
Հեղինակ՝ Հրայր Ճէպէճեան, Ազդակ, 9 Յունիս 2010



Հեղինակ՝ Հրայր Ճէպէճեան, Ազդակ, 9 Յունիս 2010
Երիտասարդներ էին անոնք՝ իրենց յատուկ խանդավառութեամբ եւ ուժականութեամբ: Կ՝ուզէին քալել ո՛չ թէ զուարճանալու կամ զբօսնելու համար, այլ՝ ոգեկոչելու մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու յիշատակը եւ յարգելու զայն: Աւելի՛ն. անոնք յարգանքին կը միացնէին իրենց պահանջատիրութիւնը եւ իրենց ՙաղմուկ՚ով կը լեցնէին Նիկոսիոյ փողոցները: ՙՀայու աչքեր՚ ունեցող երիտասարդներուն դէմքին վրայ կ՝երեւէր զոհուածներուն նկատմամբ կարեկցանք եւ գութ, նաեւ՝ ճշմարտութեան բացայայտման եւ իրաւունքներու վերատիրացման պահանջ: Թէեւ անոնք չորրորդ կամ հինգերորդ սերունդն էին Ցեղասպանութեան վերապրողներուն, սակայն անոնք տակաւին կառչած էին իրենց ինքնութեան:
Անոնց ձեռքին կար կիպրական դրօշակը, նաեւ՝ հայկականը, ինչպէս նաեւ՝ Եւրոպական Միութեան դրօշը: Անոնք հայկական ցաւին վրայ կ՝ուզէին աւելցնել կիպրական ցաւն ալ: Ի վերջոյ, Կիպրոսն ալ կ՝ապրի ցաւը մահուան ու անհետացման, նաեւ՝ պահանջատիրութիւնն ու վերամիացումը: Նոյնն է պարագան հայկականին:
Արդեօք պատմութի՞ւնն էր, որ կը քալէր երիտասարդներուն հետ: Այո՛, բայց այդ նոյն պատմութեան ուժը կը լեցնէր անոնց միտքն ու սիրտը՝ զանոնք մղելով իւրաքանչիւր քայլափոխի կազմելու խիտ ու հաստատուն շարք մը, որ պիտի լեցնէր Նիկոսիոյ փողոցները:
Երիտասարդներուն թիւն ալ էական չէր այս պարագային: Անոնց ներքին զօրութիւնը այնքան ուժական էր, որ անոնք անտարբեր էին իրենց փոքրաթիւ ըլլալուն, որովհետեւ կար վճռակամութիւնը՝ քալելու ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար, ուր թիւը ա՛լ այդքան ալ կարեւոր չէ:
Երիտասարդական քայլարշաւը քիչ ետք հասաւ մինչեւ Արմենիաս պողոտայ՝ ՙՄելգոնեան՚ կրթական համալիրի հանդիպակաց մասը: Հոն անոնց կը սպասէին աւելի ՙտարեց՚ները: Անոնք միացան իրարու եւ միախառնուեցան երիտասարդ ուժն ու տարեց միտքը: Միացան եւ խառնուեցան նաեւ ձայնը, աղմուկը եւ պահանջատիրութիւնը: Կար միայն մէկ ձայն, որ կը լեցնէր պողոտան, կիպրահայութեան ձայնն էր այդ: Կիպրահայութիւնը՝ իր ամբողջական ու ընդհանրական միաւորներով: Եւ այդ համապարփակ զանգուածին կանչը կը բացայայտէր գաղութին վճռակամութիւնը՝ նայելու եւ քալելու դէպի ապագայ: Եթէ տեղի ունեցածը մէկ կողմէ պատմութեան վկայակոչումն էր, սակայն կար նաեւ ներկայ օրերու իսկական քայլարշաւը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր հայու սրտին տրոփիւնը կը միանար՝ դառնալով մէկ ու վճռական: Այս միութեան ընդմէջէն նախաձեռնութիւնը կազմակերպելու քայլարշաւ մը՝ անկախ թիւէն, որովհետեւ խորքն էր կարեւորը՝ կառչիլ Ս. Գրային ճշմարտութեան. ՙՁեր տեղը կանգնեցէք՝ մէջքերնիդ ճշմարտութեամբ ամրացնելով ու արդարութեան զրահը կրելով՚:
Ապրիլ 24, Պէյրութ: Անթիլիասի մայրավանքէն մինչեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ լիբանանահայութիւնը քալեց իր երիտասարդներով ու տարեցներով: Քալեց իր բոլոր միաւորներով՝ անկախ քաղաքական, կուսակցական, եկեղեցական, համայնքային, ընտանեկան կամ գաղափարական տարբերութիւններէն: Լիբանանահայն ալ քալեց նոյն համոզումով ու վճռակամութեամբ, որովհետեւ հաւատաց ու կը հաւատայ ճշմարտութեան եւ արդարութեան բացայայտման:
Ու քալեց հայը սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ՝ մինչեւ մայր հայրենիք: Քալեց միասին, աշխարհով մէկ, ապրելով ու վկայակոչելով պատմութիւն, հաստատելով անոր վաւերականութիւնը, բայց նաեւ՝ փաստացիութիւնը:
Եթէ քալեցինք ապրիլ 23-ին եւ 24-ին հոն ու հոն եւ ամէն տեղ, բայց այս բոլորին մէջ եւ բոլորին մօտ կայ մէկ ու յստակ իրականութիւն մը, թէ պիտի քալենք տակաւին ո՛չ միայն իբրեւ ֆիզիքական ներկայութիւն, այլ անպայմանօրէն՝ իբրեւ ժառանգորդները, աշխատանքը շարունակողները եւ պահանջատէրները մեր դատին:
Որովհետեւ հաւատացած ենք մեր առաքելութեան, ուրեմն զայն պէտք է նկատենք առաջնահերթ ու համազգային աշխատանքային օրակարգի հիմնական կէտ: Պիտի քալենք պահելով համազգային ոգին, բայց անպայմանօրէն միտքը, կորովը եւ ուժականութիւնը՝ յար եւ նման ապրիլ 23-ի եւ 24-ի օրերուն: Այս տրամադրութիւնը պիտի վերածենք շարունակական ու մնայուն ներկայութեան՝ միշտ շարունակելով քալել, շարունակելով երթը՝ նոյն տեսլականով ու նպատակով:
Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն եւ միջոցառումներուն ընդմէջէն հայը կրցաւ զօրակոչի ենթարկել իր հաւաքական ուժը ամէն տեղ՝ անկախ թուային պատկերէն ու մարդուժի կարողականութենէն: Բայց անհրաժեշտ է այս զօրակոչը մնայունի վերածել՝ նոյն տրամադրութեամբ եւ բովանդակութեամբ, նաեւ՝ ապրիլ 23-էն եւ 24-էն ետք ու առաջ, ամէն օր ու ամէն տեղ, որպէսզի անիկա մնայ իբրեւ համահայկական մնայուն տեսլական:
Տակաւին շատ գործ կայ ընելիք: Ասիկա կը նշանակէ, որ տակաւին պիտի քալենք: Պիտի քալենք ապրիլեան օրերէն անկախ, նաեւ՝ տարուան բոլոր ամիսներուն:
Բայց կայ նաեւ ինքզինք պարտադրող հարցումը՝ ի՞նչ ոգիով ու միտքով պիտի քալենք:
Պատասխանը մէկ է ու հաստատ. պիտի քալենք ու շարունակենք երթը ապրիլեան օրերու ստեղծած հաւաքական զօրակոչի տրամադրութեամբ ու միշտ քալելու վճռակամութեամբ:
1 comment
Piti qaylenqin vstah
Menq ekel enq anhunic u gnum enq haverz ayl Hayoc gnderi hayeri het:
Ays gndum meznic elatsnerin kul clinelu hamar petq e stegtsel Hayoc Mshakuyti unkerutyun mi qani mardov, vorpeszi hayoc dem sev gorts kazmakerpognern naxqan gortseln satkacven irenc taqstocum:
Vogjamtutyun, inqnasirutyun , achalrjutyun u qajuttyun hayerin, Hin Arevi (marog)Yerkric (HAY) ekats u ays gundn aprelun dardzratsneri serundnerin:
Shnorhakalutyun Kiprosi Hayerin (Azdakin – hascen chgitem) ev tagandavor Gegardiin !
Aslamazyan A. K.
Comments are closed.