Ազգային Աղէտի Հռչակման Հրամայականը
Հապա Ողջե՞րը
Զաւէն Խանճեան, Ապրիլ 23, 2013
Եղեռնի հարիւրամեակի սեմին հայ ազգային բազմաճեղք էութիւնը կը սողոսկի դէպի 2015, առանց յստակ ընդհանրական օրակարգի եւ ի բացակայութեան ազգային գաղափարախօսութենէ բխած վճիտ թելադրանքի:
Պահանջատիրութեան ճանապարհին օտար դաշնակիցներու բացակայութիւնը երկար ժամանակ է որ ակնյայտ է: Այո, գիտակից են ոճիրի ճշմարտութեան բայց ափսոս, ոճրագործին հետ անոնց ունեցած անխախտ մտերմութիւնը եւ փոխադարձ շահերը բաւարար են մեզ թելադրելու որ նիրհենք, սպասելով աւելի փախտորոշ օրերու, որոնք հարիւրամեակէ մը իվեր…ժամանած չեն:
Ազգային Աղէտի Հռչակման Հրամայականը
Հապա Ողջե՞րը
Զաւէն Խանճեան, Ապրիլ 23, 2013
Պահանջատիրութեան ճանապարհին օտար դաշնակիցներու բացակայութիւնը երկար ժամանակ է որ ակնյայտ է: Այո, գիտակից են ոճիրի ճշմարտութեան բայց ափսոս, ոճրագործին հետ անոնց ունեցած անխախտ մտերմութիւնը եւ փոխադարձ շահերը բաւարար են մեզ թելադրելու որ նիրհենք, սպասելով աւելի փախտորոշ օրերու, որոնք հարիւրամեակէ մը իվեր…ժամանած չեն:
Իսկ երջանիկ թշնամին հաստատօրէն շարունակելով իր մեղանչումի ժխտումը, անփառունակ նենգութեամբ մը ամբարտաւանօրէն կը շարունակէ ուրացումի քաղաքականութիւնը, իր ծառայութիւններու լեցուն կողովով թմրեցուցած ըլլալով մշտահոս ախորժակներու տէր, յղփացած աշխարհակալները :
Ասպետական սեւ սատանան բարոյականութենէ զուրկ տրամադրութեամբ անգամ մը եւս դաւաճանելով ֆրանսական յեղափոխութեամբ իսկ մարմնաւորուած մարդկային ամենավեհ սկզբունքներուն, խելակորոյս կուրութեամբ կ՛առաջնորդէ քանդումի եւ հրկիզման քաղաքականութիւնը վարողներու վոհմակը Միջին Արեւելքի մէջ, ի մասնաւորի հանդէպ՝ անցեալին իր հոգատարութեան տակ գտնուող արաբական յառաջադէմ երկիրներէն Սուրիոյ, արեւմուտքի եւ Իսրայելի հաշւոյն ծունկի բերելու զայն, ի դէպ անդամահատման եւ կործանումի գնով:
Իսկ այս բոլորին մէջ մեր ժառանգած բաժի՞նը՝ …Սուրիահայութեան տագնապը:
Բաւարար չէր կարծես Կիլիկիոյ անբարոյ պարպումը 1921-ին եւ կամ Սանճաքի ոսկեայ ափսէի մը վրայ Թուրքիոյ ընծայումը 1937-ին, ահա անգամ մը եւս ցեղասպանութենէն դար մը ետք կը դիմագրաւենք Սուրիական հայրենիքի նոյնանման անդամահատման վտանգն ու վախը, այս անգամ գուցէ կորսնցնելո՞ւ ,Երազային Հալէպն ու Դրախտանման Քէսապը, բորենիի լորձնաշուրթն երախներուն:
Ո՛վ մարդկային արդարութիւն
Թող ես թքնեմ քո ճակտին:
Սուրիահայութեան տագնապը իր երկրորդ տարին բոլորեց աւելի բարդանալով եւ լուրջ վտանգի ենթարկելով Սփիւռքահայ Մայր գաղութի բոլոր հայ հատուածները, Դամասկոսէն՝ Ծովափ եւ Ճեզիրէի շրջանը, բայց մանաւանդ Հալէպահայութիւնը:
Հալէպահայ մեր արենակիցները ատեն մըն է որ կ՚ապրին ահ ու սարսափի մէջ եւ
Սուրիաբնակ Սուրիահայութիւնը ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՅՔԱՐ ԿԸ ՄՂԷ: Իսկ մենք ազգովին, Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ կուրցած՝ չենք տեսներ տագնապը այնպէս՝ ինչպէս որ է:
Ամէնուրէք ,it is business as usual.
Ճաշկերոյթ, հանդէս, Ապրիլ 24, 100 ամեակ, նախագահական ընտրութիւններ, Րաֆֆիի ժողովրդական պայքար, եւլն: Այս բոլորը մեր ազգային եւ համայնքային կեանքի անբաժան մասնիկներն են, առողջութեան ջերմաչափը՝ խիստ կարեւոր եւ պէտք է շարունակուին: Բայց մեր ազգային անմիջական օրակարգի վրայ ո՛չ առաջնահերթ:
Կը յիշեմ Թէքէեանի ողբը.
կ’սպաննեն ազգ մը այնտեղ
ա՜հ, օգնութիւ՜ն, օգնութիւ՜ն:
Մենք երախտապարտ ենք մեր ժողովուրդին: Երբ խնդրուեցաւ՝ ազնուօրէն արձագանգեց եւ մենք յաջողութեամբ եւ զօրակցութեան փայլուն արտայայտութեամբ պսակեցինք HyeAID-ը Նոյ. 11, 2012-ին:
Մենք նաեւ երախտապարտ ենք մեր հայրենիքին որ մայրական գութով հոգ կը տանի իր ծոցին մէջ ապաստան գտած գաղթական Սուրիահայերուն:
Այս բոլորը սակայն բաւարար չեն տագնապի ահաւորութեան դիմաց:
Մարտահրաւէրը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի մինչեւ, ջրհեղեհը ռումբերու գտնէ վերջ եւ դադրի պատերազմի ու սարսափի այս արհաւիրքը: Եւ եթէ մինչեւ այսօր բոլորին կողմէ յայտարարուածին, խօսուածին կամ ըսուածին առնչութեամբ որեւէ կասկած կամ տարակուսանք կայ հասարակութեան ընդհանրական մտքին մէջ, եւ կամ եթէ մինչեւ հիմա հնչուած ահազանգը բաւարար չէ տակաւին, այսօր, իմ եւ իմ համայնքի ներկայացուցիչ բոլոր գործակիցներուս անունով Սուրիաբնակ Սուրիահայութեան տագնապը կը հռչակեմ՝
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՂԷՏ
եւ կոչ կ’ուղղեմ համայն հայութեան որ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՂԷՏԻ համապատասխան տրամադրութեամբ, պատրաստութեամբ եւ միջոցառումներով զօրաշարժի ենթարկենք մենք զմեզ դիմագրաւելու աղէտը երկու ճանապարհներով:
1- Շարունակել մարդկային ամէնատարրական նիւթական օժանդակութիւնը ապահովելու համար Սուրիաբնակ Սուրիահայութեան գոյապայքարը:
2- Մղել մեր քաղաքական, եկեղեցական եւ բարեսիրական ղեկավարութիւնը եւ հայրենիքի միջազգային դիւանագիտական ամբողջ կարողականութիւնը պահանջելու առ որ անկ է վերջ տալու այս կործանիչ եւ գազանաբարոյ պատերազմին, կասեցնելով արտաքին բոլոր միջամտութիւնները եւ մղելով հակամարտ ուժերը բանակցութեան սեղանին: Մենք պարտական ենք այդ՝ ասպնջական Սուրիական հայրենիքին եւ ժողովուրդին: Զմոռնանք թէ ցեղասպանը իր ծանօթ դերին մէջ է այս տագնապի հոլովոյթին: Պէտք է ամէն գնով վիժեցնել անոր ծրագիրները:
Իսկ մենք, այս ուղղութեամբ, հաւատարիմ մեզի վստահուած դերին եւ որպէս Սուրիահայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմին, ձեռնարկած ենք երկրորդ HyeAID ծրագրի մը, որուն մանրամասնութիւնները շուտով մամուլի միջոցաւ կը հասնին բոլորին:
Հալէպէն հասած լուրերու համաձայն եւ նկատի ունենալով որ մեր գաղութը, գերեզմանոցներու անհասանելիութեան պատճառաւ, իր մեռելներուն վերջին յարգանքի տուրքը մատուցանելու պատեհութիւնը կորսնցուցած էր, տեղական պատկան իշխանութիւնները հայ համայնքին յատկացուցած են աւելի ապահով շրջանի մը մէջ յատուկ հողաշերտ մը: Այս ձեւով իրենց հանգիստը գտած են մեռելները:
Հապա ողջե՞րը: