Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 21 Նոյեմբեր 2011
"Կրնա՞յ գալ օրը
Երբ այդ բոլորը
Ինծի ալ թուի շատ սովորական
Պարզ ու ընտանի
Ինչպէս ամենուն, ինչպէս ամէն տեղ
Եւ ես թօթափեմ
Այս ջերմ բայց յոգնած
Վիպական լեզուն
Ու զգաստացած
Ես ալ իմ կարգը
Ինչպէս որ հարկ է
Ու դառնամ “նորմալ”…"
Վահան Զանոյեան
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 21 Նոյեմբեր 2011
"Կրնա՞յ գալ օրը
Երբ այդ բոլորը
Ինծի ալ թուի շատ սովորական
Պարզ ու ընտանի
Ինչպէս ամենուն, ինչպէս ամէն տեղ
Եւ ես թօթափեմ
Այս ջերմ բայց յոգնած
Վիպական լեզուն
Ու զգաստացած
Ես ալ իմ կարգը
Ինչպէս որ հարկ է
Ու դառնամ “նորմալ”…"
Վահան Զանոյեան
Այսպէս նկարագրեց 20-րդ դարու վերջին, հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենէն անկիւնադարձային եղելութիւնը, Վահան Զանոյեան՝ երբ վերջերս Պէյրութի իր պանդոկին մէջ հանդիպեցանք ու ձայնագրիչին յանձնեցինք իր միտքերը, խոհերը։
Հանրաճանաչ մտաւորականը, բանաստեղծն ու հայրենասէրը՝ որուն կեանքի դեգերումները՝ որպէս արծուեբոյն Մուսա Լերան հերոսներու շառաւիղը՝ զինք տարած են Այնճարէն՝ Պէյրութ, Ուաշինկթըն, Ֆիլատելֆիա, Պահրէյն, Լոզան, “առանձնատուն դղեակ” մըն ալ կառուցելու Հայաստանի գեղատեսիլ ու հինաւուրց Վայոց Ձորի բլուրներէն մէկուն գագաթը…։ Վահան Զանոյեան նաֆթային հարցերու հմուտ մասնագէտ է ու խորհրդատու՝ PFC Energy International-ի մէջ։ Այս բոլորին մէջ, ան միաւորած է Արեւմտահայերէնն ու Արեւելահայերէնը։
Որպէս ազատամիտ, ժողովրդավար, խոհուն մտաւորական, Վահան Զանոյեան շատ լաւ կը հասկնայ, թէ այսօր հայ ժողովուրդը կը դիմակայէ վտանգաւոր մարտահրաւէրներ ու գոյատեւելու եւ բարգաւաճելու միակ ուղին՝ միաբանութիւնն է։ Մեր հարցազրոյցի ընթացքին, ան կոչ ըրաւ ձերբազատուելու հնացած, խաւարամիտ “աւանդոյթ”ներէն ու բաց աչքերով նայիլ իրականութեան ու մտածելու հայ ժողովուրդի վաղուան մասին՝ երբ գոյութիւն ունեցող երկու բարբառները, մեր հարստութիւնն են եւ ոչ թէ բաժանելու ծրագիր…։
Զանոյեան կը ծրագրէ ֆիլմ մը նկարահանել որ կը մարմնաւորէ կեանքի բազմաթիւ փորձութիւններէ անցած լրագրողի մը կեանքը, որ նոյն ինքն հայ ժողովուրդի ոդիսականն է։
– "Այս է եղել իմ ինքնակառոյց հայրենիքն անմահ։ Այս եմ ապրեցրել իմ հոգու սիրով ու իմ հոգու մէջ ես էլ իմ կարգին նրանով ապրել, պաշտպանուել իր մէջ… հաւատացել եմ որ այս է ապրել երբ չկա՛յ երկիր, երբ չկայ բանակ, չկար պետութիւն ու չկար աստուած…”։
Բարի Վերադարձ ու “կանաչ ճանապարհ” կը մաղթենք Վահան Զանոյեանին։