Սարկոնին «Վերադարձ»ը

Հրայր Ճէպէճեան,Պէյրութ, 18 Մարտ 2011

«Արատիփուի բանտին մէջ կայ թրքահպատակ մը, որ կ՛ըսէ, թէ հայ մըն է»: Սոթոսն է, Լառնաքայի յոյն աւետարանական եկեղեցւոյ քարոզիչը, որուն կարեւորագոյն առաքելութիւններէն են բանտարկեալներուն տրուած կանոնաւոր այցելութիւնները:

Հրայր Ճէպէճեան,Պէյրութ, 18 Մարտ 2011

«Արատիփուի բանտին մէջ կայ թրքահպատակ մը, որ կ՛ըսէ, թէ հայ մըն է»: Սոթոսն է, Լառնաքայի յոյն աւետարանական եկեղեցւոյ քարոզիչը, որուն կարեւորագոյն առաքելութիւններէն են բանտարկեալներուն տրուած կանոնաւոր այցելութիւնները:

«Պիտի փափաքէի, որ իրեն այցելել փորձես»:

Հեռաձայնով տեղի ունեցած այս զրոյցին ընթացքին ան մէկ կողմէ տեղեակ պահեց զիս, բայց միւս կողմէ ազգային ինքնութիւնս իբրեւ առաջնահերթութիւն նկատի ունենալու փորձով մը քաջալերեց այդ անձին հետ հանդիպելու:

Սոթոսի նախաձեռնութեամբ եւ յատուկ ժամադրութեամբ հասանք Լառնաքայի Արատիփու շրջանի բանտը: Պէտք է խոստովանիմ, թէ իմ ալ առաջին փորձառութիւնս էր բանտ «մտնելու», թէկուզ` այցելութեան համար, կար նաեւ բանտարկեալին հետ հանդիպիլը` իր կալանաւորուած վիճակին մէջ, ազատութենէ զուրկ, բայց նաեւ` ծանրաբեռնուած իր յանցանքներով, որոնք իր սրտին, հոգիին եւ ամբողջ էութեան վրայ դրուած են…:

«Տասնհինգ օրէ ի վեր բանտն է, եւ բանտին պատասխանատուները ընդհանրապէս դրական կը խօսին իր վարքին ու կեցուածքին մասին», ըսաւ Սանթոս, մինչ յատուկ սենեակի մը մէջ կը սպասէինք թրքահպատակ հայ ազգակիցիս:

Կիպրացի ոստիկանին առաջնորդութեամբ, նիհար եւ բարձրահասակ երիտասարդը մտաւ սենեակ եւ նստաւ մեր դիմացը: Կը դիտէի զինք` մազերը երկար, նաեւ` մօրուքը, խումար աչքերով, գլուխը կախ: Մէկ կողմէ կար ամօթխածութիւն, միւս կողմէ` կար նաեւ այն իրողութիւնը, որ մենք անծանօթներ էինք իրեն համար եւ ինք պիտի փորձէր պատմել իր պատմութիւնը: Իսկ պատմութիւնը ներկայացնելը ինքնին առեղծուած էր, որովհետեւ ան միայն թրքերէն կը խօսէր: Ան իր պատմութեան ընդմէջէն պիտի բացայայտէր իր ինքնութիւնը եւ այդ ինքնութեան համար մղած պայքարը, որուն համար կարեւոր էր լսողին հաղորդականութիւնն ու խորին հասկացողութիւնը:

Մեծ ծնողներէս քիչ մը թրքերէն սորված էի, բառերը քով-քովի դնելով` փորձեցի կազմել նախադասութիւն մը, որուն ստեղծած հաղորդականութիւնը տեւեց կէս ժամ` ապրեցնելով միանգամայն հայուն պայքարը:

«Անունս Սարկոն է,- ըսաւ ան ու շարունակեց.- հօրս անունը Եաագուպ էր, հայ էր: Մայրս ալեւի համայնքէն է: Հայրս ինծի ըսած էր, թէ մենք հայ ենք…»: Հետզհետէ ինքնավստահութիւնը գտնելով` սկսաւ խօսիլ Սարկոն:

«Ես ալ հայ եմ», ըսի անոր:

Սարկոնի դէմքին վրայ մէկ կողմէ փոքրիկ ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ, բայց նաեւ հոն երեւցաւ ինքնավստահութիւն: Կարծէք` ամչկոտ արտայայտութիւնը քիչ մը վերացաւ եւ իր նմանը գտած ըլլալու ուրախութեամբ շարունակեց իր պատմութիւնը:

Թրքերէնով ըսաւ. «Ուզեցի ազատ ապրիլ, կ՛ուզէի իմ ինքնութիւնս եւ հաւատքս գիտնալ առանց կաշկանդումի. Մերսինէն նաւով եկանք Կիպրոսի թրքական կողմը, ինծի խոստացած էին այնտեղէն փոխադրել եւրոպական երկիր մը»: Խոստացողնե՞րը… Հաւանաբար վաշխառու միջնորդներ, որոնք բաւական կոկիկ գումար մը վերցնելով Սարկոնէն եւ խոստումներ տալով` զինք «Աւետեաց երկիր» փոխադրելու, լքած էին զայն դարձեալ թրքական մթնոլորտի մէջ:

«Չէի գիտեր` ի՞նչ ընել, ուզեցի բախտս փորձել եւ անցայ Կիպրոսի յունական կողմը»: Եւ Սարկոնի բախտը, այդ բախտին փորձը զինք հասցուցած էր Արատիփուի բանտը: Ան դուրս եկած էր Թուրքիայէն, որովհետեւ ուզած էր իր ինքնութիւնն ու կեանքը ապրիլ ազատ, բայց այդ ազատութեան փնտռտուքը դարձեալ կալանած զինք, այս անգամ այլ վայրի մը մէջ եւ ուրիշ տեսակ կալանքով:

Շարունակեցինք մեր խօսակցութիւնը: Կ՛ուզէր գիտնալ քրիստոնէական հաւատքին մասին, բայց նաեւ` հայ ըլլալու իրականութեան մասին: Խօսակցութեան ընթացքին կը նայէի Սարկոնի աչքերուն, ուր կար ինքնութեան կարօտը: Գաղտնի՞ պահուած, կորսուա՞ծ, թէ՞ ճզմուած կարօտ էր այդ` իր ինքնութեան նկատմամբ: Եւ դարձեալ այդ աչքերուն մէջ կար ճնշուածութենէն դուրս գալու եւ ազատ ըլլալու ջերմութիւնը զգալուն տենչը:

Մեզի սահմանուած հանդիպման ժամկէտը աւարտած էր: Բանտն ալ ունէր իր պայմաններն ու կանոնները: Ոտքի ելայ եւ դարձեալ Սարկոնի աչքերուն նայելով` ուզեցի արտայայտել իմ կարեկցութիւնս եւ սէրս…: Չհամարձակեցայ իրեն խոստանալ որեւէ տեսակի իրաւական ապահովութիւն, որովհետեւ իր պարագան կնճռոտ էր:

Սարկոնի դէմքին վրայ կար մեղմ ժպիտ մը, եւ աչքերը գոհունակ էին: Երեւի ուրախ էր հանդիպումով, բայց անպայմանօրէն` հաղորդակցութեամբ: Բաժնուելէ առաջ մէկ բան խնդրեց` «Կրնա՞ս թրքերէն լեզուով Աստուածաշունչ մը հասցնել ինծի»:

Սարկոն ուրիշ լեզու չէր գիտեր, բայց կը փորձէր վերագտնել իր քրիստոնէական հաւատքն ու հայկական ինքնութիւնը: Կ՛ուզէր այս երկուքը ապրիլ առանց կաշկանդումի: Կը տեսնէր ինքնութեան արժէքը եւ կ՛ուզէր ազատ ըլլալ ըսելու եւ ապրելու զայն: Այդ օր Սարկոն «ազատ» էր Արատիփուի մէջ յայտարարելու իր ինքնութեան մասին եւ ամրապնդելու քրիստոնէական հաւատքը, նոյնիսկ երբ բանտին մէջ էր:

Չկրցայ օգնել Սարկոնին, որովհետեւ պետական մեծ թիւով օրէնքներ խախտած էր, սակայն կրցայ թրքերէն լեզուով Աստուածաշունչը հասցնել իրեն:

Սարկոն հաւանաբար վերադարձաւ տուն, այդ հանդիպումէն ետք անոր մասին ոչինչ գիտցայ, բայց կ՛ենթադրեմ, որ վերադարձաւ աւելի ազատ ու հարստացած` բացայայտելու եւ ապրելու իր ազգային ու քրիստոնէական ինքնութիւնը: Եթէ Սարկոն այդ «ազատութիւնը» ապրեցաւ բանտին մէջ, ապա նաեւ նոյնը ըրաւ, երբ վերադարձաւ տուն:

Այսօր մեծ է թիւը սարկոններուն, որոնք ոտքի ելած են վերագտնելու իրենց ազգային ու քրիստոնէական ինքնութիւնը: Անոնք կը փնտռեն եւ կ՛ուզեն ապրիլ ազատ ու հարազատ այն հանգամանքներով, որոնք կազմած են ու տակաւին կը կազմեն իրենց էութիւնը: Այդ ազատութիւնը իրենց իրաւունքն է, որ տարիներու ընթացքին խլուած է իրենցմէ, պահուած է կամ` ճզմուած, իսկ այսօր անոնք կ՛ուզեն դուրս գալ այդ բոլորէն:

Բայց եւ այնպէս սարկոններու վերադարձի ուղին դիւրին չէ, երկար գործընթաց մըն է, որուն համար անհրաժեշտ է մէկ կողմէ պատրաստութիւն եւ պատրաստակամութիւն, միւս կողմէ նաեւ` հաւաքական ծրագրաւորում: Նոր իրավիճակ մըն է մեր համահայկական իրականութեան մէջ, ուր դուրս կու գան մեծ զանգուածներ, որոնք «կը վերադառնան» ինքնութեան եւ արմատներուն:

Բայց այս վերադարձի ճամբուն վրայ պիտի ըլլան խոչընդոտներ, զգայնութիւններ եւ զգուշաւորութիւններ: Հո՛ս է, որ այս նոր իրավիճակը պէտք է ստանայ համադրողական աշխատանքի եւ ծրագրաւորումի բնոյթ` ներառելով մեր հայկական երեք եկեղեցիներն ու համայնքները:

Եթէ մէկ կողմէ զգուշաւորումով կը մօտենանք այս նոր իրականութեան, բայց եւ այնպէս զայն պէտք է դիտել քրիստոնէական ընդհանրական գիտակցութեան մտահոգութենէն մեկնելով: Այս «վերադարձը» մեծ մարտահրաւէր մըն է, որ կը պահանջէ համադրումը մեր բոլոր կարողականութեան եւ կառոյցներու ներուժին:

Բայց մինչ այդ Սարկոնը եւ անոր նմանները պիտի շարունակեն վերադառնալ ինքնութեան եւ ականջ տալ անոր կանչին: Հոն անոնք պիտի ուզեն «ազատ» զգալ` ապրելու եւ վերագտնելու իրենց էութիւնը:

Սարկոնի եւ անոր նմաններուն վերադարձը` իրենց ինքնութեան եւ էութեան, արժէքին վերատիրանալ կը նշանակէ:

Եւ այս արժէքը կարելի չէ խլել ոեւէ մէկէն:

 

1 comment
  1. Սարկոնին Հայու Արեան Ճիչը

    Պոլսոյ նախկին հայ պատրիարքներէն մէկուն համաձայն հինգ միլիոն «Սարկոն»ներ կան Թուրքիոյ մէջ, նոյնպէս եւ բազմաթիւներ Սուրիոյ Տէրզօրի աշիրադական շրջանակներուն մէջ.

Comments are closed.

You May Also Like