Զաւէն Խանճեան, 20 Դեկտեմբեր 2011
…Առասպելնե՜ր, շա՜տ շա՜տ
«Ու ռազմակոչերը՝ հեռո՜ւ հեռո՜ւ նստած անոնց կողմէ,
որոնք իշխանութեան ու գիտութեան քղամիդը իրենց ուսերուն,
բայց աւելի շատ սուտի ու կեղծիքի մասնագիտութեամբ թրծուած,
գիտեն խեղաթիւրել բառերն ու եզրերը,
չարաշահել զանգուածներու ու ժողովուրդներու միամտութիւնն ու
զգայնութիւնը, և իրենց մէկ հատիկ ծխախոտի գլանիկին համար…
կրակի տալ իրենց զոհերուն տունն ու օճախը»:
Երուանդ Քասունի
Ծրագրեցի՜ն,
հրահրեցի՜ն,
ֆինանսաւորեցին,
մատակարարեցին,
զինեցին,
և երբ պետութիւն, ապահովութեան ոյժեր և բանակ, հետապնդեցին ոճրագործներն, ահաբեկիչներն ու խափանարարները՝ երկրին ու ժողովուրդին անդորրութիւնը ապահովելու և անվտանգութիւնը երաշխաւորելու, դաւադիրներն ու անոնց Արաբական Ծոցի «ամմին»ներն ու Արևմուտքի «անքըլ»ները արդէն պատրաստ էին ամենաբարձր փողերով իսկ գա՜յլ գա՜յլ գոռալու: Այնքա՜ն գոռացին ամենուր, որ այլևս իրենք իսկ երջանկաբեր գոհունակութեամբ մը հաւատացին թէ յաջողութեան ճանապարհին են:
Զաւէն Խանճեան, 20 Դեկտեմբեր 2011
…Առասպելնե՜ր, շա՜տ շա՜տ
«Ու ռազմակոչերը՝ հեռո՜ւ հեռո՜ւ նստած անոնց կողմէ,
որոնք իշխանութեան ու գիտութեան քղամիդը իրենց ուսերուն,
բայց աւելի շատ սուտի ու կեղծիքի մասնագիտութեամբ թրծուած,
գիտեն խեղաթիւրել բառերն ու եզրերը,
չարաշահել զանգուածներու ու ժողովուրդներու միամտութիւնն ու
զգայնութիւնը, և իրենց մէկ հատիկ ծխախոտի գլանիկին համար…
կրակի տալ իրենց զոհերուն տունն ու օճախը»:
Երուանդ Քասունի
Ծրագրեցի՜ն,
հրահրեցի՜ն,
ֆինանսաւորեցին,
մատակարարեցին,
զինեցին,
և երբ պետութիւն, ապահովութեան ոյժեր և բանակ, հետապնդեցին ոճրագործներն, ահաբեկիչներն ու խափանարարները՝ երկրին ու ժողովուրդին անդորրութիւնը ապահովելու և անվտանգութիւնը երաշխաւորելու, դաւադիրներն ու անոնց Արաբական Ծոցի «ամմին»ներն ու Արևմուտքի «անքըլ»ները արդէն պատրաստ էին ամենաբարձր փողերով իսկ գա՜յլ գա՜յլ գոռալու: Այնքա՜ն գոռացին ամենուր, որ այլևս իրենք իսկ երջանկաբեր գոհունակութեամբ մը հաւատացին թէ յաջողութեան ճանապարհին են:
Քաղաքական վերլուծումի փորձ մը չէ այս մրոտումը: Այդ կը թողում քաղաքական մեկնաբաններու: Ճշմարտութեան պրպտում մըն է այս, յենած ծննդավայրիս հետ ունեցած ուղղակի կապերու, խաւարումէն դուրս գտնուած սուրիական համացանցային աղբիւրներու և Սուրիոյ մէջ ծնած, մեծցած և ապրած ըլլալու փորձառութեանս:
Աճապարեմ հաստատելու թէ Սուրիան, արևմտեան հասկացողութեամբ ժողովրդավար երկիր մը չէ և անկախութեան թուականէն սկսեալ, մօտ 66 տարիներէ իվեր հազիւ մատի վրայ համրուած տարիներ անցած է այդ հասկացողութեամբ փորձառութենէ մը: Իմ սերունդս ապրեցաւ Սուրիոյ անկախութեան տարիներու առաջին 20ամեակի անկայուն փորձառութիւնը: Գրաւուած պետական ռատիօկայանէ մը սփռուած «Հաղորդագրութիւն Թիւ Մէկ»ի ցնցումները, աշխարհա-և-պատմաքաղաքական շրջանային այլ պայմաններու, դէպքերու և իրադարձութիւններու զուգահեռ, արդէն պարպեցին երկիրը 50ական և 60ական թուականներուն, իր զարգացած և ստեղծագործ տարրի կարևոր մէկ տոկոսէն: Հայ թէ բնիկ արաբ տարրէն:
60ական թուականներու երկրորդ կէսին, երկիրը ապրեցաւ անկախութեան շրջանի ամենաաղետաւոր ժամանակաշրջանը: Առաջնորդութեամբ երեք տխրահռչակ պաասիսթ կուսակցական Տոքթորներու՝ նախագահ Աթասիի, վարչապետ Զըայենի և արտաքին գործոց նախարար Մախոսի, Սուրիա ապրեցաւ իր յետանկախութեան ամենաանփառունակ շրջանը՝ կորսնցնելով Կոլանի բարձունքները 1967ի իսրայէլեան նախայարձակ պատերազմին և յառաջ քշելով ծայրայեղ ու կոյր ազգայնական քաղաքականութիւն մը ուր արաբական մշակոյթի միահեծան կշռոյթին տակ թաղուեցաւ այդքան գնահատուած և յատկանշական բնոյթ ունեցող բազմամշակութային կառոյցը արաբական աշխարհի փափախող սիրտը հանդիսացող այս աննման երկրին մէջ:
Եւ եկաւ 1970ի Հաֆեզ Ասատեան իշխանութեան փրկութիւնը իր հետ բերելով 30 երկար տարիներու քաղաքական անդորրութեան և կայունութեան շրջան մը, որու խաղաղ հովանիին տակ ծաղկեցաւ Սուրիոյ տնտեսութիւնը: Համալսարանական լայն և բազմաճիւղային ցանցի մը ստեղծումով և տարածումով, աննախընթաց կերպով զարգացաւ անոր կրթական համակարգը: Կրկին թափ առաւ նասերական շրջանի ընթացքին ազգայնացուած ազատ ճարտարարուեստը: Եփրատեան ամբարտակի շինարարութեամբ և Ասատեան լիճի կազմումով, բարեբեր յեղաշրջումի ենթարկուեցաւ երկրի տնտեսութեան ամրակուռ պատուանդան հանդիսացող հողագործութիւնն, երկրագործութիւնն ու գիւղատնտեսութիւնը: Այս բոլորը սուրիացի ժողովուրդին պարգևեցին յարաբերական բարօր կեանք, բարձր կրթութեան բախտառիթ պատեհութուն, ազգային ջերմ գիտացութիւն և զարգացած երկիրներու կարգին դասուելու հետամտութեամբ՝ արդար հպարտութիւն:
Իսրայէլեան ճակատի վրայ ամօթալի պարտութիւններու շղթայ մը ապրող Արաբական աշխարհը՝ Ասատեան իշխանութեան՝ Սատաթեան Եգիպտոսի հետ միասնաբար շղթայազերծած 1973ի պատերազմով, անգամի մը համար գոնէ, բարձրացուց արաբական աշխարհի ճակատը, հպարտութիւն առթող յաղթանակով մը, որու ընթացքին, իսրայէլեան ողբերգական ճակատագիրը կասեցաւ միայն Միացեալ Նահանգներու ռազմական միջամտութեան սպառնալիքով:

Զարգացման անիւի հոլովոյթը չի կասիր: Մարդկային պատմութեան անիւի հոլովոյթին ամենատարրական օրէնքն է այդ: Եւ առ այդ, Սուրիան իր կարգին, երկար ճանապարհ ունի կտրելիք, քայլ պահելու համար մարդկային յառաջդիմութեան գնացքին, մանաւանդ ժողովրդավարական իշխանութեան մարզին մէջ:
Սակայն այն ինչ որ այսօր կը կատարուի Սուրիոյ մէջ այնքա՜ն հեռու է ժողովրդավարական կարգերու հաստատման այսպէս կոչուած կեղծաւոր բարի միտումէն, որքան որ գայլը հեռու է ոչխարներու հօտի մը հետ հաշտ ապրելու խոստումէն:
Մօտ ութ ամիսէ իվեր, «արաբական գարուն» կոչուած պատրանքին տակ, մութ նկուղներու մէջ ծրագրուած ճիւաղային դաւադրութիւն մը՝ ներքին ճակատի վրայ առատապէս վարձատրուած դժխեմ ոճրագործներու ձեռքով և սահմանակից երկիրներէ փախցուած զինամթերքով յաջողած է խախտել 40 տարիներու վրայ երկարած նախանձելի խաղաղութիւնը՝ քաղաքակրթութեան օրրան, արաբական ազգայնականութեան խարիսխ և սիոնական ծաւալումի դիմադրութեան ռահվիրայ սուրիական աշխարհին մէջ:
Ազատութեան և ժողովրդավարական կարգերու հաստատման կեղծ և ստին դիմակներու ներքև պահուըտած վարձկաններու վոհմակներ իրենց «պաշտած» երկրին և ժողովուրդին հանդէպ սառնօրէն անտարբեր՝
-բազմիցս ահաբեկեցին երկիրը տնտեսապէս շաղկապող երկաթուղագիծը
-շարունակաբար պայթեցուցին դէպի զտարան կամ արտածման ելք քարիւղ փոխադրող խողովակները
-առևանգեցին հիւանդ կամ վիրաւոր փոխադրող ո՛չ պետական շտապ օգնութեան փոխադրակառքերը
-անգութօրէն սպաննեցին սուրիական օդոյժի գերմարզուած օդաչուներ
-յստակօրէն ծրագրուած և սադայելական միտումով երկրի դիմադրութիւնը ջլատելու մտադրութեամբ՝ ահաբեկեցին յատուկ կերպով թիրախ դարձուած աւագանի մը՝ բանակի մէջ աշխատող գիտնականներու, մասնագէտներու, բժիշկներու և կրթութեան դաշտի մէջ ծառայող ուսուցիչներու և տնօրէններու
-ահաբեկեցին սուրիական բանակի և ապահովութեան ոյժերու ջոկատներ՝ սպաննելով հայրենիքի ծառայութեան մէջ գտնուող հազարէ աւելի երիտասարդ հայրեր, ամուսիններ կամ զաւակներ:
Ազատ աշխարհի ազատ մամուլի մէջ սակայն այս բոլոր ոճիրներու արձագանգը անգոյ է: Ճշմարտութիւնը քօղարկուած է իսկ իրականութիւնը ընդհանրապէս խեղաթիւրուած: Մեզի հրամցուածը՝ առասպելներու գործարանէն, ամէն օր, ամէն ժամ, ամէն վայրկեան արտադրուած սուտն ու կեղծիքն է որ կը հասնի մեզի մեր շնչած օդին հետ և օդին չափ առատ ծայրայեղութեամբ՝ տարածուած զանազան և զարմանազան միջոցներով:
Կասկած չկայ թէ դաւադրութեան դէմ պայքարելու հոլովոյթի ընթացքին ինկած եղան անմեղ զոհեր որոնց անդարմանելի կորուստը կը սգայ այս տագնապէն տառապող ամէն անհատ: Յիշեցնել պէ՞տք է սակայն որ իր իրաքեան արկածախնդրութեան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախայարձակ պատերազմի պատճառած հարիւր հազարներով սպաննուած իրաքցի քաղաքացիները պարզապէս և պաղարիւնութեամբ որակուեցան collateral damage:
Հակառակ զաւեշտի նմանող պատճառաբանութեամբ և փութով երկրին և ժողովուրդին վրայ բանեցուած խայթիչ պատժամիջոցներուն, մինչև այսօր սուրիացի ժողովուրդն և իշխանութիւնը կը մնան անխախտ: Հերոսական Սուրիան կը տոկայ և կը շարունակէ դիմադրել երկրին և ժողովուրդին արժանապատուութիւնը և անկախութիւնը վտանգող բոլոր ճարպիկ և անսահման միջոցներով տրամադրուած փորձերուն: Նոյն ատեն, մինչև այսօր, Քաթարի խաշնարած, վաչկատուն ցեղապետերու ժառանգորդ, քարիւղով յագեցած և խալիֆայական ձգտումներով յղի մեծամիտ, միահեծան իշխանները, անոնց դաշնակից ծաւալապաշտ Իսրայէլը և տնտեսապէս զգետնուած խե՜ղճ Արևմուտքը, խելակորոյս են իրենց ծրագրերու ձախաւեր վիժումով:
Միամիտ չենք սակայն: Առասպելներու գործարանը որ նիւթի և կեղծիքի սով չունի, անդուլ և ապաժամ կը գործէ, փնտռելով ամենատկար օղակը կամ որմնախորշը, արդարացնելու համար լիպիական միջազգայնացուած ռազմական միջամտութեան զուգահեռը, ծունկի բերելու համար Սուրիան՝ որպէսզի շարունակուի իրաքեան և լիպիական քանդումներով սկսած սիոնական և արևմտեան գինարբուքը:
Համոզուած ենք անշուշտ որ Սուրիան, անտարակոյս, պէտք է շարունակէ յառաջդիմական բարենորոգումներու իր խաղաղ հոլովոյթը: Սուրիացի ժողովուրդը, չախչախիչ մեծամասնութեամբ, կը վստահի և կը հաւատայ թէ նախագահ Պաշար պիտի առաջնորդէ սուրիական հայրենիքը այդ լուսաշող ճանապարհով, յառաջանալով ըլլալ Սուրիոյ Կորպաչևը՝ որպէս միակուսակցական միահեծանութենէն դէպի ժողովրդավար կարգերու նաւահանգիստը ապահով կերպով նաւարկող լուսամիտ առաջնորդը:
Հայ ժողովուրդը յաւէտ երախտապարտ է ասպնջական արաբ ժողովուրդին և մասնաւորապէս սուրիական հայրենիքին, որ առիւծի բաժինը կը կրէ ցեղասպանութենէ փրկուած, կիսամեռ, մերկ և նօթի հայ զանգուածներու փրկութեան և ապահով կայք և ապաստան հայթայթելու գթասիրտ և մարդկային արտայայտութեան մէջ:
Քաղաքական կեանքի մէջ այսօր անբաւարար է ճշմարտութիւնը ընկալած ըլլալու մխիթարութիւնը և դաւն ու դաւադիրը բացայայտած ըլլալու հրճուանքը: Պէտք է հաւաքաբար պայքարի՛լ ճշմարտութեան արևի ճառագայթումով, վիժեցնելու համար Սուրիան անդամահատելու և զայն քանդելու նուիրուած բոլոր դաւերը, քաջ գիտնալով որ այսօր, իրենց մէկ հատիկ ծխախոտի գլանիկին համար… սուրիական տունն ու օճախը կրակի տալու պատրաստ դաւադիրներու առաջնահերթ շարքին կը կանգնին նաև հայուն ցեղասպան, այսօրուայ Թուրքիոյ օսմանատենջ նենգ ղեկավարները:
…առասպելնե՜ր… շա՜տ շա՜տ:
Զգո՜յշ առասպելներու անհատնում կծիկէն:
Սուրիան՝ Լիպիա չէ:
Զաւէն Խանճեան
Glendale, California
Յ.գ. Հարցում մը ևս կը չարչարէ միտքս: Արդեօք հայրենի կառավարութիւնն ու ղեկավարութիւնը օրակարգի նիւթ դարձուցա՞ծ են սուրիական այս տագնապի վատթարացման պարագային սուրիահայ գաղութի գոյավիճակը: Եւ այս արդէն ուրիշ հարց է:
3 comments
They Planned -Ծրագրեցի՜ն and They Armed –զինեցին
Such expressions are heard in every day conversation among friends from Middle East. To me they convey a cavalier attitude and imply that the mostly Arab youth in Tunisia, Egypt, Yemen, Libya, Syria and their leadership do not know what is better for their countries and are no more than at best misguided intellects at worst puppets and agent provocateurs in the hands of foreign interests and the Israeli intelligence.
The situation in the Arab world, including Syria is far from such a simplistic assumption pitting differing visions within the country against each other. Their resolutions, if such a word can be used, will be long in the coming, unfortunately at the cost of many lives, loss of wealth. As to the Armenians in Syria, they were there before the Assad family came to power, and were no less prosperous and vibrant and there is no reason why they should not continue on living there as law abiding citizens. Naturally, they also will bear the brunt of the civil unrest along with the rest of the Syrians.
Hopefully the bloody turmoil in the Arab World will render the countries where the rule of the law, not a person yielding the power, will assure personal liberties and safeguard the safety and the dignity of its citizens of any faith, creed and ethnicity.
The sublime sounding “Arab Spring”
Dear Garabed,
I am afraid people in the West are too much carried away with the sublime sounding "Arab Spring". While Tunisia, Egypt, Yemen and Bahrain uprisings were primarily based on popular demands against oppressive regimes, the same cannot be said about Lybia and Syria. Of course in the latter two cases popular grievances were part of the movements, but not the driving force behind regime change.
In Egypt the west is resisting true democratic change through the military.
Nobody is talking about Bahrain and how the resistance is silenced through Saudi Arabia with the help of the west.
Lybia turned out to be pure and simple invasion without occupation.
Syria was and remains a major target for a variety of reasons that I suppose all of us are aware of.
I would bring to the readers’ attention "Iran and the Strategic Encirclement of Syria and Lebanon" piece that appeared on Information Clearing House. It’s worth reading to have another view about the events that have unfolded lately in the area. I’ll quote only one paragraph as an illustration.
"The 1996 Israeli document, which included prominent U.S. policy figures as authors, calls for “rolling back Syria” in 2000 or afterward. The roadmap outlines pushing the Syrians out of Lebanon, diverting the attention of Damascus by using an anti-Syrian opposition in Lebanon, and then destabilizing Syria with the help of both Jordan and Turkey. This has all respectively occurred from 2005 to 2011. This is also why the anti-Syrian March 14 Alliance and the Special Tribunal for Lebanon (STL) were created in Lebanon."
Syrian Armenians
Garabed,
I disagree with your optimistic view that Syrian Armenians will continue to live in peace if the Assad regime is pulled down.
Islamist groups have made frequent threats that once they oust Assad, their next targets will be the Alewites and the Christians.
In appreciation of the relative protection the Assad regime has provided Syrian Christian minorities, the heads of all the Churches there have publicly stated their support of the government.
Perhaps you are unaware of the virulent strain of Islamism which has in recent months caused the death of Christians in Iraq, Egypt and on Christmas Day in Nigeria.
Comments are closed.