«Վէրքը Խորունկ Է…»

Հրայր Ճէպէճեան,  Նիկոսիա, 25 Ապրիլ 2014

« Դիտէ՛ դուն ալ տղաս ու օրին մէկը երբ մեծնաս, գուցէ կը գրես տեսածներուդ մասին»:

Հօրենական մեծ մայրս՝ Եւնիկէ Գունտագճեան-Ճէպէճեան՝ 1916-ին իր անդրանիկ զաւկին Ռոպերտին (հօրեղբայրս՝ յետագային բժշկապետ Ճէպէճեան)՝ որ հազիւ եօթը տարեկան էր, ձեռքէն բռնելով կը տանի զինք Հալէպի հոգետունի շրջանը: «Կ'ուզեմ որ քաջութիւնը ունենաս տեսնելու թէ ինչպէս հոգետունի բակին ու հարեւան նրբանցքներուն մէջ գիշերով մահացած գաղթականներու դիակները սայլի մէջ բեռցնելով կը տանին հասարակաց փոսը նետելու: Դիտէ դուն ալ տղաս ու օրին մէկը երբ մեծնաս, գուցէ կը գրես տեսածներուդ մասին:»

Հրայր Ճէպէճեան,  Նիկոսիա, 25 Ապրիլ 2014

« Դիտէ՛ դուն ալ տղաս ու օրին մէկը երբ մեծնաս, գուցէ կը գրես տեսածներուդ մասին»:

Հօրենական մեծ մայրս՝ Եւնիկէ Գունտագճեան-Ճէպէճեան՝ 1916-ին իր անդրանիկ զաւկին Ռոպերտին (հօրեղբայրս՝ յետագային բժշկապետ Ճէպէճեան)՝ որ հազիւ եօթը տարեկան էր, ձեռքէն բռնելով կը տանի զինք Հալէպի հոգետունի շրջանը: «Կ'ուզեմ որ քաջութիւնը ունենաս տեսնելու թէ ինչպէս հոգետունի բակին ու հարեւան նրբանցքներուն մէջ գիշերով մահացած գաղթականներու դիակները սայլի մէջ բեռցնելով կը տանին հասարակաց փոսը նետելու: Դիտէ դուն ալ տղաս ու օրին մէկը երբ մեծնաս, գուցէ կը գրես տեսածներուդ մասին:»

Եւնիկէ Ճէպէճեանի «Քաջութիւնը» իր զաւկին ցոյց տալու հայերու անշնչացած մարմինները՝ եթէ մէկ կողմէ հայուն Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը ցոյց տալ է՝ բայց նաեւ անոր վերապրելու հրամայականին:

Եւնիկէի քաջութիւնը կը շարունակուի: Նկատի ունենալով որ ամուսինը Օսմանեան բանակի մէջ բժիշկ – զինուորական էր՝ կրցած էր իր տան մէջ Հալէպ՝ պահել մեծ թիւով ազգակիցներ ու փախստական տարագիրներ՝ որոնք այլապէս ենթակայ էին Տէր-Զօր քշուելու: Եղած է ատեններ որ վտանգը աչքը առած՝ ան պահած է աւելի քան քսաներեք հայորդիներ իր տան մէջ: Ու տակաւին՝ ան յաճախ կ'այցելէր գաղթակայաններ՝ Հալէպի տարբեր շրջանները՝ հագուստ բաժնելով եւ սնունդի մատակարարման կարգադրութիւններ ընելով: Եւ որպէսզի ոստիկանութեան ուշադրութենէն խուսափի՝ ինքզինք կը ծածկէր սեւ լաչակով որպէս մահմետական կին…:

Եւնիկէի քաջութիւնը եթէ նկարագրային է՝ բայց նաեւ արդիւնք է իր ապրած փորձառութեանը…: 1909-ի եւ 1915-ի Ցեղասպանութեան օրերուն՝ կորսնցուցած է աւելի քան 25 հարազատ իր ընտանիքէն՝ ներարեալ հայրը եւ երեք եղբայրները …:

Ու կրտսեր եղբօրը՝ Ռոպերտին քստմնելի ոճիրը …: Բայց արդեօք ո՞ր մէկ ոճիրը քստմնելի չէր այդ արհաւիրքի օրերուն …:

1909: Եւնիկէի կրտսեր եղբայրը՝ Ռոպերտ 14 տարեկանին գիւղին մէջ (Հասան Պէյլի) պահելը ապահով չէր թուեր ըլլալ: Ռոպերտի մայրը՝ գրպանը հինգ դահեկան դնելով՝ կը պատուիրէ որ լեռները ապաստանած բազմութիւններուն միանայ գիւղէն դուրս: Ռոպերտը իր օրերը կ'անցնէ լեռներուն մէջ պահուըտելով տարբեր տեղեր: Շրջան մը ետք՝ լուրեր կը տարածուէին որ հաստատուած է ապահովութիւնը՝ եւ լեռները ապաստանած խումբ մը հայեր ներառեալ Ռոպերտը՝ վար կ'իջնեն եւ կը սկսին ուղղուիլ դէպի Պախճէ գիւղը: Բայց ճամբան կը հանդիպին խումբ մը զինեալներու՝ որոնք իրենց վրայ յարձակելով կը սպաննեն խումբի անդամները: Ռոպերտը՝ վիզէն վիրաւորուած՝ արիւնլուայ կ'իյնայ դիակներուն մէջ կիսամեռ: Զինեալներուն մէկնումէն ետք՝ ուշքի գալով եւ վիզի վէրքը կապելով իր գօտիով, կը պահուըտի Գուլիա կոչուած մօտակայ գիւղի մը ջաղացքին մէջ: Բայց թուրք զինեալները կը մտնեն նաեւ ջաղացք եւ դուրս կը հանեն վիրաւոր Ռոպերտը…: Ռոպերտ կալանուած վիճակի մէջ՝ կը պաղատի զինեալներուն որ խնայեն իր կեանքը…: Կը խոստանայ մօրը կողմէ իրեն տրուած հինգ դահեկանը եւ այլ իրեր իրենց տալու: Ու տակաւին կ'աղաչէ իրենց, որպէսզի զինք յանձնեն իր երեց եղբօրը՝ Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեանին, որ ծանօթ բժիշկ է, եւ որ կրնար զիրենք առատապէս վարձատրել ու ձրիաբար խնամել. ..: Ռոպերտի աղաչանքը կը մնայ անօգուտ: Զինեալներու խումբին մէջէն՝ Չոպան կոչուող « հրէշ»ը, զէնքը կը պարպէ Ռոպերտի գլխուն …:

Ռոպերտ գետին կը փռուի ու կը մեռնի անթաղ…: Ժամանակ մը ետք՝ գիւղացիները կը գտնեն Ռոպերտի ոսկորները իր հագուստներուն կից …:

Բայց պատմութինը տակաւին պիտի շարունակուի …:

Եւ ինչքան իրական է ժողովրդային ասացուածքը որ կ'ըսէ « Լեռներ իրար չեն հանդիպիր՝ բայց մարդիկ այո …» եւ պիտի սպասել հանդիպումը Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեանի եւ Չոպան՝ իմմա  «հրէշ»ին միջեւ …:

Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեան ուսանած էր Տարսոնի Գոլէճին մէջ՝ որմէ ետք անցած էր Սիրիըն Փրոթեսթընթ Գոլէճ (այժմ Ամերիկեան համալսարան), Պէյրութ՝ եւ մասնագիտացած որպէս բժիշկ: Ան իր մականունը Գունտագճեանէ փոխած է Յովնանեանի, նկատի ունենալով որ ան իր մեծ հօր անունով արձանագրուած էր: Բայց նաեւ՝ «Գունտագ» կը նշանակէր զէնքի կոթ՝ ինչ որ կրնայ զգայնութիւններու դուռ բանալ այդ օրերուն …:

Տօքթ. Ֆիլիփի հայրը՝ Վեր. Յակոբ Գունտագճեան, կ'ուզէր որ իր որդին բժիշկ դառնար եւ գիւղին մէջ ծառայէր: «Ես կ'ուզեմ որ տղաս բժիշկ դառնայ եւ իր ժողովուրդին ծառայէ գիւղին մէջ՝ ուր բժիշկ չկայ»: Եթէ Ֆիլիփ որոշ ժամանակ մը «ենթարկուեցաւ» հօրը կամքին, բայց ստիպուած եղաւ մեկնիլ Այնթապ՝ երբ հրաւէր ստացաւ կատարելագործելու իր մասնագիտութիւնը այդ օրերուն հռչակ առած Տօքթ. Շեփըրտի հիւանդանոցին մէջ: Եւ Այնթապ երթալու որոշումը խնայեց Ֆիլիփի կեանքը՝ մինչ հայրն ու իր ընտանիքէն քսանհինգ անդամներ սպաննուեցան Ատանայի կոտորածներուն ժամանակ եւ Հասան Պէյլի իրենց շրջանին քանդումներուն եւ կոտորածներուն որպէս հետեւանք …:

Գերմանական « Էյնթիլի» հիւանդանոցին մէջ, Տօքթ. Ֆիլիփ ձեռք ձգեց լայն փորձառութիւն եւ մեծ հռչակ: Բոլորին կողմէ դարձաւ սիրուած եւ յարգուած բժիշկը: Անոր ծառայասէր բնաւորութիւնը եւ մարդկային- քրիստոնէական հոգին ակներեւ էին:

Բժշկական մասնագիտութեան մէջ, ան ձեռք ձգեց մեծ  փորձառութիւններ եւ կրցաւ կատարել բարդ գործողութիւններ ներարեալ այն իւրայատուկ գործողութիւնը՝ որուն « Վէրքը խորունկ էր» …:

Թուրք մը փամփուշտով զարնուած՝ դիմեց  Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեանի եւ նոյնինքն  Էյնթէլիի հիւանդանոցին մէջ: Տօքթ. Ֆիլիփ յանձն առաւ հանել կապարը մարմնին մէջէն: Վիրաբուժութեան ժամանակ, Տօքթ. Ֆիլիփ կ'ապրէր արտասովոր յուզում, ու տակաւին կը քրտնէր եւ կը հեւար …:  Բուժքոյրերու եւ իր չորս կողմի միւս բժիշկներուն համար քիչ մը տարօրինակ թուեցաւ Տօքթ. Ֆիլիփի այս երեւոյթները …: Վերջապէս, ան ծանօթ բժիշկ էր եւ չէին կրնար կասկածիլ իր կարողութիւններուն վրայ: Եւ չուշացաւ անոնց հարցումը Տօքթ. Ֆիլիփին, թէ ինչո՞ւ այդքան ազդուած ու  տակնուվրայ է…: « Վէրքը խորունկ է» եղաւ անոր պատասխանը: Պահ մը անոնք կարծեցին թէ Տօքթ. Ֆիլիփ կը խօսի վէրքի ու անոր ֆիզիքական հետքերուն խորունկութեանը մասին …: Բայց չ'ուշացաւ Տօքթ. Ֆիլիփի յստակացումը …: « Վէրքը խորունկ է ոչ թէ հիւանդին՝ այլ իմ մէջ»: Եւ ինքզինք վերագտնելով շարունակած է. « Այս մարդը սպաննիչը եղած է եղբօրս: Ջաղացքի թաքստոցէն դուրս բերելով գնդակահարած է զինք, անտեսելով անոր պաղատանքը: Դիակն ալ թողած է անթաղ …»:

Ռոպերտը սպաննողը՝ Չոպան (իմմա «հրէշը») եւ Ռոպերտին եղբօր՝ Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեանի հանդիպումը մի քանի տարիներ ետք …:

Չոպանը հիւանդանոց մնաց եւ արժանացաւ Տօքթ. Ֆիլիփի խնամքին: Զինք արձակելէ ետք՝ Տօքթ. Ֆիլիփ կ'ըսէ « Դէ՜հ, հիմա գնա, եթէ դուք սպաննել գիտէք, մենք ալ գիտենք բուժել…»: Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեանի « զսպուած» վրէժխնդրութիւնն էր…:

Տոքթ. Ֆիլիփ Յովնանեան իր մարդկային ու քրիստոնէական կեցուածքներուն ու նկարագրին կողքին՝ ունէր ազգային հասարակական լայն գործունէութիւն: Ան միշտ նեցուկ կանցնեցաւ հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գաղափարին՝ եւ անոր համար կռուուղ քաջամարտիկներուն: Ան գիշերով կ'այցելէր հայ ֆետայիներուն եւ կը խնամէր բոլոր վիրաւորեալները, եւ դեղ ու սնունդ կը հայթայթէր անտեսելով ամէն վտանգ :

Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեան՝ որ կրցած էր բուժել մեծ թիւով հիւանդներ ու վիրաւորներ՝ չի կրցաւ ինք իր մատէն ստացած աննշան վէրքին դարման մը գտնել: Ան վարակուեցաւ արեան ծանր թունաւորումով եւ տառապեցաւ 40 աստիճանէ բարյր ջերմութեամբ, եւ մահացաւ 1936 թուականին հազիւ թեւակոխած 56 տարիքը …:

Տօքթ. Ռոպէրտ Ճէպէճեան՝ հօրեղբայրս եւ որ նաեւ անուանուած էր իր սպաննուած մօրեղբօր անունով՝ հաւատարիմ մնաց իր մօր Եւնիկէի թելադրանքին ու գրի առաւ այս բոլորը իր յուշերուն մէջ : Եթէ գրի առաւ որպէս պատմութիւն՝ բայց նաեւ ժառանգ ու մարտահրաւէր: Ժառանգ իր ընտանիքին՝ եւ մարտահրաւէր՝ թէ հայը պէտք է շարունակէ իր կեանքին պայքարը …: Թէ հայուն « Վէրքը խորունկ է» ու տակաւին ըստ պատշաճի չէ բուժուած …:

Բայց նաեւ կայ պատուէրը …: Եւ պատուէրին հետ իրականութիւնը … թէ այս « Խորունկ վէրքը» որքան որ իրական է, բայց չ'ընկճեց հայը …: Այլ իր հետ Ցեղասպանութեան իւրաքանչիւր կեանքի հանգրուանին՝ հոս թէ հոն՝ հայը կրցաւ գտնել իր «բուժումի» ապրող ու ապրելու հնարքները …: Եւ այս հնարքներով՝ հայը կը կենայ այսօր որպէս վերապրող իրականութիւն եւ կը նայի 100 ամեակին ու իր արդար պահանջատիրութեամբը…:

Տօքթ. Ֆիլիփ Յովնանեանի «Խորունկ Վէրքը» իւրաքանչիւր հայունն է: Հայկական Պետականութիւն ու Սփիւռքահայ իրականութիւն եւ աշխարհով մէկտեղ …: Այս « Խորունկ վէրքը» աւանդ է՝ որ հայը պէտք է շարունակէ տանիլ՝ 100 ամեակ ու անդին, մինչեւ իր պահանջատիրութեանը հասնիլը …:

 

 

 

 

 

 

You May Also Like