Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», Թորոնթօ, 6 Յունիս 2015
Երկուշաբթի օր մը, 5 Յունիս 1967 թուականին, Իսրայէլ, իր ետին ունենալով Ամերիկան, վեցօրեայ պատերազմով մը ջախջախեց արաբական ազգայնականութեան բոլոր ամրոցները, որոնց ետին կը կանգնէր Սովետական Միութիւնը։ Եգիպտոսի նախագահ Կամալ Ապտըլ Նասէրի շուրջ հաւաքուած ազգայնական աշխարհը Արաբիստանի, որ իր մէջ կը համախմբէր Եգիպտոսի կողքին Ալճերիան, Լիպիան, Սուտանը, Սոմալիան, Եմէնը, Իրաքը, Սուրիան եւ Լիբանանը, որուն մէջ լռեցուած, զսպուած կամ բանտարկուած էին իսլամական բոլոր մոլեռանդ ուժերը եւ իրարու հետ կը գործէին գաղափարապաշտ ազգայնական քրիստոնեայ եւ իսլամ ուժերը, ուժգին հարուած ստացաւ այդ պատերազմին պատճառաւ, որմէ երբեք չվերականգնեցաւ եւ ատկէ ետք արաբական ազգայնականութիւնը տկարացաւ ու իսլամ կրօնամոլութիւնը զօրացաւ։
Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», Թորոնթօ, 6 Յունիս 2015
Երկուշաբթի օր մը, 5 Յունիս 1967 թուականին, Իսրայէլ, իր ետին ունենալով Ամերիկան, վեցօրեայ պատերազմով մը ջախջախեց արաբական ազգայնականութեան բոլոր ամրոցները, որոնց ետին կը կանգնէր
Նախագահ Ապտըլ Նասէրով ներշնչուած եւ հրահրուած ժողովուրդները Ասիոյ եւ Ափրիկէի, որոնք գաղութատիրութեան ճիրաններուն մէջ արիւնաքամ եղած էին երկա՜ր տարիներ, անկախութիւն ստանալով միացուցած էին իրենց ձայները Նասէրի ձայնին, ձեւով մը անոր տալով Ասիոյ եւ Ափրիկէի ազատատենչութեան խօսնակը դառնալու դերը։ Եւ որովհետեւ Նասէր կանգնած էր Սովետական Միութեան կողքին, այդ երկիրները դարձած էին անդամներ Սովետական Միութեան «քէմփ»-ին։ Նասէրի պարտութեամբ եւ անկումով կարծէք ինկաւ անոր ետին կանգնողը՝ Սովետական Միութիւնը, որ արաբական ազգայնականութեան եւ Ափրիկէի ու Ասիոյ վերելքին եւ յաջողութեան պաշտպան կանգնած ըլլալու դերին մէջ կը գտնուէր։ Յարաբերական իմաստով բացատրուած, կարելի է ըսել թէ Ռուս արջը Սովետ կով դարձած էր` կաթ տալու աշխարհի չքաւորներուն եւ անկարներուն, որպէսզի իրենց իրաւունքներուն տէր դառնալու ուժ ունենան, ի գին իր սեփական զաւակներու (ժողովուրդներու) զրկանքին ու զուլումին։
Եւ պատահական չէր նաեւ որ Յունիս 5, 1967-էն միայն չորս ամիս ետք` Հոկտեմբեր 9, 1967-ին, Սովետը ինկաւ անգամ մը եւս, այս անգամ Լատին Ամերիկայի մէջ, ուր Նասէրը տապալող միջազգային ուժերը սպաննեցին
Թէ ինչո՞ւ կը յիշուին այս բոլորը եւ ինչի՞ կը ծառայեն այսպիսի յիշատակումները։
Վեցօրեայ Յունիսեան Պատերազմը եղաւ անիծեալ այն դէպքը, որուն պատճառաւ ծնունդ առին շատ-շատերուն դժբախտութիւնները։ Այդ պատերազմէն ետք յաղթող կողմերը ամէն առիթ գործածեցին խանգարելու եւ անհանգստացնելու միւս կողմին կեանքը։ Շատ մը տեղեր Սովետը բարոյապէս ինկած տեսած ու անոր տկարութիւնները փորձած Արեւմուտքը սկսաւ աջ ու ձախ անգութօրէն հարուածել, եւ Նասէրի անկումէն ու մահէն (1970) ետք սկսաւ նոր ծրագիրներ իրականացնել շրջանէն ներս, սկսեալ՝ Պաղեստինի Ազատագրութեան Կազմակերպութենէն, ստեղծելով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը (1975-1990), որու տեւողութեան ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ քիչ մը ամէն տեղ աննախընթաց դէպքեր տեղի ունեցան.
Արաբական աշխարհի ազգային արժանապատուութիւնը ոտնակոխուեցաւ Անուար Սատաթի կնքած համաձայնութեամբ Իսրայէլի հետ (1979). պաղեստինցիներ ջարդուեցան Պէյրութի Սապրա-Շաթիլա գաղթակայանններուն մէջ (1982) եւ անոնց զինուորական ներկայութիւնը վերջ գտաւ Լիբանանի մէջ. Իրաքի Սատտամ Հիւսէյնին ծուղակ լարուեցաւ Քուէյթի մէջ (1990) եւ հարուած-հարուածի ետեւէն` բոլոր արաբական ամրոցները խորտակուեցան ու անոնց ազգային արժանապատուութիւնը ոտնակոխուեցաւ, մանաւանդ վերջին հարուածովը Ճորճ Պուշի շուրջ հաւաքուած Neo-Conservative կոչեցեալ «խունթա»-ին։
Այս բոլոր հարուածներուն հետ փլաւ նաեւ Սովետական Միութիւնը (1991) եւ խախտեցաւ աշխարհի հաւասարակշռութիւնը յօգուտ բոլոր այն կողմերուն եւ ուժերուն, որոնք չեն վարանիր արիւն եւ աւեր սփռելու հոն ուր սահմաններ պէտք է խախտին, որպէսզի նոր շահաղբիւրներ բացուին։ Գաղափարապաշտութիւնը, որ կը բնորոշուէր արաբական ազգային միութեան կարգախօսով, պարտուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ` տեղի տալով կրօնապաշտութեան մը, որուն սերմերը Ամերիկայի կողմէ ատենօք ցանուեցան Աֆղանիստանի մէջ, որ այսօր մարդակերպ գազաններով խռնուած` աւերներ կը գործէ Իսլամական Պետութիւն անուան տակ։
1967-ի վեցօրեայ պատերազմին հետեւանքով նոր գաղութատիրութիւն կը մշակուի այսօր Միջին Արեւելքի մէջ եւ հայութիւն կը պարպուի հոնկէ ու զուլում կը տիրէ ամենուրէք` յանուն կրօնի եւ անոր ետին կանգնող մօտաւոր ու հեռաւոր քանդիչ նպատակներու իրագործման։