Մեր Դիտանկիւնէն, 20 Փետրուար 2015
Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը կ’եռեւեփի վտանգաւոր զարգացումներով, խորհրդաւոր սադրանքներով ու մտահոգիչ
Արդեօք այս ելեւէջները պատահակա՞ն են, դիպուածակա՞ն, թէ՞ անցողակա՞ն:
Մեր կարծիքով, ո՛չ մէկը անոնցմէ, այլ՝ գիտակցուած
Ինչո՞ւ շատերուն յիշողութիւնը տկար է, ուրիշներ հաւկոյր են, չեն յիշեր ու չեն տեսներ, թէ՝ ամիսներ առաջ, թրքական-ազերիական առանցքը, բացայայտ թէ քօղարկուած դիտարկումներով, սպառնալիքներ ու նետահարումներ արձակեց, համայն հայութեան հասցէին:
Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը կ’եռեւեփի վտանգաւոր զարգացումներով, խորհրդաւոր սադրանքներով ու մտահոգիչ
Արդեօք այս ելեւէջները պատահակա՞ն են, դիպուածակա՞ն, թէ՞ անցողակա՞ն:
Մեր կարծիքով, ո՛չ մէկը անոնցմէ, այլ՝ գիտակցուած
Ինչո՞ւ շատերուն յիշողութիւնը տկար է, ուրիշներ հաւկոյր են, չեն յիշեր ու չեն տեսներ, թէ՝ ամիսներ առաջ, թրքական-ազերիական առանցքը, բացայայտ թէ քօղարկուած դիտարկումներով, սպառնալիքներ ու նետահարումներ արձակեց, համայն հայութեան հասցէին:
Հայ ժողովուրդը, ի Սփիւռս թէ Հայաստան, ինչո՞ւ չէ նախապատրաստուած այն «անակնկալ»ներուն կամ «ցնցում»ներուն, որոնք կրնային ծագիլ (ու արդէն սկսան պատահիլ) քիչ մը ամէն տեղ, սկսելով՝ նոյնինքն հայրենիքէն:
Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը (ՀՀԿ), արդեօք հիմա՞ ժամանակը գտաւ հանրապետութեան «չարիք»ի արմատը յայտնաբերելու (Գագիկ Ծառուկեան):
Նոյն հետեւողութեամբ, Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւնը, զոր կը գլխաւորէ Գագիկ Ծառուկեան, հիմա՞ ժամանակը գտաւ «փուշ» նկատելու իր մրցակիցը եւ երբեմնի զինակիցը (Սերժ Սարգսեան):
Եթէ իշխանութիւն-կուսակցութիւն (իմա՝ Սերժ Սարգսեան եւ ՀՀԿ) եւ խորհրդականութիւն-կուսակցութիւն (իմա՝Գագիկ Ծառուկեան եւ ԲՀԿ), այս ձեւով կը կառավարեն ու կը գործեն կամ այս եղանակով կը գլխաւորեն ու կը տնօրինեն պետական եւ ազգային հիմնախնդիրները, կը նշանակէ թէ «սխալ ու ծուռ» բան մը կայ ժողովրդավարական եւ ազատախոհական սկզբունքներուն մէջ:
Միթէ հարց չէ՞, թէ ինչո՞ւ այս հանգրուանին «կը բռնկի» Հայաստանի ներքաղաքական տագնապ մը, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշումին հետ դէմ յանդիման կը գտնուինք:
Տակաւին՝ Սերժ-Գագիկ, ՀՀԿ- ԲՀԿ երկարամեայ սիրաբանութիւններէ ու մեղրալուսիններէ ետք, ինչո՞ւ յանկարծ առճակատումը անոնց միջեւ կը հասնի արմատական ամուսնալուծումի աստիճանին, հրապարակային անուանարկումներով ու պաշտօնազրկումներով:
Արդեօք ո՞րքանով ներելի եւ արտօնելի է, որ 100ամեակին ընդառաջ, «հռչակագիր» կը յայտարարուի, մինչ անդին հայրենական իրադարձութիւնները կը գլեն ու կ’անցնին սահմանները, մթագնելով այն ամէն ինչը, որուն համար կը շեփորուէր ամենուրէք, Հայաստան-Սփիւռք առանձնաբար, ապա՝ միասնաբա՛ր:
Ատեն մը առաջ Կիւմրիի «սպանդ»ն էր, երէկ՝ Արցախ «ներխուժում»ը, այսօր՝ հայաստանեան «փոթորկում»ը, ի տես եւ ի լուր այն բոլոր արտաքին գիշատիչ կողմերուն, որոնք կը միտին 100ամեակը բեկանել, ջլատել, ընկղմել եւ մասամբ նորին:
Այո՛, բանաստեղծին խորհրդածութեամբ, ահաւոր բան մը կայ այնտեղ, կը պատահի կամ կը կազմակերպուի, իսկ հայրենի պատկան այրեր ու սփիւռքեան համապատասխան շրջանակներ, ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն, հոսանքն ի վար կը սլանան:
Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ մէկը մէկո՞ւ մը կ’ուզէ «պատժել», երկրորդ մը՝ յաւակնութիւններո՞վ կ’օրօրուի (Գագիկ Ծառուկեան), մինչ ուրիշ մը (Սփիւռք)՝ականատեսի եւ ականջալուրի դերի՞ մէջ կը գտնուի, իսկ 100ամեակը հալածող ու պղծող կողմը կը շարունակէ անընդհատ քմծիծաղիլ, անդադար ոտնձգել եւ անարգել գործել:
Պէտք է հաւատալ ու խորապէ՛ս համոզուիլ, որ ՊԱՀը, այսօրուան ու վաղուան հաշւոյն, խիստ օրհասական է եւ նաեւ յղի նոր հոլովոյթներով, հետեւապէս, դուրս պիտի գա՞նք այդ ոլորապտոյտէն, թէ՞ պիտի մնանք «աւանդական» ճախճախուտին մէջ խրուած:
Առ այդ, հարցում մը.
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ինչո՞ւ այսքան երկար սպասեց «հայկական-թրքական փրոթոքոլայ»ին արձանագրութիւնները յետս կոչելու:
Իրաւունք ունէ՞ր այսքան յապաղելու եւ այդ «քրջաթուղթ»երը իր գզրոցներուն մէջ պահելու, իսկ ներկայիս, «ուշացած, բայց ոչ-ուշ»ի տրամաբանութեամբ, արդարօրէն, զանոնք կը հրկիզէ, որովհետեւ համաժողովրդական վարկանիշ մը ապահովելու հեւքին մէջ կը գտնուի…:
(Բայց այս մասին, հանգամանօրէ՛ն, յետագային):