Սումկայիթի Ջարդերու 25-ամեակ

Բողոքի Ցոյց  Ատրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ, Պուէնոս Այրէս

1 Մարտ 2013

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («Արմենիա» թերթ).- Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երիտասարդներու կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Մարտ 1-ի երեկոյեան բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի մօտ երեք տարի առաջ հաստատուած Ատրպէյճանի Դեսպանատան առջեւ, Սումկայիթի ջարդերու 25 ամեակի առիթով։

Համախմբուած ցուցարարները, որոնց կարգին մեծ թիւով երիտասարդներ եւ հայ համայնքի անդամներ, ինչպէս նաեւ Մարդկային Իրաւանց արժանթինեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, արդարութիւն պահանջեցին Ատրպէյճանի իշխանութեան՝ դատապարտելով 25 տարի առաջ կատարուած ողբերգալի իրադարձութիւնները, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն պահանջելով Կովկասի շրջանին մէջ։ Ատրպէյճանի կառավարութենէն նոյնպէս պահանջուեցաւ շրջանին մէջ պատերազմը վերակենդանացնելու սպառնալիքը դադրեցնել, եւ անոր կապակցաբար նաե՛ւ վերջ տալ հայերու դէմ այլատեաց եւ ցեղապաշտ դիրքորոշումին, որու գագաթնակէտը հասաւ անցեալ տարի, երբ Ատրպէյճանի Նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ հրապարակայնօրէն յայտարարեց թէ «մեր թիւ մէկ թշնամիներն են համայն աշխարհի հայերը»։

Սումկայիթի կոտորածները տեղի ունեցան 1988 թուականի Փետրուար 26-էն 28, երբ տեղւոյն հայ բնակչութիւնը զոհ դարձաւ ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ դրդուած հայատեաց քարոզչութեան։ Սակայն այդ սարսափը շուտով տարածուեցաւ Ատրպէյճանի այլ քաղաքներ, որոնց կարգին Պաքու եւ Կիրովապատ։ Իշխանութիւններու մեղսակցութեամբ, ոճրագործները հետեւեցան 1915 թուականին Թուրք-Օսմանեան կառավարութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրուած քայլերուն։ Սումկայիթի ահաւոր դէպքերը Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ձայնը ճնշելու փորձ մը եղաւ։ Սոյն կոտորածներու նախորդող օրերուն հայերը սովետական իշխանութիւններէն պահանջած էին ինքնորոշման իրաւունք եւ Լեռնային Ղարաբաղի կցումը՝ Հայաստանին։

You May Also Like