Ստորագրել, Կասեցնել, Ջնջել Եւ … Չեղեալ Հռչակել

Պարոյր   Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 20 Մարտ 2018

10 Հոկտեմբեր 2009:

Ցիւրիխի (Զուիցերիա) մէջ, բարձրագոյն մակարդակի վրայ, տեղի ունեցաւ միջազգային արարողութիւն մը, որուն մասնակցեցան՝ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Զուիցերիոյ նախագահները, Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի նախագահը, Եւրոպական Խորհուրդի ընդհանուր քաղտուղարը, պաշտօնապէս ներկայ գտնուելու՝

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ (համաձայնական) ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ

Եթէ Հայաստանի բնակչութեան մօտ հակազդեցական շարժերը այնքան ալ բուռն չէին, սփիւռքահայութեան մօտ այդ արարողակարգը փոթորիկ ստեղծեց, ընդվզում առաջացուց, զայրոյթ պատճառեց (հոգ չէ թէ ոմանք, պատեհապաշտական ու նեղմտական կարգով, զո՜ւր փորձեցին պաշտպանել արարքը):

Պարոյր   Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 20 Մարտ 2018

10 Հոկտեմբեր 2009:

Ցիւրիխի (Զուիցերիա) մէջ, բարձրագոյն մակարդակի վրայ, տեղի ունեցաւ միջազգային արարողութիւն մը, որուն մասնակցեցան՝ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Զուիցերիոյ նախագահները, Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի նախագահը, Եւրոպական Խորհուրդի ընդհանուր քաղտուղարը, պաշտօնապէս ներկայ գտնուելու՝

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ (համաձայնական) ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ

Եթէ Հայաստանի բնակչութեան մօտ հակազդեցական շարժերը այնքան ալ բուռն չէին, սփիւռքահայութեան մօտ այդ արարողակարգը փոթորիկ ստեղծեց, ընդվզում առաջացուց, զայրոյթ պատճառեց (հոգ չէ թէ ոմանք, պատեհապաշտական ու նեղմտական կարգով, զո՜ւր փորձեցին պաշտպանել արարքը):

Անշուշտ, ստորագրութեան ընթացքը, երկար ատենէ ի վեր  «կ’եփէր» մեծապետական երկիրներու խոհանոցներուն մէջ, այդուհանդերձ, անակնկալը մեծ ու ցնցիչ էր, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, «վստահելիներու» իր անձնակազմով, ժամանեց Ցիւրիխ եւ իր ստորագրութիւնը դրաւ փրոթոքոլային արձանագրութեանց տակ:

Սկիզբը, Սփիւռքէն հնչած բողոքները, ո ՛չ մէկ ուշադրութեան կամ ունկնդրութեան արժանացան, հայրենի իշխանութիւնները իրենց առած քայլը նկատելով ճիշդ ու պատմական, աւելին՝ նպաստաւոր ( ՞ ) հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ ապագայի կերտման:

Սակայն, ժամանակ մը ետք, Պրն. Նախագահը գիտակցելով այդ արձանագրութեանց աղիտաբերութեան ու շահադիտութեան, ի դէմս Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն ու պայմանականութիւններուն, փորձելէ ետք «զգաստացնել» արարողակարգի մասնակից երկիրները եւ հանդիպելէ ետք անոնց անտարբերութեան ու Թուրքիոյ կարծրամէտութեան, ստիպուած եղաւ յայտարարելու, թէ՝ արձանագրութիւնները կը կասեցուին, ցնոր տնօրինում:

Բնական է, Պրն. Նախագահը կտրուկ միջոցի չդիմեց, լրիւ ջնջելու զանոնք, պարզապէս համայն աշխարհին ցոյց տալու Հայաստանի բարեացակամութիւնը , իսկ Թուրքիոյ չարամտութիւնը , արձանագրութիւնները իրենց ճիշդ հունաւորումէն շեղելու ու զանոնք ի նպաստ իր սատանայական ծրագիրներուն լծելու:

Այս առնչութեամբ, օրին, հրապարակագրական պոռթկումով բարձրաձայնեցինք.

«ԿԱՍԵՑՆԵԼ» ԲԱՅԸ ՋՆՋԵ ՛Լ ՄԵՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ-ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆԷՆ

Մենք փութացինք նման հրապարակագրութեամբ մը հանդէս գալու, հետեւեալ պատճառներով.

ա. Թուրքիոյ, արդի ՛  Թուրքիոյ, դարձդարձիկ ու մանուածապատ քաղաքականութեան երբեք չվստահիլ, քանի անիկա նենգամիտ ու ստորնաքարշ ըլլալով, ոչ մէկ երաշխիք կրնայ տալ ոեւէ կողմի, ալ ո՜ւր մնաց հայութեան…

բ. Թուրքիոյ բացայայտ ու կողմնակալ պաշտպանութիւնը Ատրպէյճանին, պնդելով թէ՝ Արցախը կը պատկանի այս վերջնոյն, հողային ամբողջականութեան ( ՞ ) սկզբունքով եւ իրաւունքով:

գ. Թուրքիա երբեւիցէ պիտի չընդունի ցեղասպանութեան ժառանգորդ ըլլալու(ն) ճշմարտութիւնը, ընդհակառակը, պիտի շարունակէ ու զարգացնէ իր մերժողականութեան եւ ուրացումի քաղաքականութիւնը:

դ. Թուրքիա ամէն գնով ինքզինք աւելի պիտի կարծրացնէ, ոտնակոխելով Հայոց Պահանջատիրութեան ամէն իրաւունք եւ արդարացիութիւն:

Ահաւասիկ, շուրջ ինը տարի ետք, դարձեալ անակնկալ մը կը պայթի, երբ նախագահ Սարգսեան,

ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՉԵՂԵԱԼ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Թէեւ ոչ-ուշ, այս որոշումը, իրօք, պատմական է, որովհետեւ, մէկ կողմէն՝ ցոյց կու տայ Թուրքիոյ անպատկառ վերաբերմունքը, ոչ միայն հայ ժողովուրդին նկատմամբ, այլեւ՝ նոյնինքն այն բոլորին, որոնք միամտութիւնը ունեցան հաւատալու թրքական անկեղծութեան, միւս կողմէն՝ Հայաստանը դէպի արձանագրութեանց մղողները, արդեօք ինչո՞ւ լռեցին (ու լռած են), տեսնելով Թուրքիոյ ամբարտաւան եւ անպարտաճանաչ վարքագիծը:

Հոս հարց կը ծագի, թէ պէ՞տք էր սպասել այսքան ժամանակ, խորհրդաւոր արձանագրութիւնները նետելու… աղբաման, այնքան ատեն որ՝ ի սկզբանէ յայտնի էին Թուրքիոյ լարախաղացութեանց ծալքերը, իրենց տեսանելի եւ անտեսանելի կողմերով:

Բաց աստի, նախագահ Սարգսեան, երբ այցելեց Լոս Անճելըս ու Պէյրութ, չհամոզուեցա՞ւ, որ «բան մը» կայ որ սխալ է կամ «բան մը» կայ որ ճիշդ է այդ արձանագրութեանց ստորագրման մէջ:

Հաւատացած ենք, որ ներքնապէս համոզուեցաւ «սխալ»ին ու «ճիշդ»ին, սակայն, միջազգային ընտանիքին առիթ տուաւ դատելու՝ Հայաստանի ու Թուրքիոյ դերակատարութեանց տարբերութեանց, առաջինին պարկեշտութեամբ եւ երկրորդին սնահաւատութեամբ:

Արդարեւ,

– Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ մշակելը
– Թուրքիոյ հետ բարեկամութիւն պահելը
– Թուրքիոյ հետ ընկերութիւն ընելը
– Թուրքիոյ հետ բարի դրացիութիւն հաստատելը
– Թուրքիոյ հետ, համաձայնագիրներ կնքելը

Ի՞նչ իմաստ կրնան ունենալ, երբ՝ Անգարայի վարիչները ամբողջովին թշնամական վերաբերմունք ունին հայութեան ու Հայաստանին նկատմամբ, երբ՝

– Թուրք պատմագիրները պատմութիւն կը նենգափոխեն ու կը խեղաթիւրեն
– Թուրք քաղաքական գործիչները հակահայ քարոզչութեամբ կը զբաղին
– Թրքական կառավարութիւնը միջամուխ կ’ըլլայ թրքահայութեան եկեղեցական-աշխարհական կեանքին մէջ
– Թրքական ճնշումները կը շարունակուին հայապատկան սրբատեղիներու թէ կալուածներու դէմ

Այս բոլորէն ետք, պէտք է շեշտել նաեւ այն ամօթալի մտայնութիւնը, որ ոմանց մօտ կը նշմարուի, իրենց արտայայտութեամբ թէ այլապէս, երբ կը խօսուի հայ-թուրք յարաբերութիւնները դնելու նոր ( ՞ ) նժարի մը վրայ ու բանալու նոր ( ՞ ) էջ մը:

Այսպիսի հաւկոյրներ չե՞ն տեսներ, թէ՞ չեն ուզեր տեսնել թրքական մտայնութեան ահաւորութիւն մը եւ հայութեան իրաւազրկուածութիւնը, որովհետեւ թուրքը թո ՛ւրք է, երբ հայը իր դիմացն է, իսկ հայը հա՞յ է, երբ թուլութեան նշաններ ցոյց կու տայ, պարտուողական եւ անձնատուական նկրտումներէ մղուած:

Չըսենք կամ չհակաճառենք, թէ այդպիսիներ չկան մեր չորսդին, որոնք կը յաւակնին «լայնախոհ» եւ «ազատամիտ» ըլլալ, մինչ չարաչար կը սխալին, դաւաճանելով իրենց ինքնութեան եւ էութեան:

Բայց, որպէսզի անոնք (եւ շատ-շատե՜ր) համոզուին, թէ թուրքին հետ յարաբերութիւնը կամ կապը ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, անհրաժեշտ է ծանօթանալ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութեանց… զաւեշտախաղին, որ ինը տարուան «անցեալ» մը ունի եւ կը մնայ այն հայելին, որուն մէջ ամէն ոք պէտք է նայի ու տեսնէ իր եւ այլոց նկարները:

*****

Եզրակացութիւն.

Հայաստանը պետականութիւն-պետութիւն է, անկախութեան ու գերիշխանութեան ընտրանքով:

Սակայն, կայ հիմնակէտ մը, զոր կարելի չէ շրջանցել կամ դրժել (գէթ յետայսու). ատիկա սփիւռքահայութեան հետ համագործակցելու ու համախորհրդելու հրամայականութիւնն է, երբ հարցը կը վերաբերի.

– Տարագիր հայութեան իրաւունքներուն
– Տարագիր հայութեան պահանջատիրութեան
– Տարագիր հայութեան առաջադրութիւններուն
– Տարագիր հայութեան սեփականութիւններուն
– Տարագիր հայութեան տարածութիւններուն

Դժուա՞ր են ասոնք: Ո ՛չ, եթէ, Աստուած մի արասցէ, օր մը դարձեալ ինքզինքնիս դէմ յանդիման չգտնենք ուրիշ տեսակ արձանագրութիւններու…

 

You May Also Like
Read More

Փուճ Խոստումներ

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 30 Նոյեմբեր 2010 Օսմանցի Սուլթանները և Ամերիկացի Նախագահները Իրենց … Փուճ Խոստումներով Հայ ժողովուրդի պատմութեան…
Read More