Հ. Հ.-ի եւ Համայն հայութեան Շահերէն կը բխի՝
Վ. Փութինի Ռուսաստանի Դաշնութեան Նախագահ Ընտրուիլը
Աշխարհի մեծագոյն երկիր ու փոքր Հայաստանի թիւ մէկ ռազմավարական գործընկեր Ռուսաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան մի քանի օր յետոյ։ Բազմաթիւ թեկնածուներու մէջ, 2 միլիոնէ աւելի հաշուող Մոսկուայի եւ այլ քաղաքներու հայկական գաղթօճախը, նորանկախ Հայաստանն ու Սփիւռքի մեծ մասը, սրտատրոփ կը սպասեն ընտրութիւններու աւարտին եւ մանաւանդ հայ ժողովուրդի գլխաւոր պաշտպան՝ ռուս զաւակ Վլատիմիր Փութինի վերադարձին, որպէս Ռուսաստանի Դաշնութեան (Ռ.Դ.) նախագահ։
Հ. Հ.-ի եւ Համայն հայութեան Շահերէն կը բխի՝
Վ. Փութինի Ռուսաստանի Դաշնութեան Նախագահ Ընտրուիլը
Աշխարհի մեծագոյն երկիր ու փոքր Հայաստանի թիւ մէկ ռազմավարական գործընկեր
Վ. Փութինի եւ Հ.Հ. գործող իշխանութիւններուն միջ-անձնային յարաբերութիւնները դրական ընթացք ունեցած են 1999 թ.էն սկսեալ, երբ Փութին նշանակուեցաւ Ռ.Դ. վարչապետ։ 2000-2008 թ.թ. (նախագահ աշխատելու ժամակաշրջանին), Փութին ամենաբարձր մակարդակով յարաբերութիւններ հաստատած է հայաստանեան իշխանութիւններուն հետ։ Նոյն աւանդոյթը շարունակուած է 2008-2012 թ.թ. (երկրորդ անգամ վարչապետ աշխատելու շրջանին)։ Այնպէս որ, անոր դարձեալ նախագահի պաշտօն զբաղեցնելը, խիստ կարեւոր է Հայաստանի թէ՛ “ներքին” ու թէ “արտաքին” Սփիւռքի հայութեան համար։
Աւելին, 1999-2012 թ.թ.-ն, Փութինի օրօք Ռ.Դ. իշխանութիւնը, Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ խոչընդոտներ չէ յարուցած, ապահոված է պատշաճ մակարդակի միջազգային միջնորդական գործունէութիւն եւ չէ ընդդիմացած Հ.Հ.ի դիրքորոշման։ Այնպէս որ, ինչպէս Հ.Հ. այնպէս ալ Լ.Ղ. Հանրապետութեանց շահերէն կը բխի որ Վ. Փութին ընտրուի Ռ.Դ. նախագահ եւ շարունակէ իր գործունէութիւնը արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ։
Այս առիթով, պէտք է նշել որ ռուսական արդի պատմութեան այս ականաւոր քաղաքական գործիչին իշխանութեան բարձրագոյն ատեաններուն մէջ գտնուելու տարիներուն (1999-2012 թ.թ.), աննախադէպ զարգացում ապրած է հայ-ռուսական ռազմական համագործակցութեան ոլորտը։ Այդ տարիներուն, Ռ.Դ.ը երկկողմանի ռազմաքաղաքական համագործակցութեան եւ ՀԱՊԿ շրջանակներուն մէջ, Հայաստանի Զինուած Ուժերուն մատակարարած է ծանրագոյն սպառազինութիւն, ինչը որ ցայսօր, թոյլ կու տայ ռազմատենչ Ազրպէյճանի հետ պահպանել ռազմական հաւասարակշռութիւն ու խուսափիլ ռազմական յարձակումէ։
Նաեւ Փութինի գլխաւորած Ռ.Դ. իշխանութիւնը, 1999-2012 թուականներուն հանդիսացած է հարաւ-կովկասեան տարածաշրջանէն Հ.Հ. մրցակիցներու եւ թշնամիներու համար առաջին զսպող ուժը։ Վ. Փութին տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական կոշտ խաղի կողմնակից է։ Այս քաղաքականութիւնը մեծապէս օգնած է Հայաստանին, որպէս Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակից հարաւ-կովկասեան տարածաշրջանին մէջ։
Ռուսիոյ ներկայ վարչապետը հայ-թրքական արձանագրութիւններու եւ անոնց շուրջ ծաւալած քաղաքական իրադարձութիւններու ժամանակաշրջանին, հայկական կողմի դիրքորոշման ակտիւ ջատագովն էր։ Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռ. Էրտողանի հետ հանդիպման ժամանակ, հրապարակայնօրէն յայտարարեց որ “հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարելի չէ միմեանց հետ կապել։ Անոնք բարդ հարցեր են, ու եթէ շաղկապուին՝ ալ աւելի կը բարդանան“։ Փութինի վերընտրութիւնը որպէս Ռ.Դ. նախագահ, շատ կարեւոր է հայկական կողմին համար, որովհետեւ կը հանդիսանայ հայամէտ դիրքորոշման կրողը հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման սկզբունքային հարցերուն մէջ։
Պէտք է ընդգծել, որ նոյն 1999-2012 թուականներուն, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու մակարդակը մի քանի անգամ աճ արձանագրած է։ Փաստօրէն, ապրանքաշրջանառութեան, վառելիքի, սնունդի, կապի, հիւլէական ուժանիւթի եւ այլ կարեւորագոյն, կենսական արտադրութեանց մէջ, անփոխարինելի է հայ-ռուսական համագործակցութիւնը։
Բիւրաւոր հայ գործարարներ, բանուորներ, արհեստաւորներ, դրամական հսկայական փոխանցումներ կ’ընեն, դառնալով գլխաւոր սատարողը Հայաստանի տնտեսութեան։ Մինչ ոսկերչութեան, շինարարութեան, ներքին եւ արտաքին առեւտուրի, գիտութեան, մշակոյթի եւ ինքնաթիռաշինութեան ամենէն բարձր ոլորտներուն մէջ կը փայլին Միխայիլ Պօղոսեանի, Արա Աբրահամեանի, Արթիւր Չիլինգարովի, Արմէն Ջիգարխանեանի, Կարէն Կարապետեանի, Ռուբէն Յարութիւնեանի, Գագիկ Գէորգեանի, Գառնիկ Կարանեանի, Սերկէյ Գալինճեանի, անմահ հերոս Գէորգ Վարդանեանի, Լեւոն Հայրապետեանի եւ այլոց անունները։ Ռ.Դ. Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բարձրագոյն պաշտօնը կը ղեկավարէ հայազգի դիւանագէտ Սերկէյ Լաւրով…։ Անոր ու վարչապետ Փութինի խիզախ քայլերու շնորհիւ, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, վերջ տրուեցաւ միաբեւեռ, զաւթողական, քաղաքացիական պատերազմներ հրահրող եւ արաբական երկիրներու հարստութիւնները թալանող Արեւմտեան քաղաքականութեան։
Վերջ տալով չէչէնական պատերազմին, ռուսական պետութիւնը կարողացաւ հզօրանալ եւ յետ-խորհրդային ժամանակաշրջանին կարողացաւ բարձրացնել Ռուսիոյ վարկանիշը որպէս միջազգային լուրջ դերակատար։ Այժմ մեծ թափ ստացած է ռազմական արդիւնաբերութիւնը, միաժամանակ բարելաւելով անծայրածիր երկրին բնակչութեան կենսամակարդակը։
Տարիներ առաջ, Ռուսաստանի Հայերու Միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հայկական համաշխարհային Քոնկրէսի բացման նիստին, Ռ.Դ. նախագահ Վ. Փութին ողջունելով աշխարհատարած Սփիւռքի եւ Հայաստանի պատուիրակները, անոնց յիշեցուց Մեծն Պետրոս ցարին խորհուրդը՝ պահել ու պահպանել հայերը…։ Ապա, ժպտալով հաստատեց թէ իրենք կը շարունակեն արդի Ռուսիոյ կառուցողին ուղին ու վերաբերմունքը հայերուն հանդէպ, երկու բարեկամ եւ դաշնակից ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան՝ որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։