Պատասխանը ո՞ւր պէտք է փնտռել. փնտռեցէ՛ք
Պարոյր Յ . Աղպաշեան, Պէյրութ, 16 Յունուար 2018
Լիբանանահայութիւնը, իր զանազան շերտաւորումներով ու կազմաւորումներով, այսօր ո՞ւր կը գտնուի, ի՞նչ վիճակ կը ներկայացնէ եւ ինչպէ՞ս կարելի է բնութագրել անոր կարգավիճակը:
Ասոնք լուրջ եւ անմիջական հարցադրումներ են, զորս պէտք է հետաքրքրէ ու մանաւանդ մտահոգէ այն բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնք կը յաւակնին գաղութային կեանքին մէջ ունենալ կարեւոր եւ առաջնորդող դերեր:
Ինծի համար գոնէ, միշտ հարց (ու տանջա՞նք) եղած է, թէ ինչո՞ւ՝ լիբանանահայութիւնը, իր ներքին տագնապները, հիմնախնդիրները կամ վերիվայրումները բարելաւելու ու բարեկարգելու համար, չի դիմեր արմատական ու հիմնական առաջադրանքներու:
Գիտենք ու գնահատելի գտած ենք այն միջոցառումներն ու նախաձեռնութիւնները, որոնք կը միտին բառնալու սայթաքումներն ու կաղացումները գաղութէն ներս, բայց, ատոնք ո՞րքանով ուժական ու զգաստական, փոփոխական ու համադրական եղած են:
Պատասխանը ո՞ւր պէտք է փնտռել. փնտռեցէ՛ք
Պարոյր Յ . Աղպաշեան, Պէյրութ, 16 Յունուար 2018
Լիբանանահայութիւնը, իր զանազան շերտաւորումներով ու կազմաւորումներով, այսօր ո՞ւր կը գտնուի, ի՞նչ վիճակ կը ներկայացնէ եւ ինչպէ՞ս կարելի է բնութագրել անոր կարգավիճակը:
Ասոնք լուրջ եւ անմիջական հարցադրումներ են, զորս պէտք է հետաքրքրէ ու մանաւանդ մտահոգէ այն բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնք կը յաւակնին գաղութային կեանքին մէջ ունենալ կարեւոր եւ առաջնորդող դերեր:
Ինծի համար գոնէ, միշտ հարց (ու տանջա՞նք) եղած է, թէ ինչո՞ւ՝ լիբանանահայութիւնը, իր ներքին տագնապները, հիմնախնդիրները կամ վերիվայրումները բարելաւելու ու բարեկարգելու համար, չի դիմեր արմատական ու հիմնական առաջադրանքներու:
Գիտենք ու գնահատելի գտած ենք այն միջոցառումներն ու նախաձեռնութիւնները, որոնք կը միտին բառնալու սայթաքումներն ու կաղացումները գաղութէն ներս, բայց, ատոնք ո՞րքանով ուժական ու զգաստական, փոփոխական ու համադրական եղած են:
Եթէ առարկայական ըլլանք, ատոնք հազիւ թէ նպաստած են լիբանանահայութեան, դուրս գալու համար իր ոլորապտոյտներէն ու գահավիժումներէն, որոնք կը սպառնան իր ապագայական համակեցութեան ու գոյակեցութեան վրայ:
Ամէն ինչ վարդագոյն տեսնելու հաւկուրութիւնը կամ կարճատեսութիւնը արդեօք ինչո՞վ օգտակար կ’ըլլայ այս հայագաղութին աշխուժութեան, կենսունակութեան եւ յարատեւութեան, երբ խամրող իրականութիւններ սկսած են իրենց չոր ու կարծր ազդեցութիւնները զգացնել… մէկէ աւելի մարզերու ու բնագաւառներու մէջ:
Այս յօդուածով, երբեք յաւակնութիւնը չկայ լիբանանահայ գաղութի «հսկայական թղթածրար»ը բանալու, ոչ ալ անոր մէջ խորասուզուելու, զայն ձգելով պատկան կողմերուն եւ կամ՝ ի հարկին, յարմար պահուն, անոր ալ անդրադառնալու:
*****
Հրատապ նիւթը, աւելի ճիշդ՝ ՕՐԱԿԱՐԳը, զոր կ’ուզենք լուսարձակի տակ առնել՝
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼՆ Է:
Այս մասին բազմաթիւ անգամներ ահազանգած եմ, նոյնիսկ «գրականութիւն» մշակելու չափ եւ շեշտած եմ այդ սահանքէն դուրս գալու անհրաժեշտութեան վրայ, որոշակի առաջարկներ ներկայացնելով, սակայն նահանջը շարունակուած է ու կը շարունակուի անարգել, անզուսպ եւ անդադար:
Կային ժամանակներ, երնէ ՜կ այդ ժամանակներուն, երբ հայ թերթը ԴՊՐՈՑ էր, ուսմունք, դաստիարակութիւն, հոգեմտածողութիւն ու գիտութիւն, միանգամա՛յն, իսկ հիմա՞, թէեւ երբեք ակնկալութիւնը չկայ, որ ան գտնուի այդ թռիչքային հորիզոնականին վրայ, բայց, կարելի՞ է երեւակայել, որ հայ թերթը այս աստիճանի «անկում» արձանագրէ:
Ո՞վ է յանցաւորը:
Անշուշտ, «իտալացիները» չեն, ինչպէս կ’ըսեն լիբանանցիները, երբ նման հանգուցաւոր ու բարդ հարցի մը հետ դէմ յանդիման գտնուին:
Ուրեմն, ո՞ւր պէտք փնտռել հայ թերթին… անբաւարարութիւնն ու մակընթացութիւնը, մռայլութիւնն ու գունաթափութիւնը եւ ոչ ոք թող յանդգնի կամ փորձէ հակառակը ապացուցել, նոյնիսկ երբ կրնան որոշ թերթեր այդ սահմանագծին կամ սահմանակէտին վրայ նուազ չափանիշերով գտնուիլ, սակայն դառն իրականութենէն ո՞վ կրնայ խուսափիլ:
Այո՛, ո՛չ ոք եւ ո՛չ ոք իրաւունք ունի նման դասալքութեան մէջ գտնուիլ:
*****
Եթէ հայ մամուլը եղած է (եւ ճակատագրուած է ըլլալու) հայ վերակենդանութեան ու հայապահպանութեան հզօր զէնքերէն մէկը, ապա, ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ ու համակերպիլ այն դժխեմութեան, որ կը նկատուի՝
– Հայ մամուլին՝ անտեսումը
– Հայ մամուլին՝ նօսրացումը
– Հայ մամուլին՝ նսեմացումը
– Հայ մամուլին՝ խամրումը
– Հայ մամուլին՝ շիջումը
Ինչո՞ւ ազգային, եկեղեցական, կուսակցական, միութենական ու քաղաքական կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ (կամ ներկայացուցիչներ) կը խօսին ու կը գովերգեն հայ մամուլի կարեւորութեան ու հիմնականութեան մասին, բայց, չեն ուզեր անդրադառնալ անոր հիւանդակախութեան ու շիջումնառութեան:
Կրնա՞յ ըլլալ որ այս վերաբերմունքը բացատրուի անով, որ հայ թերթը կողմի մը կը պատկանի (՞), հայ թերթը կողմի մը կալուածն է (՞), հայ թերթը կողմի մը բեմն է, ուստի, ո՛չ ոք իրաւունք ունի անոր «խառնուելու», բայց, այս խոտորելի մօտեցումը ո՞րքանով ընդունելի է եւ ո՞րքանով տրամաբանական:
Ցաւալին այն է, որ հայ թերթի նկատմամբ հասկացողութիւնն ու ըմբռնողութիւնը, շատ-շատերու համար, սկսած է ստանալ բոլորովին տարբեր ուղղութիւն ու թարգմանութիւն եւ երբեք չի կրնար արտացոլացնել կամ արտայայտել հայ թերթին նկատմամբ յստակ ու մեկին հաւատամքի մը կառչածութիւնը:
Այն ինչ որ կը կատարուի ոմանց մօտ, հայ թերթը (այս պարագային՝ յատկապէս լիբանանահայ) կանգուն պահելու (կամ զարգացնելո՞ւ), աւելի քան խաբկանք է, երբ ՙ «հոգեվարք»ի նշանները բացայայտ են, ակնակործան ու համատարած, որովհետեւ հայ թերթերուն մեծ մասը, իր ընդհանրութեամբ եւ էութեամբ, այլափոխուած, թողլքուած, խորթացուած եւ աղքատացուած վիճակ մը կը ներկայացնէ:
Մէկ կողմէն՝ անտարբերութիւնը ու թափթփածութիւնը, միւս կողմէն՝ պատահականութիւնն ու անլրջութիւնը, առաւել՝ նոր ուժեր (չ) պատրաստելու ու համապատասխան թեկնածուներ (չ) կարեւորելու անշնորհքութիւնը, այսօր, հայ մամուլը հասցուցած են այս անփառունակ կացութեան, որովհետեւ՝
– Ո՞ւր է «քատր»ային դաստիարակութիւնը
– Ո՞ւր է «քատր»ային քաղաքականութիւնը
– Ո՞ւր է «քատր»ային պատրաստութիւնը
– Ո՞ւր է «քատր»ային հասունութիւնը
– Ո՞ւր է «քատր»ային հասկացողութիւնը
Եթէ չկան այս գործօններն ու լծակները, ինչպէ՞ս կարելի է թերթ պահել, խնամել ու զարգացնել, այլեւ՝ շունչ ու կեանք տալ անոր, լուսաւորել եւ առաջնորդել ընթեցրողներ:
Լա՛ւ, եթէ գիտակցութիւնը չկայ այս բոլորին կամ կայ եւ չեն մշակուիր ու գործադրուիր ուղղակի ու հաստատուն քայլերով՝ հայ թերթը պահելու պատնէշի եւ իր առաքելութեան ուղիին վրայ, այն ատեն ինչո՞ւ կը խօսուի հայ թերթի հզօրութեան եւ ազդեցութեան մասին. մանաւանդ սփիւռքահայութեան լայնածիր հասարակութեան գոյակեցութենէն ներս:
Թերեւս այս է պատճառը, տխո ՜ւր պատճառը, որ սփիւռքահայ թերթեր կը տառապին (ու կը տառապեցնեն) շատեր, ի տես հայ թերթին ուժաթափութեան եւ անհրապուրութեան գացող երթին, այնքան ատեն որ՝ ան սկսած է տապլտկիլ իր ամլութեան ու սնանկութեան մէջ, երբ հայ թերթը պահող՝
– Տեսլապաշտ պատասխանատուներ «շոգիացած» են
– Կոչումով խմբագիրներու «սով» կայ
– Լրագրողներու զգալի պակաս կայ
– Արեւմտահայերէն լեզուի գիտակներու անկում կայ
– Քաղաքական մտքի գրիչներ կը բացակային
Այս առիթով, կը մէջբերեմ հալէպահայ ներհուն մտաւորական, գրող, հրապարակագիր եւ ազգային գործիչ՝ Լեւոն Շառոյեանի մէկ խօսքը, որ 17 Փետրուար 2017ին ուղղած էր ինծի, երբ շնորհաւորած էր իմ վերջին երկու գիրքերուս հրատարակութիւնը, մանաւանդ հայ մամուլին մասին իմ գրութիւններուս բաժինը («Դիտարկումներ եւ Դատումներ», Պէյրութ 2016, էջ 341-364): Ըսելով.
«Գիտէք , որ հա յ մամուլը որքա ՜ն մօտ է իմ սրտին , իսկ սփիւռքահայ մամուլին պարզուած այս օրուան ՈՂԲԱԼԻ (ընդգծումը իրն է) կացութիւնը , ուղղակի արիւնեց իմ սիրտը: Այն ինչ որ կ‘ըսէք ու կը մատնանշէք՝ անվիճելի իրականութիւն է: Բայց, լսող կա՞յ»:
Խօսելով թերթերու երկա ՜ր շարքի մը մասին ան կ’ըսէ.
«Բոլո՛րն ալ նահանջած են բանիւ եւ գործով»: Ապա կը շարունակէ. «Ո՛չ ձեռնհաս խմբագիր ունին, ո՛չ հմուտ աշխատակից, ո՛չ հետեւողական թղթակից, ո՛չ վերլուծական : Չունին նաեւ ՃԱՇԱԿ: Կ‘արտատպեն ամէնէն «տափակ» գրութիւնները : Հայերէն լեզուն օր աւուր կը մորթոտուի այս տխմար ու անգէտ խմբագիրներուն աչքին ու գրչին տակ» :
Ահաւասիկ «նմուշիկ» մը հայ մամուլին անբաղձալի վիճակէն, ալեկոծուած սրտցաւ հրապարակագիրէ մը, որ կ’ապրի անոր մղձաւանջը, բայց կը տառապի անոր վիճակագրուելի ապագայէն, մինչ ուրիշներ, «չակերտաւոր»ներ, տակաւին այլ լարերու վրայ կ’երգեն, կը գեղգեղեն ու կը մեղեդեն խժալուրական խաչմերուկներու վրայ:
Լուծումը ի՞նչ է կամ ո՞ւր է, պիտի մտածեն շատեր, դուրս գալու այս անելէն եւ դէպի լաւատեսութիւն ընթանալու:
Օրին, այս մասին հրապարակային կարծիք յայտնած էի ու պահանջած գէթ լիբանանահայ մամուլի «առողջացում»ը կենդանի պահելու համար, գրիչի մարդոց մէկտեղումը ու քննարկումը այս թղթածրարին:
Այս ուղղութեամբ Հայաստանը ոչինչով կրնայ օգնել հայ մամուլի բարեկարգման ու բարւօք շարունակականութեան, ոչ ալ՝ Հայաստան-Սփիւռք որեւէ մակարդակի վրայ տեղի ունեցող ժողովները, այլ՝
Ներսփիւռքեան (իմա՝ ներլիբանանահայ) ճիգերն ու միջոցները:
Ասկէ դուրս չի՛ք իրականութիւն (լուծո՞ւմ):
Եթէ կարելի պիտի չըլլայ գիտակցիլ այս պա ՜րզ ճշմարտութեան, արդէն վաղը ՈՒՇ է հայ մամուլը փրկելու իր աւազախրումէն:
Արդեօք զգաստացող կողմ կա՞յ, կրնա՞յ ըլլալ, գտնուի՞լ, թէ՞՝ հայ մամուլը, հա՛յ թերթը, պիտի ձգուի իր անորոշական յորձանուտին մէջ տապլտկուող ու տապկուող թղթակոյտի մը: