Գրիգոր Գրաճեան, Պէյրութ, 23 Օգոստոս, 2009
– «Աճապարեցէք, երկար ճամբայ ունինք կտրելիք»:
Գրիգոր Գրաճեան, Պէյրութ, 23 Օգոստոս, 2009
– «Աճապարեցէք, երկար ճամբայ ունինք կտրելիք»:
Այժմ բեռնատարները պատրաստ են մեկնելու: Յանկարծ ճիչ մը, իրարանցում մը: Եսթէր մայրիկը կը մտաբերէ թէ իրենց թուխս նստած հաւը մոռցած է. Կը ցատկէ կառքէն եւ արագաշարժ կը մտնէ հաւնոց եւ ճչացող, աղիողորմ լացող հաւուն թեւերէն բռնած կը բարձրանայ կառք:
Յուլիս 13էն 18, 1939, Մուսա լեռան վեց գիւղերուն մօտ վեց հազար հաշուող հայերը ճակատագրական որոշում մը առին՝ իրենց հազարամեայ բնակավայրերը եւ հողերը ձգելու եւ երթալու դէպի անորոշը: Ցամաքի ճամբով, կտրիճ տղոց հսկողութեամբ, գիւղերու արջառը ճամբայ հանուեցաւ դէպի Քեսապի հայկական գիւղերը, իսկ ժողովուրդը բեռնակառքերով փոխադրուեցաւ ֆրանսական հոգատար ( mandate) իշխանութեան կարգադրութեամբ եւ գնդապետ Գոլէի հսկողութեամբ, Ալեքսանտրէթի Սանճագի սահմաններէն դուրս, սուրիական հողամասին մէջ գտնուող ծովեզերեայ Պասիթ շրջանը: Տարօրինակը այն էր սակայն, որ այս գաղթը կասեցնելու կամ արգելք ըլլալու ոչ մէկ փորձ կատարուած էր օրին, հայկական կրօնական թէ քաղաքական շրջանակներէն. ընդհակառակը, հայութեան ներկայացուցիչները յարգանքի եւ երախտագիտութեան խօսքեր ունԷին միայն Ֆրանսացիներուն նկատմամբ – տեսնել «Ազդակ»ի եւ «Հասկ»ի, 1938-39 թիւերը: Իսկ Ֆրանսական Հոգատար Իշխանութեան լիազօր՝ «գաբիթէն» Գոլէի աճապարանքը, ենթադրութիւններու եւ կասկածի դուռ կը բանար:
Վեց գիւղերէն Վագըֆն էր, որու փոքրաթիւ բնակչութենէն մաս մը մերժեց ձգել պապենական հողերը: Անոնք որոշեցին կառչած մնալ դարաւոր իրենց բնակավայրին՝ թրքական լուծի կամ բռնարարքներու ենթարկուելու ի գին:
Այդ տխուր թուականէն ամիսներ առաջ հայկական վեց գիւղերուն մէջ – Վագըֆ, Քէպուսիէ, Խըտըր Պէկ, Եօղուն Օլուք, Հաճի Հապիպլի եւ Պիթիաս – սկսած էր կարծիքներու երկփեղկում մը. մնա՞լ թէ երթալ: Այն ընտանիքները, որոնք չէին ուզեր լքել իրենց պապենական հողն ու տունը, կ՝ենթարկուէին երթալ ուզող կողմին անարգական արտայայտութիւններուն եւ նոյնիսկ թշնամական վերաբերմունքին.
– « Թրքացած հայեր …»
– «Թուրքերը միայն կրնան ապրիլ թուրքերուն հետ»
Տաք գլուխ երիտասարդներ կը շրջէին գիւղերը եւ կը փորձէին ամէն գնով համոզել, նոյնիսկ սպառնալիք կիրարկելով, որպէսզի հայկական բնակավայրերը ամբողջութեամբ պարպուին: Մինչ այդ՝ ձեռներէց հայեր, ֆրանսական իշխանութեան հետ սերտ կապեր ունեցողներ, ամիսներ առաջ արդէն իսկ կառքերու մէջ բեռցուցած էին իրենց անձնական գոյքերն ու հեռացած շրջանէն դէպի ապահով վայրեր՝ ինչպէս Հալէպ կամ Պէյրութ:
Զուգադիպութիւն չէ որ նոյն այդ ժամանակաշրջանին, հայկական գիւղերուն մէջ զրոյցներ կը շրջին թէ թուրքերը ունին ցանկ մը անուններու, որոնց հետապնդման պիտի սկսին անմիջապէս: Խըտըր Պէկի մէջ երիտասարդներ վար կ՝առնեն թրքական դրօշակը, կը բզկտեն զայն եւ տեղը կը բարձրացնեն ֆրանսական եռագոյնը:
Հակառակ անոր որ թուրք պաշտօնատարներ եւ երեւելիներ կ՝ուզեն հանդարտեցնել մտքերը, խոստանալով ժողովուրդին ապահովութիւնը, հայերուն մտքերը պղտորած են սակայն, եւ կը պնդեն թէ ֆրանսացիներու հեռանալու պարագային, իրենք ալ պիտի հետեւին անոնց օրինակին եւ ձգեն Սանճագը:
Ընդհանուր քաղաքական գետնի վրայ, թրքական իշխանութիւնները, Մուսթաֆա Քեմալի անմիջական հսկողութեան տակ, Սուրիոյ ֆրանսական հոգատար իշխանութեան վրայ ամէն տեսակի ճնշում ի գործ կը դնեն, որպէսզի Որոնդէս գետի շուրջ գտնուող բարեբեր դաշտագետինները, Ալեքսանտրէթի ռազմագիտական մեծ նշանակութիւն ունեցող նաւահանգիստը, բնական հարստութիւններով օժտուած լեռներն ու հողամասերը անցնին թուրքիոյ սահմանին մէջ: Երբ Սանճագի մէջ համայնքային բաժանումով կայացած ընտրութիւնները նպաստաւոր արդիւնք մը չտուին, տեղացի թուրքեր սկսան սպառնալ ոչ-թուրք հայ, ալաուի, արաբ քրիստոնեայ տարրին:
Խորհրդարանական ընտրութիւնները կրկնուեցան այս անգամ սակայն, Թուրքերը կրցան գերակշռող թուային առաւելութիւն մը ապահովել Թուրքիայէն ապօրինի կերպով ժամանած հազարաւոր ընտրողներու միջոցաւ եւ մանաւանդ երբ ոչ-թուրք բնակչութիւնը «պոյքոթ»ի ենթարկած էր ընտրութիւնները: Վերջապէս երբ թրքական 40 հազարնոց բանակը մտաւ Ալեքսանտրէթ՝ ազգակիցներ պաշտպանելու պատրուակով՝ թրքական կողմնորոշում ունեցող խորհրդարանը նախ Սանճագը հռչակեց` Հաթայի Անկախ Հանրապետութիւն, ապա պահանջեց Հաթայի կցումը Թուրքիոյ: Նոյն միջոցին, հետեւելով ֆրանս-թուրք համաձայնութեան մը տրամադրութիւններուն, ֆրանսան յանձնառութեան տակ մտաւ Սանճագի իր հոգատար ներկայութեան վերջ մը դնելու եւ իր բանակը հեռացնելու շրջանէն 23 Յուլիս, 1939-էն առաջ:
Այս թուականէն տարի մը առաջ, 1938էն սկսեալ, դէպքերը շատ արագ ընթացք մը ստացած էին: Մուսա լեռան ամռան եղանակի գիւղագնացները զգալի կերպով նուազած էին՝ անկայուն եւ անապահով վիճակին պատճառաւ: Պիթիաս գիւղը, որ կը հիւրընկալէր Հալէպէն, Պէյրութէն, արաբական եւ եւրոպական քաղաքներէն բազմահարիւր գիւղագնացներ, գրեթէ դատարկ էր: Գործի կարելիութիւնները զգալիօրէն նուազած էին: Կուսակցապետ Հրաչ Փափազեանի մետաքսի հաստատութիւնը՝ «Ոստայն»ը, որ մի քանի տասնեակ գիւղացիներու եկամուտի աղբիւր մըն էր, փակուած էր: Դէպի արտաքին շուկայ առաքուող պտուղի բերքերն ու արտադրութիւնները – տախտակէ եւ ոսկորէ շինուած առարկաներ ինչպէս նաեւ մետաքսէ զգեստներ – նուազագոյնի իջած էին:
Մուսա լեռան հայերուն երկրորդ գաղթէն (առաջինը 1915-ին) երկու տարի առաջ, ժողովուրդը մեծ յոյսեր կապած էր ֆրանսական հոգատար իշխանութեան վրայ եւ կ՝ակնկալէր, որ միջազգային ընտանիքը, մանաւանդ Ազգերու Լիկան, նկատի առնէր տեղացի բնակչութեան պահանջներն ու կամքը, Ալեքսանտրէթի Սանճագը պահելու որպէս անբաժան մաս Սուրիոյ:
Մուսա լեռցիներուն համար անմոռանալի օր մըն էր 11 Յունուար 1937-ն: Այդ նշանակալի օրը մօտ 15000 ցուցարարներ հաւաքուած էին Անտիոք պատմական քաղաքի պանդոկ «Թուրիսթ» ին առջեւ ուր իջեւանած էին Ազգերու Լիկայի կողմէ առաքուած միջազգային դէտերը: Ցուցարարները մեծամասնութեամբ հայեր էին, եկած Սանճագի չորս կողմերէն. Քեսապէն, Ալեքսանտրէթ քաղաքէն, Նարկիզլիքէն, Սոուք Օլուքէն, Քըրք Խանէն, Պէյլանէն, Հարպիէէն եւ մասնաւորաբար Մուսա տաղէն, դէտերուն ներկայացնելու իրենց տեսակէտը: Մուսա լեռցիք, առաւօտ կանուխ, հետիոտն ճամբայ ելած էին, մեծով ու պզտիկով, թիւով մօտ հինգ հազար հոգի եւ կտրելով լեռնային անցքերու վեց ժամուայ ճամբան, աւելի քան 20 քիլոմեթր, հասած էին Անտիոք: Մէկ ժամուայ ցոյցէն ետք, անցնելով նոյն ցեխոտ լեռնային արահետներէն եւ տեղացող անձրեւին տակ, անոնք վերադարձած էին իրենց գիւղերը յաղթական բարձր տրամադրութեամբ:
1939 Յուլիս ամսուայ երկրորդ-երրորդ շաբաթներուն, ֆրանսական բանակի քաշուելու ժամկէտէն անմիջապէս առաջ, Մուսա լեռան ինքնակամ տեղահանուած ժողովուրդը բերուած եւ «նետուած» էր սուրիական Պասիթ կոչուած ծովեզերեայ մէկ շրջանին մէջ: Թուրքին նկատմամբ վախի հետեւանքով հեռացած պապենական հողէն, անտեսուած ֆրանսացիներէն, լքուած իր ղեկավարութենէն՝ մուսա լեռցին կը սպասէր … ինչի՞, ինք ալ չէր գիտեր: Ահաւասիկ շաբաթ մը անցած էր արդէն եւ ոչ մէկ նորութիւն կար իրենց խոստացուած լաւագոյն ապագային, հանգստաւէտ կեցութեան մը կապակցութեամբ: Մացառներուն մէջ գտնուող միակ աղբիւրը իր լեղի ջուրով սկսած էր ստամոքսի ցաւ եւ փորքշուք պատճառել: Անտանելի ճանճերն ու մժեղները կը թունաւորէին մեծ ու պզտիկ անխտիր: Նոր միջավայրին ոչ վարժ, զրկուած բնական կեանքի բոլոր պայմաններէն ու միջոցներէն, օտար ափերու վրայ, մուսա լեռցիք սկսան տալ իրենց զոհերը: Տեսակաւոր հիւանդութիւնները կը հարուածէին մանաւանդ դեռատիները, որոնք իրենց մարմնի ջուրը արագօրէն կորսնցնելէ ետք կը մահանային: Ժողովուրդը կատղած՝ շատ բան չէր կրնար ընել բացի հայհոյելէ իր բախտին, իր ղեկավարութեան, Ֆրանսային …
Պասիթ կեցութեան երկրորդ շաբթուան մէջ օր մը՝ յանկարծ երկինքը մթաքնեցաւ. ամպերը հաւաքուեցան գաղթական ժողովուրդին գլխուն եւ սկսաւ տեղատարափ անձրեւը: Երկինքը նոյնիսկ թշնամացած կը թուէր ըլլալ մուսա լեռցիներուն հանդէպ եւ կարծէս կ՝ուզէր փորձել անոնց գոյատեւելու կամքն ու արժանապատուութիւնը: Ո՞վ էր որ յղացաւ կրակ վառելու միտքը. Որո՞նք էին որ հնչեցնելով տըհոլ-զուռնան ոտքի հանեցին ամբողջ ժողովուրդը « խենթ» պարի մը, հեղեղին տակ ( տես՝ Պ. Սնապեանին «Պարը» ):
Պասիթի «դժողքէն» եւ հարիւրաւոր զոհեր տալէ ետք՝ երկու դժուար ամիսներ անցած էին: Մուսա լեռցիք այժմ կը գտնուէին տեղ-տեղ ճահճահուտ, փուշերով ծածկուած տափաստանի մը վրայ, որ կը կոչուէր «Այնճար»: Իր ոտքին տակ հողաշերտ մը փնտռող , հողը սիրող եւ հայրենիքի կարօտը սրտին խորքը պահած ժողովուրդին առաջին գործը եղաւ շրջանին անուն տալ եւ կոչել «Նոր Մուսա լեռ»: Սակայն պայմանները շատ տարբեր էին հայրենի հողէն: Ապրելու եւ աշխատելու ոչ մէկ յարմարութիւն գոյութիւն ունէր: Ժամանակը ձմեռնամուտ ըլլալով, գաղթական ժողովուրդը որպէս պաշտպանութիւն ունէր միայն լաթերով բոլորուած վրաններ եւ եղեգաշէն հիւղակներ: Հոս ալ, ինչպէս ծովեզերեայ ժամանակաւոր կեցութիւնը, մժեղները, մալարիան ու մինչեւ ոսկորները թափանցող անապատային պաղը սկսած էին աւերներ գործել հայրենազուրկ ժողովուրդին մօտ: Մահացողներուն թիւը օրէ օր կ՝աւելնար: Այնքան, որ վեց քահանաներէն երեքը կը մնային սեւածածկ վրանի մը տակ, եկեղեցական արարողութիւնը կատարելու, իսկ մնացեալ երեքը հեռու գերեզմանատան մէջ՝ ողբացեալին թաղման արարողութեան համար:
Անդին, Մուսա լեռան մէջ ամայութիւն կը տիրեր չորս դին: Կարծէս փոթորիկ մը եկած ու տարած էր իր հետ ժողովուրդը, առանց վնաս հասցնելու բնակարաններուն, պարտէզներուն, ծառերուն, բուսականութեան: Այդ օրերուն հայկական գիւղերու այցելուն կը հանդիպէր անտէր մնացած կենդանիներու, որոնք կատարուածէն անտեղեակ, կը փնտռէին իրենց տէրերը: Կարգ մը տուներու մէջ թոնիրներու կրակը կը մխար տակաւին: Այլ տան մը մէջ, ճաշի կաթսան կրակին վրայ էր: Պարտէզներու ջուրերը կը վազէին միայն մէկ ուղղութեամբ, քանի շեղողներ չկային դէպի այլ պարտէզներ, իսկ զուլալ աղբիւրներու ջուրը կը հոսէր առանց ծարաւը յագեցնող ունենալու:
Վագըֆ գիւղը մնացողները դուրս կու գային իրենց տուներէն, ապշած, զարմացած եւ մտածկոտ, թէ այս ի՞նչ փոթորիկ էր որ եկաւ հայկական գիւղերուն գլխին եւ ինչպէ՞ս կարելի էր ամփոփուիլ հաւաքաբար գոյատեւելու:
Այդ տխուր թուականէն երկար տարիներ անցած են: Ինչպէս սովորութիւն է, ամէն տարի, Օգոստոս 15ին, հարիւրաւոր ուխտաւորներ, ազգականներ, ազգակիցներ, բարեկամներ եւ հայեր աշխարհի չորս կողմերէն կ՝երթան Վագըֆ, ամբողջ Թուրքիոյ մէջ միակ հայկական գիւղը, Աստուածածնայ տօնին առթիւ՝ հաւաքաբար վայելելու Մուսա լեռան տըհոլ-զուռնան ու պարը, ճաշակելու օրհնուած խաղողը եւ աւանդական հարիսան:
Գանատահայ Վարդանին երազներէն մէկը եղած էր այցելել Մուսա լեռ եւ մտքին մէջ առեղծուած դարձած հարցումին պատասխանը գտնել, թէ ինչու՞ մուսա լեռցիք ձգած էին իրենց գիւղերը: Թորոնթոյի « Գոլոլեան» վարժարանի նախկին աշակերտ, U of T-ի պատմութեան ուսանող, Վարդան Պէյրութի օդակայան հասաւ 3 Օգոստոս 2009-ին: Իր ծնողքէն շատ լսած էր Լիբանանի, տեղւոյն հայութեան, մանաւանդ Այնճարի մասին: Ինք, Գանատա ծնած ըլլալով, վարժ չէր տեղական լեզուին, արաբերենին, այնպէս որ բարեկամներու օգնութեամբ նախ ընտելացաւ միջավայրին, ապա շաբաթ մը անցուց Այնճարի մէջ:


Վագըֆի Ս. Աստուծածին եկեղեցին; Գրիգոր, Լոր, Շուշիկ, Վահան, Գեղամ


Բոլոր տարեցներն ալ, անխտիր, սրտնեղած կը պատասխանեն.
– « Ի՞նչ պէտք ունէին երթալու»:
– «Ինչպէ՞ս մենք տոկացինք, իրենք ալ թող մնային մեզի պէս»:
Վագըֆի երիցագոյն բնակիչ՝ 94 ամեայ Աւետիս Տէմիրճեան պապուկը ճամբու եզրին գտնուող կանաչապատ տան պատշգամը նստած կը բարեւէ բոլոր անցորդներուն, ՝բարեւ’ կամ ՝մերապա’, ինչպէս սովորութիւն է Վագըֆի մէջ, ընդունելով որ աչքերը լաւ չեն կրնար զանազանել մարդիկը, եւ վեր կը հրաւիրէ զանոնք՝ սուրճի կամ թէյի: Առաջին ծանօթացումէն ետք տէմիրի ( երկաթի ) առողջութիւն ունեցող «պապուկ»ը կը սկսի իր կեանքի պատմութիւնը:
– « Առաջ շատ կը խօսէի, իսկ երբ Հրանդ Տինքը զարկին, ալ բերանս չեմ բանար»:
Իր մտքերը հաւաքելով պապուկը կը շարունակէ իր անցեալի յուշերը, արկածախնդրութիւններով եւ ճամբորդական պատահարներով համեմուած: Տէմիրճի Աւետիս ձայնը կը բարձրացնէ եւ լալու աստիճան կը յուզուի, երբ կը հարցնեն, թէ ինչու՞ այս գիւղերու բնակիչները ձգած գացած են 70 տարիներ առաջ: Զսպելով արցունքները կ՝անիծէ ժողովուրդի անարժան ղեկավարները եւ կ՝աւելցնէ.
– « Ժողովուրդը ոտքի հանեցին եւ պատճառ եղան բոլորին դժբախտութեան: Ի՞նչ պէտք ունէին երթալու, թող հոս մնային եւ միասին ապրէինք: Եթէ մենք երեսուն ընտանիքներով մնացեր ենք եւ այսքան մարդ կու գայ ամէն տարի տօնին առթիւ, վեց հազար հոգիով որքան աւելի պիտի ըլլար դուրսերէն եկողներուն թիւը»:
Կարճ լռութենէ մը ետք, պապուկը կը շարունակէ, իր յստակ հայերէնով, անցեալի պատմութիւնները, յաճախ վերադառնալով իր սրտի ցաւին. « Ինչ լաւ կ՝ըլլար բոլորս միասին մնայինք, այն օրերու 6000 հոգին հիմա կ՝ըլլար 12,15 կամ 20 հազար հայ…»
Վագըֆ գիւղի հիւրերուն առ ի յարգանք, ուրբաթ գիշերուան յայտագիրը դասախօսութիւն մըն է Թուրքիոյ հայ համայնքի իրաւունքներուն եւ արմատներու պաշտպանութեան նուիրուած: Կը խօսին Իսթանպուլէն ժամանած հայ եւ թուրք լրագրողներ: Օրուան խօսնակը կը հրաւիրէ ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս լռութիւն առ ի յարգանք Հրանդ Տինքի յիշատակին: Նիւթը կ՝ընթանայ թրքերէնով, նոյնպէս ներկաներուն կողմէ տրուած հարցերն ու հարցումները՝ թրքերէնով: Խօսք կ՝առնեն Պոլսոյ «Ակօս» թերթի աշխատակիցներ, որոնցմէ Բ ը բարձրախօսը ձեռքը առնելով խրոխտ ձայնով մը յայտարարէ.
– « Ես իմին միտքերս հայերէն պիտի ըսեմ, դուք ինչպէս կ՝ուզէք հասկցէք»:
Շաբաթ առաւօտ Վարդան կ՝արթննայ գիւղի հաւազգիներուն արեւածագը աւետող կանչերով: Երկինքը ամպոտած՝ այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ պիտի անձրեւէ, սակայն Մուսա Տաղի հովիտներէն փչող հովը կը փարատէ ամպերը եւ տաք արեւը իր շողերը կը սփռէ կանաչապատ գիւղին վրայ: Մինչեւ կէսօր Վարդան իր ժամանակը կ՝անցնէ գիւղին հրապարակը, արձակուրդի ելած մարդու հանդարտութեամբ եւ ահաւասիկ օրուան անակնկալը. Հայաստանեան թիւ կրող, հայկական եռագոյն դրօշակով «մինի պաս» մը կը հասնի գիւղին հրապարակը: Հազիւ ինքնաշարժը կանգ առած, ճամբորդները դուրս կը ցատկեն եւ կը սկսին ողջագուրուիլ գիւղի բնակիչներուն հետ: 15 հոգինոց խումբը հայաստանէն ելած էր եւ ցամաքի ճամբով, կտրելով թրքահայաստանը, հասած էր Վագըֆ: Մուսա լեռցիներու զաւակներ եւ թոռներ էին՝ եկած իրենց համագիւղացիներուն հետ տօնելու Աստուածածնայ տօնը:
Կամաց-կամաց գիւղ կը ժամանեն ուխտաւորներ, արտասահման ապրող վագըֆցիներ, բարեկամներ եւ հայեր՝ Իսթանպուլէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն. մօտիկ շրջաններէն, Իսկենտէրուն քաղաքէն ուր 20-25 հայ ընտանիքներ կ՝ապրին ներկայիս, Անտիոքէն, Մերսինէն, Ատանայէն, Քեսապէն … մէկ խօսքով աշխարհի չորս ծագերէն մօտ 700 հայեր կը հաւաքուին Վագըֆ, տօնական մթնոլորտ մը ստեղծելով վերաշխուժացած գիւղին մէջ:
Երեկոյեան արդէն հարիսայի կաթսաները պատրաստ են: Երիտասարդները կոտրտած էին միսը, իսկ տիկինները
Մայրամուտին՝ Այնթէպլեաններու լքուած տան բակին մէջ շարուած աթոռներուն վրայ տեղ կը գրաւեն ներկաները եւ կը սկսի հնչել տըհոլ-զուռնան: Նախ՝սկսնակ պարողներ, խանդավառ երիտասարդներ կ՝ելլեն պարելու, ապա՝ ամբողջ ժողովուրդը, մեծով-պզտիկով հարթակին վրայ է ու կը պարէ Վագըֆը, յատուկ կշռոյթով, հին օրերու յիշատակը զարթնեցնող, մինչե՜ւ Անի քաղաքի՝ դար մը առաջուայ տօնախմբութիւնները երեւակայութեամբ վերադարձնող խանդավառութեամբ, քայլ մը ձախ, երկու քայլ աջ եւ միշտ դէպի վեր ոստումով: Վարդան ոտքի կեցած, ծառի մը տակ, յափշտակութեամբ կը դիտէ պարը: Ան նմանութեան եզրեր չի գտներ
Գանատայի Քեմպրիճ քաղաքի տարեկան համա-մուսալեռցիներու տօնախմբութեան հետ, ոչ ալ իր կարդացած՝ Պասիթի «ընդվզումի պարի»ին հետ: Այս մէկը տարբեր բան է, այս մէկը հարազատ հողի պարն է, իսկական Մուսա լեռան պարն է: Եւ յանկարծ կը յիշէ ազգային Գոլոլեան վարժարանին մէջ սորված Գ. Էմինի մէկ արտասանութիւնը.«Պարէ, Սասուն, թող աշխարհն իմանայ, որ պար չէ սա, այլ մի ողջ ժողովուրդի յաղթանակ …»:
Կէս գիշերը անցած էր, սակայն Վագըֆի համար նոր կը սկսէր «քէֆ»ը: Իսթանպուլէն եկած 125-150 հոգինոց խումբի երիտասարդները իրենց հայկական տարազներով կը ներկայացնեն տոհմիկ պարեր, արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափերուն, իսկ դարձեալ Պոլսէն եկած երիտասարդական երգչախումբը իր երգացանկը կը սկսի Ատանայի ողբով.
«Կոտորածն անգութ, հայերը թող լան, անապատ դարձաւ, շքեղ Ատանան »…եւ խանդավառութիւնը կը հասնի իր գագաթնակէտին երբ կ՝երգեն.
"Բազմել ես լեռներին, ունես հազար շէն,
… դու կաս ու կը մնաս յաւերժ, Գետաշէն…
Արարատն առաջ, հայ զինուորներ քաջ,
վրէժ մեր սրտում, գնանք աննահանջ:
Արդեօք ովքե՞ր են, հէյ, ի՞նչ կտրիճներ են,
Մասիսը վկայ, ֆիտայիներն են,
Մասիսը վկայ, հայոց քաջերն են,
Մասիսը վկայ, վագըֆցիներն են …"
Այս բառերով եւ երգի կշռոյթով արթնցաւ Վարդան առաւօտուն: Կիրակի երկար օր մըն էր իրեն եւ գիւղին համար: Ս. Աստուածածնայ փոքրիկ եկեղեցին եւ գաւիթը խուռներամ լեցուն են հաւատացեալներով: Իսթանպուլէն ժամանած ծայրագոյն վարդապետ՝ հայր Զաքէոս, իր մաքուր հայերէնով, իր զիլ, բարձր ձայնով, կը պատարագէ, կը քարոզէ, կ՝օրհնէ խաղողը եւ հարիսան, ստանալով ներկաներուն երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը:
– « Գացին, որովհետեւ հայանուն մարդիկ ուզեցին իրենց եսին գոհացում տալ, իրենց մենատիրութիւնը պարտադրել, ժողովուրդին հաշւոյն փառքի եւ դիրքի տիրանալ, ահա այսպիսով պատճառ եղան ամբողջ Մուսա լեռան հայութեան դժբախտութեան: Պոլսահայութիւնը ինչպէ՞ս դիմացաւ եւ կը շարունակէ տոկալ, Տիգրանակերտի, Սեփաստիոյ, Խարբերդի, Իսկենտէրունի փոքրաթիւ հայութիւնը ինչպէ՞ս կը շարունակէ գոյատեւել հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններու: Պիթիասի միակ հայը՝ Յակոբ Չափար(եան) ինչպէ՞ս կը յամառի մնալ իր պապենական տան մէջ: Ամբողջ վեց հարիւր տարուայ թրքական տիրապետութեան ժամանակաշրջանը հայ ժողովուրդին համար չէ՞ եղած արդեօք պայքարի, դիմադրութեան, հողին կառչած մնալու երկար պատմական շղթայ մը»:
Աստուածածնայ տօնը յաջողութեամբ աւարտած է: Ներկաները՝ վերանորոգուած հաւատքով մը իրենց պատկանելիութեան հանդէպ եւ յաջորդ տարուան հանդիպումի մը խոստումներով հրաժեշտ կու տան իրարու:
Իր կեցութիւնը Վագըֆի մէջ բաւարար նկատելով՝ Վարդան կը շրջի նախկին հայկական գիւղերը՝ ներկայիս բնակուած թուրքերով եւ կ՝արձանագրէ իր տպաւորութիւնները: Վագըֆէն ինքնաշարժով մօտ տասը վայրկեան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի ՔԷպուսույու, նախկին հայկական Քէպուսիէ գիւղը, ծովահայեաց իր դիրքով, Աքրա լեռան վեհաշուք «հսկողութեան» տակ: Գիւղի հրապարակի հայկական եկեղեցին վերածուած է մզկիթի, որու պատերուն վրայ տակաւին տեսանելի են հայկական նշաններ: Թուրք բնակչութիւնը, յարգալիր եւ հիւրասէր օտարներու հանդէպ, կ՝ապրի գրեթէ նոյն բնակարաններուն մէջ, որոնք նախապէս կը պատկանէին հայերու եւ կը զբաղի նոյն տեսակի գիւղական աշխատանքներով: Քէպուսիէի կռնակը գտնուող բլուրները, իսկ հակառակ կողմը՝ ծովը, գիւղին կու տան բնական վայրի գեղեցկութիւն մը: Գիւղէն մինչեւ ծովեզերք՝ ինքնաշարժով 20-30 վայրկեան ճամբու ընթացքին կարելի է հանդիպիլ Սելեւկեաններէն մնացած հնութիւններու, քարայրներու եւ խիտ մացառներու տակ պահուըտած անցքերու:
Ծովեզերեայ Չեւլիկ ձկնորսական գիւղակը անցեալին եղած է նաեւ հայկական, իսկ ծովահայեաց՝ նախկինին հայերու պատկանող ճաշարաններուն մէջ ներկայիս թուրքեր են որ կը հիւրընկալեն այցելուները:
Վագըֆէն ինքնաշարժով մօտ տասը վայրկեան հեռաւորութեան վրայ, դէպի լեռներու ուղղութեամբ կը գտնուի Խըտըր Պէկ գիւղը, նշանաւոր՝ հազարամեայ սօսիի հսկայ ծառով: Հրապարակի սրճարաններն ու հանգստավայրերը կը յիշեցնեն Այնճարի ակի ճաշարանները, այն տարբերութեամբ որ հայերու փոխարէն թուրքեր են այժմ որոնք օտար այցելուներուն խորոված միս, խորոված կամ խաշուած կորեկ կը վաճառեն: Իսկ Սօսի ծառը, իր հսկայ բունով եւ մէջտեղէն մէկ կողմէն միւս կողմ անցքով, այցելուներուն հիացումը կամ զարմանքը կ՝առթէ:
Վարդան իր պտոյտը կը շարունակէ դէպի Եողուն Օլուք, Խըտըր Պէկի «քոյր» գիւղը, ապա Էրիքլի, նախկին Հաճի Հապիպլի, եւ վերջապէս Թեքնեբինար, նախկին Պիթիասը, հայկական գիւղերուն հարսը, Մուսա լեռան ՝Եւրոպան’:
Բախտի մէկ խաղով կամ նախախնամութեան արարքով է որ Յակոբ Չափարին մեծ հօր ընտանիքը մնացած էր գիւղին մէջ: Ներկայիս Յակոբին համար շատ բնական էր որ ապրէր իր պապենական գիւղին եւ տան մէջ: Միակ անբնականը, ըստ իրեն, գիւղի նախկին բնակիչներուն ձգած գացած ըլլալն էր, որու մանրամասնութիւնները լսած եւ գրի առած էր ինք, իր տետրակներուն մէջ: Եւ իսկապէս Յակոբ կը բերէ իր տետրակները եւ կը խնդրէ Վարդանէն որպէսզի ինք ալ իր կարգին, ինչպէս Չափարենց այցելող ամէն հիւր, իր գիտցած տեղեկութիւնները եւ տպաւորութիւնները արձանագրէ:
Չափարեաններուն դրացիները եկած եւ հաստատուած էին գիւղ մը որու բնակիչները լքած էին զայն: Այո, անոնք իւրացուցած էին ամբողջ գիւղը. բարեփոխած էին դպրոցը եւ բողոքականաց եկեղեցին մզկիթի վերածած, բայց ոչ մէկ չար մտադրութեամբ՝ այլ իրենց պահանջքին համաձայն: Եկուորները հարց չունէին գիւղի նախկին բնակիչներուն հետ: Անոնք չէին եկած հուրով կամ սուրով, այլ պարզապէս եկած եւ պատրաստ գիւղի մը, ինչպէս նաեւ հինգ այլ գիւղերու տէրը դարձած էին:
– « Թող չ՝երթային», ընդվզումով կ՝ըսէ Յակոբ.
– « Թող մնային ինչպէս մենք մնացինք, ինչպէս Վագըֆի մարդիկը մնացին, ինչպէս Իսկենտէրունի 20 հայ ընտանիքները , ինչպէս Իսթանպուլի հայերը, ինչպէս Հրանդ Տինքը …»
– « Դրացիներս թուրք, կամ ոչ թուրք՝ լաւ մարդիկ են. յաճախ կ՝այցելենք իրարու» , կ՝եզրափակէ Յակոբ:
Վարդան կռնակը տուած կիսաւարտ ժողովրդազուրկ Ս. Աստուածածնայ եկեղեցիին, վերջին անգամ ըլլալով աչքերովը կը նկարէ Պիթիասի համայնապատկերը: Դիմացը Աքրա լեռը, իր գմբէթանման գագաթով, իր ձախ կողմը, 10-15 քիլոմեթրի վրայ երկարող, մինչեւ Անտիոքի մուտքին, պիթիասցիներուն պատկանող անտառները, իսկ աջին, մինչեւ ծովեզերք երկարող լեռնաշղթան, որու հովիտներէն ժողովուրդը լեռ բարձրացած էր 1915-ին, Տամլաճիքի հարթավայրին մէջ կռուելու եւ ի հարկին մեռնելու, սակայն հողին կառչած մնալու վճռականութեամբ:
Ան 70 տարիով ետ կ՝երթայ եւ կ՝երեւակայէ նախկին հայկական Պիթիասը, իր երեք արդիական պանդոկներով, մտաւորականութեան ժամադրավայր դարձած ճաշարաններով, պատշգամներէն նազանքով վար սահող գոյնզգոյն ծաղիկներով, մինչեւ 400 ընտանիքի հասնող ժողովուրդով, պանդոկ «Ահարոն»ի մէջ Բարսեղ Կանաչեանի «Հելէ հելէ նինոյէ»ն, առաջին անգամ ըլլալով երգուած 1932 թուականին եւ մանաւանդ Ս. Աստուածածնայ տօնը, ամէն Օգոստոս 15-ին հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ:
Այս բոլորը շարժանկարի նման կ՝անցնէին Վարդանի մտքի պաստառին վրայէն, յուզումը կը խեղդէր զինք, չէր կրնար ընդունիլ պատահածը: Հարց կու տար ինքն իրեն.
– Կարելի չէ՞ր հայկական գիւղերու ժողովուրդը զերծ պահել ինքնակամ տեղահանութենէն եւ գաղթէն:
– Արդեօք դատապարտելի արարք չէ՞ր ժողովուրդը իր բախտին ձգելը:
Չէ, այս պարագային չկար անիրաւութիւն. այլ կար ժողովուրդի ղեկավարութեան կողմէ ապիկարութիւն:
Նախքան Պիթիասի եւ Մուսա լեռան հրաժեշտ տալը, կ՝ուզէր հետք մը ձգել հոն:
Կեցած Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջաբակի հնամենի, ճեղքուած բունով, սակայն միշտ հաստատուն կաղնիին տակ, դէմքը տուած Պիթիասի եւ հանդիպակած լեռներուն, Վարդան հաւաքեց ամբողջ ուժը եւ պոռաց.
5 comments
Why was depopulated?
Like Vartan in this beautifully crafted narrative, I really would like to know who were the people making decisions then, and what were their reasons to depopulate a whole Armenian territory?
Who were the leaders?!
I know people who go there now on a yearly basis. I even lost a relative in an accident while returning from Mousa Ler, he was an extremely lively person and loved to visit his ‘home town’ a lot…yet another victim for leaving the homeland.
I have heard different but similar stories when I used to visit Anjar or when I talked to some Anjartsi or Mousa Lertsi people, the older generation of course. Unfortunately, the new generation isn’t much interested in its ‘real’ history nor thinks of ever visiting Mousa Ler!!…with very few exceptions.
My question is: who were the leaders responsible fo the "self-exile" of people of Mousa Ler? Are they respected now or identified as traitors of some sort? I have seen some monuments in Anjar, I hope they aren’t for those leaders!!
On another note…
I would like to see a second opinion to this article. Are we missing something?
Here are some points to ponder:
Many questions come to mind reading this story. The most offensive to Armenian ears would probably be the following,
"Are Turks really what we think they are……..or are we brainwashed?"
Veratarts
Hello Vartkes
Points to ponder.
Nobody should believe that Turks( (i.e. Turkish authorities ) are saints. Never been and never will be. It’s up to us, Armenians (authorities in Armenia, political organizations) to be and act more than hawks in order to have a place on this planet.
Anchap shnohakal em hayatar
Anchap shnohakal em hayatar nyutin:
Heginaki harcin te ur er haykakan divanagitutyyun# kasem haeri kochvog fkegecu davachanutyan mej ev hayeri qagakakan kusakcutyunneri voch haykakan linel#
Minchev himael, ahgam pogi mej logacog hayer# 10 maduc xumb chen pahum
hayoc shaher# pashtpanelu hamar , ereq hogianoc xumb el chen pahum ashxari qagaqakanutyan varlutsman hamar:
Gors areq ete ekegecu terteri surui vochxar cheq hamarum dzez:
Uraxutyun bolorid:
Chmoranaq haytnel Libani hogeban Karapeti hascen:
Comments are closed.