«Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը» շարքէն
«Նվնվացողներ»… Արտագաղթեցէ՛ք». Եղա՞ւ Ասիկա
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 7 Մարտ 2014
Վերջերս, հայրենի Երկրապահ կամաւորական միութեան համագումարին, նաեւ ելոյթ ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ հիւրաբար հոն գտնուած է։
Իր խօսքին մէջ, Պրն. նախագահը երկրին կացութիւնը, հաւատալ թէ ոչ, վարդագոյն ներկայացուցած է, մոռնալով տնտեսական գահավիժումը՝ իր ապրուստային ու կենցաղային յամեցող տագնապներով, սղաճային ու գործազրկային դաժան պայմաններով եւ, ամենէն ահաւորը, շարունակուող արտագաղթի հոսքով։
«Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը» շարքէն
«Նվնվացողներ»… Արտագաղթեցէ՛ք». Եղա՞ւ Ասիկա
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 7 Մարտ 2014
Վերջերս, հայրենի Երկրապահ կամաւորական միութեան համագումարին, նաեւ ելոյթ ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ հիւրաբար հոն գտնուած է։
Իր խօսքին մէջ, Պրն. նախագահը երկրին կացութիւնը, հաւատալ թէ ոչ, վարդագոյն ներկայացուցած է, մոռնալով տնտեսական գահավիժումը՝ իր ապրուստային ու կենցաղային յամեցող տագնապներով, սղաճային ու գործազրկային դաժան պայմաններով եւ, ամենէն ահաւորը, շարունակուող արտագաղթի հոսքով։
Ըստ Սարգսեանին, տնտեսութիւնը «բարւօք» վիճակի մէջ է, իսկ հեռաւոր ծրագիրները ի նպաստ ժողովուրդին, բայց, միակ թերութիւնը որ կայ «եղե՜ր», օր ու գիշեր իշխանութիւնները քննադատող ուժերն են եւ ընկերային-տնտեսական վիճակէն տրտնջացող ազատամարտիկները։
Հետեւաբար, ան համարեա գոռացած է. «Եթէ չէք վստահում իշխանութիւններին, կարող էք արտագաղթել, իսկ եթէ մնում էք՝ մի նվնվացէք» (իմա՝ մլաւէք)։
Այս եւ այլ վիրաւորական եւ արհամարհական միտքերը, որոնք շանթահարող ազդեցութիւն գործած են շատերու վրայ, պատճառ եղած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մշակութային ծրագիրներու վարչութեան պետ՝ Էտուարտ Անտինեանի խոր ընդվզումին, ապա՝ հրաժարումին, որ իր պաշտօնի բերումով լաւապէս ծանօթ է տիրող անբաղձալի վիճակին։
Նախագահ Սարգսեան, որ ընդհանրապէս հանդարտաբարոյ ոճով խօսող դիւանագէտ մըն է, իր այդ ելոյթով ոչ միայն զայրոյթի ալիք բարձրացուցած է իր դէմ, այլեւ՝ իր դէմքին միւս երեսը ցոյց տուած է, ուր մաղձ կայ, անարգանք, քամահրանք ժողովուրդին տարրական պահանջքներուն ու կենսական կարիքներուն նկատմամբ։
Հետաքրքրական է, Պրն. նախագահը, սրտի ի՞նչ հանդարտութեամբ կը վարկաբեկէ ազատամարտիկներուն արդար իրաւունքները, անոնց արժանապատուութիւնը, երբ անոնք հողային ազատագրումին համար մարտնչած են, հաշմուած կամ զոհուած։
Բաց աստի, երբ հայ ժողովուրդը կը տառապի ու կը տագնապի արտագաղթի սահմռկեցուցիչ երեւոյթէն, ինչպէ՞ս կարելի է «կարող էք արտագաղթել» «նվնվոց»ը շպրտել պահանջատէրերու երեսին, քանի անոնք կ'ուզեն արժանապատիւ կեանք մը ապրիլ։
Իր տեսակէտը աւելի յստակացնելու համար, ան հետեւեալ ձեւով արդարացուցած է իր… բռնկումը. «Եթէ ուզում էք երկրում վիճակը նորմալանայ՝ նվնվացողների ու իշխանութիւններին քննադատողների բերանը փակէք, քանի որ նրանց գործունէութիւնն է խանգարում իշխանութիւնների կողմից երկրում իրականացուող բարեփոխումներին»։
Հայաստանցիք պիտի ըսէին. «Ա՜յ քեզ խելք ու հնարք»։
Եւ իրօք, եթէ բարեփոխումներու գործադրելիութեան հաւանականութիւն կայ, զգացնող ու շօշափուող տուեալներով, ապա, ինչո՞ւ մարդիկ պիտի «նվնվան» թերահաւատին, պոռթկան, յետոյ ալ մեղադրուին «խանգարող» ըլլալու ամբաստանութեամբ։
Ինչպէ՞ս կարելի է այսքան, մեղմ ըսած, անփափկանկատ ըլլալ ժողովուրդին արդար եւ տեղին «նվնվումներուն» նկատմամբ, այնքան ատեն որ այդ անհասանելի, անտեսանելի եւ անզգալի բարեփոխումները հայրենի բնակչութիւնը… չէ վայելած ու չի վայելեր, բայց, կարգախօսային ուժգնութեամբ անոնք ամէն օր եւ ամէն առիթով կը հնչեն։
Աւելին՝ ինչպէս «մեզանում ամէն ինչ կարգին է» կը յայտարարուի, մինչ այդ «կարգին»ութիւնը կը գտնուի միայն պետական այրերու մօտ, անոնք ըլլան պատգամաւորներ թէ նախարարներ, չինովնիկներ թէ մաֆէօզներ։
Բայց, կայ աւելի ուշագրաւը. «Տիգրան Սարգսեանը (վարչապետ) շարունակելու է «բարեշրջել» տնտեսութիւնը»։
Ո՞րքան ճշմարտութիւն կայ այս դիւրաբեկ հաստատումին մէջ, երբ վարչապետին ունեցուածքներուն ու կուտակումներուն մասին առասպելներ կը շրջին, որոնք, ըստ ամենայնի, յերիւրանք ու զրպարտութիւն ըլլալէ հեռու են։
Աւելին՝ այդ ո՞ր բարեշրջեալ թէ բարեշրջող տնտեսութեան մասին կը խօսուի եւ ի՞նչը բարեշրջելու, երբ մերկապարանոց իրականութիւնը ինքնաբացատրական է։
Ինքնին հարց չէ՞, ներսէն տառապողին ու դուրսէն հետեւորդին համար, թէ ինչո՞ւ հայրենի վերնախաւը զո՜ւր տեղ կը փորձէ հաւաստիացնել ամէն ինչ «նորմալ» ըլլալու անհեթեթութիւնը, երբ ժողովուրդին բարօրութեան ու բարեկեցութեան համար ոչինչ կը կատարուի։
Ընդդիմադիրները կամ առ հասարակ ընդդիմութիւնը, որոնք անընդհատ կը պահանջեն իշխանափոխութիւն, կը հետապնդեն իշխանափոխութեան հարցը, ինչպէ՞ս կրնան հասնիլ իրենց նպատակին, երբ երկրին բոլոր «բանալի»ները նախագահական սեփականութիւն են կամ, առնուա՛զն, կը գտնուին այդ համակարգի ենթակայութեան տակ։
Թերեւս այս էր պատճառը կամ մեկնակէտը, որ ի տես հայրենի պետութեան վարչակարգի կառուցային ձեւաւորման, կիրարկման ու գործընթացին, բազմաթիւ անգամներ անդրադարձած էինք, թէ անկախացած Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը ըլլալու համար օրինակելի, պէտք է այդ գործադրութիւնը համապատասխանէ անոր սկզբունքներուն եւ ուղեգիծին։
Արդեօք երբեւիցէ այդպէս եղա՞ւ, ընթացա՞ւ։
Պատասխանը խիստ թափանցիկ է, պարզապէս անոր համար, որ խորհրդարանական ու կառավարական կառոյցները մնացին «շուք»ի մէջ, որեւէ թղթածարի, նշանակումի կամ տնօրինումի պարագային, նախագահական գործօնը ըլլալով միջամտողը կամ հրահանգողը, ինչ որ ամբողջովին խոտոր կը համեմատի ժողովրդավարական հիմունքներուն հետ։
Ասկէ ալ՝ անարդարութիւններն ու անիրաւութիւնները, կամայականութիւններն ու բռնադատութիւնները, անհարթութիւններն ու զարտուղութիւնները որոշապէս ստուերեցին (ու կը ստուերեն) իսկական ժողովրդավարութեան գնացքին երթը։
Միւս կողմէ, սփիւռքեան որոշ հատուածներ, տակաւին, չեն ուզեր ըմբռնել, թէ հայրենիքը՝
– Միայն Երեւան չէ
– Միայն պանդոկ չէ
– Միայն զբօսաշրջիկութիւն չէ
– Միայն ժամանցի տեղ չէ
– Միայն պերճանքի վայր չէ
– Միայն ցուցափեղկային չէ
Հայաստանցին, հայաստանաբնակը, միայն ի՛նք գիտէ, թէ ի՛նչ կ'ուզէ, ի՛նչ կը փնտռէ, հետեւաբար, այդ համոզումով կը շարժի, կը բողոքէ, կը պահանջէ, մանաւանդ երբ կը տեսնէ խօսքային ու բառակուտակային ճիգ, առանց գործնական արդիւնաւէտութեան։
Հայաստանի պետական այրերը, սկսած Հանրապետութեան նախագահէն, արդեօք ո՞րքանով իրաւունք ունին ժողովուրդի արդար պահանջքները որակելու «նվնվոց»ներ, իսկ զանոնք հետապնդողները՝ «նվնվացող»ականներ, զանոնք աքսորելու եւ աքսորականացնելու… սպառնալիքով ու դատավճիռով։