Վերայցելութիւն՝ Քանդակագործ Ռ. Թոքաթլեանի

Galeries Connaissance Des Arts եւ Instituto Italiano Di Cultura-ի
Միացեալ Ցուցահանդէսին Առիթով

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 28 Նոյեմբեր 2014

Ռաֆֆի Թոքաթլեան որպէս Սփիւռքի լաւագոյն հայազգի քանդակագործներէն մէկը, վերջին տարիներուն արժանացած է բազմաթիւ լիբանանեան եւ միջազգային մրցանակներու: Իր ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են Վենետիկի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Թոքիոյի, Մոսկուայի եւ այլ ոստաններու մէջ։ Շուտով պիտի հանդէս գայ միացեալ ցուցահանդէսով մը գեղանկարիչ Փիերօ Մասչեթիի հետ: Ստորեւ հարցազրոյցը քանդակագործին հետ:

Հարցում.- Պրն. Թոքաթլեան, Ձեր միացեալ ցուցահանդէսը Իտալական Մշակոյթի Ինստիտուտին կողմէ՝ գեղանկարիչ Փիերօ Մասչեթիի հետ ինչպէ՞ս կը գնահատէք։

Galeries Connaissance Des Arts եւ Instituto Italiano Di Cultura-ի
Միացեալ Ցուցահանդէսին Առիթով

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 28 Նոյեմբեր 2014

Ռաֆֆի Թոքաթլեան որպէս Սփիւռքի լաւագոյն հայազգի քանդակագործներէն մէկը, վերջին տարիներուն արժանացած է բազմաթիւ լիբանանեան եւ միջազգային մրցանակներու: Իր ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են Վենետիկի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Թոքիոյի, Մոսկուայի եւ այլ ոստաններու մէջ։ Շուտով պիտի հանդէս գայ միացեալ ցուցահանդէսով մը գեղանկարիչ Փիերօ Մասչեթիի հետ: Ստորեւ հարցազրոյցը քանդակագործին հետ:

Հարցում.- Պրն. Թոքաթլեան, Ձեր միացեալ ցուցահանդէսը Իտալական Մշակոյթի Ինստիտուտին կողմէ՝ գեղանկարիչ Փիերօ Մասչեթիի հետ ինչպէ՞ս կը գնահատէք։

Պատասխան.-Այս տարի առաջին անգամն է որ ցուցահանդէս մը կը կազմակերպենք Connaissance Des Arts ցուցասրասրահին մէջ՝ իտալացի նշանաւոր գեղանկարիչ Փիերօ Մասչեթթի հետ միասնաբար։ Իր պաստառները եւ իմ քանդակներս միասնաբար պիտի ներկայանան արուեստասէր ընտրանիին՝ յառաջիկայ Դեկտեմբեր 6-ին։ Բացման հանդիսութենէն ետք, մեր ստեղծագործութիւնները պիտի ցուցադրուին մինչեւ 15 Յունուար 2015 թ.ը։  Յոյսով ենք որ արուեստի յաջող իրադարձութիւն մը պիտի ըլլայ…։

Հարցում.-Իտալական գեղարուեստի հանդէպ Ձեր սէրը բացայայտ է իր ազդեցութեամբ, Ռաֆֆի Թոքաթլեանի քանդակներուն վրայ։ Վենետիկի Փալացիօ Զենոպիոյի դահլիճներուն մէջ Ձեր ստեղծագործութիւններուն ցուցադրումը եւ նկարահանումները մեծ արձագանգ գտան մօտիկ անցեալին։ Ինչպէ՞ս կը պահանէք ձեր արուեստին մերձեցումը Իտալիոյ հետ։

Պատասխան.- Մարդկային քաղաքակրթութեանց օրրան Իտալիոյ հանդէպ սէրս փոքր տարիքէն սկսած է զարգանալ։ Անցեալին Լիբանանի մօտ Իտալիոյ դեսպանատան մշակոյթի կցորդին հետ բաւականին ցուցահանդէսներ կազմակերպած ենք։  Քանդակներս 2 տարի ցուցադրուած էին Իտալիոյ դեսպանատան մէջ, նաեւ իտալացի լուսանկարիչ Ալիտորս Քաթուչիին հետ ալ ցուցահանդէս մը կազմակերպուած էր ցուցասրահիս մէջ։ Կը կարծեմ, թէ այս ցուցահանդէսին մէկ տարբերակի բացումը տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ, 2015 թ.ին, տաղանդաւոր գեղանկարիչ Փիերօ Մասչեթիի հետ։

Հարցում.-Ինչպէս որ Ձեր արուեստով հիացած ընտրանին, այնպէս ալ զանգուածային լրատուական միջոցները, նկատեցին թէ բաղդատմամբ անցեալ տարուան, 2014 թ.ը յարաբերաբար հանգիստ” էր ցուցահանդէսներու մասնակցութեան առումով։ Ի՞նչ ծրագիրներ ունիք  2015 թուականին, մանաւանդ որ Հայոց Մեծ Եղեռնի 100-ամեակն է որ պիտի նշուի աշխարհով մէկ։

Պատասխան.- Այս տարին, վերոնշեալ ցուցահանդէսով պիտի բաւականանանք, իսկ 2015 թ.ին մեծ ծրագիր մը կայ, որուն նախապատրաստման համար օրնիբուն կ’աշխատէի…։ Յուլիս 2015 թ.ին այդ կարեւոր իրադարձութեան բացումը տեղի պիտի ունենայ։ Այս էր գլխաւոր պատճառը որ ձեռնպահ մնացի անցնող տարուան ընթացքին միջազգային ցուցահանդէսներու մասնակցելէ, որուն մասին առաջինը դուք պիտի իմանաք…։

Հարցում.-Այսօր երեւի միակ հայ քանդակագործն էք Սփիւռքի մէջ, ուր Ձեր անունը քաջածանօթ է Իտալիոյ, Ամերիկայի, Ճափոնի, Ռուսիոյ, Լիբանանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի արուեստի ակադեմական բազմաթիւ շրջանակներուն։  Ինչպէ՞ս կը բացատրէք  այս յաջողութեան գաղտնիքները”։

Պատասխան.- Այն ինչ որ կը ստեղծագործեմ, ինծի համար կ’ընեմ…։ Դուք միայն լաւագոյնն է որ կը ճանչնաք…։ Եթէ արուեստագէտ մը իր գործերուն մէջ հարազատ ու անկեղծ չըլլայ, ապա յայտնի կը դառնայ, թէ միայն առեւտրական միտումներով է որ ստեղծագործած է։ Ամէն անգամ որ կը քանդակեմ, նոր բան մը սորված կ’ըլլամ։ Կը փորձեմ կատարելութեան հասցնել  աշխատանքներս եւ զիս գոհացնել նորանոր ստեղծագործութիւններով։

Քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանի և Գեղանկարիչ
Փիերօ Մասչեթթիի Միացեալ Ցուցահանդէսը

 

8 Դեկտեմբեր 2014

Իտալիոյ, Լիբանանի եւ Արաբական աշխարհի գեղարուեստի եւ քանդակագործութեան ընտրանին, ներկայ էր Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2014 թ. Երեկոյեան, Պէյրութի ծովամերձ կեդրոնի «Connaissance Des Arts» ցուցասրահին մէջ՝ պաշտօնապէս բացումը կատարելու հայ-իտալական-լիբանանեան եզակի իրադարձութեան մը։ Համբաւաւոր քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեան իր ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրէր իտալացի տաղանդաւոր գեղանկարիչ Փիերօ Մասչեթթիի հետ, հովանաւորութեամբ Իտալիոյ դեսպանութեան մօտ Մշակոյթի ինստիտուտի։

Բացման այս փառաւոր հանդիսութեան առաջին իսկ վայրկեաններէն, ցուցահանդէսի դահլիճը ծայրէ-ծայր “գրաւուած էր” արուեստի ու գեղարուեստի, քանդակագործութեան, մշակոյթի գործիչներու հոծ բազմութեամբ։ Այս եզակի իրադարձութիւնները, Լիբանանի համար դժուարին այս օրերուն, յոյս եւ ոյժ, եռանդ ներշնչեցին արուեստագէտներուն, որոնք կարողացան այսպիսի հրաշալի ստեղծագործութիւններ պարգեւել բոլորին։ «Ես չափազանց շնորհակալ եմ լիբանանցի եւ լիբանանահայ գեղարուեստի աշխարհին, որ ինծի հնարաւորութիւն ընծայեց մասնակցելու այսպիսի ցուցահանդէսի»,- գոհունակութեամբ մեզի իր զգացմունքները փոխանցեց իտալացի գեղանկարիչ Մասչեթթի։

Փիերօ Մասչեթթի եւ Ռաֆֆի Թոքաթլեան

Ցուցահանդէսի բացման երեկոն պատուեցին Լիբանանի մօտ Իտալիոյ դեսպանը, դիւանագէտներ, քաղաքական եւ գործարար աշխարհի անձնաւորութիւններ, միտքեր փոխանակելով եւ հիանալով քանդակագործութեան եւ գեղանկարչութեան այս գեղեցիկ ստեղծագործութիւններով։

"Մեզի համար ալ իսկապէս անակնկալ էր այսպիսի ընտրանիի հոծ ներկայութիւնը՝ Լիբանանի համար քաղաքական եւ ապահովական այս դժուարին օրերուն։ Մեր յաջորդ, միացեալ ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ մէջ, 2015 թուին", յայտնեց Ռաֆֆի Թոքաթլեան։

Մինչեւ ուշ երեկոյ, այցելուներուն եւ հիւրերուն հոսքը չէր դադրած: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Նոր Տարուան Յունուարի 15-ը։

 

 

 

You May Also Like