Միկոյեանի յուշարձանի տեղադրման առիթով
Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 11 Յուլիս 2014
Վերջերս, Հայաստան նոր եռք մը ապրեցաւ, ու կ՚ապրի, որ եկաւ ալեկոծելու հասարակութիւնը, իր ազգային ու քաղաքական, պետական ու ժողովրդային, մտաւորական ու կուսակցական ոլորտներով։
Հարցը կը վերաբերէր Խորհրդային Միութեան ղեկավարներէն՝ Անաստաս Միկոյեանի յուշարձանի տեղադրման, Երեւանի մէջ, որ արժանացաւ խայտաբղէտ ասեկոսներու։
Անկախաբար անկէ, որ անուանի գործիչին յուշարձանը պիտի տեղադրուի, ի հեճուկս ոմանց ընդդիմութեան ու վերապահութեան, կարելի չէ այս հարցին նկատմամբ ցուցաբերել կրաւորականութիւն, երբ ՀԱՅԱԶԳԻ քաղաքական-պետական-կուսակցական հեղինակութիւնը կ՚ամբաստանուի… հայասպանութեամբ։
Միկոյեանի յուշարձանի տեղադրման առիթով
Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 11 Յուլիս 2014
Վերջերս, Հայաստան նոր եռք մը ապրեցաւ, ու կ՚ապրի, որ եկաւ ալեկոծելու հասարակութիւնը, իր ազգային ու քաղաքական, պետական
Հարցը կը վերաբերէր Խորհրդային Միութեան ղեկավարներէն՝ Անաստաս Միկոյեանի յուշարձանի տեղադրման, Երեւանի մէջ, որ արժանացաւ խայտաբղէտ ասեկոսներու։
Անկախաբար անկէ, որ անուանի գործիչին յուշարձանը պիտի տեղադրուի, ի հեճուկս ոմանց ընդդիմութեան ու վերապահութեան, կարելի չէ այս հարցին նկատմամբ ցուցաբերել կրաւորականութիւն, երբ ՀԱՅԱԶԳԻ քաղաքական-պետական-կուսակցական հեղինակութիւնը կ՚ամբաստանուի… հայասպանութեամբ։
Այդպէս մտածողներ կամ մեղադրողներ, կարծես թէ Հայաստանի տագնապները աւարտած են կամ վերջացած, յանկարծ Անաստաս Միկոյեանի պատմական դերակատարութիւնը կը դարձնեն հարցական, այլեւ զայն կը նստեցնեն բռնակալ-մարդասպանի աթոռին։
Արդեօք այդ նոյները, աւելի օգտակար ու շինիչ գործ մը կատարած չէի՞ն ըլլար, եթէ քննարկէին, բարձրաձայնէին եւ արծարծէին այնպիսի փշոտ հարցեր, որոնք այսօրուան օրակարգն են, վաղուան բարօրութեան հաշւոյն։
Իսկ ատոնք քի՞չ են, ի դէմս ընկերային եւ ապրուստային յամեցող դժուարութիւններուն, քաղաքական ու կուսակցական միաբեւեռականութեան, տնտեսական եւ եկամտային անբաւարարութեան, մագլցում ապրող արտագաղթային երեւոյթին եւ ընդհանրապէս ժողովրդային այն պահանջքներուն ու հրամայականներուն, որոնք կը կարօտին ԼՈՒՐՋ ուշադրութեան ու համապատասխան տնօրինումներու։
Բայց, կը թուի թէ՝ Հայաստանի մէջ, ոմանք պատմութիւն կը գրգռեն կամ կը քրքրեն, ուրիշներ հակախորհրդային բարդոյթներէ կը տառապին, իսկ ոմանք ալ տակաւ հակառուս տրամադրութեամբ վարակուած են։
Այլապէս՝ միշտ ա՛յս լարին վրայ խաղալը ի՞նչ կը նշանակէ, որուն նախավերջինը Մաքսային Միութեան Հայաստանին յարիլն է, երբ բողոքողներ ու փրփրողներ ողողեցին Հայաստանեան հրապարակը, առանց անդրադառնալու իրենց քաղաքական խակութեան ու տհասութեան տարողութեան, ընդ որուն՝ երբեմն նոյնիսկ յաւակնոտ քաղաքագէտներ ու կուսակցականներ։
Ինչպէ՞ս կարելի է այսքան հաւկոյր ըլլալ ու մնալ, մեր ազգային կամ հայազգի մեծութիւններու մասին՝ «հենց էնենց» դատավճիռներ արձակելով։
Բայց աստի, ո՞վ իրաւունք տուած է այսպիսիներուն նման (ան)որակումներով հանդէս գալ, մանաւանդ Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնի հանգամանքով Հայկ Դեմոյեանի մը, որ Անաստաս Միկոյեանը նկատած է հայ գնդակահարուցողներու թիւը քանի մը հազարով (՞) աւելցնողի մը… ճամարտական վճիռով։
Եթէ փաստաթուղթ ունի, ինչո՞ւ չի հրապարակեր կամ մատնացոյց չ՚ըներ, թէ ո՞ւր կը գտնուի ան։
Եթէ հաւատացած է, որ ունի կամ կայ նման փաստաթուղթ, ապա, հետաքրքրական է յուշարձանի տեղադրման առիթով, ինչո՞ւ առաջարկած է վերապահութեամբ ընդունիլ զայն, հուսկ, որոշած է դէմ քուէարկելու անոր։
Որքան որ գիտենք, այս պարոնը Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) անդամ է, որուն նախագահն է նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Եթէ ՀՀԿն ու ԲՀԿը կողմ քուէարկած են՝ յուշարձանի տեղադրման, Դեմոյեանի կարծիքով, սխալա՞ծ են, պաշտպանա՞ծ են Միկոյեանը, թէ՞՝ ռուսական «փոլիթիքա» խաղցած են։
Չհասկցանք այս տրամաբանութիւնը, իսկ անոնք որոնք այդ (ան)սկզբունքայնութեամբ կը գործեն, կը յայտարարեն կամ կը քուէարկեն, արդեօք չե՞ն գիտակցիր, ի՞նչ կ՚ընեն եւ ինչպէ՞ս կը թունաւորեն հայ արժանաւորներն ու արժանիները։
Ստալինեան-բերիական մռայլ օրերուն, ո՛չ մէկ կասկած, ահաւոր բռնութիւններ ու ոճիրներ արձանագրուեցան, որոնցմէ շա՜տ տուժեցին Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը։
Ուրեմն, ի՞նչ, Միկոյեա՞նը հրահրեց ու կազմակերպեց այդ բոլորը։ Հայ անուանի կարգ մը գրողներ եւս, յետագային, ամբաստանուեցան իրենց գրչեղբայրները «մատնելու» ու «հալածելու» մէջ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ այս գրողներու մասին ալ տեղեկութիւններ ունին նորօրեայ հնարամիտները, հետեւաբար, անոնց յուշարձանները պէտք է վար առնուին, իսկ նորերը՝ երբեք չկառուցուին։
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, հեռաւոր թէ մօտաւոր, տեղի ունեցան եղբայրահալած, եղբայրադէմ եւ եղբայրասպան բազմաթիւ ցաւալի հաշուեյարդարներ, յաճախ ծանօթ կողմերէ ու պարագլուխներէ։
Հիմա ի՞նչ կ՚ակնկալուի, զանոնք պէտք է դատականչել, խաչակրել ու պախարակե՞լ։
Անշուշտ, անհեթեթութիւն է այդ մօտեցումով խորաչափել անցեալը, որովհետեւ ցարդ մեր լսածը ու կարդացածը, աժան, խի՜ստ աժան գնահատում մըն է, Անաստաս Միկոյեանը դարձնելով… թիրախ։
Վերջին հաշուով, Միկոյեանը «սեւացրէիք»եան պիտակի տակ ներկայացնողներ, ինչպէ՞ս կրնան իրենց կոչումին տէր դառնալ ու մնալ, երբ անոր նման մեծութիւն մը կը դարձնեն աններելի «մատի փաթթոց», վարկաբեկելով թէ՛ զինք, թէ՛ հայ ժողովուրդը, առնուազն, ցոյց տալով վերաբերմունք մը, որ անհաճելի է, անհանդուրժելի եւ անտեղի, միանգամա՛յն։
Ազգային-հասարակական ներհուն գործիչ, հմուտ հրապարակագիր-խմբագիր ու գրող՝ Մ. Հայկենց, անդրադառնալով այս ձախաւեր երեւոյթին, հետեւեալը կը գրէ.
«Հայ ժողովուրդին հպարտութիւնը՝ Անաստաս Միկոյեան, ոճրագործ է եղեր, ըստ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Պրն. Հայկ Դեմոյեանի։ Հաւանաբար ան ապացոյցներ գտած է թանգարանին մէջ՝ անկախաբար Ստալինի հետ Միկոյեանի լուսանկարներէն։ Անկարելի չէ որ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ հայոց ազգային թանգարանը առանձին չթողու թուրքը եւ հրապարակէ նաեւ հայոց դէմ սովետներու գործած ցեղասպանութեան փաստերը…»։
Ոչ միայն պերճախօս է, այլեւ թափանցիկ է այս ակնարկութիւնը, եթէ… հասկցող ու զգաստացող կայ։
***
Ցաւալի է, որ սփիւռքահայ մամուլը այս լուրը գրեթէ տուաւ առանց լուսաբանութեան, բացատրութեան, մեկնաբանութեան, առաջնորդող թէ խմբագրական խօսքով, ինչ որ ցոյց կու տայ, մեղմ ըսած, անփափկանկատութիւն մը։
Եթէ գրող կամ խմբագրող չկայ, հրապարակագիր կամ յօդուածագիր կը բացակայի, գոնէ այդ (կամ որեւէ նման) լուրը բացառուի, որպէսզի մէկ կողմէն՝ ականջալուր չըլլանք խժալուր ձայներու, միւս կողմէն ալ ականատես՝ ամլացնող մամուլի տարածումին։
5 comments
Սատանայի մը կամ հրեշտակի մը արձանի զետեղում
Միկոյեանի յուշարձանի զետեղումը չվերածենք սատանայի մը կամ հրեշտակի մը արձանի զետեղումին: Միկոյեանը անշուշտ որ մարդ մըն էր, որ անուռանալի եւ եզակի տեղը ունեցաւ սովետական կարգերու տասնամեակներուն ամենէն բարձր մակարդակի վրայ:
Անկախ այդ իրողութենէն, Միկոյեանը, ըստ երեւոյթին, զգացական կապ մը պահած եղած է Հայաստանի հանդէպ: Ոչ մէկ պատճառ կայ հարցականի դնելու Անդրանիկ Ծառուկեանին Միկոյեանին ներկայութեան նկարագրութեւան մէկ երեւոյթը Հայաստանի մէջ, ուր կը նկարագրէ Միկոյեանին ընտանեկան յարաբերութիւնը կամ ընտանիքի մը անդամ եղողի նման ոչ պաշտօնական յարաբերութիւնը այդ օրերուն Սովետական Հայաստանի ոչ թէ միայն աւագանիին հետ, այլ եւ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ: Այդ վերջինը մանաւանդ շատ յատկանշական եւ ուշագրաւ է, քանի որ «անաստուած» համայնավար ղեկավարն է, որ մասնաւոր ակնածանք եւ յարգանք տածած է Հայոց Հայրապետին հանդէպ, երբ այս վերջինը ամբողջովին Միկոյեանի քմահաճոյքին կրնար առարկայ դառնալ։
Կ՝արժէ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Հին Երազներ Նոր Ճամբաներ» գիրքը կարդալ նախ քան որեւէ կարծիք մշակելը Միկոյեանի արձանին զետեղման առնչութեամբ:
Mikoyan Hero or What?
I don't know much about the life of Anastas Migoyan. However, I am under the impression that after the WWII, when Armenia's population had declined severely because of war casualties and Stalin was about to convert Armenia into an autonomous region because of the population shrinkage, Migoyan called upon Armenians in Armenia and in the Diaspora to launch "nerkaght" to boost Armenia's population and thus discourage Stalin from proceeding with his plan. At the same time Migoyan persuaded Stalin to accept such an initiative. Stalin agreed to the project not because he was interested in maintaining Armenia's status but because he believed Diaspora Armenians settling in Soviet Armenia would be good propaganda.
I would be grateful for elucidation on the topic.
Bjkali Badaskhan
Aha, grgin ankam mart gabatsoutse te ink inchi eh entounag. Ays badgeruh nman eh ayn gnoch vor eer Yezoposian "dkeghoutyamp" martgants hedakerkroutyoune kravelou hamar moremerg poghotz eh ichadz. Hedakerkir eh hartsnel yentagayin teh inch nbadag guh hedabente nman che kidem inchbes voragel..tsaperdank? Chnayadz tourkere harmar shad voragoumner ounin.
Jirayr,Thank you
Jirayr,
Thank you for your reply. Although my Armenian is reasonably good, I had difficulty understanding your letter and your references. Could you please explain "Yesovposian dkeghoutyamp" and "tsaperdank"? No need for flowery "treechk". Please keep it simple.
You also didn't answer my question as to whether Mikoyan was instrumental in the launch of "Nerkaght".
Vahakn
Mikoyan
Bravo to Baruyr Aghbashian.
It's very surprising that the Turks and the Azeris create "international heroes" out of their butchers and dictators such as Kemal Ataturk and Haydar Aliyev while without shame, some Armenians try to destroy history and demonize THE GREATEST ARMENIAN POLITICAL FIGURE of the 20th century–Anastas Mikoyan who saved our planet from WWIII and nuclear destruction during the 1961-62 Cuban Missile Crisis.
Mikoyan was very respected diplomat, political figure and great statesman who was highly respected by Presidents Nixon, Kennedy, Eisenhower, Nehru, Gandhi, Nasser, Sukarno, Castro and Guevara. It is well known that Mikoyan created the greatness of Mao Tse Tung while on a special mission to China in the '40s. The Chinese never forgot the achievement of the Armenian Mikoyan and to this day they always side with Armenia at the UN.
And you Haig Demoyan and other citizens of the former Soviet Armenia, former komsomols and communists who today raise your voices on behalf of some grant you receive from several embassies and intelligence agencies: please shut up.
Hamo Moskofian
Comments are closed.