Թուրքիոյ «Մեղրալուսին»ը Արաբներու Հետ…

Թուրքիոյ «Մեղրալուսին»ը Արաբներու Հետ…



Այս պատճառով է, որ թուրք փոքրամասնական տարրը այսօր կ՛ապրի ինքնութեան սուր տագնապ մը…: Այս պատճառով է, որ Աթաթուրք (այսինքն` թուրքերու հայրը…) առաջին օրէն (1923) կ՛երազէր ստեղծել միատարր թուրք պետութիւն…: Երազ մը, որ բնա՛ւ չիրականացաւ ստուգապէս մինչեւ օրս` հակառակ ի գործ դրուած բռնի թրքացումի, ցեղային մաքրագործումի, զանգուածային տեղահանութեան եւ մայրենի լեզուի ու մշակոյթի արգիլման քաղաքականութեանց, ինչ որ անելանելի դարձուց Թուրքիոյ ինքնութեան սուր տագնապը եւ պետութիւնը մղեց վազելու դէպի դուրս` ծաւալապաշտական ծրագիրներու ետեւէ… քողարկելու համար երկրին մէջ կիրարկուող բռնութեան եւ ճնշումի քաղաքականութիւնը` ընդդէմ ոչ թուրք ցեղային, կրօնական ու մշակութային խումբերուն, եւ ընդհանրապէս` բոլոր ազգային ճշմարտապէս ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն ու խմբաւորումներուն եւ, գլխաւորաբար, Թուրքիոյ երիցագոյն Համայնավար կուսակցութեան…: