Կ'ակնկալէինք որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խորհդարանական ու վարչապետական դիրքերու կորուստը պիտի առաջնորդէր այլազան մեկնաբանութիւններու: Ներքոյիշեալ Ր. Տուտագլեանի յօդուածը կը շոշափէ «օրէ օր սաստկացող պայքար»ի հաւանական հոլովոյթը: Կը ներկայացնենք նաեւ Հ. Մարգարեանի արտասանած ճառը ՀՅԴ-ի 33-րդ ընդհանուր ժողովին ու անոր պատասխան Յ. Տէր Դաւիթեանի խորհրդածութիւնները: Խմբ.
Րաֆֆի Տուտագլեան, norkhosq.net, 24 Դեկտեմբեր 2018
Այլեւս յստակ է, որ Երեւանէն որոշ մարդիկ, քաղաքական վերապրումի իբրեւ միակ միջոց, համակարգուած, նախապատրաստուած եւ թունաւոր պայքարի կ՚ուղղորդեն Սփիւռքեան կառոյցները՝ ներկայ իշխանութիւնները վարկաբեկելու բացայայտ միտումով։ Եւ ի՞նչ է իշխանութիւններու դէմ գործածուող մեղադրանքները.
Կ'ակնկալէինք որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խորհդարանական ու վարչապետական դիրքերու կորուստը պիտի առաջնորդէր այլազան մեկնաբանութիւններու: Ներքոյիշեալ Ր. Տուտագլեանի յօդուածը կը շոշափէ «օրէ օր սաստկացող պայքար»ի հաւանական հոլովոյթը: Կը ներկայացնենք նաեւ Հ. Մարգարեանի արտասանած ճառը ՀՅԴ-ի 33-րդ ընդհանուր ժողովին ու անոր պատասխան Յ. Տէր Դաւիթեանի խորհրդածութիւնները: Խմբ.
Րաֆֆի Տուտագլեան, norkhosq.net, 24 Դեկտեմբեր 2018
Այլեւս յստակ է, որ Երեւանէն որոշ մարդիկ, քաղաքական վերապրումի իբրեւ միակ միջոց, համակարգուած, նախապատրաստուած եւ թունաւոր պայքարի կ՚ուղղորդեն Սփիւռքեան կառոյցները՝ ներկայ իշխանութիւնները վարկաբեկելու բացայայտ միտումով։ Եւ ի՞նչ է իշխանութիւններու դէմ գործածուող մեղադրանքները.
1. Ներկայ իշխանութիւնները Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մարդիկն են։ Եկած են յարութիւն տալու ԼՏՊ-ի ծրագիրներուն։
2. Ներկայ իշխանութիւնները Սորոսի դրածոներն են։ Արեւմտամէտ են եւ ամերիկամէտ։ Եկած են քանդելու ազգային արժէքներն ու հայրենիքը։
3. Արդէն պարզ է, ուրեմն, որ ներկայ իշխանութիւնները Արցախը պիտի յանձնեն Ադրբեջանին եւ մեծ զիջումներ պիտի ընեն։
Բնական է, ոեւէ հայ մարդ, պիտի սարսափի այս բաները լսելով, մանաւանդ եթէ հեռաւոր վայրերու մէջ ապրելով՝ չի գիտեր հայաստանեան քաղաքական իրադարձութիւններու նրբերանգները։
Ապացոյցները որ կը բերուին, անցեալի հետ համեմատութիւններ են, ենթադրութիւններ, վերլուծութիւններ։
Ես անձամբ ոչ մէկ ապացոյց ունիմ հաւատալու կամ չհաւատալու վերի պնդումներուն։ Բայց վերջին շրջապտոյտիս՝ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի քաղաքներ, տեսայ, թէ որոշ շրջանակներու մէջ ինչպէս բառացիօրէն կը կրկնուի նոյն յանկերգը՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մարդիկը, Արցախի յանձնումը, Ամերիկան։
Արդէն ես ամբողջութեամբ կորսնցուցած եմ յոյսս, որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները նոր մակարդակի կրնան բարձրանալ։ Ընդհակառակը, շուտով պիտի տեսնենք օրէ օր սաստկացող պայքար՝ նոր իշխանութիւններուն դէմ։ Սուտն ու իրաւը, ճիշդն ու սխալը իրար պիտի խառնուին եւ ամէն միջոց ի գործ պիտի դրուի, փաստելու, որ «մենք ճիշդ էինք, Նիկոլը՝ սխալ։ Մենք հերոս ենք, Նիկոլը՝ դաւաճան»։
Եւ միակողմանի պիտի չըլլայ այս յարձակումը։ Նոր իշխանութիւնները պիտի հակադարձեն նոյնքան եւ աւելի ուժգին, ու պիտի այրին կամուրջները շատերու միջեւ, պիտի խզուին կապերը կողմերու միջեւ։
Յուսամ, որ սխալ եմ։ Յուսամ, որ դեռ կ՚անդրադառնանք, թէ ներազգային մթնոլորտը շիկացնելով ո՛չ Հայաստանը, ոչ ալ հայ ժողովուրդը բան պիտի շահի։
Գիտեմ, հիմա շատեր պիտի ըսեն, որ միւսներն են մեղաւորը, իրենք սկսան, մեր դէմ պատերազմ հռչակեցին։ Գիտեմ որ շատեր պիտի խարազանեն նաեւ զիս՝ այս գրառմանս համար։
Գիտեմ այս բոլորը։ Ու այդ պատճառով, շատ աւելի մտահոգ եմ։
Լաւ չ՚երեւիր ապագայ յարաբերութիւններու ընթացքը։ Ցաւալի է ու աւելի՛ն։ Վտանգաւոր է։
Աստուած վերջը բարին ընէ։
3 comments
Dudaklian
Սիրելի Պարոն Տուտագլեան,
Վստահ եմ թէ իսկական հայրենասէր Հայը, ոևէ անձի մը վարկաբեկելու նպատակ չունի. անոնք որոնք արդէն իսկ վարկաբեկուէր են, այսօր նստած են և իրենց վերքերը կը խնամեն: Ձեր վերը յիշած երեք կէտերը հարիւր տոկոսով իրականութեան կը համապատասխանեն և կրնաք այդ կէտերը գոնէ 10-ով բազմապատկել: 2008 թուականի նստացոյցերը ծայրահեղութիւն էին, ժողովուրդին սեւ և սպիտակի բաժանելը, հակառակորդներուն ասֆալդին փռելը շատ անվայել և շատ ծայրայեղ արտայայտութիւններ են որոնք մեր պատմութեան մէջ արդէն իսկ դրոշմուած են:
Միայն եթէ նկատի ունենաք թէ, վերջին ընտրութիւններու ժամանակ, քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը ընտրութիւններուն չմասնակցեցաւ, դժուար չէ այս վերջին տարուայ դէպքերուն մասին հատորներ գրել. ես անձամբ, Հայրենիքի ապագան շատ տխուր կը տեսնեմ. ծակ տակարին մէջ ջուր լեցնելը անիմաստ է. հպարտ ապրելու միակ ճանապարհը, ցեղասպանութեան տարածքային և նիւթական վերահատուցումն է և բոլոր այդ մեծ ու փոքր պետութիւնները որ մինչև օրս Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս չեն ընդունած, մեր ազգին անցեալի, ներկայի և ապագայի ամենամեծ թշնամիներն են և մահացու թունաւոր օձերը և վերջ:
Քաղաքական Ռոմանթիզմը Մահացու Մեղք է
Եոթանասուն տարի Ապրելէ (եւ Հայաստանը ապրեցնելէ) այլեւս յոգնած ու պարտասած՝ Սովետական Միութիւնը քայքայուեցաւ չդիմանալով ներքին հակասութիւններու եւ արտաքին հակառակորդներու ճնշումներուն:
Ակախութիւն երազող հայերը իրենք զիրենք յանկարծ գտան ինքնիշխան ապրելու հարկադրանքին առջեւ: Երեսուն տարի անկախութեան «բարիքները» վայելելէ կատաղած՝ քաւութեան նոխազ գտան կապիտալիստ իշխանաւորները եւ փարեցան կայծակնային իշխանափոխութեան:
Թաւշիայ յեղափոխականները անգիտակցաբար մերժեցին ոչ թէ իշխանաւորը, այլ՝ կապիտալիստական համակարգը:
Անկախ իշխանութենէն և իշխանաւորէն՝ Հայաստանի փրկութեան միակ ճանապարհը ապրելակերպ մը գտնելն է առանց երբեք դաւաճանելու ռուսական արեւելումին: Արեւմուտք ըսուած աշխարհէն Հայաստան ոչ մէկ շահ տեսեր է անցեալին, և ոչինչ պիտի տեսնէ ապագային: Այս պարզ ճշմարտութիւնը պէտք է ըլլայ հայերու քաղաքական իմացութեան ալֆան և օմեկան:
Մեղադրանքները
''Մեղադրանքները'' ունին հասկնալի, նոյնիսկ արդարանալի պատճառներ, բայց առ այժմ կը զգենուն կասկածի հանգամանք:
Լուրջ եւ գիտական մտածողութիւնը այս հանգրուանին կը պահանջէ լուռ, շատ աչալուրջ եւ պաղարիւն հսկում եւ դատում՝ մինչեւ շօշափելի, անժխտելի եւ յստակ փաստերու յայտնութիւնը: Էջմիածնի գահակալին եւ իր շրջապատին դէմ շղթայազերծուած զուտ շշուկային ու շուկայավայել բայց երեւութապէս լաւ ''ֆինանասաւորուած'' ամբաստանութեանց եւ հայհոյանքներու վայնասունը, պետական անձերու գործածած բառամթերքը արդէն շատ անհանգստացնող առաջին երեւոյթներ են ու աւելին կամ նուազը անշուշտ չ'ուշանար:
Ըսած եմ ու կ'ըսեմ՝ կրկին կը խօսինք երկու տարիէն, գուցէ աւելի շուտ, շատ աւելի լաւատեղեակ:
Comments are closed.