"100-ամեակի միջոցառումները դարձնել ՏԱՀՔ-ի ստեղծման մեկնարկ"
Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Պէյրութ
Ո՞ր հատուածի մասին է խօսքը երբ յայատարարութիւններ լոյս կը տեսնեն սփիւռքի եւ անոր պահանջատիրութեան մասին: Ներքեւ հրատարակուած գրութիւնը վերցուած է Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի 11 Նոյեմբեր 2011 թուակիր երկարաշունջ յօդուածէն: Ան իւրայատուկ ու յստակ իրաւաբանական ոճով կը ներկայացնէ խնդրոյ առարկայ եզրը: Թէեւ հեղինակը ներկայ չէր 10 Դեկտեմբեր 2011-ի Սեւրի համաժովին՝ մասնակիցները ի միտի ունէին իր կողմէ նկարագրուած «միջին-խումբ-սփիւռք Տարագիր Արեւմտահայութիւն»ը ու անոր շառաւիղներու պահանջատիրութիւնը: Յետագային վերոյիշեալ յօդուածէն պիտի ներկայացուին այլ պարբերութիւններ որոնք կը վերաբերին շարք մը «պատմական և իրաւագիտական թերիմացութիւններ»ու: Խմբ.

Թերիմացութիւն է […] կարծել՝ թէ իրականութիւն է Հայ Սփիւռքի գոյութիւնը, իբրեւ միաւորուած ազգային-քաղաքական հաւաքականութիւն: Հայ Սփիւռքի միասնական պատկերացումը մտացածին է եւ պարզապէս վերցարկում (abstraction) երեք տարբեր, իրարմէ իրաւապատմաքաղաքականօրէն տարբեր սփիւռքներու: Իրարմէ որոշապէս տարբեր այս երեք սփիւռքներէն ոչ մէկն ալ՝ ինքնին միաւորուած է իբրեւ հաւաքականութիւն: Այսինքն, անոնցմէ ոչ մէկը կը ներկայացնէ ուրոյն կազմակերպուած կառոյց մը:
Գոյութիւն ունին երեք անհատներու խումբեր միայն: Նախաեղեռնեան «ղարիբներու» խումբը կը հանդիսանայ հի՜ն սփիւռքը: Յետեղեռնեան բռնի հայրենահանեալ Արեւմտահայութեան խլեակներուն խումբը կը հանդիսանայ միջին սփիւռքը: Իսկ յետ-անկախութեան (յետ-սովետական) հայրենաթող Արեւելահայութեան (իրենց անկախ կամքով) տարաբնակներու խումբն ալ կը հանդիսանայ նորագոյն ափիւռքը…:
Արեւմտահայաստանի իրաւայաջորդներու միջին-խումբ-սփիւռքը Տարագիր Արեւմտահայութիւնն է, որը սակայն, մօտ մէկ դար վերջ ալ կը մնայ անտիրական վիճակի մէջ, քանի որ կազմակերպուած չէ, եւ չունի կեդրոնական, ներկայացուցչական ու միակ լիազօր կառոյց, իբրեւ ազգային-քաղաքական հաւաքականութիւն…, որ հայրենազրկուած է եւ հետեւաբար ունի Հայրենիք՝ Արեւմտահայաստան վերադառնալու անկապտելի իրաւունք մը:
Այս իրաւունքը արժեցնելու համար, այս միջին սփիւռքը պարտի կազմակերպուիլ՝ դառնալու համար միջազգային կարգավիճակ ունեցող ազգային-քաղաքական հաւաքակութիւն՝ որ ունի զինք կառավարող եւ իր դատը հետապնդող կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի…) եւ հետեւաբար ալ՝ միակ լիազօր (իր անունով խօսող ու պահանջող…) կառոյց, զոր պայմանականօրէն կոչած ենք՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Համաշխարհային Քոնկրէս (ՏԱՀՔ):
Այսպիսի Քոնկրէսն է միայն, որ կրնայ լսելի դառնալ (recevable, Ֆրանսերէն, Խմբ.)՝ Միջազգային ատեաններու առջեւ, հետապնդելու համար Արեւմտահայաստանի դատը, քանի որ այսպիսի Քոնկրէս ատեղծելու քաղաքական կամքն ու կազմակերպուելու կարողութիւնն ու ատակութիւնը ցուցաբերած պէտք է ըլլայ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը, ինչպէս կը պահանջէ իրմէ Միջազգային Հանրային Իրաւունքը, որուն այս պահանջն ալ անշրջանցելի է որեւէ ձեւով…: ՏԱՀՔ-ի ստեղծումէն դուրս Արեւմտահայաստանի դատ հետապնդելու ամէն ուրիշ տարազ՝ ժամավաճառութիւն եւ ինքնախաբէութիւն է…:
1915 թուի դարադարձի՝ 2015, սեմին՝ կազմուող Հայաստան-Սփիւռք ամէնէն հեղինակաւոր ու շռնդալից յանձնաժողովն անգամ, ոչ մէկ լուրջ յառաջընթաց կրնայ արձանագրել, եթէ՝ իր օրակարգի Ա. կէտը չէ դարձուցած ՏԱՀՔ-ի ստեղծումը: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք համահայկական համագործակցութիւնը՝ գործնական, իրաւական եւ յուսալիօրէն արդիւնաւէտ չի կրնար ըլալ, առանց վերակազմակերպելու Տարագիր Արեւմտահայութիւնը, որ ոչ միայն համահայութեան երեք սիւներուն մեծագոյնն է, այլեւ՝ միակ իրաւայաջորդը Արեւմտահայաստանի, եւ հետեւաբար ալ՝ գլխաւոր եւ հանգամանաւոր պահանջատէրը…:
1915 թ. Դարադարձի սեմին՝ համահայութիւնը եթէ իրօք կ’ուզէ 100-ամեակը նշանաւորել, պարտի անյապաղ ձեռնարկել ՏԱՀՔ-ի ստեղծման նախապատրաստական աշխատանքներուն՝ համահայկականութեան հարազատ ոգիով եւ գործելակերպով: Առնուազն, յոռեգոյն պարագային, 100-ամեակի միջոցառումները դարձնել ՏԱՀՔ-ի ստեղծման մեկնարկ: