Համօ Մոսկոֆեան, Ալքալա Տէ Հենարես, Սպանիա, 28 Փետրուար 2015
Ռաֆայէլ Ռիփոլլ Մատրիտի մարզի երկրորդ մեծագոյն քաղաք՝ միջնադարեան Ալքալա Տէ Հենարեսի փոխ-քաղաքապետն է: Ան կը նախագահէ շարք մը միջ-քաղաքային, ընկերային եւ տնտեսական յանձնաժողովներ եւ «Grupo Mixto» քաղաքական շարժման խօսնակն է: Առիթ ընծայուեցաւ այս յոյժ կարեւոր հարցազրոցը ունենալ իր հետ:
Կեդրոնը՝ Ռաֆայէլ Ռիփոլլ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կարելի՞ է «Groupo Mixto» քաղաքական շարժման տարողութեան մասին արտայայտուիլ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Սպանիոյ եւ Եւրոպայի մէջ տիրող տնտեսական սուր ճգնաժամին, տաղանդաւոր երիտասարդներու արտահոսքին, մահմետական երկիրներէն զանգուածային ներգաղթին եւ նորեկներուն Սպանիոյ օրէնքներուն եւ դարաւոր աւանդութեանց հանդէպ անարգալից վերաբերմունքին պատճառով «Grupo Mixto»ն օրըստօրէ կը հզօրանայ…։
Համօ Մոսկոֆեան, Ալքալա Տէ Հենարես, Սպանիա, 28 Փետրուար 2015
Ռաֆայէլ Ռիփոլլ Մատրիտի մարզի երկրորդ մեծագոյն քաղաք՝ միջնադարեան Ալքալա Տէ Հենարեսի փոխ-քաղաքապետն է: Ան կը նախագահէ շարք մը միջ-քաղաքային, ընկերային եւ տնտեսական յանձնաժողովներ եւ «Grupo Mixto» քաղաքական շարժման խօսնակն է: Առիթ ընծայուեցաւ այս յոյժ կարեւոր հարցազրոցը ունենալ իր հետ:
Կեդրոնը՝ Ռաֆայէլ Ռիփոլլ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կարելի՞ է «Groupo Mixto» քաղաքական շարժման տարողութեան մասին արտայայտուիլ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Սպանիոյ եւ Եւրոպայի մէջ տիրող տնտեսական սուր ճգնաժամին, տաղանդաւոր երիտասարդներու արտահոսքին, մահմետական երկիրներէն զանգուածային ներգաղթին եւ նորեկներուն Սպանիոյ օրէնքներուն եւ դարաւոր աւանդութեանց հանդէպ անարգալից վերաբերմունքին պատճառով «Grupo Mixto»ն օրըստօրէ կը հզօրանայ…։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Թուրքիա, քանի մը եւրոպական երկիրներու յայտնի ու գաղտնի աջակցութեամբ կը փորձէ մաս կազմել Եւրոպական Միութեան։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այդ մասին։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մենք կտրականապէս դէմ ենք որ 100 միլիոն հաշուող, ծայրայեղ մահմետական շարժումներուն աջակցող այսպիսի երկիր մը մաս կազմէ Եւրոպական Միութեան։ Թուրքիոյ միացումը Եւրոպայի քաղաքակիրթ երկիրներու ընտանիքին, ամբողջապէս պիտի խեղաթիւրէ ժողովրդավարական, բարեկիրթ երկիրներու պատկերը։ Որպէս ցաւալի օրինակ կրնանք բերել Պոսնիան եւ Քոսովօն։ Վերջերս Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն մէջ օգտագործուած զէնքերն ու փամփուշտները այնտեղ անցած են Պոսնիոյ մէջ մարզուող “ժիհատ”իստներէն, որոնք նաեւ կ’երթան Սուրիա եւ Իրաք, ահաւոր ոճիրներ գործելու համար բնակչութեան դէմ։ Պոսնիոյ եւ Քոսովոյի մէջ կան ահաբեկիչներու յատուկ դպրոցներ, ուրկէ կ’ուղարկուին աշխարհի տարբեր երկիրներ, իրենց սեւ գործը շարունակելու։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Սպանիան կը համարուի Եւրոպայի ամենէն հին եւ հզօր քրիստոնեայ պետութիւններէն մէկը. ինչպէ՞ս կը տեսնէք այն իրավիճակը, որ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ այսօր, ձեռամբ մահմետական ծայրայեղական խմբաւորումներու, որոնք տարիներէ ի վեր սնուցուած եւ զինուած էին նաեւ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի “քրիստոնեայ” կարգ մը երկիրներէ՝ կոտորածներ կը սարքեն հայերու, ասորիներու, եզիտիներու եւ քիւրտերու դէմ։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Կ’ուզեմ շատ հետաքրքիր սկիզբ դնել։ Քրիստոնէութիւնը սկսած է Արեւելքէն։ Մենք, շատ անգամ, այստեղ՝ Եւրոպայի մէջ, կը կարծենք թէ այնտեղ պէտք է իշխէ մահմետականութիւնը, որ այնպէս չէ, ի հարկէ։ Քրիստոնէութիւնը 2000 տարի է որ կ’արտաքսուի Միջին Արեւելքէն…։ Որպէս սպանացի քրիստոնեայ եւ հայրենասէր՝ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները շատ աւելի լաւատեսութեամբ կը տեսնեմ։
Լիբանանն ու Սուրիան կարողացած են բազմազգ եւ “լայիք” ըլլալ, եւ հանդուրժողականութիւն ստեղծել՝ տարբեր համայնքներու համագոյակցութեամբ ապրելու համար։ Կը յուզուիմ, երբ Հըզպալլայի ազատամարտիկները Լիբանանէն “ժիհատիստ”ներու դէմ պայքարի կ’ելլեն եւ քրիստոնեայ բնակավայրեր կը փրկեն Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։ Անոնց թշնամիները ոչ միայն այդ երկիրներու ժողովուրդներու, այլեւ ամբողջ մարդկութեան թշնամիներն են։ Անոնք կը սնուին ու ծնունդ կ’առնեն Սալաֆիզմէ եւ Ուահապիզմէ։
Սէուտական Արաբիան այն բռնապետութիւնն է, որուն առջեւ ծունկի կու գան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Այսօր, ինչպէս Միջին Արեւելքի, այնպէս ալ Եւրոպայի ահաբեկիչները կը ֆինանսաւորուին գլխաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ կողմէ։ Եւրոպան, որպէսզի չկորսնցնէ մի քանի տնտեսական պայմանագիր, փաստօրէն սատանայի հետ գործ ունի…։ Այդ կը նշանակէ թէ ոչ միայն քրիստոնէութիւնը վերջ կը գտնէ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ՝ այլեւ կարգը կու գայ Եւրոպային նոյնպէս…։
Եթէ Եւրոպան չարթննայ ու տէր չկանգնի հայերուն, ասորիներուն, քիւրտերուն եւ շիաներուն Միջին Արեւելքի մէջ՝ մենք մե՜ծ աղէտի առջեւ կանգնած ենք։ Ժիհատիզմը նիզակին ծայրն է Սէուտական Արաբիոյ, եւ արդէն հասած են Լիպիա, ուր արդէն ձեռք առած են իշխանութիւնը։ Յիշեցնեմ որ Եւրոպայի հանդիպակաց այդ երկրէն օդանաւով միայն ժամ մըն է հեռու դէպի Պարչելոնա, մեր երկիրը տակնուվրայ ընելու…։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Որպէս սպանացի հանրայայտ քաղաքական գործիչ, ինչպէ՞ս կը գտնէք որ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը այսօր կը նշէ իրեն հանդէպ գործադրուած ցեղասպանութեան 100-ամեակը։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Աշխարհը պէտք է պարտադիր կերպով ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Անվիճելի փաստ է, որ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է։ Դժբախտաբար, սպանակցան որոշ առեւտրական ընկերութիւններ, վախնալով կորսնցնելէ իրենց պայմանագիրները Թուրքիոյ հետ՝ կը խուսափին ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այսօր, դժուար չէ հասկնալ հայ ժողովուրդին հանդէպ գործուած ցեղասպանութիւնը՝ երբ այսօր՝ 21-րդ դարուն, նոյն տարածքներուն վրայ հազարաւոր մարդոց վայրագաբար կը սպաննեն, գլուխ կը կտրեն, ողջ-ողջ կը հրկիզեն կամ քարկոծելով կը սպաննեն եւլն։
Այս բոլորը՝ անցեալ դարու խաւարին մէջ ահաւոր կերպով գործադրուած է հայերու եւ այլ ժողովուրդներուն դէմ։ Եթէ մենք այսօր կը սարսափինք դիտելով երկու լրագրողներու գլխատումը, ապա եւ ինչպէ՞ս պէտք չէ ահաբեկուինք յիշելով թէ աւելի քան միլիոն ու կէս հայեր մորթուեցան ու գլխատուեցան 100 տարի առաջ։ Մի՞թէ ծովածաւալ հայոց արիւնը, որ թափուեցաւ անցեալ դարու սկիզբը, աւելի չ’արժեր քան մէկ ամերիկացի լրագրողին կեանքը։ Մենք անվիճելի կը համարենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ արժանի կը համարեմ որ Սպանիոյ դպրոցներուն մէջ դասաւանդուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որպէսզի երիտասարդութիւնը տեսնէ թէ ինչպէս կատարուած է անիկա հայ ժողովուրդին դէմ այդ արիւնալի ժամանակներուն մէջ։