Տարբերութիւններուն Հասարակ Յայտարարը

Հրայր Ճէպէճեան, Պէյրութ Պէյրութ, 27 Յունուար 2011

«Այս յուշարձանը վեր է խոյանում այն վայրում, ուր 1915 թուականի ցեղասպանութեան կոտորածներից մազապուրծ հազարաւոր հայեր առաջին անգամ ոտք դրեցին Կիպրոս։ Այն արտայայտում է հայ ազգի երախտագիտութիւնը Կիպրոսի ժողովրդին՝ իր բարեսրտութեան եւ օգնութեան համար։ Այս յուշարձանը յաւերժացնում է Մեծ եղեռնի անթիւ նահատակների յիշատակը»։

Հրայր Ճէպէճեան, Պէյրութ Պէյրութ, 27 Յունուար 2011

«Այս յուշարձանը վեր է խոյանում այն վայրում, ուր 1915 թուականի ցեղասպանութեան կոտորածներից մազապուրծ հազարաւոր հայեր առաջին անգամ ոտք դրեցին Կիպրոս։ Այն արտայայտում է հայ ազգի երախտագիտութիւնը Կիպրոսի ժողովրդին՝ իր բարեսրտութեան եւ օգնութեան համար։ Այս յուշարձանը յաւերժացնում է Մեծ եղեռնի անթիւ նահատակների յիշատակը»։

Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքի ծովեզերեայ պողոտային՝ այսպէս ըսած «Մարինայի մուտքին» Մեծ եղեռնին նուիրուած յուշակոթողը միակը չէ աշխարհի տարածքին, ներառեալ՝ մայր հայրենիք։ Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ յուշակոթողներ կը յիշատակեն Մեծ եղեռնի նահատակները, բայց նաեւ՝ այն երախտագիտութիւնը, որ հայ ժողովուրդը կը յայտնէ տեղացի ժողովուրդին՝ իր խնամքին եւ բաժնեկցութեանը համար։ Այս պարագային՝ Կիպրոսի բարեխնամ ժողովուրդին ու կառավարութեան։

Կիպրոսի յուշարձանը մտայղացումն է կիպրահայ նախկին պետական ներկայացուցիչ հանգուցեալ Պետրոս Գալայճեանի եւ իրագործուած է Կիպրոսի եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն կողմէ։ Յատկանշական է նաեւ յուշարձանին վայրը. Անիկա կանգնած է հոն, ուր Եղեռնէն ճողոպրած առաջին խմբակը հասած է:

Կիպրոսի մէջ հայեր ապրած էին երկար տարիներ, բայց կիպրահայ իրականութեան գլխաւոր զարգացումը սկսած է համիտեան ջարդերէն ետք ու Մեծ եղեռնի վերապրողներուն այս երկրին մէջ հաստատուելով։

Այս է նաեւ պարագան սփիւռքահայ գաղութներու կազմաւորման։ Եթէ Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ կարգ մը երկիրներու մէջ կար հայկական որոշ ներկայութիւն, բայց եւ այնպէս սփիւռքի կազմաւորումը գլխաւորաբար կը կայանայ Եղեռնի իրականութեան որպէս հետեւանք եւ արդիւնք։ Լառնաքայի յուշարձանը եւ մնացեալ յուշարձանները՝ աշխարհով մէկ տարածուած, գլխաւոր սկզբնաքարերն են սփիւռքի գոյութեան եւ ապա՝ անոր կազմաւորման.։

Այս Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած առաջին յուշարձանը չէ, որուն դիմաց կը կանգնիմ։ Թէեւ կը դիտեմ ճարտարապետական իմաստով տարբերութիւններ ունեցող կոթողները, բայց անպայմանօրէն խորքը կը միացնէ բոլորը։ Ցեղասպանութիւնն է…։ Այդ խորքին հետ առնչուած իւրաքանչիւր պիտակ կը տարբերի միւսէն՝ իւրաքանչիւր երկրի աշխարհագրական վայրէն, կենցաղէն ու տիրող մշակութային եւ ընկերային կարգավիճակներէն մեկնելով։ Ցեղասպանութիւնը, իր ամբողջական հասկցողութեամբ, ներառելով անոր պարտադրած հայապահպանումի գործօնը եւ պահանջատիրութիւնը, կը դառնայ հասարակ յայտարարը աշխարհատարած հայուն՝ իր տարբեր դիմագիծներուն մէջ…։

Այսպէս եղաւ հայուն, ի մասնաւորի սփիւռքահայուն իրականութիւնը։ Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ երկրի մը մէջ ծնելով ու հասակ առնելով, տակաւին, ուսանելով եւ առնչուելով տեղական միջավայրին ու պայմաններուն հետ, ստացաւ իր պիտակը։ Իմ պարագայիս՝ լիբանանեանը, որ մէջս կերտեց լիբանանահայը։ Լիբանանեան նկարագիրը եւ դրուածքը ինծի եւ իւրաքանչիւր լիբանանահայու տուաւ իր դրոշմը, որ տարբեր է սփիւռքեան այլ երկիրներու դրուածքէն։ Տարբերութիւնը կը կայանայ ո՛չ լաւի կամ վատի եւ ո՛չ ալ առաւելութեան կամ գերակայութեան մէջ, այլ պարզապէս՝ տարբերութեան մը նկարագիրի ու կենցաղի, ապրելակերպի ու կեանքի եւ փորձառութիւններու մէջ։ Լիբանանեան կենցաղը, մշակութային գործօնը եւ երկարամեայ պատերազմական փորձը իրենց դրոշմը ունին իւրաքանչիւր լիբանանահայու վրայ։ Իւրաքանչիւր ճամբորդական փորձառութենէս, վերջին քսան տարիներու ընթացքին կատարած, անպայմանօրէն նոր «տարբերութիւն» մը գտնելու փորձը կ՝ապրիմ, երբ կը հանդիպիմ հայու եւ հայկական իրականութեան՝ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ։

Իւրաքանչիւր հայկական գաղութի մէջ կը հանդիպիմ հայուն՝ իր «տարբերութեամբ» ինձմէ եւ ուրիշէն, բայց նաեւ կը հանդիպիմ իր «տագնապին»։ Այդ տագնապը ունի իր հասարակ յայտարարը՝ աշխարհով մէկ սփիւռքահայուն իրավիճակին եւ հայապահպանումի ի խնդիր, բայց դարձեալ տագնապին պիտակը ու անոր մօտեցման եղանակը պիտի տարբերին մէկ երկրէն միւսը։ Այս իրականութիւնը կը պարտադրէ իւրաքանչիւր գաղութի իրավիճակին ու տագնապին նայելու իր «խորքին» տուեալներէն մեկնելով՝ առանց ընդհանրացումներու եւ առանց շրջանցելու տարբերութիւնները կամ փոխադրելու մէկը՝ միւսին մէջ։

Բայց սփիւռքահայ իրականութիւնները տակաւին «փոխուող» իրավիճակներու մէջ են։

Եթէ մէկ կողմէ կայ սփիւռքահայուն մէկ գաղութէն դէպի միւսը տեղափոխութիւնը (յատկապէս Միջին Արեւելքէն դէպի Արեւմուտք), կայ նաեւ մեծ արտագաղթը մայր հայրենիքէն դէպի սփիւռք։ Եթէ առաջինին պարագային կայ սփիւռքահայ իրավիճակներու տարբերութիւնը, ուր սփիւռքեան մէկ գաղութի անդամը կ՝ունենայ համարկման դժուարութիւնը իր գաղթած երկրի «տեղացի» հայորդիին հետ, երկրորդին պարագան կը գերազանցէ առաջինը՝ դժբախտաբար ստեղծելով արեւելահայուն պիտակը, որ կը տարբերի արեւմտահայէն՝ բազմաթիւ երեւոյթներու պարագային։ Այս վերջինը ակներեւ իրականութիւն է շատ մը սփիւռքահայ գաղութներու պարագային, ուր Հայաստանէն գաղթող հայեր կերտած են «կեթօ» մը՝ նոյնինքն սփիւռքեան տարբերակին մէջ առանց կարենալ կամրջելու տեղական հայկական իրականութեան հետ։ Հակառակն ալ նոյնքան իրական է։

Կը շարունակենք երթը…։ Սփիւռքը, սփիւռքահայ իրականութիւնները կը ստանան նոր տարբերակ ու կարգավիճակ։ Այս նոր տարբերակը կը փոխէ, բայց նաեւ կը կերպարանափոխէ հայուն մշակութային դիմագիծը, եւ այսօր այս մէկը ակնկալած կ՝ըլլանք նոր սփիւռքահայ գաղութներու կազմաւորումով։ Ասիկա առկայ է եւրոպական երկիրներէն սկսեալ՝ հասնելով մինչեւ Հարաւային Ափրիկէ եւ տակաւին՝ Ծայրագոյն Արեւելք։ Հայը տարածուած է այսօր աշխարհով մէկ՝ շինելով մէկ կողմէ տուն եւ աշխատանք, բայց նաեւ՝ ազգային-եկեղեցական կեանք։

Սփիւռքի հայկական «խճանկարը» կը բարձրանայ։ Սփիւռքը հասկնալու միջոցները եւ տուեալները նոյնպէս կը դժուարանան։ Նոյնիսկ այս համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ կարելի չէ սփիւռքը դիտել որպէս մէկ, միագոյն, միեւնոյն եւ նոյնանման իրականութիւն։

Ասկէ յառաջ պիտի գայ այն իրականութիւնը, թէ սփիւռքահայ իւրաքանչիւր իրականութիւն իր ինքնուրոյն տեղը ունի իր դրուածքին մէջ եւ իր ազգային-քրիստոնէական մարտահրաւէրները դիմակալելու գործօններուն մէջ։ Համասփիւռքեան ու համազգային շահերէն մեկնելով՝ իւրաքանչիւր գաղութ, անկախ իր թիւէն եւ կարողականութենէն, հայկական իրականութիւն մըն է՝ աշխարհի մէկ անկիւնը, որուն արժէ հոգալ եւ նկատի առնել։ Կարելի չէ այս օրերուն գաղութները արժեւորել միայն իրենց թուական, պատմական, մարդուժի եւ տնտեսական կարողականութիւններէն մեկնելով։ Անպայմանօրէն այս տուեալները իրենց տեղը ունին համասփիւռքեան տեսադաշտի մէջ տուեալ գաղութի մը կարեւորութեան իմաստով։ Բայց եւ այնպէս, ներկայ օրերու քաղաքատնտեսական եւ ընկերային դրուածքները կը ստիպեն մեզ վերանայելու սփիւռք հասկացողութեան՝ իր ընդհանրական ու համապարփակ իրողականութեան մէջ եւ իւրաքանչիւրը ինք իր աշխարհագրական վայրին ու դիրքին մէջ ունեցած կարեւորութեամբ։ Պէտք չէ մտահան ընել այն իրողութիւնը, որ արագ փոխուող աշխարհին մէջ կը փոխուին նաեւ պայմանները, տուեալները եւ կարողականութիւնները։

Իւրաքանչիւր գաղութ իր դրսեւորած կարեւորութեամբ, նաեւ իր «տագնապներու» մօտեցումներու տարբերութիւններով ընկալելով (տագնապը կրնայ ըլլալ համասփիւռքեան եւ նոյնանման իր բնորոշումովը)՝ կարելի է եզրակացնել, որ կարելի չէ փորձել փոփոխութեան յառաջացման դիմել որոշ գաղութի մը ազգային-մշակութային գործունէութեան մէջ, մանաւանդ եթէ նման քայլ մը չի համընկնիր այդ գաղութի տուեալներուն։ Մեր համասփիւռքեան աշխատանքներու վերադասաւորման եւ համադրողական գործօնները կարելի չէ զետեղել մէկ մեծ ընդհանրական պարունակի մը մէջ, որ կիրարկելի դարձնէ բոլորին նոյն արժեչափերով, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի իր ուրոյնութիւնը թէ՛ իրականութիւններու եւ թէ՛ տագնապներու իմաստով։

Սփիւռքի մեր համատարած տեսադաշտին մէջ ազգային գործն ու անոր պահպանումը անհրաժեշտ գրաւական է հայապահպանումի մեր համազգային առաքելութեան մէջ։ Ներկայ օրերու եւ ներկայ ժամանակներու սփիւռքի հասկացողութիւնը այս տուեալներով կը բնորոշուի։ Ամէնէն պզտիկ սփիւռքի «գումարտակը» անհրաժեշտութիւն է եւ կարիք՝ ներկայ օրերու հայապահպանումի մեծ պատերազմին ի խնդիր։

Բայց կը շարունակեմ դիտել Լառնաքայի մէջ կանգնած Եղեռնի յուշակոթողը…։ Իւրաքանչիւր ճամբորդութեան ընթացքին, ո՛ւր որ կը հանդիպիմ Եղեռնի յուշարձանի մը կամ հայկական կոթողի մը, անպայմանօրէն կը մտածեմ…։ Հայկական տագնապը եւ սփիւռքի ախտաճանաչումը բարդ գործընթաց է մերօրեայ կեանքին մէջ։ Իւրաքանչիւրը ի՛նք իր վայրին մէջ ունի իր տուեալները եւ այդ տուեալները կը տարբերին մէկը միւսէն։ Իւրաքանչիւրը ինք իր դրուածքին մէջ տարբեր է, բայց արժէք մըն է անկասկած։ Բայց այդ բոլոր տարբեր տուեալներուն եւ արժէքներուն մէջ կայ հասարակ յայտարարը, որ բոլորս կը դնէ մեծ իրականութեան մը դէմ յանդիման։ Ցեղասպանութիւնն է հրամայականը եւ անկէ յառաջ եկած հայապահպանումի եւ պահանջատիրութեան աւանդը։ Բոլոր տարբերութիւնները կը հոսին անկէ, բայց նաեւ կ՝երթան դէպի հոն։ Ցեղասպանութիւնը եւ անոր աւանդը կը դառնայ մեծ հասարակ յայտարարը։

Բայց ներկան եւս ունի իր տուեալները, նաեւ՝ հրամայականը։

Պիտի կարենա՞նք ստեղծել ազգային միտքը։ Այն միտքը, որ պիտի կարենայ տեսնել հայուն «տագնապը» իր աշխարհատարած տուեալներուն ու տարբերութիւններուն ընդմէջէն։ Նաեւ՝ գծել հասարակ յայտարարը, որ հայուն ազգապահպանումի եւ պահանջատիրութեան աւանդի շարունակականութիւնը երաշխաւորէ։ Այն հասարակ յայտարարը, որ համազգային տարողութեամբ բոլոր տարբերութիւններուն մէջէն խոյանալով՝ կրնայ վերածուիլ միասնական, մեծ եւ իրական արժեչափի։

Եղեռնի յուշարձանը…։ Տարբերութիւններուն հասարակ յայտարարը։ Հոն է, որ կ՝ապահովուի հայուն շարունակականութեան երթը։

 
1 comment
  1. Հրայր Ճէպէճեան -i nyutin

    Հրայր Ճէպէճեան-in  shnorhakalutyun mets ir nyutin hamar: Aranc patmutyunn imanalu apaga chi stegtsvi:

    Apsos vor Kiprosi hayern  jamanakin  chhaskacan u chargelakecin Karamanlisin anel hancagortsutyun u Kiprosi kesn  nvirel  Turqiayin  Moskvayi  huda  gekavarneri hramanov;

    Hayrern hushardzanner en kangnecum, amen or egernic en xosum u chen stegtsum hayashah kazmakerputyun vorn i vichaki klini ev imacutyun stegtselu, ev taratesak tshnaminerin satkacnelu: Ayd kazmakerputyan  mej  (mi qani hogi amen petutyan mej) petq che linen arevtrakanner kam nranc dratsonern:   – Sharunakelin, ekegecu hramanov iren  terteri surui  vochxar chamarogin:

    Es hratarakel em im grquykn "AREVI  ERG#"  vernagrov:  Ete cankanaq kugarkem  i hogut hayi #ntaniqin:

    Qef areq  zenqic (mtqi, lezvi u metage) anbajan:

    Mist urax!

Comments are closed.

You May Also Like