Գերմանիոյ Վիսպատէն քաղաքը, որ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն «խնայուած» էր դաշնակից երկիրներու զանգուածային ռմբակոծութիւններէն՝ իր եզակի ճարտարապետական կառոյցներուն համար՝ յետագային դառնալու ամերիկեան ռազմական հրամանատարութեան կեդրոնատեղին՝ այսօր կը պատսպարէ Թուրքիայէն թէ Արեւմտեան Հայաստանէն հազարաւոր վտարանդիներ:
Գերմանիոյ Վիսպատէն քաղաքը, որ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն «խնայուած» էր դաշնակից երկիրներու զանգուածային ռմբակոծութիւններէն՝ իր եզակի ճարտարապետական կառոյցներուն համար՝ յետագային դառնալու ամերիկեան ռազմական հրամանատարութեան կեդրոնատեղին՝ այսօր կը պատսպարէ Թուրքիայէն թէ Արեւմտեան Հայաստանէն հազարաւոր վտարանդիներ:
Մի քանի փողոց վեր, «ղզլպաշ» դարձած հայերու «Պալքան» ճաշարանի սեփականատէր Ահմէտ Օրան (Յարութիւն Օհանեան) վերջերս «Անատոլուի ժողովուրդներու երաժշտութիւն» անուան տակ, գլխաւորաբար հայ տոհմիկ երաժշտութեան փոքր նուագախումբ մըն ալ հիմնադրեց՝ համերգներ տալով Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի զանազան քաղաքներուն մէջ: Ան իր խումբի անդամներուն հետ ներկայ կ'ըլլայ հայ աշխարհահռչակ «դուդուկահար» Ճիւան Գասպարեանի համերգին՝ մեր երբեմնի «ղզլպաշ», վերապրած հայուհիի թոռը՝ ծունկի կուգայ եւ կը համբուրէ Մեծ Վարպետին աջը…
Սիմոն Կիւնտէն (Նուրէտտին Կիւնտէն) կոչուող այս երիտասարդը, Մուշ-Սասունէն՝ հայ Մեծ Յեղափոխական-ֆիդայի Հրայր Դժոխքի ցեղէն է… Հայրը՝ տասնամեակներ շարունակ ապրած որպէս «քիւրտ-ալաուի», իր զաւակներուն հետ անմիջական մասնակցութիւն բերած է Քրտական Բանուորական կուսակցութեան (PKK) շարժման՝ այնտեղ ծանօթանալով ծագումով հայ բազմաթիւ վրիժառուներու, կամաց-կամաց վերադառնալով իր ազգային ակունքներուն՝ այդ դժուարին ճանապարհին որպէս նահատակ կորսնցնելով Առիւծ անդրանիկ զաւակը եւ շատ հարազատներ:
Հայր Կիւնտէնն է որ ընկերակցած է երջանկայիշատակ Մեսրոպ Աշճեան Սրբազանին իր պատմական այցելութեան ընթացքին դէպի Մշոյ «Սուլթան» Սրբ. Կարապետ վանք եւ Արծուեբոյն Սասուն: Հայաստանի վաղամեռիկ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի գերեզմանին Սասունի եւ Մուշի գիւղերէն հող բերողներ են Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող Կինտէնները: Իսկ զաւակը՝ Նուրէտտին Սիմոն՝ որ կը սիրէ ինքզինք Հրայր Դժոխք կոչել (դէմքի արտակարգ նմանութեամբ Մեծ ֆեդայիին…), քրիստոնեայ մկրտուեցաւ Հեսսենի նահանգի Հայոց հոգեւոր Առաջնորդ Հայր Սերոբվէ Իսախեանի կողմէ:
Ապա, իր նման դէպի հայութիւն վերադարձած «կորուսեալներու» նման՝ ապրեցաւ հոգեկան խախտումներու ժամանակաշրջան մը՝ բուժուելով յատուկ առողջարանի մէջ…: Նոյնպիսի անձկութեան եւ բուժման ենթարկուեցան մեր ճանչցած դաւանափոխ «Զազա» հայուհի Եաղմուր Եխմըշ (Ձիւնիկ Յակոբեան), Սետեթ Պոսթան (Տիգրան Կոստանեան), Ալի Օրհան (Վարդան Յարութիւնեան) եւ ուրիշներ: Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն զոհերը կ'ապրին սերունդներու ընդմէջէն՝ մինչեւ այսօր:
Տարիներ առաջ, Ֆրանկֆուրթի Սրբ. Կատարինէ եկեղեցիին մէջ, Հայոց ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ կողմէ ճանչցնել տալու, հայերէն ներողութիւն խնդրելու շարժման ռահվիրա Ալի Էրթէմի ապրիլ 24-ի նուիրուած ոգեկոչման հանդիսութեան մը ընթացքին՝ ծանօթացանք Գերմանիոյ Համշէնահայերու «Մայր» Ալիյէ-Ալիս Ալթին, եղբօր Սետեթ Պոսթան (Տիգրան Կոստանեան) ու զաւակին Տենիզ (Ծովակ) Ալթինի հետ: Երեկոյեան՝ Ֆրանկֆուրթի Արուեստի Տան դահլիճներուն մէջ տեղի ունեցող Գերմանիոյ երիտասարդ գեղանկարիչներու հաւաքական ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած էր բազմատաղանդ Համշէնահայ Տենիզ-Ծովակէն…Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած, «հայկական» գոյներով միքանի պաստառները:
-«Ճիշտ է որ տարիներ առաջ իմ ելոյթներս ու գրութիւններս վախի ու սարսափի կը մատնէին հարազատներս՝ Համշէնի մէջ: Սակայն այսօր՝ անոնք հպարտ կը զգան որ իրենց դուստրը՝ կարողացաւ երեւան հանել եւ բանձրաձայն յայտարարել թաքնուած ճշմարտութիւնը» մեր հեռախօսային զրոյցի ժամանակ յայտնեց Գերմանիոյ Համշէնահայոց «Մայր»-ը:
Արդէն իսկ Եւրոպայի հայոց լայն շրջանակներու կողմէ ճանաչուած Տիգրան Կոստանեան (Սետեթ Պոսթան), որ ազգականն է նաեւ Թուրքիոյ նախկին փոխ-վարչապետ Մեսուտ Եըլմազի եւ այսօրուան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ալ մի քանի երեսփոխաններու՝ համա-հայկական 2-րդ համագումարին հրաւիրեցինք Հայաստանի Հանրապետութիւն…: Տարիներ առաջ, Թուրքիոյ ցեղասպանութեան շարժումներու աշխոյժ անդամը եւ գլխաւոր ընդդիմադիրներէն մէկը՝ տասնամեակներ շարունակ վտարանդի էր Ֆրանկֆուրթի մէջ՝ եւ իր Մայր Հայրենիք այցը անսպասելի ու երազային էր թրքախօս եւ գերմանախօս Համշէնահայուն համար: Բռնի կրօնափոխին զաւակը՝ Տիգրան Կոստանեան դարձած՝ յորդարատ արցունքներու մէջ «խեղդուեցաւ» երբ դէմ-յանդիման եկաւ Ծիծեռնակաբերդին մէջ ցուցադրուած, Հայոց Գողգոթայի նկարներէն ցնցուած…:
Մեր ընկերոջ ծանօթացուցինք նաեւ այդ օրերու Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Վարդան Օսկանեանին ու Լ.Ղ. Հանրապետութեան վարչապետ Անուշաւան Դանիէլեանին, Սփիւռքի բազմաթիւ «Հիւր» ղեկավարներուն հետ: Մեր «կորուսեալ» զաւակներէն մէկն է որ վերադարձաւ Հայ ժողովուրդին գիրկը, որ իր կարգին՝ շարունակեց իր գործունէութիւնը՝ ստեղծելով մշակութային եւ ինքնաճանաչման պատերազմ՝ «անտեսանելի» աշխարհին մէջ:
Սամուէլ ֆելեկեանին (Ալի Էրքէն) անունը այսօր քաջածանօթ է Facebook-ի հետեւորդներու աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Ադըեամանի «Կյավուր Ալի»-ն, որպէս Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան (PKK) զինեալ պայքարի մարտիկ՝ իր կեանքին «ծաղիկ» տարիները «մաշեցուցած» էր Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կորդուքի լեռներուն մէջ՝ 8 տարի ալ ֆաշական Թուրքիոյ բանտերուն մէջ: Իրաքէն անցնելով Հայաստան՝ թրքախօս-քրտախօս այս հայու զաւակը, արդէն իսկ, միքանի տարի տառապելէ ետք Հայաստանի Անձնագրային Վարչութեան պաշտօնեաներու ձեռքը՝ ի վերջոյ «Յատուկ կացութեան կարգավիճակ»-ի արտօնագիր ստացաւ՝ իրաւունք ստանալով ապրելու իր պապենական հողերու ազատագրուած այս Պետութեան մէջ: Սամուէլ ֆելեկեանին ծանօթացնողը Երեւանի մէջ՝ մշեցի Արմէնն ու … թուրք աչազուրկ թատերագիր Էչպէր Եաղմուրտերելին էր, որ այդ օրերուն Հայոց մայրաքաղաքը ժամանած էր, փորձելով Սունդուկեանի Թատրոնին մէջ ներկայացնել Քենան Էվրէնի բռնատիրութեան դէմ գրուած «Կարիճը» («Ախրապ») թատերգութիւնը:
-«Երկար տարիներ ապրելով ու տառապելով Թուրքիոյ բանտերուն մէջ, զգացի թէ կյավուր Ալին, յեղափոխական ընկերս, Հայ էր…» – վերյիշեց Էչպէր Եաղմուրտերելին՝ որ նաեւ Մեծ Նահատակ Հրանդ Տինքին մօտիկ գաղափարի ու գործի զինակիցներէն էր:
Որպէս Ազգ ու ժողովուրդ, մեր Պայքարին եւ Ազատագրութեան գլխաւոր նպատակներէն պէտք է ըլլայ՝ Տէր կանգնիլ մեր «կորուսեալ» ու կրօնափոխ զաւակներուն, ուր որ ալ ըլլան եւ ինչ քողի տակ ալ թաքնուած ըլլան անոնք:
1 comment
Hamo
Спасибо за историю, написанная живым языком. Шагай по земле, превращенной твоими предками домом людей. Поздраляю с наступающим 9595 летием праздника, рождення Ваагна, моего пра-прадеда, сына Анаита Вы сильный человек и видимо можете бороться с врагами нашего народа и человечестваб умело использовав известные форумы латинской Америки, США, ФРАНЦИИ и ГЕРМАНИИ. Я сумел ближайших заткнуть рти. Есть опыт, но информасию об известных форумах нет. Радости в любой день. Ели Вы напишите таким же сочним языком о вас, я познакомлю моих читателей о вас, чтобы они узнали, что кроме дебилов добивания денег гадкими способами, известны люди волевые, самоотверженные. Хоронего настроения.
Comments are closed.