մէջ պահպանուած են այդ մասին վկայականներ եւ գրութիւններ։
Վերջին 20 տարիներու ընթացքին, մենք այս երկրին հետ կ’աշխատինք որ հնարաւորինս լաւ համագործակցութիւն ծաւալենք բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Թէ՛ երկկողմ, թէ՛ եւրոպական գետնի վրայ, թէ՛ Սեւծովեան շրջանակներու ծիրին մէջ կը զարգանան երկխօսութիւն, տնտեսական, կրթական, մարդկային կապեր։ Տեղի են ունեցած բարձր մակարդակով փոխայցեր, ստորագրուած են մի քանի տասնեակ պայմանագրեր: Անցեալ տարուան մեջ անցակուեց 4րդ միջկառավարական տնտեսական ժողովը, Ռումանիոյ եւ Հայաստանի 7 քաղաքներ եղբայրութեան պայմանագիրներ կնքեցին։ Պուքրէշի ու Երեւանի միջեւ անցեալ տարի ստորագրուեցաւ համագործակցութեան «Մտադրութիւններու Յուշագիր»։ 5-6 քաղաք եւս կը սպասեն որ եղբայրանան իրար հետ։ Այս բոլոր քաղաքներուն մէջ հայկական ներկայութիւն եղած է ու կայ մինչեւ այսօր։ Որոշ քաղաքներ հիմնուած են հայերու կողմէ, ինչպէս Թրանսիլվանիոյ մէջ Կեռլա (նախկին Արմենոպոլիսը)/Gherla, Կէորկեն/Gheorgheni, Տումպրավէն/Dumbraveni, Ֆրումոասա/Frumoasa։ Անոնք եղած են ծաղկուն, առեւտրաշատ քաղաքներ, ինչպէս նաեւ հիւսիսային շրջանէն Պոթոշանը/Botosani, Սուչավան/Suceava, Ռոմանը/Roman, Ֆոկշանը/Focsani, որոնց մէջ զօրաւոր է հայոց պատմական ներկայութիւնը։
Անցեալ տարուան Հոկտեմբերի վերջին, կազմակերպեցինք միջազգային գիտաժողով Պուքրէշի/Bucuresti մէջ։ Աշխարհի տարբեր երկիրներէն գիտնականներ ժամանեցին եւ զեկուցումներ կարդացին ռումանահայոց վիթխարի մշակութային ժառանգութեան մասին։ Մենք 2015 թուականի համար կը պատրաստենք մեծ ցուցահանդէս մը որ պէտք է կազմակերպուի Ռումանիոյ պատմութեան Ազգային թանգարանին մէջ։ Անցեալ տարի, երկու երկիրներու Գիտութիւններու Ակադեմիաներուն միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր եւ վերահաստատուեցաւ հայերէն լեզուի դասաւանդումը Պուքրէշի համալսարանին մէջ։ Պուքրէշի ու Երեւանի համալսարաններուն միջեւ դարձեալ համաձայնագիր ստորագրուեցաւ։ Պայմանագիրը հնարաւորութիւն կու տայ ուսումնասիրել այն հսկայական նիւթը որ կայ։
Ռումանական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ հայոց ներկայութիւնը զօրաւոր է։ Դարեր ի վեր, այս երկրին կառուցման եւ զարգացման մէջ հայերը մասնակցած են ռումեն ժողովուրդին հետ ուս-ուսի։ Մեծ պատմաբան Նիքոլայ Եորկան կ’ըսէր որ Մոլտովան/Moldova հիմնուեցաւ առեւտուրի շնորհիւ։ Քանի որ առեւտուրը հայերուն ձեռքն էր, կարելի է ըսել որ հայերը Մոլտովայի հայրերն էին։ Կ’արժէ աշխարհին ցոյց տալ այդ հարստութիւնը, որ կուտակուած է դարերու ընթացքին եւ հոգիին մեծութիւնը ու հանդուրժողականութիւնը ռումեն ժողովուրդին, որ ընդունեց հայերուն եւ անոնք գտան իրենց 2րդ հայրենիքը։ Այս համայնքը ունի բացառիկ պատմութիւն։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ռումանիոյ քաղաքական եւ ազգային իրականութեան մէջ ունինք երկու կարեւոր դէմքեր՝ Վարուժան Ոսկանեան եւ Վարուժան Փամպուքճեան, որոնք առանցքային դեր կը խաղան երկրին կեանքին մէջ։ Կարո՞ղ էք աւելի մանրամասնել։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ռումանահայ համայնքը պատմութեան ընթացքին ունեցած է շատ կարեւոր դէմքեր։ Հայոց Եպիսկոպոսական աթոռ հաստատուած է 1401-էն ի վեր: 18-19րդ դարերուն մանաւանդ Թրանսիլվանիոյ մէջ կը գործէին հայկական հզօր Առեւտրական ընկերութիւններ: Մանաւանդ Ա. Աշխարհամարտին եւ անկէ ետք հիմնուած եւ զօրացած են աշխարհիկ հաստատութիւններ, զորօրինակ Հայոց Միութիւնը, որ ղեկավարած են ռումեն կառավարութեան ազդեցիկ հայ անդամներ։ Մինչեւ 1944-1945 թ.թ., երբ այստեղ հաստատուեցաւ համայնավար վարչակարգը՝ համայնքը բաւականին հզօր կառուցուածք ունէր, որուն մէջ հայկական բոլոր աւանդական կուսակցութիւնները կային. Հ.Բ.Ը.Մ. եւ միւսները, որոնք աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէին։
1989 թ.ի Ռումանական Յեղափոխութենէն յետոյ, Հայոց Միութիւնը վերականգնեցաւ։ Անոր ղեկավար նշանակուեցաւ երիասարդ եւ տաղանդաւոր Վարուժան Ոսկանեան։ Համայնքը զարթօնք ապրեցաւ այս 20 տարիներու ընթացքին։ Ազատութեան պայմաններուն մէջ մարդիկ սկսան աշխատիլ եւ բացայայտել իրենց տաղանդները՝ ինչպէս՝ Վարուժան Ոսկանեան, որ Խորհրդարանի անդամ էր, այժմ Ծերակուտական եւ կառավարութեան բազմիցս նախարար։ Միւս կողմէ, Վարուժան Փամպուքճեան, որ Խորհրդարանէն ներս կը ներկայացնե Հայոց Միութիւնը եւ որպէս Խորհրդարանի Ստորին Պալատի անդամ, կը ղեկավարէ փոքրամասնութիւններու խմբակցութիւնը (ան միշտ ղեկավարուած է հայերու կողմէ, նախապէս՝ Վարուժան Ոսկանեանի, իսկ այսօր Վարուժան Փամպուքճեանի)։ Իր այս դիրքով այսօր Փամպուքճեան բաւականին ազդեցիկ դէմք է Ռումանիոյ քաղաքական կեանքին մէջ։ Վարուժան Փամպուքճեան ոչ միայն քաղաքական գործիչ է, այլեւ բարձր տեխնոլոգիաներու շատ լաւ մասնագէտ, եւ կառավարական օրէնսդրական փաթեթներու նախագիծերու հեղինակը ինքն է։ Այդ մասնագիտական յատկութիւնները օգտակար դարձած են Ռումանիոյ տնտեսական զարգացման համար։
Վարուժան Ոսկանեան նաեւ Ազատականներու շրջանին մէջ երեւելի դէմքերէն մէկն է ու երկու կառավարութիւններու մէջ նախարարի կարեւոր պաշտօններ ստանձնած է, ինչպէս ֆինանսներու եւ էքոնոմիքայի ազդեցիկ պաշտօնները։
Որպէս տաղանդաւոր գրող եւ վիպագիր, Վարուժան Ոսկանեանի հրատարակած «Շշուկներու Մատեան»ը անմիջապէս դարձաւ ռումանական գրականութեան լաւագոյն գործերէն մէկը։ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ տարագիրներու մասին գեղարուէստական մեծ ուժով ու փաստական ճշգրտութեամբ պատմող այդ ցնցող վեպը 2009 թ.ին, հրատարակուելէն յետոյ, 2011 թ.ին սպանացիք զայն թարգմանեցին ու հրատարակեցին, մեծ արձագանգներու արժանանալով Լատինական աշխարհին մէջ։ Անոր յաջորդեց իտալերէն հրատարակութիւնը, ֆրանսերէն, գերմաներէն, պուլկարերէն, շուետերէն հրատարակութիւնները։ 2012 թ.ին հայերէն հրատարակուեցաւ, թարգմանուեցաւ՝ այժմ աւստրալաբնակ ռումանահայ Սարգիս Սելեանի կողմէ, հեղինակի միջամտութեամբ, որ դարձաւ վէպին երկրորդ բնագիրը…։ Թարգմանուած է նաեւ եբրայերէնի եւ շատ մեծ գնահատանքի արժանացած է Իսրայէլի մէջ։ Վէպը ներկայացուած է նաեւ Նոպելեան մրցանակի։ Կը շարունակուի վէպին չեխերէն, հունգարերէն եւ այլ լեզուներով թարգմանութիւնները։
Պէտք է ըսեմ որ ռումանահայութիւնը, գլխաւորաբար Վ. Ոսկանեանի եւ Վ. Փամպուքճեանի՝ շատ կարեւոր դեր կը խաղան պետական սերտ կապերու զարգացման եւ հաստատման՝ Հայաստանի եւ Ռումանիոյ միջեւ, որ շատ բարձր կը գնահատուի հայրենի պետութեան կողմէ։
Երկու Վարուժանները ըլլալով ռումեն քաղաքական գործիչներ՝ իրենց կը պահեն որպէս վառ արտայայտուած հայ ինքնութեամբ անձեր։ Ի պաշտօնէ՝ Վ. Ոսկանեան Ռումանիոյ Հայոց Միութեան նախագահն է, իսկ Վ. Փամպուքճեան փոխ նախագահն է եւ Խորհրդարանի մէջ է հա՛յ ըլլալու պատճառով։ Համայնքը կը ղեկավարուի պետութեան մէջ շատ ճանչցուած անձնաւորութիւններու կողմէ, որ նոյնը չէ պարագան շատ ուրիշ երկիրներու մէջ, չհաշուած Լիբանանի պարագան՝ ուր հայերը Խորհրդարանի եւ կառավարութեան մէջ են որպէս հայեր։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս հարցազրոյցին առիթով ի՞նչ է ձեր խօսքն ու պատգամը մեր ընթերցողներուն։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ճիշդ է, որ դեսպանութիւնը իր բոլոր միջոցներով կ’օժանդակէ գաղթօճախի գործունէութեան ծանօթացմանը հայրենի մամուլին մէջ՝ սակայն ռումանահայերը պէտք է աւելի լաւ ճանչցուին Սփիւռքի մէջ, իրենց փառաւոր պատմութեամբ եւ ներկայի մարտահրաւերներով ու մտահոգութիւններով։
Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու Մատեան»ը ռումանահայ գաղթօճախի կենսագրութիւնն է եւ Լատինական Ամերիկայի թէ Եւրոպայի մէջ իր գիրքին ներկայացման ժամանակ՝ ան հանդիպումներ կ’ունենայ հայկական գաղթօճախներու հետ, ծանօթացնելով ռումանահայերու անցեալն ու ներկան։
Մենք միասնաբար պէտք է կարելի բոլոր միջոցներով օժանդակենք որ ռումանահայութիւնը դարձեալ մաս կազմէ համա-հայկական կեանքին, դառնալով անոր ազդեցիկ եւ գործօն անդամներէն մէկը։