Տայ Աստուած որ Լիբանան Սուրիոյ ճակատագրին չենթարկուի

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, Դեկտեմբեր 2019

Միլիոնաւոր գաղթական լիբանանցիներ ինծի նման այս օրերուն կը հետեւին արդար զայրոյթին եւ պոռթկումին, որ Լիբանանի զանազան քաղաքներուն ու հրապարակներուն վրայ կը ցուցաբերէ լիբանանցին՝ պահանջելով վերջը շահածարաւ աւատապետութեան մը, որ աղքատացուց զինք եւ դարձուց անգործ ու անյոյս։ Զօրաւորին պատկանելու, անոր ծառայելու եւ անոր առջեւ քծնելով գործ ապահովելու ու ապրուստ ճարելու անարգական անցեալը մերժող գիտակից երիտասարդութիւն մը, մէկդի նետած զինք «կալանաւորող» իր համայնքային պատկանելիութիւնը, կանգնած է ոտքի՝ միաբերան աղաղակելու «ԱԼ ԿԸ ԲԱՒԷ՛»։

1920-ին ծնած Լիբանանը, իր հարիւր տարուան գոյութեան թնթացքին, միջկրօնական աւանդական հաւասարակշռութիւն (sectarian equilibrium) հաստատելու քաղաքականութիւն որդեգրելով՝ պետութիւն մը ունեցաւ, որուն մէջ «կրօնապատկան» աւատապետեր իշխանութիւնը չարաչար գործածեցին իրենցը յառաջացնելու համար՝ ի վնաս երկրին եւ ժողովուրդին։ Ու թէեւ Լիբանան բազմերանգ, նախանձելի, համերաշխ կեանք մը ունենալու պատկերը կը ներկայացնէր արտաքին աշխարհին, սակայն անոր հիմերը խախտող ցնցումները, որոնք այդ աւատապետերը կը պատճառէին ուրիշին եւ օտարին ծառայելու շահախնդրութեամբ, լիբանանցին աւելի կը դարձնէին համայնքին զաւակը, քան թէ Լիբանանի քաղաքացին։

Ցնցումներէն առաջինը պատահեցաւ 1958-ին, երբ, վեց ամիս ամբողջ, լիբանանցիները կռուեցան իրարու դէմ՝ դուրսէն իրենց տրուած զէնքերը գործածելով եւ պաղ պատերազմի վահանակը (pawn) դառնալով։ Ընկերային արդարութեան ձգտող չկար այն ատեն, այլ կար եղբայրասպանութիւն վասն գաղափարի, որ ուրիշին կը ծառայէր եւ կը բաժնէր երկիրը։ Ահաւոր երկրորդ ցնցումը պատահեցաւ 1975-ին, երբ տասնեւհինգ տարուան վրայ (1975–1990) քաղաքացիական պատերազմ մղելով՝ լիբանանցին շա՜տ տառապեցաւ եւ կէսով գաղթական դարձաւ։ Նորէն, եղբայրասպանութիւնը չունէր որեւէ ընկերային արդարութիւն ստեղծելու նպատակ։ Զարմանալի կը թուէր, թէ ինչպէ՞ս այդքա՜ն բարձրորակ ուսումնարաններու տէր Լիբանանի մը զաւակները կը գործածուէին ուրիշին շահերը յառաջ տանելու համար, փոխանակ իրենց ընկերային իրաւունքներուն համար պայքարելու։

Ու տարուէ-տարի աւատապետ վերնախաւը իր իշխանութեան օղակը աւելի ու աւելի սեղմելով ժողովուրդի վիզին շուրջ՝ զայն շնչահեղձ ըրաւ եւ հասցուց ներկայ պոռթկումին։ Հոկտեմբեր 17-ի ժողովրդային պոռթկումը, որ տակաւին յեղափոխութիւն դառնալու յոյսեր ունի, իր խաղաղ ցոյցերով կը լեցնէ փողոցները, որպէսզի ծագի նոր արշալոյսը Լիբանանի:

Լիբանանահայութիւնը,– որ մեծապէս օգտուած է Լիբանանի ունեցած համայնքային վարչաձեւէն, որուն շնորհիւ իրեն տրուած է կարգավիճակ՝ իր իւրայատկութիւնը պահելու ու պահպանելու,– պէտք չէ մտահոգուի այս ժողովրդային պոռթկումէն, քանզի այս յեղափոխութիւնը տնտեսական անընդունելի վիճակի մը դէմ պայքար է եւ ո՛չ՝ ազգային թունդ շարժում մը, որ փոքրամասնութիւններուն համար կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։       

Լիբանանահայը վստահաբար ինք ալ ունի միւս բոլոր համայնքներու զաւակներուն փողոց իջնելու դրդապատճառները, որովհետեւ անոնց պէս ինք ալ այսօր անկասկած կը տառապի անգործութենէ եւ անյուսալի կեանքէ։ Սփիւռքահայը պէտք չէ գոհանայ միայն իր ազգային զգացումներուն ընթացք տուող օտար քաղաքական մարդոց բռնած դիրքով, ինչպէս ցեղասպանութեան ճանաչում կամ հայանպաստ դիրք որդեգրող, ինչպէս կ'ընեն երբեմն աջակողմեան և պահպանողական ուժ ներկայացնող քաղաքական մարդիկ որոնք չեն հաւատար ընկերային ծառայութիւններու և կը փորձեն յաճախ ջնջել պետական նպաստով եղած այդ ծառայութիւնները։ Սփիւռքահայն ալ քաղաքացի է և մարդ որ ինք ալ վերջիվերջոյ ունի իր ապրուստը հոգալու մտահոգութիւն. ինք ալ պէտք է ըլլայ հոն, ուր ընկերային արդարութիւն պահանջող ձայն կը բարձրանայ։

Հայաստանի մէջ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը յառաջացաւ իշխանութեան մը դէմ, որ ազգային զգացումներով եւ հանդիսութիւններով ողողած էր հայաստանցիին կեանքը, սակայն դարձած էր աւատապետութիւն մը, որ Լիբանանի աւատապետութեան պէս ժողովուրդին կեանքը կը կրծէր։

Ցաւալի եւ ծիծաղելի է, թէ ամէն անգամ, որ ժողովրդային ցասումի մը հետեւանքով մարդիկ ոտքի կ’ելլեն իրենց իրաւունքները պահանջելու, իշխանաւորները զանոնք կա՛մ օտարին կողմէ հրահրուած կը նկատեն, կա՛մ ալ իշխանութեան դէմ ցցուած ահաբեկիչներ։ Ազերին իր հայրենիքը պաշտպանող արցախցին ահաբեկիչ կը նկատէ, թուրքը հայրենիքի մը համար մաքառող քիւրտը ահաբեկիչ կը նկատէ, եւ աշխարհի բոլոր ազնիւ ազատամարտիկները, որոնք իրենց ժողովուրդներու արդար իրաւունքները պահանջելով զէնք կը բարձրացնեն՝ ահաբեկիչ կ’որակուին աշխարհի մը կողմէ, որ յափշտակած է այդ իրաւունքները։

Ցաւալի է նաեւ, որ այսօր Լիբանանի մէջ կան մարդիկ, որոնք ժողովրդային ներկայ արդար շարժումը կը նկատեն դուրսէն հրահրուած, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս եղան մարդիկ Հայաստանի մէջ (եւ այլուր), որոնք առաջին օրէն Թաւշեայ յեղափոխութիւնը պիտակեցին Ճորճ Սորոսի գործակալութեան կողմէ ֆինանսաւորուած շարժում։

Համայնքային կեանքով ընթացող Լիբանանը Հայաստանի ժողովուրդին ներդաշնակութիւնը (unison) չունի, որուն պատճառաւ յեղափոխութիւնը կրնայ ձախողիլ՝ անոր հագցնելով այն հագուստը, որ հագցուեցաւ Սուրիոյ յեղափոխութեան, ուր ի սկզբանէ փոփոխութիւն չհանդուրժող ուժերը ահաբեկիչ անուանած էին ազատութիւն շնչել ուզող համալսարանական ցուցարարները։ Ամէն գնով իշխանութեան կառչիլ ուզող Սուրիոյ իշխանաւորները իրենց երկիրը դարձուցին կռուախնձոր  դուրսէն և ներսէն Սուրիան կրծող և բզկտող երեւելի և աներեւելի բոլոր ուժերուն։

Տայ Աստուած, որ Լիբանան Սուրիոյ ճակատագրին չենթարկուի։

You May Also Like