Վահէ Յ. Աբէլեան, Յուլիս 1993
Հեղինակին ներքոյիշեալ ցարդ չհրատարակուած պատմագիտական հետաքրքրութիւն
ներկայացնող գրութիւնը մշակուած է շուրջ քսան տարիներ առաջ: Խմբ.

Պատանեկան տարիքս դեռ նոր թեւակոխած էի, երբ հայրս զիս անդամագրեց Պէյրութի Հ.Յ.Դ. Բաբգէն Սիւնի Պատանեկան Միութեան, որուն հանդիպումները տեղի կ՝ունենային «Ժողովրդային Տան» մէջ, հնադարեան ու հնամաշ շէնքէ մը ներս: Ժողովասրահի պատերուն վրայի նկարները, անոր մնայուն բնակիչ Շապազ Հայրիկը, սենեակները օգտագործող երիտասարդները եւ տարեց մարդիկը, խորհրդաւոր մթնոլորտ մը կը ստեղծէին կառոյցով խախուտ այդ ժողովասրահէն ներս:
Վահէ Յ. Աբէլեան, Յուլիս 1993
Հեղինակին ներքոյիշեալ ցարդ չհրատարակուած պատմագիտական հետաքրքրութիւն


ներկայացնող գրութիւնը մշակուած է շուրջ քսան տարիներ առաջ: Խմբ.



Պատանեկան տարիքս դեռ նոր թեւակոխած էի, երբ հայրս զիս անդամագրեց Պէյրութի Հ.Յ.Դ. Բաբգէն Սիւնի Պատանեկան Միութեան, որուն հանդիպումները տեղի կ՝ունենային «Ժողովրդային Տան» մէջ, հնադարեան ու հնամաշ շէնքէ մը ներս: Ժողովասրահի պատերուն վրայի նկարները, անոր մնայուն բնակիչ Շապազ Հայրիկը, սենեակները օգտագործող երիտասարդները եւ տարեց մարդիկը, խորհրդաւոր մթնոլորտ մը կը ստեղծէին կառոյցով խախուտ այդ ժողովասրահէն ներս:
Այս մթնոլորտին մէջ էր, որ կը սկսէր Բաբգէն Սիւնի Պատանեկան Միութեան ազգային դաստիարակութիւնը, որուն տարեկան հերթականութեամբ, անպայմանօրէն մաս կը կազմէր Բաբգէն Սիւնին, Պանք Օթոմանի Գրաւումը եւ Սպաղանաց Մակարի Դէպքը: Ժամանակի ընթացքին դէպքերը եւ դէմքերը որոշ իրավիճակ կը ստանային մեր պատանեկան մտաշխահրներուն մէջ շնորհիւ լուսանկարներուն, բայց Սպաղանաց Մակարի պարագան տարբեր էր: Ան որեւէ նկար չունէր: Ո՛չ պատերուն վրայ, եւ ո՛չ ալ գիրքերուն մէջ:
Հ. Յ. Դ. Հարիւրամեակի Յուշամատեանը թղթատած միջոցիս, հանդիպեցայ Սպաղանաց Մակարի համար յարմարցուած, գծագրուած դիմանկարի մը, որ զետեղուած էր Գէորգ Չաւուշի լուսանկարին կողքին: Պատշաճ լուսանկար մըն է անկասկած, երբեմնի Սասնայ Սպղանքի իշխան Մակարին, որ պատանեկան օրերէս ի վեր իմ մէջս մնացած է Տօրք Անգեղի նման տարտամ մտապատկեր մը:
Սպաղանաց Մակարի եւ Գէորգ Չաւուշի տարակարծութեան պատճառը, ինչպէս Ռուբէն Փաշան կը ներկայացնէ իր յուշերուն մէջ, Գէորգ Չաւուշի ամուսնութիւնն էր: Կրնայ ըլլալ որ այլ պատճառներ ալ կային: Վերջին հաշուով հայդուկապետին եւ իր զինակիցներուն միջեւ անկասկած որ տարակարծութիւններ կը ծագէին, որոնք շատ հաւանաբար կը հարթուէին տեղւոյն վրայ: Բայց այս պարագան տարբեր էր:
Գէորգ Չաւուշ հայդուկապետն էր, սակայն իրեն տարակարծիք զինակիցը՝ Սպաղանաց Մակար, պարզ ֆէտայի մը չէր: Սպաղանաց Մակարի վարկն ու հեղինակութիւնը այնքա՜ն ազդեցիկ էր, որ Հ. Յ. Դ.եան Գերագոյն մարմինը մասնաւոր պատուիրակ կը ղրկէր, յանձինս Ռուբէն Տէր Մինասեանի, հարթելու համար այս երկու հեղինակաւոր հայդուկներուն միջեւ ծագած տարակարծութիւնը, որ սկսած էր վնասել ֆետայական աշխատանքներուն: Թէ ինչպէս Ռուբէն տնօրինեց պարագան, այդ կը թողում ընթերցողին հետաքրքրութեան: Այս դէպքը հոս կը ներկայացնեմ բնորոշելու համար Սպաղանաց Մակարի հեղինակութիւնը, որ ո՛չ միայն կը տարածուէր Դուրան Բարձրավանդակին վրայ, այլ կը հասնէր մինչեւ Հ. Յ. Դ.եան Գերագոյն մարմինը:
Ո՞վ էր Սպաղանաց Մակարը
Սպաղանաց Մակարը Սասնայ Սպղանքի տէրն ու իշխանն էր: Ռուբէն իր յուշերուն մէջ կը նկարագրէ զինք որպէս «Աժդահա մը, շա՜տ ահարկու»: Ժողովուրդը կ՝ըսէր, «Գէորգ գայլ է կամ վագր, իսկ քեռի Մակարն էլ, կռուի ժամանակ զարկած գոմէշ է»: Եւ իրաւ կը յուշէ Ռուբէն, «Մեծ ու արիւնոտ աչքերով, խոշոր գլխով եւ հսկայ մարմինով այդ աժդահա մարդը, կռուի ժամանակ ո՛չ աջ կը նայէր, եւ ո՛չ ալ ձախ. ահարկու ձայնով, խենչարը ձեռքին առաջ կ՝երթար եւ կամ անշարժ կը մնար, թէկուզ հարիւրաւոր թնդանօթներ պայթէին իր վրայ»:
Սասնայ լեռներուն վրայ ծնած ու հասակ առած այս մարդը, բնութեան անաղարտ զաւակը եղած ըլլալու էր: Անուս, անգրագէտ եւ առհասարակ ո՛չ մէկ կարիքը զգացած ըլլալու էր ո՛չ մէկ խորամանկութեան կամ որեւէ փափկանկատութեան: Աւատապետի իր հանգամանքով բիրտ էր ու ըմբոստ: «Ուսումով մարդիկ քընզ Տամատեան, քընզ Գուրգէն, Արմենակ, վըր մերին գլխուն գլխաւո՞ր…: Իդա ի՞նչ է Արաբօ եւ Մուրատ, հա Ապրոն ու Գէորգ, թէկուզ իմ սանահէր Սերոբ: Զըմէնն ալ քընզ Մակար չարժեն»: Սպաղանաց Իշխան Մակարի համար ամէնքը առաւելագոյն պարագային իրեն գործակիցներ էին:
Ե՞րբ եւ ինչո՞ւ Սպաղանաց Մակարը անդամակցած է ֆէտայի
Սպաղանաց Մակարը ֆէտայի անդամակցելով, հաւատարիմ մնացած էր ֆէտայական աւանդական կարգ ու սարքին եւ չէր կազմած իր սեփական ընտանիքը: Երեւոյթները ցոյց կու տան որ ան ֆէտայի անդամակցած էր, երբ հայդուկային շարժումը սկսած էր կազմակերպչական բնոյթ ստանալ Դուրան Բարձրավանդակէն ներս: Ան դարձած էր զինակիցը Սերոբ Աղբիւրի, Գէորգ Չաւուշի, Հրայրի, Անդրանիկի, Մուրատի, Տամատեանի եւ Տարօնի այլ անուանի ֆէտայիներուն, որոնք գործեցին Սասունի եւ Տարօնի Բարձրավանդակէն ներս: Իր զինակիցները արժանացան գէթ լուսանկարի մը, ինչպէս է պարագամ Գէորգ Չաւուշի, լուսանկարուած Աղթամար կղզիի ժայռերուն վրայ՝ Վահան Փափազեանին կողմէ: Սակայն հայդուկային կեանքը զրկեց Սպաղանաց Մակարը այդ պերճանքէն իսկ: Եւ ան պատանի երեւակայութեանս մէջ մնաց Ձէնով Օհանին եւ Տորք Անգեղին նման մտապատկեր մը:
Սպաղանաց Մակարի ֆէտայի անդամակցութեան դրդապատճառը կարելի է գտնել Մակարի զինակւց եւ օր մըն ալ միասնաբար զոհուելու ճակատագրուած Շէնիկի Մանուկին եւ Ռուբէն Տէր Մինասեանի միջեւ տեղի ունեցած հետեւեալ խորհրդակցութեան. Ռուբէն հարց տուած էր Շէնիկի Մանուկին, որ Սպաղանաց Մակարի նման ունեւոր ընտանիքէ կու գար, թէ ինչո՞ւ ձգած էր իր հողերն ու հանգիստ կեանքը եւ դարձած ֆէտայի:
«Երբ Մարաթուկ կամ Սուրբ Կարապետ ուխտի գնան», կը պատասխանէ Շէնիկ Մանուկ, «մատաղցուի համար չեն ընտրէր քոսոտ այծերին, անընդունելի է Սուրբին համար, միշտ պէտք է ընտրել զլաւ խոյերին ուխտի նպատակին հասնելու համար: Մեր Աստուած Հայոց ազատութիւնն է, աշիր ու հարուստ հայեր ամենէն առաջ պէտք է մատուցուին այդ զոհասեղանին»:
Շատ հաւանաբար, նոյն այս հոգեբանութիւնն էր, որ մղած էր Սպաղանի աւատապետ Իշխան Մակարը թողնելու իր ընկերային դիրքը, տունը, կալուածները եւ դառնալ ֆէտայի, որուն համար Շէնիկի Մանուկ եւ Սպաղանաց Մակար պիտի դառնային պարարտ զոհեր:
Ի՞նչ կռիւներու մասնակցած է Սպաղանաց Մակար
Համառօտ կերպով հետեւեալ ճակատամարտները կարելի է թուել, որոնց մասնակցած էր Սպաղանաց Մակար.
- Սերոբ Աղբիւրին դաւադրաբար թունաւորող մարդուն եւ անոր ընտանիքին ահաբեկումը կազմակերպած Անդրանիկի ղեկավարութեամբ:
- Պշարէ Խալիլ քիւրտ աշիրէթապետին Սպաղանքի վրայ յարձակման կռիւը:
- Նոյն այդ Պշարէ Խալիլի գլխատման կռիւը՝ Անդրանիկի ղեկավարու–թեամբ:
- 1890-93 Սասնոյ, Տալուորիկի, Անտոկի, Ծովասարի կռիւները:
- 1904 Սասնայ երկրորդ ապստամբութեան մասնակցութիւնը:
- 1904-08, Տարօնի եւ Վասպուրականի կռիւներուն իր մասնակցութիւնը:
Այս ամբողջ ֆէտայական կռիւներուն, Սպաղանաց Մակար ստացած է հրամանատարի պատասխանատու պարտաւորութիւններ: Շատ հաւանաբար չափազանցութիւն պիտի չըլլայ շեշտել, որ 1890-էն մինչեւ իր եղերական մահը, Սպաղանաց Մակար մասնակցած է Սասնայ եւ Դուրան Բարձրավանդակի ֆէտայական գլխաւոր ճակատամարտերուն եւ գործած այդ շրջանէն ներս գործող անուանի հայդուկներուն հետ: Սպաղանաց Մակար անգիտակից չէր հայ յեղափոխական շարժման իր բերած նպաստին: Իրեն յատուկ ոճով եւ պարզախօսութեամբ, այսպէս կը ներկայացնէր իր բերած նպաստը.
«Ամբողջ հայ ազգը Սասուն կը նայի: Սասունն ալ հայ ազգի հոգին: Իսկ Սասունի հոգին ալ Սպաղանք եղած է: Երբ Սիմալըն Տամատեանը կը մատնէր, երբ Կելիէ Կիւզանը Աբոն կը մեռցնէր, երբ ամբողջ դաշտը եւ Վերի Գեալէն Սերոբն ու Գուրգէնը դուրս կը վռնտէին, ո՞վ էր վառ պահեց յեղափոխութեան ճրագը, ո՞վ էր որ ֆէտայիներուն օթեւան տուեց եւ կռնակ եղաւ…: Դա՝ Սպղանքն էր եւ քեռի Մակարը:»
Ի՞նչպէս զոհուեցաւ Սպաղանաց Մակարը
Գէորգ Չաւուշի Սուլուխի ճակատամարտին նահատակութենէն ետք, Դուրան Բարձրավանդակի մէջ որպէս ղեկավարներ մնացին Սպաղանաց Մակարը եւ Ռուբէն Տէր Մինասեանը: Ահաւասիկ այն ժամանակ էր որ լուր հասաւ իրենց, որ Գէորգի կինը՝ Եղսոն եւ զաւակը՝ Վարդգէս վտանգի մէջ են: Սպաղանաց Մակար ստանձնեց անոնց ապահովութեան պատասխանատուութիւնը: Ան՝ այժմ ստանձնած էր պաշտպանութիւնը կնոջ մը, որուն ամուսնութիւնը իր եւ իր զինակիցին միջեւ խոր տարակարծութեան պատճառ հանդիսացած էր:
Երբեմնի
հայդուկապետ Գէորգ Չաւուշի ընտանիքը փոխադրելու ժամանակ, Մակարը պաշարուեցաւ իր զինակից Շէնիկի Մանուկին հետ: Մակարը փախցնել տուաւ Գէորգի զաւակը՝ Վարդգէսը, ըսելով որ «ճիժ է, գուցէ փրկուի»: Իսկ Գէորգի կինը՝ Եղսոն, իր անմիջական պաշտպանութեան տակ պահեց, ըսելով. «Եղսոն նամուս է, պէտք չէ թշնամիին ձեռքը անցնի»: Եղսոն ու Վարդգէսը փրկուեցան, սակայն Սպաղանաց Մակարը եւ Շէնիկի Մանուկը դաձան պարարտ խոյերը զոհասեղանին:ԾԱՆՕԹ. Այս գրութիւնը քաղած եմ ընդհանրապէս մօրեղբօրս՝ Դոկտ. Անդրանիկ Չէլէպեանի «Յեղափոխական Դէմքեր» գիրքէն եւ Ռուբէնի «Յուշեր»էն: