– Ախթամար Ս. Խաչ եկեղեցիի օծման արարողութեան պիտի երթա՞ս:
– Պիտի երթամ, որպէսզի ներկայութեամբս ցոյց տամ աշխարհին, թէ եկեղեցին մերն է. մեր պատմութեան, մեր քաղաքակրթութեան եւ դատին անբաժան մէկ մասնիկն է:
– Պիտի չերթամ, որպէս քաղաքական “աքդ”, ցոյց տալու թէ մեր պահանջքները չեն ամբողջացած տակաւին: Մենք մեր ուզած ժամանակ պիտի երթանք:
– Ախթամար Ս. Խաչ եկեղեցիի օծման արարողութեան պիտի երթա՞ս:
– Պիտի երթամ, որպէսզի ներկայութեամբս ցոյց տամ աշխարհին, թէ եկեղեցին մերն է. մեր պատմութեան, մեր քաղաքակրթութեան եւ դատին անբաժան մէկ մասնիկն է:
– Պիտի չերթամ, որպէս քաղաքական “աքդ”, ցոյց տալու թէ մեր պահանջքները չեն ամբողջացած տակաւին: Մենք մեր ուզած ժամանակ պիտի երթանք:
Օդանաւին ճամբորդները 95 տոկոսով հայեր են, մեծ մասամբ պոլսահայեր, որոնք ուխտագնացութեան կ'երթան Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին:
Փակուած միեւնոյն ՝երկար սենեակին՝ մէջ, օդէն ՝կախուած՝ մօտ 10000 մեթր բարձրութեան վրայ, կ'ստեղծուի առաջին շփումը անմիջապէս մօտիկ աթոռները գրաւողներուն հետ: ՝Ո՞վ ես, ուրկէ՞ կու գաս՝, թրքախառն հայերէնէ մը ետք, խօսակցութիւնը կ'ընթանայ ամբողջութեամբ հայերէն լեզուով: Հայրենակիցներս հարցումներու տարափով մը կը մտնեն մտերմանալու գործընթացին մէջ. “ ինչպէ՞ս է այնտեղի հայերուն վիճակը”, “Հիմա խաղա՞ղ է, կռիւը վերջացա՞ւ”: Իրենք ալ ունին անշուշտ իրենց հարցերը եւ մտահոգութիւնները, օրինակ՝ ինչպէ՞ս պահել Պոլսոյ մէջ գործող հայկական 33 եկեղեցիները եւ 13 վարժարանները: Մեծ ճիգ կը թափեն վերանորոգելու եւ վերաբանալու Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայկական եկեղեցիները՝ Սեբաստիոյ, Տիգրանակերտի եւ Ախթամարի օրինակով:
Պատմական եւ քաղաքական հետաքրքրութիւններ ունեցող Յակոբ հայ եւ թուրք բաղդատականներ կ'ընէ եւ պատմութենէն օրինակներ կը մէջբերէ:
– Թուրք ղեկավարները առաջին համաշխարհային պատերազմի պարտութենէն ետք կրցան ստեղծել նոր պետութիւն շրջանին մէջ հզօր ներկայութեամբ մը: Երկրորդ պատերազմի նախօրեակին անոնք յաջողեցան ընդարձակել սահմանները, Ալեքսանտրէթի բարեբեր շրջանը միացնելով Թուրքիոյ: Անդին մեր ղեկավարները չեն կրցած նոյնիսկ եղածն ալ պահել՝ կորսնցնելով Կարսը, Արտահանը, Արարատը …:
Մէկ ու կէս ժամուայ թռիչքի տեւողութիւնը արագ կ'անցնի եւ բարձրախօսով կը յայտարարուի թէ արդէն կը հասնինք Կարս ( Կարս, Կարս, Կարս, Հայրենի հարս …): Կը թելադրուի աթոռները գրաւել եւ կապել գօտիները:
Հայաստանի հանրապետութեան սահմաններուն ամենէն մօտիկ քաղաքներէն մէկն է Կարսը: Ռուսական ոճով կառուցուած բնակարանները եւ շէնքերը, իրենց նորոգուած կամ հնամենի վիճակով, կ'աղաղակեն կարծէս թէ ներկայի բնակիչները, իսկական տէրերը չեն այստեղի:
Կարսի հռչակաւոր բերդը կը գերիշխէ քաղաքին վրայ: Ինչպէս դարասկիզբին, ներկայիս ալ ան ռազմագիտական պատկառելի դիրքի մը վրայ կը գտնուի:
Ըստ մեր շրջապտոյտի յայտագրին՝ պանդոկ տեղաւորուելէ եւ կարճ հանգիստէ մը ետք պէտք էր շարժէինք դէպի Անի:
Կարսի նահանքին մէջ գտնուող այս մեծ եւ տարածուն քաղաքը ամայութեան մէջ է, երկար, շատ երկար ժամանակէ ի վեր: Մուտքի պարիսպը ապացոյց է քաղաքը պաշտպանելու համար թափուած ճիգերուն անցեալին, ամէն տեսակ յարձակողներու դիմաց իսկ Արբաչայ-Ախուրեան կիրճը, Անիի անմատչելի բնական մէկ սահման է արեւելեան կողմէն: Սմբատ եւ Գուրգէն Բագրատունիներու հիմնադրած 1001 եկեղեցիներու քաղաքէն ներկայիս կիսականգուն կը մնան մի քանի եկեղեցիներ: Մայր տաճարը, Տիգրան Հոնենցի եկեղեցին եւ մասամաբ կանգուն մնացած մի քանի շինութիւններ կը վկայեն հայ ժողովուրդի մտքի եւ քաղաքակրթութեան բաձր մակարդակը: Վեհ եւ խորհրդաւոր են եկեղեցիները, մանաւանդ ամբողջական լռութեան մէջ: Սակայն այդ լռութիւնը կը խախտի մեր խումբին անդամներուն ներկայութեան: Բոլորիս մէջ անդիմադրելի մղում մը կայ աղօթք մը մռթմռթալու, բան մը ըսելու, հետք մը ձգելու մեր նախահայրերէն սկսած եւ մեզմով շարունակուող կեանքի երկար շղթային վրայ: Հաւաքաբար ՝հայր մեր՝ ով մը, կարճ ժամանակի մը համար կը վերակենդանացնենք սրբատեղիները եւ անոնց կը մաղթենք մնալ կանգուն, յաւիտեանս յաւիտենից ամէն:
Անիի եռուն եւ աղմկոտ շուկայէն մնացած են փոքր կրպակներու հետքերը ուր անցեալին, մետաքսի ճամբուն վրայ գտնուող այս մեծ քաղաքի վաճառականները, հայ ճարտար արհեստաւորներուն կաւէ, յախճապակիէ, մետաղներէ պատրաստած յարգի անօթները կը վաճառէին գնորդներուն: Ներկայիս անկենդան եւ ամայացած քաղաքին վրայ կ'արձագանգէ մի միայն Ախուրեանի միւս ափին, Հայաստանի քարակոփներուն տուֆ քարի պեղումները:
( … ա՜խ ) Անի քաղաքը պեղելու ու ճանչնալու համար երկար ժամանակի կը կարօտի: Ագահօրէն նկարելէ ու նկարուելէ ետք կը բաժնուինք Անիէն, ամէն մէկս խորասուզուած մտքերու մէջ:
– Այսքան մօտ Հայաստանի սահմանին, սակայն այդքան հեռու:
– Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յ. Թումանեանի հետազօտելու նախասիրած վայր էր Անին: Ան մտաւորական իր բարեկամներուն հետ յաճախ կ'այցելէր, պեղումներ կատարելու նպատակաւ եւ ծրագիրներ կը մշակէր վերականգնելու Անին:
– Կիլիկեցիներուս համար ՝հայրենիք՝ էր, ուրկէ մեր նախնիները Սելճուքեան արշաւանքներէն ճողոպրած, Կիլիկիոյ լեռնային ու դաշտային շրջաններուն մէջ նոր հայրենիք մը ստեղծած էին:
Անիի մեռելային ճնշիչ, նոյնքան տպաւորիչ մթնոլորտը, մասամբ մը կը փարատի մեր մէջ երբ կը յայտարարուի թէ գիշերուայ յայտագիրը կ'ընգրկէ Կարս քաղաքին մէջ գնումի երթալ նախքան ընթրիքը: Կարսը նշանաւոր է իր հարազատ մեղրով եւ պանիրով: Խումբին տիկինները անհամբեր են գնելու մեղրամոմով ՝պալ՝( թրքերէնով՝ մեղր) եւ ՝կրավիւր՝ պանիր: Ըստ երեւոյթին, թուրքերը ռուսերէն սորված են ՝կրիւյեր՝ պանիրի պատրաստութիւնը, որը մինչեւ ներկայիս կ'օգտագործեն: Մէկական շերտ պանիրով պարենաւորուած, մտքերու փոխանակում մը կ'ունենանք Ֆրանսայէն եւ Ամերիկայէն եկող երիտասարդներու հետ: Տեւապէս հայ-թուրք բաղդատական մը ընելով, ամերիկայէն Բաբգէն կը խորհրդածէ:
“ Թրքական բանակը, իր արդիական կազմածներով կը հաշուէ մէկ միլիոնէ աւելի զինեալներ, իսկ եթէ հաշուի առնենք պահեստիները, 15 միլիոնը կանցնի, մեր հայկական բանակը ինչպէ՞ս կրնայ դէմ դնել այս տեսակ ուժի մը: Ինչո՞ւ չի մտածուիր սփիւռքահայ երիտասարդներուն համար զինուորական ծառայութեան համակարգ մը ստեղծել Հայաստանի մէջ, փոխանակ զգացական եւ երեւակայական արտայայտութիւններով նոր սերունդները զբաղեցնել կամ հակառակորդ տեսնել ամէն մէկ հայու մէջ եւ անոնց հայրենասիրական դասեր տալ”: Ֆրանսայէն Սիմոն կ'ափսոսայ Էրզրումի, Կարսի, Վանի կորուստը եւ կը շարունակէ. “Տարիներէ ի վեր կ'երգենք, ՝Ստամպուլը պիտի լինի արեան ծով՝, տարիներ ըսինք թէ այս հողերը մերն են, ե՞րբ պիտի լրջօրէն նստինք եւ ծրագրենք թէ տրամաբանօրէն ի՞նչ կուզենք եւ ի՞նչ միջոցներով պիտի հասնինք մեր նպատակին: Ամէն բանին ժամանակը կայ. պատերազմի ատեն եթէ լաւ կռուինք, խաղաղութեան ժամանակ կրնանք պաշտպանել արեան գնով շահուածը”: Գիշերը կ'երկարի այսպէս. ընթրիք եւ ընթրիքէն ետք դարձեալ մտքերու փոխանակում, մինչ լուսինը կ'անցնի մեր իջեւանած պանդոկին, Sim er-ի վրայէն, սահելու բարձունքին վեհօրէն կանգնած Կարսի բերդին կռնակը:
Յաջորդ առաւօտ երկար օր մը կը սկսէր մեր խումբին համար: Նախ պտոյտ Կարսի մէջ, ներկայիս մզկիթի վերածուած Առաքելոց հայկական եկեղեցին, ապա անոր կից, բերդ ելլող Կարսի հին թաղամասերը շրջիլ, անցնիլ Վարդանի կամուրջը, գետին եզերքը գտնուող հին լոգարանները մօտէն դիտել:
Կէսօրուան մօտ, հրաժեշտ կուտանք Կարսին, ուղղուելով դէպի հարաւ-արեւելք: Վերջին անգամ ըլլալով մեր հայեացքը կը սեւեռենք Կարսի բերդին, որը 90 տարիներ առաջ, այս օրերուն կ'ապրէր օրհասական վայրկեաններ: 30 հոկտեմբեր 1920-ին, ամրոցը եւ ամբողջ քաղաքը գրաւուեցաւ թուրք հրամանատար Ք. Քարապեքիրի կողմէ, առանց կռուի: Թրքական բանակը ամիսներով զէնք ու զինամթերք փոխադրեց բերդէն, իսկ հայկական բանակի մօտ 1500 սպաներ եւ զինուորներ յանձնուեցան թուրքերուն: Անոնք ենթարկուեցան անպատմելի չարչարանքի եւ անոնցմէ միայն 300 հոգին կրցան վերադարնալ Հայաստան, թուրք-սովետ Կարսի դաշնագրէն ետք:
Երեք ՝օթօպիւս՝ներու կարաւանը կը մօտենայ Արաքսի ափին: Ուխտաւորները ծափերով եւ բացականչութիւններով կը դիմաւորեն մայր Արաքսը եւ Հայաստանը: Չորս կողմերէն կը լսուի ՝ղուրպանդ ըլլամ Հայաստան՝ արտայայտութիւնը:
Յաջորդ հանգրուանը Նոր Պայազիտն է, Իսհակ Փաշային պալատը: Ամբողջ ճամբու տեւողութեան, մեզի կ'ընկերակցին մեծ եւ փոքր Մասիսները: Մեծը՝ հպարտ եւ ձիւնածածկ, փոքրը ամօթխած, ինքզինք կը բացայայտէ ատենը մէյ մը:
Նոր Պայազիտի լեռներուն վրայ հոյակապ պալատ մըն է Իսհակ Փաշային ամրոցը: Մուտքի թրքերէն եւ օտարլեզու ցուցատախատակները ոչ մէկ ակնարկութիւն ունին Իսհակ Փաշայի հայկական ծագումին կապակցութեամբ: Մզկիթի, ամրոցի եւ եկեղեցիի խառնուրդ այս շինութիւնը խումբին մէջ կ'ստեղծէ զայրոյթ եւ ցասում: Հայաստանէն եկող Վաչէն շատ յստակ կը տեսնէ հայկական ճարտարապետութեան դրոշմը չորս դին. “ Մեր ճարտարապետական հարստութիւնները գողցած են պարզապէս”: Պոլսէն Հերմանը ընդվզումով կը յայտնէ. “ Ու՞ր է ասոնց պատմութիւնը, որո՞նք են ասոնց շինութիւնները: Ասոնք միայն գրաւել եւ իւրացնել գիտեն”:
Պատմական օր մը ապրելու հեռանկարով ճամբայ կ'ելլենք առաւօտ կանուխ: Կը խօսուի հազարաւոր ուխտաւորներու ժամանման մասին: Կղզի տանող նաւերը բաւարար կրնային չըլլալ, ուրեմն պէտք էր որ վայրկեան առաջ հասնէինք նաւամատոյց: Բոլորին աչքերը յառած են դէպի ծով, հեռուէն, առաջին անգամը տեսնելու Ախթամար կղզին:Կը հասնինք նաւամատոյց. հոծ բազմութիւն մը չկայ այնտեղ: Երկու նաւերու մէջ տեղաւորուելով ճամբայ կ'ելլենք դէպի Ախթամար:
Ծովուն մէջ, հեռուէն երեւցող քարակոյտը, կամաց-կամաց ձեւ կը ստանայ եւ ահա կը տեսնուին թրքական դրօշակը եւ եկեղեցիին գմբեթը: Քարափ ելլելով, կարծէս հայկական հողի վրայ ենք արդէն: Զգացական մտածում եւ յուզմունք մէկդի դրած, կը փութանք վեր բարձրանալ աստիճաններէն լսելու հայկական պատարագի առաջին հնչիւնները: Կողմի վրայ կ'երեւան Վանի քաղաքապետութեան կարգադրութեամբ զետեղուած լուացարանները: Աւելի վեր, կան շտապ օգնութեան վրանները, որոնց շուրջ, նարնջագոյն տարազներով երիտասարդներ կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ են: Ձախ կողմի վրայ կ'երեւայ կարմիր գոյնով ուղղաթիռ մը, հաւանաբար Պոլսէն ժամանած պատրիարքական փոխանորդին եւ այլ բարցրաստիճան հիւրերուն համար: Անոր մօտ կայ լրագրողներուն յատկացուած վրանը, ուրկէ կը սփռուի պատմական այս օրուան նկարագրութիւնները աշխարհի բոլոր լրատուական միջոցներուն:
Եւ ահաւասիկ հսկայ, յոխորտ Ս. Խաչ եկեղեցին: Պատարագը սկսած է արդէն եւ բազմահազար ջերմեռանդ ժողովուրդը կը հետեւի երկիւղածութեամբ:
Այստեղ խմբուած են Պոլսոյ ՝Մարալ՝ պարախումբի երիտասարդները, կապոյտ շապիկներ հագած: Անդին խումբ մը հաւատացեալներ, փայտէ փոքր խաչեր վեր բռնած, կը հետեւին արարողութեան: Երկու հսկայ հեռատեսիլային պաստառներ, զետեղուած եկեղեցիէն դուրս, կը սփռեն պատարագը:
Մարդիկ տեւական շարժման մէջ են. ոմանք եկեղեցիէն դուրս գտնուող մոմասեղաններուն շուրջ են, աղօթքով եւ մոմավառութեամբ զբաղած: Ուրիշներ կը մտնեն եկեղեցւոյ խորանին կից, աւանդատունը, գէթ ականատեսի աչքերով տեսնելու խորանը: Քիւրտ տղաք, կը շրջին բազմութեան մէջ, Յիսուսի եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նկարները, որպէս կուրծքի զարդարանք վաճառելու: Երբ կը հարցուի թէ որու՞ նկարն է, կը պատասխանեն.” Չենք գիտեր: ՝Էրմէնի տըր՝, հայ ըլլալու է”: Հետաքրքիրներ կը շրջին եկեղեցիին շուրջ, կղզիին արեւմտեան ծովափը, հաւանաբար ռմբակոծման հետքեր որոնելու թրքակական բանակին կողմէ, 106 տարիներ առաջ կղզի ապաստանած անզուգական Անդրանիկ փաշան ընկճելու համար: Օտար թղթակից-լրագրողներ կը շրջին ներկաներուն մէջ զգայացունց լուրեր փոխանցելու աշխարհին: Կը հարցուի ամէն բան եւ կը պատմուի ամէն բան. հայոց ցեղասպանութիւնը, անմարդկային միջոցներով գործադրուած տեղահանութիւնը, կղզիին եւ եկեղեցիին պատմականը, ներկայի մեր պահանջքները, մեր իրաւունքներուն անժամանցելիութիւնը: Հակառակ կարծիք չկայ այստեղ: Մեծ ոճիր մը գործուած է, պատասխանատուն պէտք է ընդունի եւ հատուցում կատարէ:
Այլեւս վախ կամ ընկրկում չկայ: Ընդհանուրին տեսակէտը այն է թէ թուրքը քանդած եւ աւերած է. հիմա ինք պարտաւոր է նորոգելու եկեղեցին, խաչը տեղադրելու գմբեթին վրայ եւ մեր կրօնական գանձերը վերադարձնելու իրենց իսկական տէրերուն:
Պատարագի աւարտին տեղի կ'ունենայ առաջին նշանախօսութեան արարողութիւնը: Երիտասարդ զոյգը կ'աղօթէ արժանանալ պսակադրութեան շնորհքին մօտին ապագային, սոյն եկեղեցւոյ մէջ:
Հաւաքական խոստովանանքէն ետք ներկաները՝ հայեր, քիւրտեր, նոյնիսկ թուրքեր հաղորդութիւն կ'ըստանան:
Պատարագիչ սրբազան հայրը կը խնդրէ առ Աստուած ընդունիլ ներկաներուն ուխտը եւ արժանացնել յաջորդ տարուայ Ս. Խաչի տօնին:
Եկեղեցական արարողութիւնը վերջ գտած է: Այժմ հայերէն երգեր եւ պարեղանակներ Ախթամար կղզին կը վերադարձնեն իր հին օրերուն:
– Սեղանն է առատ, դիմացն Արարատ …:
Գեղջկական պարեղանակները կը խանդավառեն ներկաները, հայ եւ քիւրտ, որոնք կը սկսին պարել, ծափերով եւ ՝լիւ լիւ՝ բացականչութիւններով:
Նկատելի է քիւրտերու ներկայութիւնը, որոնցմէ շատեր այս առթիւ եկած են հեռու վայրերէ, իրենց հայկական ծագումը բացայայտելու, երբեմն նոյնիսկ իրենց անունները՝ Սերոբ, Մուրատ, վկայակոչելով:
Աշխարհացրիւ հայութիւնը վերադարձած կը թուի ըլլալ իր պապենական հողերուն: Ուխտաւորներ 15 տարեկանէն մինչեւ 90 տարեկան, աշխարհի չորս ծագերէն եկած են բարձրաձայն աղաղակելու թէ Ախթամարը մեր պատմութեան, մեր քաղաքակրթութեան մէկ մասնիկն էր, ներկայիս մերն է ու այդպէս ալ պիտի մնայ առ յաւէտ:
Հասած է մեկնումի պահը. ժողվուրդը ծովափն է, ոմանք կը լողան, ամբողջ մարմնով օծուելու Վանայ ծովու սուրբ ջուրով, ուրիշներ կը լուան իրենց երեսները եւ կը խաչակնքեն: Դժուար է բաժնուիլ Ախթամարէն որ 95 տարիէ ի վեր օտար ձեռքերու մէջ էր իսկ հիմա հայութեան ՝վերադարձուած՝ է:
Մինչեւ ցամաք, նաւուն կամրջակին վրայ ոտքի կանգնած, Պոլսէն Նազարէթն ու Օհաննէսը անցեալը կը վերյիշեն: Կը խօսին Գրիգոր Զօհրապի եւ Վարդգէսի սպաննութեան, Թալէաթի տրուած արդար պատժին, Հրանդ Տինքի յանդուգն պայքարին մասին: Կ'առաջարկեն ինծի կարդալ Զ. Եսայանի վկայութիւնը Կիլիկիոյ 1909 –ի աղէտին մասին
( Աւերակներուն մէջ. Վերահրատակուած Պոլսոյ ՝Արաս՝ հրատարկչական տան կողմէ).
Ահաւասիկ գաղուածք մը սոյն գիրքէն:
( Երկու տղաք առանձնացած կը խօսակցէին:
– Հայր ունի՞ս:
– ոչ:
– Մա՞յր:
– Ոչ:
– Ես ալ հայր-մայր չունիմ:
– Սպաննեց՞ին:
– Այո:
– Իմս ալ սպաննեցին:
Երկար, ցաւագին լռութիւն կը տիրէ ու քիչ յետոյ:
– Կուզե՞ս որ եղբայր ըլլանք իրարու:
Ու զիրար կ'որդեգրեն:)
Յաղթական բարձր տրամադրութեամբ կը հասնինք ցամաք եւ մեր ՝օթոպիւս՝ները կը տանին մեզ Վանի հոյակապ բերդը: Այստեղ, 95 տարիներ առաջ, մայիսի պայծառ առաւօտ մը, մէկ ամիս թրքական կանոնաւոր բանակին դէմ կռուելէ եւ զանոնք դուրս վտարելէ ետք, Վանեցիք ազատութեան դրօշը պարզեցին վանայ բերդին վրայ:
Երեկոյեան ընթրիքը կ'առնենք Վանի շքեղ ճաշարաններէն մէկուն մէջ, ՝կենաց՝ներու, ՝կեցցէ՝ ներու ուրախ բացականչութիւններով:
՝Եկանք, տեսանք եւ յաղթեցինք-ի տրամադրութիւնը ներկայ է բոլորիս մէջ:
Սակայն ներող գտնուեցէք, հոս չէ որ կանգ կ'առնէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ուխտագնացութեան պատմութիւնը: Օրը տակաւին երկար է եւ անակնկալներ վերապահուած են մեզի:
Կիրակի երեկոյ, Վանի սպորի պալատին մէջ, կուսակալին, քաղաքապետին, հասարարական ներկայացուցիչներուն, Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդին եւ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի կ'ունենայ երգի եւ պարի ելոյթ: Պոլսոյ ՝Վարդանանց՝ երգչախումբը, 40 հոգիէ բաղկացած, կը հմայէ ներկաները իր ժողովրդական երգերով: Տարիներէ ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով կը հնչէ կոմիտասեան երաժշտութիւնը Վանի մէջ: Իսկ Պոլսոյ ՝Մարալ՝ պարախումբի պարմանուհիները, իրենց նազանքով եւ տղաքը իրենց առնական ճկուն շարժումներով կը դիւթեն հայ եւ քիւրտ հասարակութիւնը: Յայտագրին մաս կը կազմէ կենդանի պատկեր մը, պարով փոխանցելու Ախթամարի պատմութիւնը: Թէ ինչպէս սիրահարուած տղան, լողալով ճամբայ կ'ելլէ կղզիէն դէպի ցամաք եւ խաբուելով աղջկան հօր լապտերի լոյսին, աստին-անդին ուղղուելէ ետք ուժասպառ, նախքան խեղդուիլը կը կանչէ. ՝Ա՜խ Թամար, ա՜խ Թամար՝:
Ուրեմն, սիրելի ներկաներ, կղզին կը կոչուի Ախթամար եւ ոչ թէ Աքտամար:
Յաջորդ օրուան Van Times-ը, բացառիկ թիւով մը նկարագրականը կուտայ կիրակի օրուայ տօնախմբութիւններուն: Քառալեզու (անգլերէն, պարսկերէն, քրտերէն եւ թրքերէն) թերթը սկսած է լոյս տեսնել հայերէն բաժնով մըն ալ: Ս. Պատարաքի օրը, Van Times-ի առաջին էջին վրայ գրուած է հայերէնով. ՝ Բարի եկաք Վան՝: Քարտէզով մը կը ներկայացուի Վանայ ծովուն շուրջ գտնուող հայկական 90 եկեղեցիներու պատմականը եւ խմբագրականին մէջ կը բացայայտուի թէ այսուհետեւ, գործակցաբար Պոլսոյ ՝Ակօս՝ին, չորս լեզուներու կողքին պիտի աւելնայ նաեւ հայերէն բաժինը:
Վանի օդակայանին մէջ, հրաժեշտի ողջագուրումները, հասցէներու փոխանակումները, վերջին անգամ նկարուելու փափաքները յաւելեալ իրարանցում մը կ'ստեղծեն: Ուխտաւորները, երկու տարբեր օդանաւներով պիտի փոխադրուին Իսթանպուլ: Պոլսահայերուն ՝աղբարիկ- քոյրիկ՝ արտայայտութիւնը, գերակշռող է ամէն մէկ նախադասութեան մէջ:
Աղթամար կղզին եւ Ս. Խաչ եկեղեցին աւելի եւս մօտեցուցած են մեզ իրարու: Այսուհետեւ դարձած ենք եղբայր-քոյր, որդեգրած ենք զիրար:
Առաւօտ ժամը մէկ ու կէսն է, Իսթանպուլի Մ. Ք. Աթաթիւրք օդակայանը:
Անցագիրս կը ներկայացնեմ սահմանապահ պաշտօնեայ ոստիկանին:
– Հա՞յ ես, կը հարցնէ:
– Էւէթ (այո), էֆէնտիմ:
– Ս. Խաչ եկար:
– Այո, էֆէնտիմ, պիզիմ քիլիսէէ կէլտիմ( մեր եկեղեցին եկայ):
– Խոշ կէլտին ( Բարի եկար):
1 comment
Armenian, Turkish publishers Launch Book on Aghtamar in Van
Sept. 17, 2010. Two days before the church service at the Holy Cross Church on Aghtamar island. A several-storey bookstore in one of the most busy main streets of Van. At the top there is a cafe, where mostly young people meet where they freely smoke despite the countrywide smoking ban in Turkey—a happy surprise for me!
Sarafian (L) and Koker during the book event.
Photo by Ayse Gunaysu
It was the first time that an Armenian publishing house mainly publishing on the genocide and a Turkish publisher joined forces to release a book.
The book, with texts offered in both Turkish and English, contains Stepan Mnatsakanian’s survey of the Holy Cross church from an architectural and artistic persepective, accompanied with architectural drawings provided by Edizioni Ares from Milan and Kadir Citak’s photographs, taken especially for this book.
In his welcoming speech, Ara Sarafian pointed out various aspects of Sourp Khach, such as the use of religious and secular carvings on the exterior walls of the church to exalt the rule of the Ardzruni dynasty, or the presence of Islamic and Seljuk elements on the walls reflecting the integrated and cross-cultural history of the area. After all, the Armenian Kingdom of Vasbouragan was very much engaged with its Muslim neighbors. “This eclecticism reflects the history and beauty of the Church,” he stated, adding, “I want to hope that what has been done to protect Sourp Khach will also be done for the few remaining examples of the Armenian cultural heritage that are still left amongst the thousands that have been destroyed in this country.”
Osman Köker told the audience why he founded Birzamanlar Yayincilik, publishing mainly books about the Armenian history of Turkey, saying that he wanted to contribute to the efforts for a change in the deeply-rooted mentality fed by the education system in this country disregarding everyone except Turks and depicting Turkey as a land where only Turks have inhabited in the past.
After the speeches of the publishers came the questions and answers session. The questions were mainly about the motives of the Turkish government for opening the Church for a religious service—for the first time after 95 years; the boycotts by the Patriarchate at Echmiadzin and other Armenian circles elsewhere; the failure of the Turkish governmen in placing the cross on the dome of the Church; and particularly Sarafian’s views on the controversies about Armenians’ attendance to the Church service.
“I think [opening the Holy Cross Church for service] is a positive step and an opportunity for people (Armenians, Turks, Kurds, others) to respond in different ways,” commented Sarafian. “In our case, we decided to take the Turkish authorities at face value, and to engage Turkish audience with a Turkish and English language book on Aghtamar. I hope we publish other books too. Perhaps the next one will be on Ani. In the old days, it was impossible to speak freely on Armenian issues in Turkey. This is not the case any longer. We can now introduce new voices into Turkey. Let Turkish officials use their advantages as in the past, but their powers of thought-control is limited. For example, the word ‘Armenian’ does not appear on the official sign greeting people on the island of Aghtamar. The monastery is described as having been built by the architect Manuel for king Gagik of Vaspuragan. The Museum of Van also does not mention Armenians. However, Turkish audiences know the meaning of these absences and can draw their own conclusions. This is also why they are also open to alternative explanations of the history of this land.”
Sarafian concluded by saying: “The Aghtamar issue is part of a process of establishing bridges, ground rules and trust. Where such developments will ultimately lead depends on many factors and for this reason what we do as groups and individuals matters. Let’s have sensible discussion of such issues, not only across the so-called Turkish-Armenian divide, but also within the different sides of this divide.”
Osman Koker, despite his acknowledgement of the church service as a positive step, said the failure in placing the cross on the dome of the church was an indication of the government’s lack of courage and any feeling of empathy. “The government wanted to display a gesture of good intentions to the world, but due to such timidity the gesture itself failed to serve its purpose,” he concluded.
It was both an interesting and at the same time a sad experience to listen to Armenian songs from the bookstore’s music system and to see books about the Armenian cultural heritage of Turkey displayed prominently in the entrance of the shop, such as a collosal book about Armenian Master Silversmiths by Aras publishing house (Istanbul), the only center in Turkey publishing Armenian literature both in Armenian and Turkish. The display of that book was particularly poignant because it showed the beautiful work of Armenian silversmiths in Van a hundred years ago. That tradition was destroyed in 1915.
Comments are closed.