Սումգայիթէն Գանձակ, Պաքուէն Խոճալու

Մինաս Գոճայեան, Խմբագրական՝ «Նոր Օր»ի, Լոս Անճելըս, 11 Փետրուար 2010

Ամէն անգամ երբ ազերի թուրքերը փողոց կ՝իջնան կամ ՄԱԿ-ի ամբիոններէն ելոյթի առիթներ կ՝ունենան, աշխարհի աչքին փոշի ցանելու մտօք՝ հայերը ցոյց կու տան (կը փորձեն ցոյց տալ) որպէս արիւնարբու ճիւաղներ, որոնք Ղարաբաղի Խոճալու աւանին մէջ իբր մի քանի հարիւր ”անմեղ” ու ”անկար” ազերի աշխատաւորներ ու գիւղացիներ են ջարդած՝ ծերեր, կանայք, մանուկներ, որոնք կը փորձէին հայկական տեղատարափ ռմբակոծութիւններէն կամ արիւնռուշտ վրէժխնդրութենէն ազատիլ…

Մինաս Գոճայեան, Խմբագրական՝ «Նոր Օր»ի, Լոս Անճելըս, 11 Փետրուար 2010

Ամէն անգամ երբ ազերի թուրքերը փողոց կ՝իջնան կամ ՄԱԿ-ի ամբիոններէն ելոյթի առիթներ կ՝ունենան, աշխարհի աչքին փոշի ցանելու մտօք՝ հայերը ցոյց կու տան (կը փորձեն ցոյց տալ) որպէս արիւնարբու ճիւաղներ, որոնք Ղարաբաղի Խոճալու աւանին մէջ իբր մի քանի հարիւր ”անմեղ” ու ”անկար” ազերի աշխատաւորներ ու գիւղացիներ են ջարդած՝ ծերեր, կանայք, մանուկներ, որոնք կը փորձէին հայկական տեղատարափ ռմբակոծութիւններէն կամ արիւնռուշտ վրէժխնդրութենէն ազատիլ…

Ցաւոք սրտի Խոճալուի մէջ սպանուեցան անմեղ մարդիկ – պատերազմներու ժամանակ թշնամիները իրարու մեղր ու կարագ չեն բաժներ: Ազերի թուրք հրամանատարութիւնը իր ապիկարութեան ու յետին նպատակներուն մէջ փնտռելու է իւրայիններու կորուստին պատճառները:

Այս պատերազմը մենք՝ հայերս չէ որ ուզեցինք, մանաւանդ որ մենք շատ լաւ կը գիտակցէինք թէ Խորհրդային Մոսկուան զով կրնար պաշտպանել – ի հարկէ քարիւղով հարուստ Ատրպէյճանը, որուն ղեկավարներուն նուիրած ադամանդակուռ մատանիները կը զարդարէին Կրեմլինի ”պոսերուն” մատներն ու անոնց հոմանուհիներուն հոլանի վիզերն ու թեւերը…

Այս պատերազմը մենք՝ հայերս չէ որ ուզեցինք, որովհետեւ մեր զինական ուժը կը բաղկանար ճղճիմ զէնքերէ ու քանի մը հնադարեայ ”օդանաւներէ” ու զրահապատ կառքերէ…:
 
Արար աշխարհի, չտեսնել ուզող “քաղաքակիրթ” արեւմտեան աշխարհի ու Մոսկուայի աչքին առջեւ միշտ նախընտրեալ Ատրպէյճանը, հայկական արդար պահանջքներուն պատասխանեց Սումգայիթի վայրագ ջարդերով, բռնարարքներով ու բռնաբարութիւններով, որոնք կը վայելէին թուրք-ազերի “խորհրդային” պետութեան հովանաւորութիւնը:

Վայրագութիւններն ու հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնները ծայր առին Պաքուի մէջ. տասնամեակներէ ի վեր արդար քրտինքով տուն տեղ եղած պաքուահայեր մէկ օրէն միւսը անտուն մնացին՝ ամէն ինչ կորսնցնելով ու մարդկային ծանր կորուստներ տալով:

Դարձեալ ոչ ոք բռնեց ոճրագործին ձեռքը, եթէ չհաշուենք կէս բերան ու շշուկով ըսուած արեւմտեան երկիրներու պետական այրերու հաշտեցում հոտող խօսքերը, որոնք շուտով լռեցին Մոսկուայի յիշեցումներուն վրայ թէ կատարուածները ներքին հարցեր են եւ ուրիշ պետութիւններ պէտք չէ խառնուին Միութեան ներքին խնդիրներուն:

Կռիւները խորացան ու վերածուեցան սահմանային եւ ինքնորոշման լուրջ բախումներու. իսկ ատրպէյճանական բռնարարքներն ու վայրագութիւնները ա՛լ աւելի կատաղի դարձան: Բայց եկուր տես որ այն պահէն սկսեալ, երբ հայկական ջոկատները ակռայի դէմ ակռայ եւ աչքի դէմ աչք սկսան հանել, արեւմտեան համրացած բերանները բացուեցան. ամէն օր Ղարաբաղի անձնատուր ըլլալու լուրերուն ակնդէտ սպասողներն ու փափաքողները զգաստութեան հրաւիրելէ շատ հեռուն երթալով՝ հայկական կողմը քննադատեցին Խոճալու դէպքերէն ետք:

Ատրպէյճանի քարիւղի պաշարներէն իւղոտ բաժիններ կորզելու մոլուցքով տարուած արեւմտեան պետութիւնները յօնքերնին վեր բարձրացուցին ու խեթ աչքով նայեցան հայկական “գրաւումներուն” (մեզի համար՝ ազատագրում) վրայ: Մեր իսկ ապրած երկրի՝ ԱՄՆ-ի պետական այրերը, սկսելով Սպիտակ Տան վարչութեան անդամներէն, ետեւ ետեւի պատուիրակներ ղրկեցին Նախ. Լ. Տէր Պետրոսեանի մօտ, ընդգծելով սահմաններու ամբողջականութեան ՄԱԿ-ի սկզբունքը, եւ սկսան աղաղակել ”հայկական նախայարձակումներու” մասին (aggression) ու սպառնացին տնտեսական ու քաղաքական շրջափակումներով:

Յիշենք Քելպաճարի (այսօր՝ Քարվաճառ) հերոսական մաքրագործումէն ու ազատագրումէն ետք ԱՄՆ-ի Պետ. Քարտուղար (Արտգործ նախարար) Քրիսթոֆըր Ուոլքըրի իրարանցումը:

Սումգայիթէն Պաքու, Գետաշէնէն Մարտունի եւ Խոճալու հազարաւոր անմեղ հայերու արիւն թափիլը տեսած մեր երիտասարդներէն շատեր զինեալ ջոկատներու միացան՝ իրենց աչքերուն առջեւ ունենալով թարմ յիշողութիւնները իրենց ազգակիցներուն ու հարազատներուն գազանաբարոյ սպանութիւններուն: Թուրք-ազերին քաջ պէտք է գիտնար թէ արիւնին արիւնով կը պատասխանեն մարդիկ, որովհետեւ “ամբոխները խելագարուած են” այլեւս եւ արիւնարբուին ձեռքը բռնելու միակ միջոցը, դժբախտաբար, իր նման վարուիլն է: Իտէալիստներ ու մարդասէրներ պէտք չէ փնտռել կէտէ մը անդին եւ ոչ ալ կրաւորական հոգեւորականներու ու կեղծ մարդասէրներու ականջ դնող գառնուկներ:

Զարմանալին այն է, որ իր սեւ հարստութեան վրայ յոյսը դրած Ատրպէյճանի “ռազմատենչիկ” ու ամբարտաւան նախագահը առիթը չի փախցներ արիւն թափելու մասին բարբաջելու: Արիւնին արիւնով կը պատասխանեն: Սումգայիթէն Գանձակ, Պաքու, Շահումեանի շրջան եւ այլուր մեր տեսածներն ու ապրածները լաւ դաս մը սորվեցուցած են մեզի:

Ով աչք ունի թող տեսնէ, ով ականջ ունի՝ թող լսէ:

 

You May Also Like