Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը Շարքէն
Ահմեթ Ալթան «Թարաֆ» 25 Յունիս 2012
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, Յուլիս 2012
Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը Շարքէն
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, Յուլիս 2012
Թոյլ տուէք, որ կացութիւնը աւելի հասկնալու նպատակով հարցում մը հարցնեմ: Տակաւին մինչեւ հիմա չգտնուած օդաչուներն ալ հաշուած, մենք վերջին շրջանին քանի՞ հոգի զոհ տուինք Միջերկրականի մէջ: Ինը հայրենակիցներ սպաննուեցան իսրայէլացիններու կողմէ, «Մաւի Մարմարա»-ի մէջ: Մեր երկու օդաչուներն ալ զարնուեցան սուրիացիներուն կողմէ:
Որքան որ գիտեմ, հանրապետութեան շրջանին Միջերկրականի մէջ այսքան շատ զոհ չենք տուած այսքան կարճ ժամանակի ընթացքին: Հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին չպատահած «Բաներ» ինչո՞ւ հիմա յանկարծ պատահելու սկսաւ: Ինչո՞ւ մեր հայրենակիցները այսքան հանգիստ եւ անպատկառ ձեւով կը սպաննուին: Եւ աւելի՛ն. ինչո՞ւ այս բոլորը կը պատահին «հանրապետութեան շրջանի ամենազօրաւոր» նկատուող ա՛յս ժամանակաշրջանին:
Կ’ենթադրեմ, որ զօրաւոր կապ մը գոյութիւն ունի «ամենազօրաւոր ըլլալու» համոզումին եւ «սպաննուող մեր հայրենակիցներուն» միջեւ: Եւ կը կարծեմ, որ այս զոհերը կու տանք, որովհետեւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մէկ յատկանիշը դարձած է «իր ուժերը չափազանցուած» տեսնելու հիւանդութիւնը: Ճամբայ կ’ելլենք այն համոզումով որ՝ «ո՛չ ոք կրնայ դպնալ մեզի», իսկ երբ «դպնան», շուարած վիճակի կը մատնուինք:
«Մաւի Մարմարա» նաւը ճամբայ հանեցին այն համոզումով, որ Իսրայէլ «չէր կրնար դպնալ»: Իսրայէլ, եւ մանաւանդ միջազային ջուրերու մէջ, անգթօրէն յարձակելով՝ սպաննեց մեր հայրենակիցները:
Ընդունինք, որ բնական պայմաններու մէջ ասիկա պատճառ մըն է պատերազմ յայտարարելու: Պետութիւն մը, երբ ճամբայ կը հանէ այդ մարդիկը, նախորօք հաշուի առած կ’ըլլայ անոր հետեւանքները, եւ երբ յարձակումի ենթարկուի, «զինուած» պատասխան մը տալու հաւանականութիւնն ու ծրագրաւորումը ըրած կ’ըլլայ: Եթէ «պատերազմելու» նպատակ չունի, չի նախաձեռներ գործ մը, որուն ընթացքին կրնայ թէ՛ մարդկային զոհեր տալ եւ թէ՛ ամօթալի վիճակի մատնուիլ:
Ամենաճիշդը, խորքին մէջ, «պատերազմի» հաւանականութիւն չստեղծել է, քանզի ակամայ այդպիսի հաւանականութեամբ մը դէմ յանդիման գալը ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւնը խելամտօրէն չի շարժիր:
Մենք կորսնցուցինք մեր հայրենակիցները, քիչ մը պոռացինք, կ’անչեցինք, յետոյ հաշտուեցանք այդ կացութեան հետ: «Մաւի Մարմարա»-ն ամբողջ աշխարհին ցոյց տուաւ, որ «կարելի էր դպնալ» Թուրքիոյ:
Որպէսզի պետութիւն մը յարգանքի արժանի եւ հզօր համարուի, հարկ է որ դիւրաւ կարելի չըլլայ «դպնալ» անոր: Եթէ տկար ես, տկարութիւնդ բացայայտող երեւոյթներու առիթ չես ստեղծեր: Ըստ իս, նոյն կացութեան հետ դէմ յանդիման գտնուեցանք, երբ Սուրիոյ կողմէ վար առնուեցաւ մեր օդանաւը:
Ո՛չ ոք կը բացայայտէ, թէ մեր օդանաւը ի՞նչ գործ ունէր Սուրիոյ օդային տարածքին մէջ: Սուրիան կը պնդէ, որ մեր օդանաւը «մտած էր իրենց օդային տարածքին մէջ եւ ցածէն թռիչք կը կատարէր»: Չենք գիտեր, թէ պնդումը որքա՛ն ճիշդ է, սակայն ցարդ Թուրքիան չէ հերքած զայն:
Զինուորական հետախուզական օդանաւ մը այլ երկրի մը օդային տարածք ղրկել՝ կը նշանակէ «ասպարէզ կարդալ» այդ երկրին, իսկ եթէ հոն զինեալ ապստամբութիւն կը տիրէ, եւ դուն նեցու կը կանգնիս անոր, այս «ասպարէզ կարդալը» լուրջ համեմատութիւններ կը ստանայ:
Թերեւս կը սխալիմ, սակայն ենթադրութիւնս այն է, որ մենք հետախուզական օդանաւը այդ շրջանը ղրկեցինք այն համոզումով, որ «Սուրիան չէր կրնար դպնալ մեր օդանաւին»: Սուրիան մեր ասպարէզ կարդալուն պատասխանեց բրտօրէն եւ վար առաւ մեր օդանաւը:
Բնական պայմաններու մէջ ո՛չ ոք օդանաւ վար կ’առնէ իր «օդային տարածքը» բռնաբարած ըլլալուն համար, որովհետեւ ատիկա պատերազմի պատճառ մըն է. սակայն վար առնելով այդ օդանաւը՝ Սուրիան յայտարարած կ’ըլլայ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ ամբողջ աշխարհին, որ պատրաստ է «պատերազմի»: Հաւանաբար Սուրիոյ ամենազօրաւոր նեցուկ կանգնողներէն Ռուսիան ալ փափաքեցաւ, որ
Թուրքիան ապտակ մը եւս ուտէ Միջերկրականի մէջ:
Հիմա յանկարծ յայտնուած ենք պատերազմի սեմին:
Մենք զմեզ բանտարկեցինք անախորժ երկընտրանքի միջեւ. մին՝ երբ օդանաւը վար առնուի ձայնը չբարձրացող երկիր մը ըլլալու, միւսը՝ գարշելի պատերազմի մը մէջ մխրճուելու:
Պատերազմին գինը ծանր կ’ըլլայ Սուրիոյ համար. սակայն Թուրքիոյ համար եւս անոր գինը սուղ կ’ըլլայ: Երկրին մէկ ծայրը երբ պատերազմ կը տիրէ քիւրտերուն հետ, երբ ոստիկանական կեդրոններ յարձակումի կ’ենթարկուին, Սուրիոյ դէմ պատերազմ մը շատ նեղ կացութեան կը մատնէ Թուրքիան. բացի ատկէ, ողորմելի վիճակի կը մատնուին տնտեսութիւնը, զբօսաշրջութիւնը եւ Միջերկրականի ծովափները:
Սուրիան «պատերազմի համար պատրաստ» ըլլալը յայտարարեց այն պահուն, երբ կոճակը կոխեց՝ վար առնելու օդանաւը. ես չեմ հաւատար այն վարկածին, որ «սխալմունքի» պատճառով կրնար վար առնուած ըլլալ, երբ այսքան լարուած վիճակի են յարաբերութիւնները. եւ բնաւ չեմ կարծեր, որ բացի Պաշշար Ասատէն՝ ոեւէ մէկը կրնայ տուած ըլլալ այդ հրամանը:
Շա՛տ լաւ, մենք ի՞նչ պիտի ընենք:
Ինչ որ ալ ընենք, արդիւնքը մեզի համար վատ պիտի ըլլայ: Որեւէ արդիւնք մեզի ի նպաստ պիտի չըլլայ, ընդհակառակը, դէպի փակուղի պիտի առաջնորդէ: Կ՛ամ պիտի վարկաբեկուինք եւ կա՛մ պատերազմ կոչուող ահռելի աղէտը պիտի ապրինք:
Թուրքիա ներկայիս կը կառավարուի ոչ խելամիտ ձեւով, չափէն աւելի յոխորտանքով եւ ոչնչաբանութեամբ.կարգ մը իշխանաւորներ սկսած են հաւատալ իրենց իսկ հնարած սուտերուն:
Վարկաբեկուիլը ամօթալի է, սակայն ինծի համար առաջնային է պատերազմի չմխրճուիլ եւ երիտասարդները հեռու պահել ստոյգ մահէ: Այս ճգնաժամը հաւանաբար յաղթահարուի, սակայն եթէ նոյն մտայնութեամբ շարունակուի Թուրքիան կառավարել, կը վախնամ, որ մեր գլխուն փորձանք պիտի գայ, որովհետեւ այս տեսակի մտածելակերպ հասարակութիւնը միայն փորձանքներու կ’առաջնորդէ:
Կը յուսամ, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը հրաժարի անվերջանալի այս անհեթեթութիւններէն եւ խելքը գլուխը կը հաւաքէ, այլապէս շատ գէշ ապագայ մը կը սպասէ մեզի: