Սոնային Դժուարագոյն Երեք Քննութիւնները

Էզկի Պաշարան, «Ռատիքալ», 14 Յունուար 2013, Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ

Սոնա Թաթոյեան, որ կը պատրաստուի ժապաւէնի վերածել «Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ» գիրքը, կանգնած է հակադիր երկու կողմերու միջեւ. «Հայկական սփիւռքը զիս կը մեղադրէ այս ժապաւէնին համար. վստահ եմ՝ թուրքերն ալ զիս պիտի մեղադրեն հոն Ցեղասպանութիւնը պատմելուս համար», կ’ըսէ ան։

Սոնա Թաթոյեան (35) Ամերիկա ծնած եւ մեծցած հայ մըն է, դերասան եւ ժապաւէնի արտադրիչ. կը պատրաստուի մեծ ժապաւէն մը արտադրել՝ հիմնուելով Միշլին Ահարոնեան-Մարքոմին գրած «Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ» գիրքին վրայ։ Բեմագրութիւնը պիտի գրէ կողակիցը՝ Խոսէ Ռիվերա, որ բեմագիրն է առասպելական Չէ Կեւարայի կեանքը պատմող ժապաւէնին։ Բեմադրիչն է հնդիկ Շեխար Քափուր, որ Օսքարի թեկնածուներու շարքին է իր «Էլիզապեթ» ժապաւէնով.  նկարահանումները պիտի սկսին այս տարուան վերջաւորութեան։ Ուզեցինք, որ Սոնային պատմութիւնն ու այս ժապաւէնը պատրաստելու պատճառները լսէք, ճիշդ ալ Անատոլուի մեծ սիրահար՝ Հրանդ Տինքին մահուան վեցերորդ տարելիցի այս օրերուն։  Ուզեցինք, որ զայրանաք, ցաւիք, ճանչնաք, տեսնէք Հրանդին պատմած նշանաւոր «Ճեղքը գտած ջուրը» եւ սիրէք։

Էզկի Պաշարան, «Ռատիքալ», 14 Յունուար 2013, Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ

Սոնա Թաթոյեան, որ կը պատրաստուի ժապաւէնի վերածել «Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ» գիրքը, կանգնած է հակադիր երկու կողմերու միջեւ. «Հայկական սփիւռքը զիս կը մեղադրէ այս ժապաւէնին համար. վստահ եմ՝ թուրքերն ալ զիս պիտի մեղադրեն հոն Ցեղասպանութիւնը պատմելուս համար», կ’ըսէ ան։

Սոնա Թաթոյեան (35) Ամերիկա ծնած եւ մեծցած հայ մըն է, դերասան եւ ժապաւէնի արտադրիչ. կը պատրաստուի մեծ ժապաւէն մը արտադրել՝ հիմնուելով Միշլին Ահարոնեան-Մարքոմին գրած «Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ» գիրքին վրայ։ Բեմագրութիւնը պիտի գրէ կողակիցը՝ Խոսէ Ռիվերա, որ բեմագիրն է առասպելական Չէ Կեւարայի կեանքը պատմող ժապաւէնին։ Բեմադրիչն է հնդիկ Շեխար Քափուր, որ Օսքարի թեկնածուներու շարքին է իր «Էլիզապեթ» ժապաւէնով.  նկարահանումները պիտի սկսին այս տարուան վերջաւորութեան։ Ուզեցինք, որ Սոնային պատմութիւնն ու այս ժապաւէնը պատրաստելու պատճառները լսէք, ճիշդ ալ Անատոլուի մեծ սիրահար՝ Հրանդ Տինքին մահուան վեցերորդ տարելիցի այս օրերուն։  Ուզեցինք, որ զայրանաք, ցաւիք, ճանչնաք, տեսնէք Հրանդին պատմած նշանաւոր «Ճեղքը գտած ջուրը» եւ սիրէք։

Հարցում.– Քանի՞ տարեկան էիք, երբ տեղեկացաք 1915-ի պատահարներուն մասին։

Պատասխան.- Անցեալները ինծի վերաբերող պատմութիւն մը լսեցի։ Հինգ տարեկանիս Հալէպ կը գտնուէինք, եւ քոյրս երեք տարեկան էր եւ տակաւին չէր մկրտուած. եւ ճիշդ այս պատճառով զինք բարկացնելու համար, «դուն թուրք ես» կ’ըսեմ եղեր. զարմիկէս լսեցի այս պատմութիւնը. այսինքն այս նիւթին կապուած գիտակցութիւնս շատ կանուխէն է։

Հ.- Ձեր ծնողները հալէպցի են, իսկ դուք Ամերիկա ծնած եւ մեծցած էք, այդպէս չէ՞։

Պ.- Այո, այդ պատճառով կեանքս միշտ երկու աշխարհներու միջեւ բաժնուեցաւ։ Ամառուան արձակուրդներս Հալէպի գիւղերէն մէկուն մէջ, մօրս ընտանիքին մօտ կ’անցընէի։ Հալէպ ապրող մօրս մօրաքոյրը շատ զգայուն էր հայոց պատմութեան եւ Ցեղասպանութեան նիւթերուն առնչութեամբ. շատ պատմութիւններ լսած եմ անկէ։

Հ.- Փրկուածներէ՞ն էր ան։

Պ.- Հայրն ու մայրը, այսինքն իմ մեծ հօրս եւ մեծ մօրս ծնողները այդ շրջանին Այնթապ կ’ապրին եղեր։ Հալէպ փախչելով՝ կը փրկուին ցեղասպանութենէն։ Ես շատ հետաքրքիր մանուկ եղած եմ. հարցումներուս ամենաճիշդ պատասխանը կ’առնէի մօրաքոյրէս։ Ամենամեծ հարցումս կ’ըլլար՝ «Մենք հայ ենք, ինչո՞ւ Հալէպ կը գտնուինք, ինչո՞ւ մեր շուրջը արաբներ կան». ան ալ կը ջանար պատասխաններ գտնել. սակայն վերջաւորութեան, ամառուան արձակուրդս կը վերջանար, եւ ես ստիպուած՝ կը վերադառնայի Ինտիանա։ Վերամուտին առաջին օրը կը խառնշտկէի պատմութեան գիրքը, որպէսզի ամբողջացնեմ մօրաքրոջս պատմածները. եւ անշուշտ տող մը իսկ չէի գտներ. կը մատնուէի տարակուսանքի։

Հ.- Ձեր մօրաքրո՞ջ պատմածներէն։

Պ.- Ո՛չ, անիկա առնչուած է ամերիկացիներուն պատմութիւնը մեկնաբանելուն հետ, որովհետեւ ընտանիքիս ապրածներուն հետ կապուած առարկայական փաստեր կը տեսնէի. ընտանիքիս մէկ մասին Սուրիոյ մէջ մնացած ըլլալն իսկ բաւարար էր։ Առտու մը, Այնթապի իրենց տունը լքելով, ապաստանած էին Հալէպ քաղաքը։ Ուրիշ փաստ մըն էր, օրինակ, մեծ մօրս մօրը եւ մեծ հօրս բնաւ հայերէն չիմանալը։ Հօրս ընտանիքը ուրֆացի եղած է. զանոնք հաւանական պատահելիքներուն մասին նախազգուշացնողները եղած են իրենց թուրք բարեկամները, եւ ժամանակին փախչելով՝ փրկուած են։

Հ.- Երբ այս տեղեկութիւնները կը կուտակուէին ձեր գլխուն մէջ, դուք ի՞նչ փոփոխութիւններ կրեցիք։

Պ.- Երկար ժամանակ հարցեր ունեցայ հայկական ինքնութեանս հետ, որովհետեւ, խորքին մէջ իսկական ամերիկացի մըն էի տարուան մեծ մասը. յետոյ Հալէպ կ’երթայի, ուր արգիլուած էր կարճ տաբատ հագուելով հանգստօրէն պտտիլ. Այդ պատճառով կ’ատէինք Հալէպ երթալ. սակայն մայրս ամբողջ ձմեռը կ’անցընէր այնտեղի իր ազգականները տեսնելու երազով։ Այդ պատճառով կ’երթայինք, եւ ես այդ միջոցին կ’ըլլայի ամերիկացի մը, կ’ըմբոստանայի. իսկ երբ դպրոց վերադառնայի, հաստ եւ սեւ յօնքերով, աղուամազով եւ տարօրինակ անունով հայ աղջկան մը կը վերածուէի. այդ պատճառով կ’ատէի հայ  ըլլալս, որովհետեւ աչքերը ուղղուած էին վրաս. մանուկ մը կ’ուզէ պատկանելիութիւն ունենալ, ես որեւէ տեղի չէի պատկաներ։

Հ.- Ձեր հայրն ու մայրը ի՞նչ կը պատմէին 1915-ի մասին։

Պ.- Այս նիւթը թապու մը չէր, սակայն եթէ ես նիւթը չբանայի (որ յաճախանքի վերածած էի որոշ ժամանակ մը), իրենք չէին բանար։ Սակայն տուած բոլոր հարցումներուս միշտ արդարօրէն պատասխանած են։ Մեծ էր հօրս եւ մօրս սէրը Թուրքիոյ եւ անոր մշակոյթին հանդէպ, տարիներով, դպրոցի ճամբուն վրայ, ստիպուած եղած եմ ինքնաշարժին մէջ Զեքի Միւրեն լսելու. գլխացաւ կ’ունենայի. մայրս մինչեւ այսօր արբանեակային թրքական կայաններուն եւ դիպաշարերուն կը հետեւի։ Տան մէջ թուրք երգիչի մը ձայնը կը լսէի, մինչ ձեռքս կ’ըլլար Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրք մը։

Հ.- Ձեր մայրը՝ Թուրքիոյ հիացող մը, Ցեղասպանութիւնը ինչպէ՞ս կը պատմէր ձեզի։

Պ.- Շատ պարզ. երբեմն, «Այո՛, մեզի հանդէպ շատ չարիք գործած են», կ’ըսէր եւ ինծի հետ կը զայրանար. յետոյ կը սկսէր գովելու Անատոլուի մարդը, ճաշը, հողը. կը կարծեմ, որ շնորհիւ իրեն սորվեցայ, թէ պետութեան մը գործած չարիքը պէտք չէ բեռցնել այդ պետութեան մէջ ապրող մարդոց վրայ, իսկ որեւէ տեղ չպատկանելու զգացումը տեսայ համալսարանի, դասախօսիս՝ Մայա Անքելուի մօտ. տեսայ, թէ ինչե՛ր ապրած էր Ամերիկայի մէջ իբրեւ սեւամորթ։ Օր մը, դարձեալ, երբ իր առաջարկած մէկ գիրքը կը փնտռէի գրավաճառին մօտ, տեսայ ամերիկահայ գրող Փիթըր Պալագեանին գիրքը. ընթերցումիս աւարտին սաստիկ զայրոյթի եւ ազգայնականութեան հոսանքի մը բռնուած էի։

Հ.- Ինչպէ՞ս էր։

Պ.- Շարունակ կը կրկնէի՝ «Ասիկա ինչպէ՞ս կրցան ընել մեզի», «Տակաւին ինչպէ՞ս կրնան ուրանալ, եւ զլանալ նոյնիսկ ներողութիւն մը», զայրոյթս թէ՛ Թուրքիոյ հանդէպ էր եւ թէ՛ Ամերիկայի, որ զանազան հաշիւներով ձայն չէր հաներ Թուրքիոյ ուրացումի քաղաքականութեան դէմ։  Որոշ ժամանակ ետք, կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստան այցելեցի, ժապաւէնի մը նկարահանման համար. Չեմ կրնար պատմել, թէ ինքզինքս որքան օտար զգացած էի հոն. ո՛չ ճաշերը, ո՛չ ճարտարապետութիւնը, ո՛չ ալ երաժշտութիւնը իմ գիտցածիս նման էին. դարձեալ օտարական մըն էի, այն ալ Հայաստան կոչուած երկրի մը մէջ՝ իբրեւ հայ։ Սակայն հոն ծանօթացայ Միշլին Ահարոնեանի գիրքին, որ կը կոչուէր «Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ», որուն մէջ կը պատմուէր Հայոց ցեղասպանութիւնը սքանչելի կառուցուածքով եւ լեզուով. կախարդական էր, մահամերձ մանուկ մը կ’երեւակայէր, թէ ինչպիսի՛ կեանք մը կ’ունենար, եթէ զինք թուրք կամ քիւրտ մը ազատեր։ Անմիջապէս ծանօթացայ գրողին հետ։

Հ.- Գիրքը ժապաւէնի պիտի յարմարցնէք եւ արտադրէք, այդպէս չէ՞:

Պ.- Այո՛, գիրքը կարդալէս ետք ստիպեցի, որ ամուսինս՝ Խոսէ Ռիվերան ալ զայն կարդայ. Ան ալ շատ ազդուեցաւ եւ գիրքը վերածեց ժապաւէնի բեմագրութեան. այդ բեմագրութիւնը ղրկեցինք Հնդկաստան, մեր բարեկամ բեմադրիչ Շեխար Քափուրին։ Այս միջոցին, հեղինակին՝ Միշլինին հետ թէ՛ հոգեկան եւ թէ՛ ֆիզիքական ճամբորդութեան մը ելանք։

Հ.- Ինչպիսի՞։

Պ.- Միասնաբար այցելեցինք Տէր Զօր եւ Ռաս ուլ Այն. հոն դէմ յանդիման եկայ նախնիներուս ոսկորներուն հետ. բառին իսկական առումով կ’ըսեմ, հողէն ոսկորներ կը ցցուին տակաւին. ահաւասիկ այդ պահուն որոշեցի երթալ Թուրքիա, Խարբերդ քաղաքը, ուր սկիզբ կ’առնէ պատմութիւնը։

Հ.- Եւ տակաւին մե՞ծ է ձեր զայրոյթը։

Պ.- Եւ թէ ինչպէ՜ս. քարտէսին վրայ Ուրֆան, Այնթապն ու Խարբերդը ինծի պարզապէս կը յիշեցնէին իրենց վախազդեցիկ ժապաւէնները։ Ի վերջոյ, Միշլինը, ամուսինս ու ես ինքնաշարժ մը վարձելով՝ ուղղուեցանք դէպի Վան, Տողուպայազիտ եւ Խարբերդ եւ այդ զայրոյթը վերածուեցաւ տարօրինակ բանի մը։

Հ.- Ի՞նչ բանի։

Պ.- Գիշեր մը Տողուպայազիտի մէջ մեր ծանօթացած քիւրտերուն հետ թէյ կը խմէինք. մէջերնէն մէկը ինծի դառնալով՝ «Ինչո՞ւ մեզ լքեցիք, երանի թէ չերթայիք», ըսաւ. ի՛նչ պատասխանելս չգիտցայ, այդ վայրկեանին անդրադարձայ, որ այս հողերուն կը պատկանէի, թէ՝ որքա՛ն ծանօթ էին ինծի թրքերէնն ու ճաշերը։ Երբ Խարբերդ հասանք, անմոռանալի դէպք մը եւս ապրեցայ. հնավաճառի մը խանութը մտած էինք,  խանութպանը ինծի ակնարկելով, հարցուց մեր թարգմանին՝ «Ան այստեղացի չէ՞», երբ պատճառը հարցուցի, ըսաւ՝ «Որովհետեւ աչքերուդ մէջ Անատոլու կայ». երբ գիտցաւ, որ հայ ենք, շարունակեց «Անատոլուն ընտանիքի մը անունն է. մեր գլխուն եկածները ընտանիքին կոտորակուիլն էր, սակայն ասիկա չի փոխեր այն իրականութիւնը, որ տակաւին ընտանիք ենք»։ Թուրքիոյ հանդէպ զայրոյթս այդ վայրկեանին նուազեցաւ, այս անգամ ի՛մ համայնքիս հանդէպ սկսայ ջղայնանալ։

Հ.- Ինչո՞ւ։

Պ.- Որովհետեւ հայկական սփիւռքը կը յամառի այսպիսի հոգեկան ճամբորդութեան չելլելու, իրենց սիրտերը փակ պահելու եւ տեւական զոհ երեւելու դիւրին միջոցին. այսուհանդերձ, շատ ալ չեմ կրնար մեղադրել զիրենք, որովհետեւ դիւրին ճամբորդութիւն մը չէ այս։ Պէտք է հասկնան, որ Անատոլուին եւ թուրքերուն հետ հաշտուիլ՝ չի նշանակեր մոռնալ Ցեղասպանութիւնը կամ հաւանութիւն տալ թուրք պետութեան ուրացում քաղաքականութեան։ Հայկական սփիւռքը եթէ առնէ այս քայլը, նախ եւ առաջ յարգած կ’ըլլայ իր մշակոյթն ու պատմութիւնը. սակայն անոնց աչքին ամէն բան դրուած է զիջում առնել կամ տալու կշիռքին վրայ, ա՛յս է իմ բարկութեանս պատճառը։

Հ.- Ի՞նչ պիտի զգաք, եթէ թուրք պետութիւնը ընդունի Ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրէ։

Պ.- Սփոփանք. եթէ շարունակէ ասիկա չընել… չեմ գիտեր։ Իբրեւ հայ՝ ես կարիքը չունիմ, որ Թուրքիան «Ցեղասպանութիւն եղած է» ըսէ. ա՛յս է, որ կը ջանամ սփիւռքին հասկցնել. անոնք երբ կը յամառին, որ անպայման լսեն այս նախադասութիւնը, խորքին  մէջ թուրք պետութիւնը մղած կ’ըլլան աւելի՛ զօրաւոր դիրքի, որովհետեւ թուրքին ըսած կ’ըլլան հետեւեալը. «Այնքան ատեն որ Ցեղասպանութիւնը չես ընդունած, ես չեմ կրնար ապաքինիլ»։ Հայ ազգայնականներուն հոգեբանութիւնը հիմնուած է զոհ երեւելու եւ ցաւի վրայ։ Սակայն թուրք ազգայնականներուն վիճակը եւս ծայր աստիճան ցաւալի է։

Հ.- Ինչպէ՞ս։

Պ.- Իրականութիւններէն փախուստ տալով՝ կը զառանցեն ուրացումով, տասնեակ տարիներէ ի վեր. այս մէկն ալ ցաւալի եւ շատ յոգնեցուցիչ չէ՞. որքա՞ն կրնաս շարունակել այս ընթացքը… Կարծեմ դժուար կէտի մը վրայ կանգնած եմ. հայկական սփիւռքը զիս կը մեղադրէ այսպիսի ժապաւէն մը ծրագրելուս համար եւ կ’աւելցնէ՝ «Ամօթալի է Թուրքիոյ հետ հաշտուելու ջանքերդ»։ Վստահ եմ՝ թուրքերն ալ զիս պիտի մեղադրեն Ցեղասպանութեան իրողութիւնը պատմելուս համար. սակայն ճիշդ այս պատճառով կը կարծեմ, թէ կարեւոր է այս ժապաւէնը. Հայոց ցեղասպանութեան «Շինտլերի ցանկը» պիտի ըլլայ։ Չարերու կողքին բարիներ ալ պիտի ըլլան. գազաններու կողքին պիտի ըլլան բարեսիրտ մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը վտանգած են փրկելու համար իրենց դրացին։ Ասիկա Ա. Համաշխարհային պատերազմի շրջանին պատմութիւնն է թուրքերուն, հայերուն եւ քիւրտերուն, այսինքն՝ Անատոլուին։

Հ.- Ինչպիսի՞ ժապաւէն մը պիտի ըլլայ։

Պ.- «Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ» գիրքին հեղինակ Միշլին Ահարոնեան-Մարքոմ գրած է այս գիրքը՝ ներշնչուելով իր մեծ մօր կեանքի իսկական պատմութենէն։ Իր մեծ մայրը փրկուած է շնորհիւ հօրը թուրք բարեկամին. Եւ դարձեալ այդ շրջանին գտնուած են հայեր, որոնք ծախած են զիրար. անոնք ալ տեղ պիտի ունենան ժապաւէնին մէջ. այսինքն ասիկա միմիայն հայերուն պատահածներուն մասին պիտի չըլլայ, այլ մարդ արարածին ինչերու կարող ըլլալուն մասին է. չեմ գիտեր, եթէ կրցայ կենդանացնել ձեր աչքին։

 

You May Also Like