Վերջ Տալ Տարագիր Արեւմտահայութեան Ինքնամոռացումին

ԼԳՇ-ի վարչութեան անունով՝
Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Պէյրութ, Մայիս 2016

Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը (ԼԳՇ) իր հիմնադրութեան օրէն՝ չէ եղած ինքնանպատակ շարժում մը, այլ գաղափարական յառաջապահ հոսանք մը, որ կը բարեշրջէ ինքզինք, քայլ պահելով՝ մեր ժողովուրդի ներքին զարգացումներուն, նաեւ՝ միջազգային դրական տեղաշարժերուն հետ, եւ եթէ տեսնէ թէ՝ այլեւս անելիք չունի… պատրաստ է կասեցնելու իր գործունէութիւնը առանց վարանումի։

ԼԳՇ-ի վարչութեան անունով՝
Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Պէյրութ, Մայիս 2016

Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը (ԼԳՇ) իր հիմնադրութեան օրէն՝ չէ եղած ինքնանպատակ շարժում մը, այլ գաղափարական յառաջապահ հոսանք մը, որ կը բարեշրջէ ինքզինք, քայլ պահելով՝ մեր ժողովուրդի ներքին զարգացումներուն, նաեւ՝ միջազգային դրական տեղաշարժերուն հետ, եւ եթէ տեսնէ թէ՝ այլեւս անելիք չունի… պատրաստ է կասեցնելու իր գործունէութիւնը առանց վարանումի։

Ներկայ փուլին, ճիշդ է թէ՝ ԼԳՇ-ը կորսնցուցած է՝ յաջորդական մահերու եւ Լիբանանի ներքին պատերազմին պատճառած արտագաղթին պատճառներով, իր քատրերուն մեծագոյն մասը, բայց՝ տէրն է բարեշրջուած գաղափարաբանութեան մը, որուն հիմքն է համահայկականութիւնը, եւ որուն ներկայ փուլին կարգախօսներն են՝ արտերկրի մէջ՝ համահայկական ելակէտով վերջ տալ Տարագիր Արեւմտահայութեան ինքնամոռացումի տասնամեակներուն, եւ՝ ինքնակազմակերպուիլ՝ կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ իրաւական միակ լիազօր կառոյցի մը մէջ, որ տիրութիւն ընէ Սփիւռքին, օգտուելով միջազգային դրական տեղաշարժերէն, ձեռք բերելու համար միջազգայնօրէն ճանչցուած իրաւական անձնաւորութիւն (personne juridique) եւ այդ հանգամանքով հետապնդելու Արեւմտահայաստանի հողային դատը միջազգային ատեաններու առջեւ, իսկ Արեւելահայաստանի մէջ՝ վերացումը հոն տիրող ապազգային, օլիգարխիական, վայրի դրամատիրական համակարգին, որ հայաթափեց երկիրը եւ թալանեց անոր ստորգետնեայ եւ վերգետնեայ հաստատութիւնները, եւ հոն հաստատումը՝ ազգային ու համահայկական շահերու հետամուտ ժողովրդահայրենասիրական համակարգի մը:

Եւ՝ միջազգային դրական տեղաշարժերն են՝ միաբեւեռ վայրի դրամատիրական աշխարհակարգին մայրամուտը, եւ նոր բազմաբեւեռ առաւել հաւասարակշռուած ու մարդկայնական աշխարհակարգի մը ծագող արշալոյսը, որ առաւել պիտի երաշխաւորէ հայրենազուրկ ժողովուրդներու իրաւանց յարգումն ու վերականգնումը, այնպէս ինչպէս տեղի ունեցաւ 20-րդ դարու 70-ականներուն, երկբեւեռ աշխարհակարգի ժամանակներուն, երբ գրեթէ ամբողջական լուծարքի ենթարկուեցաւ աշխարհի գաղթատիրական համակարգը, եւ տասնամեակներով նախկին գաղութներ եւ կիսագաղութներ տիրացան իրենց անկախութեան եւ անդամակցեցան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, որուն անդամ պետութիւններուն թիւը բարձրացաւ 54-էն՝ 194…։

Եթէ սխալած չենք, ունինք այն համոզումը թէ՝ ձեր ղումաշով մտաւորականներու միտքին ու սիրտին հաշտ կը խօսին ԼԳՇ-ի այս գաղափարաբանութիւնն ու փողային երկու կարգախօսները, կը հրաւիրենք ձեզ մաս կազմելու յառաջիկայ Յուլիսի առաջին Կիրակին ընտրուելիք մեր նոր վարչութեան։

Աւելորդ չըլլար հաւանաբար երկու վերյիշեցումներ։

Առաջինը, թէ՝ ԼԳՇ-ը ունի պետական պաշտօնական արտօնագիր իբր մշակութային անկուսակցական միութիւն, եւ մինչեւ օրս լիուլի կատարած է իր բոլոր պարտաւորութիւնները պետութեան հանդէպ, եւ երկրորդը թէ՝ անցեալէն ալ վայելած է մասնակցութիւնը ոչ միայն կոմունիստ, այլեւ ռամկավար, հնչակեան եւ ձախակողմեան անկուսակցական մտաւորականներու, որոնց շարքին՝ Վահէ-Վահեանի, Զարեհ Մելքոնեանի, Երուանդ Պարսումեանի, Տոքթ. Տիգրան Վարժապետեանի, Յակոբ Նորունիի, Յարութիւն Թորոսեանի, Յարութիւն Մաթեանի, Սարգիս Վահագնի, Սահակ Թութճեանի, Յակոբ Սարգիսեանի, Վարուժան Պետիկեանի, Լեւոն Վարդանի, Լեւոն Թորոսեանի, Սարգիս Խայեանի, Գաբրիէլ Մոլոյեանի, Պերճ Ֆազլեանի, Ժիրայր Նայիրիի, Սարգիս Արմէնի, Աբրահամ Տէտէեանի, Արամ Սեփեթճեանի, Ժիրայր Դանիէլեանի, Խաչիկ Փիլիկեանի, Յովհաննէս Փիլիկեանի եւ մի քանի տասնեակ նմաններու։

Մեր համոզումով ԼԳՇ-ի հոսանքին շարունակականութիւնը հրատապ անհրաժեշտութիւն է ներկայի պայմաններուն մէջ, երբ Սփիւռքն ու Արեւելահայաստանը կը պարզեն երկու անտիրական արշակաւաններ, որոնք դէպի համահայկականութիւն պահանջուած շրջադարձը չկրցան կատարել նոյնիսկ Տարագրութեան (Արեւմտահայաստանի կորուստի) եւ Ցեղասպանութեան զոյգ ոճիրներու 100-րդ տարելիցին մեծ ստուգատեսին։

Հետեւաբար, ԼԳՇ-ի գաղափարաբանութեան շարունակականութիւնը համահայկական հրամայական մը կը հանդիսանայ այն մտաւորականներուն համար, որոնք ունին ազգային յանձնառութիւն եւ հասարակական պատասխանատւութեան գիտակցութիւն։

Եթէ համոզուած էք այս հրամայականին, ակնդէտ կը սպասենք ձեր դրական ընդառաջումին մեր ներկայ կոչին։
 

You May Also Like