Մովսէս Ս. Հերկելեան, Արուեստաբան, Զալքա, Լիբանան
Վարուժ ջան՝
Յուղարկաւորութիւնդ չեղաւ այնպէս, ինչպէս դուն կ’երազէիր. չէր ալ կրնար ըլլալ, որովհետեւ ո՛չ մեր բարոյական ըմբռնումները նման բան մը կրնային թոյլատրել, եւ ոչ ալ թատերախումբդ գոյութիւն ունի իրագործելու համար զայն։ Իրականութեան մէջ, քու պատկերացումդ իբրեւ յղացք կրնայ ըլլալ անհեթեթ թատրոնի բացառիկ նմուշ մը, զոր
Վարուժ ջան՝
Յուղարկաւորութիւնդ չեղաւ այնպէս, ինչպէս դուն կ’երազէիր. չէր ալ կրնար ըլլալ, որովհետեւ ո՛չ մեր բարոյական ըմբռնումները նման բան մը կրնային թոյլատրել, եւ ոչ ալ թատերախումբդ գոյութիւն ունի իրագործելու համար զայն։ Իրականութեան մէջ, քու պատկերացումդ իբրեւ յղացք կրնայ ըլլալ անհեթեթ թատրոնի բացառիկ նմուշ մը, զոր
Սօս Սարգսեանն ու Մուշեղ Գալշոյեանը, Յակոբ Յակոբեանն ու Արտաշէս Յունանեանը, Ալպերթ Կոստանեանն ու Ռազմիկ Դաւոյեանը, Հրանդ Մաթեւոսեանն ու Ռուբէն Յովսէփեանը, Վարդուհի Վարդերեսեանն ու Աննա Պետրոսեանը, Լեւոն Թուխիկեանն ու Վովա Մսըրեանը, Յասմիկն ու Նարինէն, Անահիտն ու Ալիքը, Ալիսն ու միւս Ալիքը, Ֆրունզիկն ու Գուժ Մանուկեանը, Յարութն ու Թամարը, Ռուբէն Հախվերդեանն ու Պետրոս Ապաճեանը, Սէյրան Խաթլամաճեան ու Վիգէն Թադեւոսեանը, Հենրիկ Էդոյեանն ու Յակոբ Մովսէսը եւ դեռ շատ-շատեր։ Ո՞ր մէկը թուեմ, սիրելի՛ Վարուժ։ Ի՞նչ մեղքս պահեմ հակառակ ազգային գետնի վրայ խորհրդային որոշ ճնշումներուն, ուրախ էինք մենք։ Լաւ օրեր էին, երկրի տնտեսութիւնն ու մանաւա՛նդ մշակոյթը ծաղկման ու բարգաւաճման մէջ էր այդ օրերուն։ Թէեւ կային խոչընդոտներ, սակայն կային նաեւ Ռոմէն Գոզմոյեանի եւ կամ Ճոն Կիրակոսեանի նման հայրենասէր ղեկավարներ, որոնք «ուղղութիւն կու տային մեզի։
Ձախէն երրորդը՝ Սօս Սարգսեան, կեդրոնը՝ Վարդուհի Վարդերեսեան, իր աջին՝ Մովսէս Հերկելեան, ձախին՝ Վարուժան Խտըշեան շրջապատուած դերասան դերասանուհիներով
Կը յիշես, չէ՞, ինչքան արշաւներ կը կազմակերպէինք նաեւ դէպի Հայաստանի տեսարժան վայրերն ու յուշարձանները։ Մանաւա՛նդ մէկը երբեք պիտի չմոռնամ։ Նստած էինք աւանդական դարձած օղիի սեղանիդ շուրջ, յանկարծ Սօսը, յանպատրաստից հեռաձայնեց իր ընկերոջ՝ Արագածոտնի շրջանի Ռայկոմի քարտուղարին, պարզապէս երթալ Բաշ Ապարան՝ ստուգելու համար յուշարձանի վերանորոգումը։ Ցուրտ էր, ձիւն-ձմեռ, բուք ու բորան պիտի ըսէին Բաշ Ապարանի ճակատամարտին մասնակցած ֆէտայիները։ Մենք գացինք։ Վերանորոգումը սկսած էր, սակայն չէր աւարտած, Սօսը պահանջեց «չսպասել մինչեւ գարնանամուտ, մինչեւ ձիւնհալ, որովհետեւ շեշտեց, թէ«Բաշ Ապարանի ճակատամարտը նուազ կարեւոր եւ ճակատագրական չէր, քան Սարդարապատը։
Այդպէս էր Սօսը, իսկ դո՞ւն… Դուն ալ տարե՛րքի մարդ էիր Վարուժ եւ պատահական չէ,
Մօտեցայ ու ըսի.
– Ի՞նչ ընենք Վարուժ, կ’ապրինք absurd (անհեթեթ) ժամանակներու մէջ…։
– Կ’ապրինք absurd ուղեղներու մէջ։
Անմիջապէս սրբագրեցիր դուն, սակայն, Պետիկը աւելցուց.
– Ինչո՞ւ կը զարմանաք, կեանքը ի սկզբանէ էր absurd, ի՞նչ է, նորութի՞ւն է պատերազմը:
– Պետիկը ճի՛շդ է, ռումբը կու գայ ու կ’անցնի, բայց մենք կը մնանք, նոյնիսկ եթէ ռումբը մեզ սպաննէ։ Եթէ դուն ալ քանի մը գաւաթ ուսիքի խմես մեզի պէս,ապա այն ատեն վար իջնելը աւելորդ շռայլութիւն պիտի համարես ու ռումբէն պիտի չվախնաս։ Եթէ ռումբը գայ, ապա նոյնիսկ դրանդ առջեւ կու գայ ու ոտքդ կը կտրէ, խուսափում չկայ, նստէ ու գաւաթ մը խմէ հիմա։ Կտրուած ոտքդ երկարելով աւելցուցիր.
– Ապսիւրտը այս է, անիմաստ ու անտրամաբանական։ Իմ ոտքս ի՞նչ կապ ունի աշխարհին հետ, Լիբանանի պատերազմին հետ, թատրոնին հետ, նստէ ու ձայնդ մի՛ հաներ։
Ընթացքին ռումբ մը սուրաց ու փշրուեցաւ հանդիպակած թաղին մէջ։ Ես ի զուր տեղը բացատրեցի, թէ փիլիսոփայելու տեղն ու ժամանակը չէ հիմա, ի զուր Անժելան կը փորձէր համոզել քեզ։ Ստիպուած ես եւս, մնացի ձեզի հետ, մինչեւ որ ռումբերուն ձայները հեռացան…:
Այո՛ Վարուժ, տարերքի մարդն էիր դուն, ստեղծեցիր տարերքի թատրոնը, տարերայնօրէն կերտեցիր կերպարներ, որոնք ընդհանրապէս զարտուղի՝ մտապէս զարնուած կամ հոգեպէս խախտած տիպարներ էին, որոնց հոգեկան աշխարհն ու տագնապները բնազդաբար« կ’ապրէիր թէ՛ իբրեւ բեմադրիչ, եւ թէ մանաւա՛նդ իբրեւ դերասան։ Ի զուր չէ, որ Պետիկը «անասունի բնազդ ունիս», կ’ըսէր քեզի, եւ դուն ճի՛շդ կը հասկնայիր զինք…։
(Ձ-Ա) Մովսէս Հերկելեան, Սօս Սարգսեան, Վարուժան Խտըշեան.
Երկրորդ նկար՝ Վարուժան Խտըշեան, Ալպերթ Կոստանեան, Մովսէս Հերկելեան
Սիրելի՛ Վարուժ, մենք բոլորս ալ գիտէինք, որ մինչեւ վերջ չկրցար համակերպիլ ոտքիդ կորուստին հետ։ Տառապեցար ու տանջահար եղար յատկապէս վերջին տարիներուդ, երբ գամուած մնացիր անկողնին։ Սակայն խոստովանիր, որ բախտաւոր եղար Անժելայով։ Այս պահապան հրեշտակը, որ գիտցաւ հաւատարիմ մնալ սիրոյ խոստումին, գիտցաւ արժեւորել տաղանդդ ու արուեստդ, գիտցաւ գնահատել անձդ եւ նոյնի՛սկ զարտուղի բնաւորութիւնդ. ամենայն համբերութեամբ տոկաց ու տարաւ ամէն ինչ, բարի պարիկի նման կողքիդ մնաց եւ խնամեց քեզ մինչեւ վերջին շունչ, նոյնի՛սկ պատրաստ՝ զոհելու իր ասպարէզն ու արուեստը։ Հակառակ անոր որ Անժելան հրաշալի դաշնակահար էր, ան աւելի ուժ տուաւ քու թատերական արուեստիդ, մնաց կողքիդ, ո՛չ միայն իբրեւ կողակից, այլեւ իբրև նաեւ գործընկեր ու սրտակից։
Դուն՝ իբրեւ թատերական արուեստի ռահվիրայ, կը մնաս հայ թատրոնի պատմութեան մէջ, քու արժանաւոր պատուանդանին վրայ։ Ես ո՛չ միայն հպարտ եմ քեզմով, քու արուեստովդ, այլ նաեւ շնորհակալ՝ քեզմէ, անոր համար, որ թատրոնի հմայքն ու էութիւնը սկսած եմ ճանչնալ քու բեմադրութիւններէդ՝ Պուրճ Համուտի «Յ. Տէր Մելքոնեան»ի բեմէն։