Տարտանելի Պատերազմը Կ’ոգեկոչուի 24 Ապրիլին

Օշին Էլակէօզ,  Իսթանպուլ, 23 Յունուար 2015

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողան անցեալ տարի, Թուրքիոյ վարչապետի պաշտօնով,  24 Ապրիլէն օր մը առաջ, երբ բոլոր աշխարհի Հայութիւնը եւ Թուրքիա կը սպասէին ԱՄՆ ի Նախագայ Օպամայի 1915-ի դէպքերու մասին ընելիք ուղերձը, շատ մեծ անակնկալ մը ընելով յայտարարութիւն մը ըրաւ, որուն մէջ ան ցաւակցութիւն  կը յայտնէր Հայերուն 24 Ապրիլ 1915-ի զոհերու առնչութեամբ:

Էրտողանի այս յայտարարութիւնը ռումբի ազդեցութիւն գործեց ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ համայն աշխարհի վրայ եւ անմիջապէս սկսան  հրապարակ իջնել թեր ու դէմ յայտարարութիւններ, թէ՛ սփիւռքահայ եւ թէ՛ տեղական թերթերուն մէջ:

Օշին Էլակէօզ,  Իսթանպուլ, 23 Յունուար 2015

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողան անցեալ տարի, Թուրքիոյ վարչապետի պաշտօնով,  24 Ապրիլէն օր մը առաջ, երբ բոլոր աշխարհի Հայութիւնը եւ Թուրքիա կը սպասէին ԱՄՆ ի Նախագայ Օպամայի 1915-ի դէպքերու մասին ընելիք ուղերձը, շատ մեծ անակնկալ մը ընելով յայտարարութիւն մը ըրաւ, որուն մէջ ան ցաւակցութիւն  կը յայտնէր Հայերուն 24 Ապրիլ 1915-ի զոհերու առնչութեամբ:

Էրտողանի այս յայտարարութիւնը ռումբի ազդեցութիւն գործեց ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ համայն աշխարհի վրայ եւ անմիջապէս սկսան  հրապարակ իջնել թեր ու դէմ յայտարարութիւններ, թէ՛ սփիւռքահայ եւ թէ՛ տեղական թերթերուն մէջ:

Ես ալ իմ կարգին յօդուած մը գրելով գնահատած էի Էրտողանի այս որոշումը, դիտել տալով թէ հանրապետութեան շրջանի 91 տարիներու տեւողութեան առաջին անգամ  էր որ թուրք վարչապետ մը այսպէս յայտարարութիւն մը,  ցաւակցագիր մը  կ'ուղղէր  Հայերուն 1915-ի առնչութեամբ:

Միաժամանակ  ընդգծած էի թէ, իր  յայտարարութեան մէջ արտասանած որոշ նախադասութիւնները խիստ  կարեւորութիւն ունէին մեզի համար, որովհետեւ անոնք մինչեւ հիմա 1915-ի դէպքերու կապակցութեամբ  յայտարարուած պետական պաշտօնական տեղեկագիրը բոլորովին տակնուվրայ  ընելով նոր շրջան մը կը բանային:

Գրութիւնս վերջացուցած էի շեշտելով թէ այս ուղերձը իր կարեւորութիւնը  կը կորսնցնէր, եթէ միայն ուղերձ ըլլալով մնար, այլ պէտք է արժէքաւորուէր  այս  ուղղութեամբ  առնուելիք դրական քայլերով ու նոր որոշումներով:

Այս տարի Էրտողան դարձեալ առաւ անակնկալ  որոշում մը , որ զինք բոլորովին  հակասութեան մէջ կը դնէր իր անցեալ տարի ըրած յայտարարութեան հետ: Էրտողանի որոշումով առաջին աշխարհամարտի կարեւոր ճակատամարտերէն մէկը եղող Տարտանելի մարտի ոգեկոչումները, որ  ամբողջ 91 տարիներ շարունակ  18 Մարտ թուականին յիշատակուած էին , այս տարի պիտի ոգեկոչուէին ճիշտ Ապրիլ 24-ին, կարծէք թէ տարուայ միւս 364 օրերուն բոլորն ալ լեցուն ըլլային այլ ոգեկոչումներով:

Էրտողան ասկէ զատ հարիւրէ աւելի երկիրներու կառավարիչներ հրաւիրեց Թուրքիա, որպէսզի մասնակցին ոգեկոչումներուն: Կասկած չկայ թէ Էրտողան իր այս դիւանագիտական խորամանկութեամբ կը ցանկայ ստուերել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչումները եւ տկարացնել անոնց ազդեցութիւնը:

Տեսնենք թէ Էրտողան ինչպէս հակասութեան մէջ ինկաւ իր անցեալ տարուայ ըրած յայտարարութեան հետ: Բաղդատենք իր այս տարուայ որոշումը իր անցեալ տարի  ըրած յայտարարութեան մէջ գտնուող որոշ նախադասութիւններուն հետ, որոնք այդ յայտարարութեան կարեւոր կէտերն էին:

– Անցեալ տարի Էրտողան ըսած էր թէ. «Հայեր իրաւունք ունէին իրենց վիշտը ազատօրէն ոգեկոչելու, իսկ անոնց մասնակցիլը մարդկային պարտականութիւն մըն էր»: Իսկ այս տարի իր ընդունած որոշումով Հայերուն ձեռքէն կը խլէր  իրենց վիշտը ազատօրէն ոգեկոչելու իրաւունքը, որովհետեւ 24 Ապրիլի ոգեկոչման նոյն  օրը այլընտրական ոգեկոչում մը հնարելով արգելք հանդիսանալ կը ջանար ուրիշներուն՝ անոնց մասնակցութիւն բերելու մարդկային պարտականութեան:

 – Անցեալ տարի ան ըսած էր. «24 Ապրիլը բոլոր Հայերու համար յատուկ նշանակութիւն մը ունէր»: Իսկ այս տարուայ որոշումով ան ուղղակի ստուերել կը ջանար 24 Ապրիլը, որ մասնայատուկ նշանակութիւն ունի Հայերուն համար:

 – Իր անցեալ տարուայ յայտարարութեան մէջ Էրտողան ըսած էր. «Այս հողերու վրայ ապրող ժողովուրդներուն պատմութեան մէջ կրած տառապանքները իրարու հետ բաղդատել կամ զանոնք իրարու հետ մրցակցեցնել սխալ վարուելակերպ է»: Իսկ այս տարի ան բոլորովին մրցակցութիւն կը բերէր 1915-ին զոհուած քաղաքային անզէն ժողովուրդին կրած տառապանքներուն եւ Տարտանելի պատերազմի ընթացքին Թուրք եւ օտարազգի զինուորներու պատերազմի ընթացքին կրած տառապանքներու միջեւ:

– Ան իր անցեալ տարուայ յայտարարութեան մէջ ըսած էր դարձեալ.  «Նոյնիսկ հակառակ գաղափարները ընդունելի  ու գնահատելի են եւ անոնք երկրին ժողովրդավարութեան զարգացման համար մեծ կարեւորութիւն ունին»:

Իսկ այս տարի նոյն Էրտողանը, պետութեան պաշտօնական տեղեկագրին ներհակ գաղափարներ կը յայտարարէր, ի վնաս երկրի ժողովրդավարութեան զարգացման:

Էրտողան  իր անցեալ տարուայ ուղերձով,  որուն մէջ  ցաւակցութիւն կը յայտներ Հայ ազգին իր պապերուն կրած տառապանքներուն համար, 1915-ի բանավէճին մէջ մերձեցման նոր դուռ մը կը բանար: Իսկ իր այս տարուայ դիւանագիտական որոշումով Նախագահը  բոլորովին  կը բակէ այդ  դուռը եւ վերջակէտ կը դնէ նոր մերձեցումներու  կարելիութեան բոլոր յոյսերուն:

 

You May Also Like