«Վայ-Քաղաքագէտ»ներն Ու Սադրիչ «Ընդդիմադիր»ները

Համօ Մոսկոֆեան, Զարթօնք, 15 Օգոստոս 2016
 
Այս օրերուն, երբ բարձրագոյն մակարդակի վրայ, Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ, Արցախի եւ Հայաստանի կարեւորագոյն հարցերը կը քննարկուին Մոսկուայի, Երեւանի, Պաքուի եւ Թեհրանի մէջ, մեր ժողովուրդի «վայ կիկոս»ները լաց ու կոծ, «սուգ ու շիւան» բարձրացուցած են, անպատմելի հայհոյեանքներով համեմուած Ռուսիոյ թէ Հայաստանի ղեկավարներուն դէմ (Թուրքիա եւ Ազրպէյճանը զանց ընելով…), կուրծք ծեծելով, թէ Արցախի հողերը պիտի յանձնըուին, ահաւոր պատերազմներ պիտի ըլլան, երկրագունդը պիտի կործանի եւ Հայաստանը 2-րդ ջրհեղեղին տակ պիտի մնայ…: Վա ՜յ մեզի:
 
Հրահրուած հակա-ռուսական մոլուցքը, Հայաստանի ապականած «օլիկարխիկ» համակարգին, կաշառակերութեան թէ ալան-թալանին դէմ փոխանակ ուղղուելու եւ փորձելու լուծումներ գտնելու այդ յոռի երեւոյթները սրբագրելու, ուղղուած է նախագահ Փութինի (որ շուարած է թէ ո ՞ր մէկ ճակատի վրայ պայքարի…) եւ իբր թէ անոր «դրածոյ» նախագահ Սերժ Սարգսեանի դէմ: Այժմ, սլաքները ուղղուած են Արցախի ղեկավարութեան, որոնք միայն վերջերս կանգնեցուցին ու ետ շպրտեցին Ազրպէյճանի անարգ յարձակումը, յանձինս զօրավար Վիթալի Պալասանեանի, նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ հայազգի անմահ հերոսներու, որոնք նահատակուեցան, գլխատուեցան, բայց քարուքանդ ըրին նաեւ ազերի հրասայլերն ու սահմանամերձ աւանները:
 
«Ո՞վ տարածք կը յանձնէ, ի՞նչ տարածք կը յանձնեն: Այդ բոլորը շահարկումներ են: Ընդհանրապէս տարածքներու խնդիր, ի հարկէ, գոյութիւն ունի, բայց այդ միակողմանի չէ, եւ դժբախտաբար Ազրպէյճանին յաջողած է այդ հարցն այնքան շահարկել, որ մենք կարծես այդ խայծը կուլ տուած ենք եւ իրար կ'ուտենք չեղած տեղը: Կիկոսի պատմութիւն դարձած է: Տարածքներ կրնան յանձնուիլ, բայց որ չյանձնեն…:
 
Այս ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ կիկոսութիւն վտանգաւոր շահարկումներով լի, հայութեան միասնականութիւնը խարխլող… ի՞նչ է մենք տարածքային խնդիր չունի՞նք Ազրպէճանի հետ: Շահումեանի շրջանը, Գետաշէնը, Չարտախլուն, ամբողջ հիւսիսային Արցախը: Այդ տարածքները 15-20 հազար քառակուսի քիլոմեթր կը կազմէին», զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն տրուած հարցազրոյցի ըթացքին կը յայտնէ Լ.Ղ. Հանրապետութեան նախագահի խօսնակ Դաւիթ Պապայեան:
 
Հայ ժողովուրդի ամէնէն սիրուած ազգային հերոս Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի պատմական խօսքերը կը մէջբերենք, 100 տարի առաջ ըսուած. «Ռուսին մեզի թշնամի մի ՛ դարձնէք…»:
 
Այո, մենք շրջափակման մէջ ենքª Մայր Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ: Երբե՛ք պէտք չէ մոռնանք, որ այսօրուան Հայաստանը եւ Արցախը ազատագրուած են ռուսական զօրքերու կողմէ՝ 1795-ին եւ 1826 թուականներուն…:
2 comments
  1. «Վայ-Քաղաքագէտ»ներն ու Սադրիչ «Ընդդիմադիր»ները

    Ապրիլեան պատերազմին թշնամիներուն անարգ յարձակումը կանգնեցուցին եւ ետ շպրտեցին մեր քաջարի հայ զինուորները, որոնք իրենց կեանքի գնով կռուեցան, գլխատուեցան, խաչուեցան եւ… ոչ թէ քաղաքական անձերը…: Հայ զինուորնները կրնային աւելի յառաջանալ եւ վերադարձնել կորսուած դիրքերը, բայց իրենց հրամայեցին կեցնել կռիւը, եւ մինչեւ հիմա այդ դիրքերը գրաւուած կը մնան: 

    Հասկցանք որ Հայաստանը շրջափակուած է Թուրքիոյ եւ Ազպէյճանի կողմէ, բայց սփիւռքը ինչպէ՞ս շրջապատուած է, ո՞վ շրջապատած է սփիւռքը:

    Աս ի՞նչ խօսք է, «Հայաստանը եւ Արցախը»: Մի՞թէ Արցախը տարբեր երկիր մըն է: Ինչո՞ւ կը բաժնէք: Արցախը Հայաստանի մէկ մասնիկն է  միայն ու միայն:

  2. Artsakhy tanq, vor «rusin mezi tshnami chedardznenq»?

    Nerkayums rusy pahanjum e, vor menq Artsakhn u azatagrvats taratsqnery tanq Adrbejanin, vor inqy barelavi ir haraberutyunnery Baqvi u Ankaraji het. Hima inch, Artsakhy tanq azerinerin, vor "rusin mezi tshnami chedardznenq"? Sa inch metatselakerp e, eghbayr jan? Du, yst erevuytin, lav ches usumnasirel rusin, barekamys – na tujlerin u zijoghnerin chi sirum, na miajn uzhn e hargum. U vaj nran, ov mi qich tulatsav rusi het haraberutyunnerum… Cheq havatum – Nzhdeh kardatseq….

Comments are closed.

You May Also Like