Ազատ Խօսք, Նիկոսիա, 28 Մայիս 2013
Մայիս ամիսը յաղթանակներու ամիս է, որոնց բուն մեկնակէտ-յաղթանակն է Սարդարապատը, ուր վճռուեցաւ հայութեան լինելութեան գերխնդիրը: Այդ յաղթանակը վերիմաստաւորելու եւ վերարժեւորելու էր կոչուած՝ Դասախօսական Երեկոն, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 17 Մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նիկոսիոյ Ազգային Առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Կիպրոսի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ: Երեկոն կը վայելէր հովանաւորութիւնը Կաթ. Փոխ. Գերշ. Տէր Վարուժան Արք. Հերկելեանի եւ նախագահութիւնը Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի:
Ազատ Խօսք, Նիկոսիա, 28 Մայիս 2013
Մայիս ամիսը յաղթանակներու ամիս է, որոնց բուն մեկնակէտ-յաղթանակն է
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երեկոյի կազմակերպիչ Պրն. Հրայր Ճէպէճեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, վեր առաւ Սարդարապատի մահու կենաց իրադրութիւնը, որ խտացած է «Սարդարապատ» երգի առաջին տողին մէջ՝ «Երբ չի մնում ելք ու ճար» եւ ընդհանրացուց այդ իրադրութիւնը ներկայիս հայ իրականութեան վրայ, ուր մեր հիմնահարցերուն շուրջ անհրաժեշտ համարեց գոյացնել հաւաքական զգաստութիւն: Ապա ան ներկայացուց օրուան բանախօսը, Քանատայէն յատկապէս հրաւիրուած, Քանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր Տնօրէն Պրն. Միհրան Ճիզմէճեանը, որ ծնած ու մեծցած է «երազային Հալէպ»ի մէջ, ուսումը շարունակած՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, այնուհետեւ բեղուն գործունէութիւն է ծաւալած կրթական-եկեղեցական-մշակութային բնագաւառներէն ներս, եղած է ուսուցիչ ու տնօրէն, հարապարակագիր, դասախօս, Միջին արեւելեան երկիրներու մէջ, Քանատա եւ Հայաստան: Ան հեղինակ է յօդուածներու եւ մի քանի գիրքերու:
Պրն. Ճիզմէճեանը ներկայացուց՝ Պէյրութէն յատկապէս հրաւիրուած, Լիբանանահայ յայտնի ասմունքող Տիկ. Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանը, որպէս ուրոյն դեսպանը հայ բանաստեղծութեան, հայ Բառ ու Բանին, որոնց շունչն ու ոգին կը տարածէ ան իր ասմունքով՝ «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի ալիքներէն, թէ անձամբ՝ Սփիւռքի բազում հայագաղութներու մէջ:
Նախքան դասախօսութիւնը, երեկոյի առաջին փայլը տուաւ Ճէպէճեաններուն շնորհալի դուստրը Ալիք Ճէպէճեան, որ անդամ է Կիպրոսի Երիտասարդական Սիմֆոնիք Նուագախումբին: Ան սրինգի վրայ հմտօրէն նուագեց հայկական մեղեդիներ, որոնցմէ՝ «Ես Իմ Անոյշ Հայաստանի»ն, «Ցանկամ Տեսնել Զիմ Կիլիկիա»ն, արժանանալով ներկաներուն ջերմ գնահատանքին:
Պրն. Միհրան Ճիզմէճեան իր դասախօսութիւնը սկսաւ վեր առնելով Սարդարապատի բուն նշանակութիւնը մեր պատմութեան համար, նշելով որ Սարդարապատը դարձաւ դարձակէտային քսաներորդ դարու մեր պատմութեան համար եւ հնարաւորեց որ մենք ունենանք պետականութիւն, չդառնանք անհայրենիք ժողովուրդ, ինչպիսին են, օրինակ, քիւրտերը, որ ցարդ կ'աշխատին ստեղծել իրենց Քիւրտիստանը: Ան մանրամասն կերպով ներկայացուց Սարդարապատը նախորդող աշխարհաքաղաքական իրադրութիւնը, շեշտելով որ թուրքերուն բուն նպատակն էր Արեւելահայաստանը եւս գրաւել եւ իրականացնել իրենց բանթուրանական ծրագիրը:
Հայ ժողովուրդի տարած հերոսական յաղթանակները երեք ճակատներու վրայ ալ՝ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի, ան վերագրեց երեք կարեւորագոյն գործօններու: Առաջինը ան համարեց մեր ռազմական հրամանատարներու՝ զօրավար Անդրանիկի, Դրոյի, Զօրավարներ Նազարբեկեանի, Սիլիկեանի, Դանիէլ Բեկ Փիրումեանի կռուելու եւ յաղթելու վճռակամութիւնը: Երկրորդը՝ հայ հոգեւոր դասի ոգեշունչ մասնակցութիւնը, յատկապէս Գարեգին Եպիսկոպոս Յովսէփեանցի, որ որպէս նոր օրերու Ղեւոնդ Երէց, ժողովուրդը ոգեշնչեց մահու կենաց մարտի: Երրորդը՝ մեր ժողովուրդը, ի՛նքը, որ մէկդի դրած իր յարանուանական, քաղաքական եւ ընկերային տարբերութիւնները, ձեռք-ձեռքի տուած, կռուեցաւ պաշտպանելու իր պատմական հայրենիքէն մնացած վերջին մի բուռ հողը, անգամ մը եւս ապացուցելով Չարենցեան պատգամի ճշմարտացիութիւնը՝ «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո միասնական ոյժի մէջ է»:
Կարեւոր գործօն նկատեց նաեւ այն էական հանգամանքը, որ նման օրհասական պահուն, ժողովուրդը՝ բուռն հաւատքով եւ վճռակամութեամբ զինուած, գերազանցեց ինքզինք, եւ կրցաւ դիմագրաւել եռապատիկ թիւով եւ զէնք ու զինամթերքով զինուած թշնամին: Յարգելի դասախօսը ընդգծեց այն կարեւոր իրականութիւնը, որ ներկայիս ունինք վերանկախացած հայրենիք, որ մեզի անարիւն հրամցուեցաւ 1991-ին, եւ է մեր ամէնէն ամուր գրաւականն ու երաշխիքը, հայ լինելութեան ու զարգացման, մեր մեծ երազի՝ Միացեալ Հայաստանի իրականացման: Ան նաեւ շեշտեց էական կարեւորութիւնը դէմ դնելու Սպիտակ Եղեռնի սպառնալիքին, հայ սերունդները կապելով մեր ազգային մշակոյթին, զայն կրող կառոյցներուն՝ հայ ընտանիքին, դպրոցին, եկեղեցիին, մամուլին…:
Այս բովանդակալից խօսքէն ետք, Սարդարապատեան ոգին ու շունչը իր բոցաշունչ ասմունքով ներկաներուն փոխանցեց Տիկ. Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան, գեղեցկօրէն համադրած ըլլալով իր հրամցուցած հայ բանաստեղծութեան փունջը՝ Ժագ Յակոբեանի, Խաչիկ Տէտէեանի, Համօ Սահեանի, Վահագն Դաւթեանի, Գէորգ Էմինի…..քերթողութենէն քաղուած բանաստեղծութեանց ընտիր ծաղկաքաղով մը: Խոր հասկացողութեամբ, հարազատ ապրումով եւ յստակ առոգանութեամբ կատարուած այս հիասքանչ ասմունքը ներշնչեց եւ յուզեց ներկաները ազգային-հայրենասիրական վառ ապրումներով եւ յոյզերով:
Իր փակման խօսքին մէջ, Վարուժան Արքեպիսկոպոս Հերկելեան բարձր գնահատեց օրուան բանախօսն ու ասմունքողը եւ դիպուկ կերպով մատնանշեց որ ներկայիս, երբ Հայաստան անակախացած է եւ ա՛լ չկան երկաթէ եւ այլ տեսակի վարագոյրներ, Հայաստանէն արտագաղթը թափ կ'առնէ աղիտալիօրէն…. , մինչ Սփիւռքի մէջ ալ, կը նահանջեն հայ ազգային գիտակցութիւնն ու ոգին….շեշտելով որ մենք կրնանք հասնիլ մեր Երազին՝ Միացեալ Հայաստանին, եթէ վառ պահենք այն ՈԳԻՆ, զոր իր ասմունքով կրցեր էր մեզի փոխանցել Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանը: Հուսկ ան պարգեւատրեց զայն Կիլիկեան յատուկ շքանշանով առ ի գնահատանք իր ասմունքային առաքելութեան:
Իմաստալից այս Երեկոն վերջ գտաւ միասնաբար երգուած «Սարդարապատից» ոգեշունչ երգով եւ Պահպանիչով: