Սիոնիզմի Մահացող… Նորագոյն Առասպելը

Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Պէյրութ, 12 Օգոստոս 2018

Թէեւ քաղաքական տարբեր նպատակներ կը հետապնդեն, Լիբանանի բազմահամայնքային համակարգը եւ Սիոնիզմը՝ դէմ են դեմոկրատական վարչակարգին, եւ հիմնուած են՝ անհիմն առասպելներու վրայ։

Լիբանանի ներկայ համակարգին եւ Սիոնիզմի հակադեմոկրատականութեան եւ ասոնց գործածած առասպելներուն պարզաբանումը խիստ անհրաժեշտ լուսաբանութիւն մըն է, որուն արժէ յատկացնել յօդուածաշարք մը, այլ առիթով, որպէսզի՝ մոլորեալ հայեր ու լիբանանցիներ, դադրին հասարակաց շահեր երեւակայելէ՝ հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն ազգային շահերուն եւ Սիոնիզմի հակահայկական եւ հակալիբանանեան շահերուն միջեւ։

Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Պէյրութ, 12 Օգոստոս 2018

Թէեւ քաղաքական տարբեր նպատակներ կը հետապնդեն, Լիբանանի բազմահամայնքային համակարգը եւ Սիոնիզմը՝ դէմ են դեմոկրատական վարչակարգին, եւ հիմնուած են՝ անհիմն առասպելներու վրայ։

Լիբանանի ներկայ համակարգին եւ Սիոնիզմի հակադեմոկրատականութեան եւ ասոնց գործածած առասպելներուն պարզաբանումը խիստ անհրաժեշտ լուսաբանութիւն մըն է, որուն արժէ յատկացնել յօդուածաշարք մը, այլ առիթով, որպէսզի՝ մոլորեալ հայեր ու լիբանանցիներ, դադրին հասարակաց շահեր երեւակայելէ՝ հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն ազգային շահերուն եւ Սիոնիզմի հակահայկական եւ հակալիբանանեան շահերուն միջեւ։

Անցողակի նշենք միայն, թէ՝ Լիբանանի ներկայ համակարգը հակադեմոկրատական է, որովհետեւ՝ Լիբանանի քաղաքացիները իրարու իրաւահաւասար չեն, երբ նախագահը՝ մարոնի, վարչապետը՝ սիւննի եւ խորհրդարանի նախագահը՝ շիի պէտք է որ ըլլան։ Եւ այս խտրականութիւնը, ըստ լիբանանեան առասպելին, «համախոհական դեմոկրատիա» (ﻁﻴﺔ ﺗﻮﺍﻓﻘﻴﺔﺍﻳﻤﻮﻗﺮﺩ) է…։

Գալով Սիոնիզմին, անոր նորագոյն առասպելը կ՚ըսէ. «Իսրայէլ՝ հրէական ազգային պետութիւն է»։ Այս առասպելին օրէնքը՝ հազիւ հազ, շնչասպառ քուէարկուեցաւ Իսրայէլի խորհրդարանին (Գնէսէթ) կողմէ 9 Յուլիս 2018 թ.-ին, միայն 62 թեր ու 55 դէմ քուէներով… խորհրդարանի 120 երեսփոխաններուն կողմէ։ Այսինքն՝ խորհրդարանի անդամներու ձայնին կէսէն միայն 2 ձայն աւելիով…։ Եւ այս օրէնքին սահմանադրականութիւնը տակաւին վաւերացուած չէ երկրի Գերագոյն Ատեանին կողմէ…։

Բայց նախ վերյիշեցնենք, թէ Սիոնիզմը՝ Արեւմուտքի իմփերիալիստ տէրութիւններու դէպի Արեւելք տարածուելու ռազմաքաղաքական ծրագրի Միջին Արեւելքի առաջին գիծի պաշտպանութեան մարտկոցն է։ Այլ խօսքով, ՕԹԱՆ-ի զինական ուժի ոչ-պաշտօնական, պահեստի մասը (իսկ Թուրքիա՝ անոր պաշտօնական մասը…)։

Նաեւ՝ Սիոնիզմը հայ ժողովուրդի թիւ մէկ թշնամին դարձաւ, քանի որ ինք եղաւ՝ ոչ միայն Մեծ Եղեռնը գործադրող Երիտթուրքերը կազմակերպողն ու ղեկավարողը, այլեւ՝ անոնց Փանթուրքիզմի ծրագիրը մշակողը՝ գերմանացի, լեհ, ֆրանսացի, հունգարացի եւ աւստրիացի հրեայ-սիոնիստ պատմաբաններու միջոցով, որոնք հնարեցին «Մեծն Թուրան»ի առասպելը եւ Երիտթուրքերը մղեցին «վերականգնելու» պատմութեան մէջ անգոյ այդ կայսրութիւնը, որուն առաջին քայլը պիտի ըլլար՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստեղծել հողային անմիջական կապ, զոր կարելի էր ստեղծել միայն ու միայն, զայդ խոչընդոտող Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստաններու վերացումով։ Այլ խօսքով, հայ ժողովուրդի գոյութենական թշնամիներն են՝ Արեւմտեան իմփերիալիզմը, Սիոնիզմը եւ ասոր ձեռնասունը եղող Փանթուրքիզմը։ Այսինքն՝ իմփերիալիստական ԱՄՆ-ի, փանթուրքական Թուրքիոյ եւ սիոնական Իսրայէլի տարատնկեալ պետութիւնները կը սպառնան՝ Միացեալ Հայաստանի լինելութեան… եւ՝ ոչ միայն միացեալ Հայաստանի, այլեւ՝ Ռուսաստանի եւ Իրանի (Պարսկաստանի)։ Այս վերջինին Արեւմտեան կէսը, որ կը կոչուէր պարսկական Ատրպատական, այս երեքին կողմէ կը նկատուի «Հարաւային Ատրպէյճան»։ Այս իսկ պատճառով, Ռուսաստան եւ Իրան դէմ են Փանթուրքիզմի ծրագրին, մեզի համար բարեբախտաբար, քանի որ այս երկուքը կը հանդիսանան ուրեմն մեր բնական դաշնակիցները՝ Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ…։ Հետեւաբար ալ, երբ այս երկուքին ազգային գոյութենական շահերը կը համընկնին Միացեալ Հայաստանի ազգային գոյութենական շահերուն հետ, ուրեմն Միացեալ Հայաստանի աշխարհառազմագիտական արեւելումը պէտք է ըլլայ՝ ռուս-իրանեան, եւ ոչ թէ՝ Արեւմտաթրքական։ Եւ արդէն, պատմական իրողութիւն է այն, որ երեք Հայաստաններէն միակ վերապրողը եղաւ Ռուսահայաստանը… իսկ այսօրուեան իրողութիւնը այն է, որ ներկայ Արեւելահայաստանի աշխարհին բացուող միակ դուռը՝ Իրանն է…։

Հայ ժողովուրդին համար անձնասպանական արեւելում է Արեւմտաթրքականը, զոր երբ հետապնդեց իշխանութեան հասած հայկական կուսակցութիւն մը, պատճառ եղաւ ազգակործան սխալներու եւ անվերականգնելի կորուստներու՝ մարդկային եւ տարածքային, սկսած Երիտթուրքերու հետ գործակցութենէն մինչեւ քրիստոնեայ Եւրոպայէն սպասելով միջամտութիւն ի նպաստ մեր ժողովուրդին… ի զուր տեղ (այս մասին ծանօթ է մեծ հայասէր Ֆրիտժոֆ Նանսէնի քննադատութիւնը…) եւ ի զուր տեղ, մեր «յեղափոխական» կարծուած երգերուն մէջ կը սպասէինք, որ մեր ճակատագրին համար Եւրոպայի աչքէն «արտասուք սողար» (Հերոս մռնչեց՝ Սուլթան դողդողաց, Եւրոպայի աչքից՝ արտասուք սողաց…), մինչեւ՝ Կիլիկիոյ ֆրանսական դաւաճանութիւն, եւ Սեւրէն յետոյ՝ հակառակ Ուիլսոնեան իրաւարար վճիռին, Ազգերու Լիկայի մերժումը՝ Հայաստանի անդամակցութեան, Պաթումի ստրկական դաշնագիր (հակառակ Սարդարապատի յաղթանակին…), Ալեքսանդրապոլի անձնատուական թրքամոլ դաշնագիր (հակառակ՝ Նոյեմբեր 29-ով հաստատուած Սովետ Հայաստանի իշխանութեան), մինչեւ՝ 1921 թ. Փետրուար 18-ի արկածախնդրութիւն, ապաւինելով Թուրքիոյ զինուորական աջակցութեան, եւ յաջորդ ամիս՝ Մարտ 16-ին, Մոսկուայի մէջ տեղի կ՚ունենար թուրք-սովետական համաձայնագրի բանակցութիւն, որուն Սովետ Հայաստանի պատուիրակութիւնը իրաւունք չունեցաւ մասնակցելու, Փետրուար 18-ին տապալած ըլլալով սովետական իշխանութիւնը հոն, եւ սովետ պատուիրակութեան ղեկավարութիւնը հանդիսացող Չիչերին-Գարախանեան երկեակը պատրաստ էին զօրավիգ կանգնելու Սովետ Հայաստանի իրաւունքներուն, եւ՝ Ալեքսանդրապոլի թրքանպաստ եւ հայավնաս դաշնագրի չեղեալ հռչակումին, եւ՝ թուրքերը յաջողեցան պահպանել Ալեքսանդրապոլի անվաւեր դաշնագիրը, զոր ստորագրող հայկական կողմն էր, որ այդ պահուն, գրաւած էր Հայաստանի իշխանութիւնը… (Այս պատմական հայավնաս եւ թրքանպաստ փաստը մեծ գոռոզութեամբ յիշած է Քեազըմ Գարապեքիր Փաշան, իր «Մեր Անկախութեան Պատերազմը» վերնագրով եւ 1200 մեծ չափի էջերէ բաղկացած հատորին մէջ – տես՝ Kâzım Karabekir, İstiklal Harbımız, էջ 989)։ Եւ մինչեւ նացի Գերմանիոյ հետ գործակցութիւնը Սովետ Միութեան դէմ, իսկ Բ. Աշխարհամարտէն վերջ ալ՝ ցուրտ պատերազմի թէժ օրերուն, ամերիկեան իմփերիալիզմի հետ գործակցութիւնը Սովետ Միութեան դէմ, ուրեմն նաեւ՝ Սովետ Հայաստանի դէմ, գրաւելով Կիլիկիոյ Աթոռը եւ Ս. Էջմիածնի թեմեր, եւ զանոնք հակադրելով՝ Ս. Էջմիածնի Աթոռին եւ Երեւանի իշխանութեան։

Արեւմտաթրքական արեւելումին հետեւող այս հայկական կուսակցութեան ղեկավարները՝ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ համար անտես առած են Մեծն Խաչատուր Աբովեանի քաղաքառազմագիտական արեւելումի այն պատգամը, զոր ան իր ժողովուրդին տուած է իր «Վէրք Հայաստանի» վէպի հերոսին՝ Աղասիի գոհաբանական խօսքին ընդմէջէն, որ կ՚ըսէ. «Օրհնուի՛ էն սհաթը, որ ռսի ոտը դրուեց մեր հողին…»։

• • •

Շաբաթ, 4 Օգոստոսի առաւօտուն, երբ արաբ պատշօնակիցի մը հետ նստած էինք Համրայի “Dunkin Donuts” սրճարանին մէջ, եւ իրեն կը բացատրէի այդ օրուան կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար, որպէս Կիլիկիոյ անկախութեան հռչակման օր, որուն 98-րդ տարեդարձն էր այդ օր, եւ սակայն զաւթուած կը մնար փանթուրքական Թուրքիոյ կողմէ, 5 Օգոստոս 1920 թուականէն ասդին, ճիշդ Իսկէնտերունի Սանճաքին նման՝ ֆրանսական գաղթատիրութեան դաւաճանութեան պատճառով, ղովմի սուրի բարեկամս ինծի երկարեց այդ օրուան “L’Orient Le Jour”ը, որուն մէջ լոյս տեսած էր ֆրանսացի փրոֆեսորի մը գրութիւնը՝ Իսրայէլի Գնէսէթին կողմէ աննշան պարզ մեծամասնութեամբ անցուած օրէնքին մասին, եւ աւելցուց՝ միայն հայերն ու արաբները չեն, որ կը խօսին՝ Սիոնիզմի հնարած առասպելներուն եւ Իսրայէլի պետութեան տարատնկեալ ըլլալուն մասին. ահա ֆրանսացի փրոֆեսորն ալ կը խօսի այդ մասին, քանի որ երկու տարի առաջ, իրեն մակագրած էի իմ արաբերէն լեզուով հրատարակած գիրքս, որուն վերնագիրն էր՝ «Հայկական Դատը Միջազգային Հանրային Իրաւունքին Մէջ, Եւ Արաբական Նեցակցական Վկայութիւններ Հայկական Դատին Ի Նպաստ», որուն մէջ մանրամասնօրէն փաստած՝ Սիոնիզմի դերը Փանթուրքիզմի ծրագրի մշակման եւ Մեծ Եղեռնը գործադրած  Իթթիհատ վէ Թէրաքքը սիոնափանթուրք կուսակցութեան ստեղծման ու ղեկավարման մէջ։

• • •

Աւելի ուշ, մեծ ուշադրութեամբ կարդացինք ֆրանսացի փրոֆեսորին վերեւ յիշուած գրութիւնը։

Փրոֆեսորը՝ Ժան Փօլ Շանիուլօ (Jean Paul Chagnoulaud), կը դասախօսէ ֆրանսական համալսարաններու մէջ, տնօրէնն է Միջերկրականեան եւ Միջին Արեւելեան Ուսումնասիրութեանց Ինստիտուտին, խմբագրութեան տնօրէնը՝ “Confluences Méditerranéennes” հանդէսին, եւ անոր վերջին հեղինակած հատորն է՝ “Israel Face à Israel” (Paris, 2018)։ Իսկ գրութեան վերնագիրն է՝ “Israel, un Etat-nation Juif non Démocratique” (Իսրայէլ՝ Ոչ-Դեմոկրատական Հրէական Ազգ-Պետութիւն Մը), որուն մէջ ան ցոյց կու տայ, թէ՝ այս պետութիւնը խառնածինն է՝ ազգ-պետութեան եւ էթնիկ պետութեան (“Un Etat-nation éthniciste…”), որուն միակ ճիշդ անունը Apartheid է, այսինքն՝ տարատնկեալ հայրենիք…։

Բացատրենք.

Ազգ-պետութիւն (Etat-nation, Nation-state) ըսուածը՝ դրամատիրութեան յղացքն է ազգային ինքնութեան, որ պետութեան մը պատկանելիութիւնը կը նոյնացնէ ազգի մը պատկանելիութեան հետ։ Այլ խօսքով, հպատակութիւնը պետութեան մը, ազգութեան հետ կը շփոթէ։ Մինչդեռ, ոչ-դրամատիրական, Արեւելքի հին ժողովուրդներու համար, ազգութիւնը, էթնիկական առումով՝ կը հիմնուի, ոչ թէ պետութեան կապին վրայ, այլ՝ պատմա-մշակութային ժառանգութեան վրայ, որ կը պահանջէ տուեալ պետութեան մը բնիկ ժողովուրդը ըլլալ, եւ ոչ թէ՝ եկուոր տարրը։

Արդի Թուրքիոյ հպատակ բոլոր քաղաքացիները թուրք չեն, այլ՝ այլազգի (հայ, քիւրտ, յոյն, եւայլն), որոնք բնիկ ժողովուրդներն են Թուրքիոյ տարածքին վրայ։ Մինչդեռ բուն թուրքերը եկուորներ են կամ անոնց շառաւիղները։ Ուրեմն, Թուրքիոյ Ազգ-պետութիւնը՝ մեծամասնութիւն կազմող բնիկներուն ազգային ինքնութիւնը զաւթած է եւ անոնց պարտադրած՝ թրքական ինքնութիւն, զանոնք զրկելով իրենց ազգային ինքնութենէն, քանի որ զանոնք չի ճանչնար որպէս ազգային փոքրամասնութիւններ, որոնք որպէս այդպիսիներ ունին համապատասխան իրաունքներ, բնիկ ժողովուրդի իրաւունքներ, Միջազգային Հանրային Իրաւունքին մէջ։

Պաղեստինցի արաբները Պաղեստինի բնիկ ժողովուրդը կը հանդիսանան։ Ուրեմն, Գնէսեթի այս օրէնքը, որ Իսրայէլի պետութեան կու տայ հրէական էթնիկական կարգավիճակ, աղաղակող նենգափոխում մըն է պատմական իրականութեան։ Աւելին. այս նենգափոխումը կրկնակի է, քանի որ միաժամանակ կը նենգափոխէ հրէութեան կարգավիճակը, որ պարզապէս կրօնք մըն է եւ ոչ թէ ազգութիւն։ Եւ այդ կրօնքը Մովսիսականութիւնն է, զոր կը դաւանին տարբեր ազգերու պատկանող մարդիկ, ինչպէս Ափրիկէի սեւամորթ ֆալաշաները… նոյնիսկ։

Թելավիվի պետական համալսարանի Պատմութեան Ինստիտուտի դասախօս, հրեայ հակասիոնական փրոֆեսորը՝ Շլոմօ Սանտ, 2008 թուին, Փարիզի Ֆայարտ (Faillard) հրատարակչատունէն լոյս ընծայեց 665 էջերով իր երկասիրութիւնը՝ զինուած հարուստ փաստերով եւ վաւերաթուղթերով, որոնք կը փաստեն «Հրեայ ազգի» մը չգոյութիւնը, եւ ցոյց կու տայ այն պատմական նենգափոխումները, որոնց հիման վրայ Սիոնիզմը հնարած է «Հրեայ ժողովուրդ» մը։ Այս երկասիրութեան յստակ, բացորոշ եւ խօսուն վերնագիրն է՝ “Comment fût inventé le Peuple Juif?” (Ի՞նչպէս Հնարուեցաւ Հրեայ Ժողովուրդը)։ Տողերուս հեղինակը այս ակադեմական հատորը գնած է Համրայի Librairie Antoine-էն, 50,000 լիբ. ոսկիով։

Աւելին. Սիոնիզմի այս նորագոյն առասպելը (որ յօրինուած էր 1897 թուականին, Հերցէլի կողմէ, Սիոնիզմի Պազըլի համագումարին), ինքն իր մէջ արդէն ակներեւ եւ ակնբախ հակասութիւն մըն է։ Պետութիւն մը չի կրնար՝ միաժամանակ ըլլալ, թէ դրամատիրական Ազգ-պետութիւն, եւ թէ՛ Ազգային պետութիւն. այսինքն՝ էթնիկ պետութիւն (“Un Etat-nation éthniciste”)։

Ազգ-պետութեան հիմքը սոսկ պետութիւնն է, իսկ Էթնիկ-Ազգային պետութեան հիմքը՝ էթնին, ազգը, որ արդէն գոյութիւն չունի պատմութեան մէջ, ինչպէս կը հաստատէ Հրեայ փրոֆեսորը։ Անկախաբար Հրեայ ազգի մը չգոյութենէն, այլապէս ալ՝ եզրերու իմաստով, այս երկու եզրերն անգամ զիրար կը բացառեն. կը նմանի՝ թէ՛ սեւ, թէ՛ սպիտակ, թէ՛ բարի, թէ՛ չար, թէ՛ լոյս, թէ՛ խաւար, թէ՛ արդար, թէ՛ անարդար եւ… թէ՛ կայ եւ թէ՛ չկայ եզրերու հակասութեան՝ հակառակներու զուգակցութեան…։

Իսրայէլի տարատնկեալ պետութիւնը՝ այս օրէնքով կը վերածուի տարատնկեալ հայրենիքի (Apartheid), որ դուրս կը վտարէ ամբողջովին՝ պաղեստինցի արաբ բնիկները, նաեւ՝ զաւթելով Արեւմտեան ափն ու Կազզան…։

Հարաւային Ափրիկէի մէջ հաստատուած բրիտանական գաղթատիրութեան Apartheid-ին դէմ՝ Նելսոն Մանտելլան պայքարեցաւ երեք տասնամեակ եւ բանտարկուեցաւ 27 տարիներ, եւ սակայն յաղթական դուրս եկաւ այս պայքարէն… երբ գոյութիւն ունէր՝ երկբեւեռ հակակշռեալ աշխարհակարգ (Bi-Polar Counter Balanced World Order), Սովետ Միութեան գլխաւորած սոցիալիստական ճակատին գոյութեան շնորհիւ, եւ՝ գրեթէ լուծարուեցաւ Գաղթատիրութիւնը եւ տասնեակներով նախկին գաղութներ եւ կիսագաղութներ տիրացան անկախութեան, ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն 53 թիւը բարձրացնելով 100-ի…։

1990-ականներուն, Սովետ Միութեան ինքնալուծարումով, քայքայուեցաւ սոցիալիստական ճակատը եւ ստեղծուեցաւ Միաբեւեռ (Unipolar World Order) աշխարհակարգ՝ ամերիկեան իմփերիալիզմի ոստիկանապետութեամբ։ Ֆրանսիս Ֆուքոյաման գուժեց «Պատմութեան Վախճանը», կարծելով թէ՝ Դրամատիրութիւնը յաղթանակած է… եւ Սոցիալիզմը՝ վերջնականապէս պարտուած։

Սակայն քսանամեակ մը վերջ, Վլատիմիր Փութինի (ոչ՝ Լենինի) Ռուսաստանը, զօրաշարժի ենթարկեց ամերիկեան բացարձակատիրութեան դէմ պայքարող աշխարհի բոլոր սոցիալիստական եւ ոչ-սոցիալիստական ազգային պետութիւնները, եւ երէկի միաբեւեռ աշխարհակարգը սկսաւ կորսնցնել իր հեղինակութիւնը, եւ՝ բազմաբեւեռ աշխարհակարգ մը սկսաւ ձեւաւորուիլ, որուն կարծր կորիզը կը կազմէ այսօր BRICS-ը (Պրազիլ, Ռուսաստան, Հնդկաստան, Չինաստեան եւ Հարաւային Ափրիկէ)՝ միջ-ցամաքամասային համախմբումը, վերջ դնելով՝ միաբեւեռ աշխարհակարգի Ոստիկանապետին միահեծան իշխանութեան…։

Այսօրուան բազմաբեւեռ աշխարհակարգին մէջ, պաղեստինցի արաբ ժողովուրդին հերոսական, ամենօրեայ, վճռական պայքարը, շնորհիւ Փութինի Ռուսաստանի գլխաւորած՝ Իրան, Սուրիա, Եմէն, Իրաք, Հըզպալլահ դիմադրական առանցքին, շատ աւելի կարճ ժամանակի մը մէջ, եւ շատ աւելի հեշտօրէն պիտի կարողանայ տապալել նաեւ՝ Սիոնական առասպելական այս Apartheid-ը…։

Ֆրանսացի փրոֆեսորը, երբ իր գրութեան վերնագիրին մէջ, այս օրէնքով հնարուած պետութիւնը հակա-դեմոկրատական կը բնութագրէ՝ “Israel, un Etat-nation Juif non Démocratique”, հաւանաբար կ՚ակնարկէ «Պաղեստինի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն» բանաձեւին, զոր 1948 թուին սովետ Միութիւնը ներկայացուցած էր ՄԱԿ-ին։ Դեմոկրատական՝ այն իմաստով, որ Պաղեստինի Հանրապետութեան մէջ, կողք-կողքի պիտի բնակէին Հրեայ փոքրամասնական եւ պաղեստինցի Արաբ մեծամասնութիւն կազմող բնակիչները, որպէս իրաւահաւասար քաղաքացիները Պաղեստին պետութեան, այնպէս ինչպէս՝ Կիպրոսի պետութեան Յոյն եւ Թուրք համայնքները։

Բայց, ծաւալողապաշտ իմփերիալիստական Իսրայէլն ու Թուրքիան խանգարեցին սոցիալիստ խաղաղապաշտ Սովետ Միութեան պաշտպանած դեմոկրատական բանաձեւը, եւ ստեղծեցին՝ իսրայէլեան եւ կիպրական միջազգային թնճուկները, Սիոնիզմի եւ Փանթուրքիզմի ռազմատենչ մոլուցքին պատճառով… եւ աւելորդ անգամ մը եւս փաստեցին, թէ՝ Իմփերիալիզմը կը ստեղծէ պատերազմ, անարդարութիւն եւ բռնատիրութիւն, իսկ Սոցիալիզմը՝ խաղաղութիւն, արդարութիւն եւ դեմոկրատիա…։

Այժմ Փոքր Ասիոյ բնիկ ժողովուրդներու յառաջապահ, յեղափոխական ու դեմոկրատական տարրերը կ՚աշխատին իրագործել նահատակ հերոս Հրանդ Տինքի պատգամը՝ դեմոկրատացնելու Թուրքիա կոչուած տարատնկեալ պետութիւնը, զայն վերածելով Փոքր Ասիոյ բնիկ ժողովուրդներու եւ եկուոր թուրքերու անկախ հանրապետութիւններու Դեմոկրատական Համադաշնակցութիւն մը։ Այս ծրագիրը յաջողելու համար, վերոնշեալ կողմերէն, ներառեալ՝ թուրք յառաջապահ դեմոկրատ տարրերէն, հաւասարապէս, կը պահանջուին՝ իրարու հետ անկեղծ երկխօսութիւն, միջազգայնական ոգի, իրաւահաւասարութեան շունչ, եւ՝ ընկերային արդարութեան կամ ժողովրդահայրենասիրութեան ռեժիմի իտէալ… (Մեր այս համեստ կարծիքը յայտնեցինք, վերոյիշեալ Համադաշնակցութիւնը իրականացնելու համար աշխատող «19 Ժանվիէ (Յունուար) Մեր Իրաւունքով Միացած» Շարժումի ղեկավարներէն Ռեճեփ Մարաշլը անունով քիւրտ հայասէր պատմաբանին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հեղինակած է երկու փոքրածաւալ եւ մէկ մեծածաւալ ակադեմական հատորներ, եւ ան մեզի տուաւ իր հաւանութիւնը՝ մեր յիշած պահանջներուն)։ Այդպիսին էին Սովետ Միութիւնը, որուն Գերագոյն Սովետի նախագահը Հայ մըն էր…, եւ Եուկոսլաւիոյ Դաշնութիւնը, որուն մեծագոյն անդամը Սերպիան էր, բայց նախագահը՝ Խրուաթ մը։ Առաջինին նախագահը՝ Անաստաս Միկոյեանն էր, իսկ երկրորդինը՝ Պռոզ Թիթօն։

Ազգ-պետութեան (Etat-nation, Nation-state) յղացքը՝ դրամատիրական, գաղութարարական, բնիկներուն եւ ետքէն եկողներու էթնիկ ինքնութիւնը կը ջնջէ… եւ անոնց կը պարտադրէ պետութեան ինքնութիւնը։ Մինչդեռ Սովետ Միութեան եւ չքնա՜ղ Եուկոսլաւիոյ սոցիալիստական համակարգերուն մէջ, քաղաքացիներուն հպատակութիւնը սովետ եւ եուկոսլաւ էր, իսկ ազգութիւնը՝ յատուկ կը նշուէր անոնց անձնաթուղթերուն եւ անցագրերուն մէջ, որպէս՝ ռուս, հայ, վրացի, թուրքմէն… կամ՝ սերպ, խրուաթ, պօշնակ, հերցեկ, եւայլն…։

Ամէն պարագայի տակ, սիոնական առասպել այս օրէնքը՝ ոչ միայն ցարդ չէ վաւերացուած երկրի Գերագոյն Ատեանին կողմէ, այլեւ՝ կը հակասէ 1992-ին Իսրայէլի մէջ հրատարակուած երկու սահմանադրական օրէնքներուն, որոնք կը ճանչնան Իսրայէլի Արաբ Պաղեստինցի քաղաքացիներուն իրաւունքները։ Վարչապետ Նաթանիահու՝ ինք անձնապէս թեկնածու է իր դէմ դատական հետապնդումի…։ Ան կը կարծէ, իր այս չնաշխարհիկ օրէնքով, փախուստ տալ դատական անխուսափելի հետապնդումէն…։

Բայց Նաթանիահու, որ զօրավիգը կը վայելէ Իսրայէլի Աջ եւ Ծայրայեղ Աջի ուժերուն, տակաւին կը յուսայ թէ՝ ԱՄՆ-ի ճնշումով, կարելի պիտի ըլլայ Արաբական Ծոցի թագաւորներու եւ էմիրութիւններու ֆինանսաւորումով, Յորդանանի, Լիբանանի եւ արաբ այլ երկիրներու պարտադրել պաղեստինցի տարագրեալներուն վերաբնակեցումը (արաբերէնով՝ թաութինը) իրենց երիրներուն մէջ, անոնց տալով հպատակութիւն։ Եւ Սիոնիզմը՝ Թրամփի օգնութեամբ, նոյնիսկ՝ որպէս արմատական եւ միանգամընդմիշտ լուծում, վերադարձի սպասող պաղեստինցիներուն իբր հայրենիք պարտադրել Յորդանանը՝ Պաղեստինի փոխարէն։ Այլ խօսքով. Սիոնիզմը, որ մէկ դար առաջ, ինքը հայրենիք կը փնտռէր, մինչեւ իսկ Մատակասքար կղզիին մէջ, այսօր՝ ամբողջ Պաղեստինը վերջնապէս կլլած ըլլալ կարծելով, կը փնտռէ պաղեստինցի տարագրեալներուն հայրենիք մը, ազատուելու համար Պաղեստինեան Դատէն…։ Այս տեսանկիւնէն, Տարագիր Արեւմտահայութեան բնակեցումը Արեւելահայաստանի մէջ… շատ մեծ հարուած մը կ՚ըլլայ անոր հողային պահանջատիրութեան, քանի որ այդպիսով ան դադրած կ՚ըլլայ հայրենազուրկ նկատուելէ… եւ Թուրքիա կ՚ազատուի Տարագիր ութ միլիոն Արեւմտահայութեան իր հայրենի հողը վերադառնալու տակաւ իրապաշտական դարձող եւ հզօրացող պահանջէն։ Եւ Թուրքիա պատրաստ է միլիառաւոր տոլարներ վճարելու այդ դաւաճանութեան համազօր դասալքումին դիմաց։ Այս եպերելի դասալքութեան փոխարէն, նոր Արեւելահայաստանը՝ Դ. Հանրապետութիւնը, պարտի արմատականօրէն վերացնել օլիգարխիական համակարգը եւ հաստատել ժողովրդահայրենասիրական համակարգ, որպէսզի հոն վերադառնան Արեւելահայաստանի հայրենաթողները…, որ միակ ճիշդ եւ ուղիղ ճանապարհն է Համահայութեան գերագոյն ազգային շահերու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն։

• • •

Հալածախտէ տառապող Նաթանիահուին, որ կը շարունակէ յամենալ անցեալի հին միաբեւեռ աշխարհակարգին մէջ… եւ չուզեր դուրս ելլել անկէ եւ բաց աչքերով տեսնել նոր աշխարհի նոր բազմաբեւեռ աշխարհակարգի իրողութիւնը, եւ այն մոլորեալ հայերուն, որոնք դեռեւս գերին կը մնան արեւմտասիրութեան եւ արեւմտաթրքական արեւելումին, եւ հաւկոյր կը մնան, չտեսնելու համար Արեւելքի մեծերուն (Ժողովրդային Չինաստանի եւ Փութինի Ռուսաստանի) յառաջխաղացքը եւ BRICS-ի միջ-ցամաքամասային համախմբումին նշանակութիւնը, կը թելադրենք՝ բանալ իրենց միտքին աչքերը, եւ առնուազն տեսնել Ռուսաստանի շօշափելի եւ ակներեւ իրագործումը, միայն՝ Սուրիոյ մէջ…։

Փութինի Ռուսաստանն է որ վիժեցուց հին միաբեւեռ աշխարհակարգի Ոստիկանապետին շղթայազերծած համաշխարհային պատերազմը Սուրիոյ դէմ։

Իր մայրամուտին մտած այդ աշխարհակարգին վերջին յաջողած պատերազմները եղան՝ չքնա՜ղ Եուկոսլաւիոյ եւ Լիպիոյ քարուքանդումը։

2013 թուի Օգոստոսի 9-ին, ՕԹԱՆ-ի Պրիւքսէլի կեդրոնին մօտ, Ռուսաստանի զինուորական մնայուն ներկայացուցիչը ազդարարեց. «Մենք քաջ գիտենք, որ դուք կ՚ուզէք Լիպիոյ նախընթացը կրկնել Սուրիոյ դէմ։ Մենք դէմ ենք ձեր այս ծրագրին, եւ՝ թոյլ պիտի չտանք որ հիմա յաջողիք՝ Սուրիոյ մէջ։ Եւ պատրաստ ենք զայդ ձախողեցնելու՝ բոլոր միջոցներով…»։

Եւ իսկապէս՝ Ռուսաստան յաջողեցաւ վիժեցնել Սուրիոյ դէմ համաշխարհային յետադիմական ուժերու ներխուժումը, որուն մասնակցեցան՝ ոչ միայն աշխարհի բոլոր իմփերիալիստ ռազմատենչ ուժերն ու ահաբեկչական կրօնամոլ կազմակերպութիւններ, այլեւ՝ Արաբական Ծոցի թագաւորներն ու էմիրութիւնները, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի կողքին…։

Աշխարհի տիրական ուժերը՝ հին, անցեալ միաբեւեռ աշխարհակարգին չեն պատկանիր։ Աշխարհը հինը չէ այսուհետեւ։ Փոխուած է իսկապէս, այնպէս՝ ինչպէս հայ բանաստեղծ Ազատ Վշտունին կ՚ըսէր՝ Ժողովրդային Չինաստանի մասին. «Չինը՝ հիմի, հին Չինը չի…»։

Հասկցողներուն՝ շատ ջերմ բարեւ…։

You May Also Like