Մըլհէմ Քարամին

Անուն մը, որ ամբողջովին կը բուրէ արաբականութիւն, լիբանանցիութիւն, բայց մանաւանդ ՝ հրապարակագրութիւն, խմբագրապետութիւն, իսկ աւելին ՝ հրատարակչականութիւն, լրագրականութիւն:
Շուրջ հինգ տասնամեակ (ուղիղ 49 տարի), Մըլհէմ Քարամ մնաց պատնէշի վրայ, որպէս արժանաւոր նախագահը Խմբագիրներու սենտիքային, այս իւրայատուկ կառոյցը դարձնելով լրագրողներու մեղուափեթակ մը:
Մըլհէմ Քարամին



Անուն մը, որ ամբողջովին կը բուրէ արաբականութիւն, լիբանանցիութիւն, բայց մանաւանդ ՝ հրապարակագրութիւն, խմբագրապետութիւն, իսկ աւելին ՝ հրատարակչականութիւն, լրագրականութիւն:
Շուրջ հինգ տասնամեակ (ուղիղ 49 տարի), Մըլհէմ Քարամ մնաց պատնէշի վրայ, որպէս արժանաւոր նախագահը Խմբագիրներու սենտիքային, այս իւրայատուկ կառոյցը դարձնելով լրագրողներու մեղուափեթակ մը:
Իր քաղաքական այցելութիւններով, մեկնաբանութիւններով, յարաբերութիւններով, դիրքորոշումներով ու վերլուծումներով, եղաւ հաւասարակշռեալ, չափաւորական եւ անկողմնակալ, յատկութիւններ, որոնք քիչերուն շնորհուած են, ի մասնաւորի Լիբանանի նման համայնքային բարդ ու խճճուած դրուածք ունեցող երկրի մը մէջ:
Քարամ, իր հանգամանքով ու մամլոյ ցանցով, չհակադրուեցաւ որեւէ կողմի, չծառայեց որեւէ կողմի, չկողմնորոշուեցաւ որեւէ կողմի, իսկ այդ բոլորը ըրաւ գիտակցուած ձեւով, հաւատալով որ միութեան, մէկութեան ու միասնականութեան գործօնները անփոխարինելի են Լիբանանի յարատեւութեան համար:
Յաջողեցաւ իր այդ ընտրանքին մէջ, ապացոյցը տալով Լիբանանին իր նուիրուածութեան, ծառայասիրութեան ու պաշտասիրութեան:
Իր առաջնորդողներն ու խմբագրականները փնտռուած էին, արաբ թէ օտար ընթերցողներէ, որովհետեւ նեղ չափանիշներով չէր կշռադատեր տեղական, շրջանային ու միջազգային իրադարձութիւնները, այլ ՝ լայն կարկինով, առարկայական տուեալներով, իրապաշտ մօտեցումներով ու պատկերաւոր օրինակներով:
Քարամ այն բացառիկ անձնաւորութիւններէն էր, որ իր պաշտօնակիցներուն ու գրչեղբայրներուն նկատմամբ ունէր հոգատար վերաբերմունք, կը տածէր անհուն սէր, կը պաշտպանէր անոնց իրաւունքները, կը գործէր անշեղ պարկեշտութեամբ, ուրախ թէ տխուր առիթներով, լաւ թէ վատ օրերուն:
Հայութեան նկատմամբ իր զգացումները անսահմանօրէն ջերմ էին, կապերը ՝ ամրապինդ, գործակցութիւնները ՝ արդիւնաւէտ:
Կը յարգէր իր հայ պաշտօնակիցները, կը փնտռէր անոնց ընկերութիւնը, կը հետաքրքրուէր անոնց ասպարէզով, կը գնահատէր անոնց աշխատանքը, կը գոհացնէր անոնց պահանջքները, հոն ուր կարիքը կը զգացուէր կամ անհրաժեշտութիւն կը տեսնուէր:
Լիբանանահայութիւնը իրեն համար համահաւասար համաքաղաքացի էր, արժեւորելով անոր կառուցողական դերակատարութիւնը լիբանանեան կեանքին մէջ, ինքզինք շրջապատուած զգալով անկեղծ հայորդիներով:
Յաճախ կը հետաքրքրուէր լիբանանահայ մամուլի գործընթացով, հայ խմբագիրներու ու լրագրողներու վիճակով, անձնապէս հետս հեռաձայնային կապ հաստատելով կամ իր քովը հրաւիրելով, ուշի-ուշով լսելով, ապա տալով իր խորհուրդներն կամ թելադրութիւնները, երբեմն ալ ՝ հեղինակաւոր խօսքը:
Ոչ միայն անտարբեր չէր, այլեւ գործնապէս ու լրջօրէն զօրավիգ էր Հայկական Հարցին ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման ու ճանաչման, իր մամուլը լայնօրէն բանալով այս մասին:
Կորուստը ծանր է, մեկնումը ՝ անժամանակ, յատկապէս այս հանգրուանին, երբ Լիբանանը պէտք ունէր իր խօսքին ու գրիչին:
Բիւր յարգանք իր վաստակին եւ յիշատակին:
1 comment
Loss of Melhem Karam
Team Keghart.com regrets the loss of Melhem Karam, a great humanist and friend of Armenians.
Our condolences to members of his family and colleagues.
Comments are closed.